ՈՒՍՈՒՄ ԵՒ ՆԿԱՐԱԳԻՐ

Չեմ գիտեր ի՞նչ պատճառով կամ ի՞նչ տպաւորութեամբ, միտքս զբաղուիլ սկսաւ, թէ՝ ուսումը կամ կրթութիւնը կրնա՞յ փոխել մարդուս նկարագիրը։

Այս հարցումին պատասխան մը կարենալ գտնելու համար, նախ նայեցայ, թէ՝ ի՞նչ տարբերութիւն կայ ուսումի եւ կրթութեան մէջ, եւ յետոյ՝ ի՞նչ յարաբերութիւն կրնայ ըլլալ այս երկուքին եւ նկարագրի միջեւ։

«Ուսում» կը նշանակէ՝ գիտութիւն, վարժութիւն, իսկ «կրթութիւն» կը նշանակէ՝ դաստիարակութիւն, քաղաքավարութիւն, ընդհանուր առումով՝ մարզանք։ Գալով «նկարագիր»ին, ան ալ կը նշանակէ՝ բնաւորութիւն, խառնուածք, լայն առումով՝ խմոր, բնութիւն։ Այս իմաստով, նկարագիրը՝ մարդու հոգիի եւ սրտի յատկութիւններուն ամբողջութիւնը, բարոյական յատկութիւններուն արտայայտութիւնն է։ Նկարագիրը բնութիւն է, բնաւորութիւն է, եւ ամէն մարդ իւրայատուկ նկարագիր մը ունի՝ դրոշմ մը իր ինքնութեան եւ արտայայտութիւն՝ անձնաւորութեա՛ն։

Հոս հարց մը եւս կը ծագի, թէ՝ նկարագիրը բնատուր, ընդոծին, բնատո՞ւր է, թէ ստացական։

Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ՝ ուսումը կամ կրթութիւնը, երկուքն ալ չեն փոխեր մարդուս նկարագիրը, բնաւորութիւնը։ Անոնք միայն, ժամանակի մը համար կը ծածկեն թերեւս բնաւորութիւնը, բայց չեն կրնար փոխել կամ բարեփոխել զայն։

Ուշադրութեամբ դիտենք մեր շուրջը, չկա՞ն ուսեալ, կրթուած մարդիկ՝ որոնց բնաւորութիւնը նո՛յնն է, ինչ որ էր նախապէս, երիտասարդութեան կամ մանկութեան ատեն։

Ծանօթ է բոլորիս ժողովրդական ասացուածքը, թէ՝ մարդ ի՛նչ որ է եօթ տարեկանին, նո՛յնն է եօթանասունին։ Ուրեմն, պէտք է կարեւորութիւն տալ ժողովրդական իմաստութեան, ընդհանրապէս ան չի սխալիր։ Սակայն այս խօսքին հակադարձութենէն կարելի՞ է արդեօք հասկնալ, թէ՝ մարդուն բնաւորութիւնը ութսունէն յետոյ կրնայ փոխուիլ։ Ո՛չ, պարզամտութիւն կ՚ըլլայ այդպէս խորհիլ, քանի որ փորձառութիւնը դարձեալ ցոյց կու տայ, որ ութսունին ալ չէ փոուած «նկարագիր»ը, բնաւորութիւնը։ Ըլլայ, ըլլայ, այսպէս խորհիլ հեգնաբանութեան կ՚առաջնորդէ մեզ, ա՛յդքան։

Հեգնութիւնը մէկ կողմ, կեանքի փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ մարդը միշտ նոյն «մարդ»ը կը մնայ՝ ի՛նչ վիճակ, ինչ դիրք, ինչ կեանք, ինչ աստիճան ալ ունենայ։

Ուրեմն, երբ «փոփոխութիւն» կ՚ըսենք, այո՛, արտաքին բնութիւնը տեւական բարեփոխութեան մէջ է, բայց ներքին բնաւորութիւնը անփոփոխ կը մնայ։ «Ամէն ինչ բարեփոխութեան ենթակայ է, անփոփոխը՝ միայն անփոփոխութիւնն է», կ՚ըսեն, բայց ասիկա պէտք է հասկնալ տիեզերքին համար՝ արտաքին աշխարհի, բնութեան համար։ Այո՛, մարդն ալ դարաշրջաններու ընթացքին բարեփոխուած է, բայց արտաքնապէս. «ներքին մարդ»ը միշտ նոյնն է մնացած։ «Մարդ»ու նկարագիրը միշտ ծինային եւ ժառանգական ճամբով սերունդէ սերունդ փոխանցուած է։ Պէտք չէ զարմանալ, բայց այսօրուան մարդը՝ ներքնապէս, բնաւորութեամբ շատ ալ տարբեր չէ նախնական մարդէն։ Տարբերութիւն մը կայ, եթէ կ՚ուզէք. նախնական մարդիկ քարերով, նետերով կը պատերազմէին, այսօրուան «արդի» մարդը՝ արդի զէնքերով, հրթիռներով, հրափամփուշտներով, թռչող հուրերով կը պատերազմին։ Եