ԺՈՂՈՎԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԱՆՇԱՐԺՈՒԹԻՒՆԸ

Մեր թուականէն 96 տարիներ առաջ՝ 1927 թուականին Շիքակոյի մէջ լոյս կը տեսնէ տարօրինակ անունով հայկական ամսագիր մը՝ «Ծօ՛վառ» անուամբ, որ ըստ երեւոյթին հին հայկական շրջաններէն մէկուն անունն է, որովհետեւ պատմութեան մէջ հանդիպած ենք «վերին Ծօ՛վառ» շրջանին: Թէեւ չլսուած, ամսագիրը կը պատկանէր Չնգուշցի հայերուն:

Աչքէ անցուցի ամսագիրը. համեստ, կարծես ներքին միութենական ամսագիր մը եղած ըլլար, որ ամբողջ չորս տարի առանց բացառութեան տպագրուելէ ետք վերջին երկու տարիները կաղացած ու մատնուած է պատմութեան փոշոտ էջերուն: Ամերիկա գաղթած այս Չնգուշցի հայերուն ժառանգորդներէն քանի՞ն այսօր կը հաստատէ, թէ ինք Չնգուշցի է՝ այսօրուան մեր նիւթէն դուրս կը մնայ, սակայն կը կարծենք վիճակը այնքան ալ պայծառ ըլլալու չէ՝ այնպէս ինչպէս չէ եղած վիճակը ամսագիրին:

Ամսագիրին մէջ գտայ Այբ-Մեն ստորագրութեամբ յօդուած մը՝ «Սրտցաւ դիտողութիւն» խորագրով, որուն առաջին տողին մէջ տակաւին շունչ կար. յօդուածագիրը կը բողոքէ ըսելով.- «Ընդհանուր անշարժութիւն կը տիրէ մեր հայրենակցական գործերուն մէջ: Մասնաւորապէս այս վերջերս ոչինչ կը լսենք ու կը տեսնենք մեր մասնաճիւղերու գործունէութեան մասին, իբրեւ թէ մեր բոլոր գործերն ու պարտականութիւնները կատարած եւ լրացուցած ենք»։ Այս վիճակը նոյնութեամբ այսօր եւս ի զօրու է, սակայն մէկ տարբերութեամբ. այսօր անշարժութիւն գոյութիւն չունի. պահ մը կը մտածեմ մեր աշխարհասփիւռ կուսակցութիւններուն, կազմակերպութիւններուն, տիկնանց միութիւններուն, եկեղեցական խորհուրդներուն, բարեգործական միութիւններուն մասին եւ կը տեսնեմ, թէ շաբաթական դրութեամբ բազմահազար ժողովներ կը գումարուին՝ ի նպաստ հայերուն, սակայն հակառակ այդ ժողովներուն ո՛չ մէկ յառաջդիմութիւն կը նկատուի: Չափազանցած չենք ըլլար, եթէ ըսենք, թէ շաբաթական դրութեամբ աւելի քան 6-8 հազար ժողով տեղի կ՚ունենայ ի շահ մեր ժողովուրդին եւ վստահ ենք, թէ նոյնքան ժողով այլ ազգ մը գումարէր՝ այսօր աշխարհի տէրն ու տիրականը կը դառնար: Այդ ժողովներուն որակը ցոյց տալու համար նշեմ մի քանի օրինակներ.-

- Մօտաւորապէս մէկ տարի ապրեցայ Յունաստանի Ալեքսանտրափոլի քաղաքին մէջ եւ ի՜նչ հպարտանալի ձեւով ամէ՛ն շաբաթ ներկայ գտնուեցայ եօթ ժողովականներէ բաղկացած հաւաքներուն. ատենադպիր կայ՝ սակայն գրելիք չկայ, գանձապահ կայ՝ սակայն «գանձ» չկայ. մշակութային ձեռնարկներու ներկայացուցիչ կայ՝ սակայն մշակոյթ չկայ: Սակայն կա՛յ եւ կը մնայ ժողովը, որովհետեւ հիմնականը ժողովին մէջ ինչ խօսիլը չէ, այլ հիմնականը ժողով ընելն է. վերջապէս այդ «նիստ»երուն թիւը ինչքան շատ ըլլայ այնքան բան ըրած կը կարծեն մարդիկ:

- Այսօր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ գոյութիւն ունի հայրենակցական միութիւն մը, որ իր տարեկան ծրագիրին վրայ ունի մէկ կատարելիք՝ ապրիլ ամսուան ընթացքին: Սակայն չես գիտեր ինչո՞ւ, ամէն շաբաթ ժողով կը գումարուի, ատենագրութիւն կը պահուի, յաջորդ ժողովին այդ ատենագրութիւնը կը կարդացուի, կը հաստատուի:

Պատճա՞ռ. մենք ժողովական ըսելով կը հասկնանք ազգը փրկող. կապ չունի թէ այդ ժողովը կապ ունի եկեղեցւոյ մէջ նոր վարագոյր կարելուն. այդ մէկը նոյնիսկ ազգի փրկութիւնը առջեւ տանող իրողութիւն մըն է եւ գուցէ այդ հպարտութիւնը զգալու համար է իրարու միս կ՚ուտեն՝ ժողովական դառնալու համար:

Այսօր Ամերիկայի մէջ բազմահարիւր ժողովներ կը գումարուին, սակայն երիտասարդութիւնը մայրենի լեզուն չի գիտեր. այդ ժողովականները ամօթ չե՞ն զգար: Եթէ տարին 52 ժողով գումարելով ոչ մէկ յառաջդիմութիւն պիտի արձանագրուի, իրենց երեսի ջուրով իրենց տուները պէտք չէ՞ վերադառնան: Եթէ մերոնք ամչնալու շնորհքը ունենային, այսօր մեր ազգի վիճակը ամբողջութեամբ տարբեր կ՚ըլլար. երանի՜ գոյութիւն ունենար այնպիսի օրէնք, որ չորս ամսուայ մէջ փոփոխութիւն չնկատուելու պարագային՝ ամէն մարդ ինքնակամ կը հեռանայ պաշտօնէն եւ այս մէկը հրաշքի համազօր բան մը կ՚ըլլար:

Այդ ապուշ ժողովներէն հեռու չի մնար նաեւ Հայաստանի ղեկավարութեան ժողովները, ուր ի շահ ժողովուրդին ո՛չ մէկ բան գոյութիւն ունի. այդ ժողովներուն հետեւելով ժողովուրդը լոկ կրնայ տեղեկանալ իր վճարելիք տուրքերուն բարձրացումին. ժողովուրդը հոն միայն տալիք ունի, մինչ այդ ժողովը հաստատուած է, որպէսզի անոնք տան ժողովուրդին:

Եթէ դուն ալ, սիրելի ընթերցող, երկիրի մը մէջ այս կամ այն կազմակերպութեան ժողովական անդամ ես, սակայն ո՛չ մէկ յառաջդիմութիւն կը տեսնես այդտեղ, պատիւը ունեցիր անձայն հեռանալու, այն յոյսով որ գայ աւելի լաւը՝ եւ պտղաբերէ ձեր պտղաբերել չկարողացած ծառը:

Պէտք է ամէ՛ն ժողովական համոզուի, որ ինք ժողովական դարձած է ո՛չ թէ որովհետեւ գերբնական ուժերու տէր է, ժողովական դարձած է ո՛չ թէ որովհետեւ ազգը զինք ընտրած է որպէս փրկիչ. ամէ՛ն ժողովական գիտէ, թէ ինք ինչ պայմաններով ընտրուած եւ կապուած կը մնայ այդ աթոռներուն:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -223-

Լիբանան գտնուած ժամանակ առաջարկ ստացայ հայկական կազմակերպութիւններէն մէկուն մասնակցելու. չմերժեցի: Օր մը զանգեցին եւ ըսին վաղը գիշեր ժողով տեղի պիտի ունենայ, խնդրեմ ներկայ գտնուեցէք: Հարիւրաւոր անծանօթներու մէջ տեղս գրաւեցի եւ հետեւեցայ ժողովի ընթացքին: Ժողովի ընթացքին յանկարծ լսեցի Հրայր Տաղլեան եւ զգացի, որ ամէն մարդ զարմացած իր շուրջ կը նայի. չհասկցայ պատահածը: Յետոյ պարզուեցաւ, որ տարեկան նոր վարչութիւն ընտրելու ժամանակաշրջանն է:

Զգացի շատեր թշնամական աչքով կը նային։ Կազմակերպութեան օրէնքին համաձայն, վարչական դառնալու համար պէտք է նուազագոյնը երկու տարի անդամ ըլլալ յիշեալ կազմակերպութեան, մինչ ես առանց մէկ օր իսկ անդամ դառնալու վարչական կը դառնայի:

Մէկ տարի անիմաստ ժամանակ վատնեցի՝ ներքին անիմաստ կռիւներու, նիւթական անբաւարարութիւններու եւ անարդիւնաբերութեան եւ բարեբախտաբար մէկ տարին չլրացած օձիքս ազատեցի:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 20, 2023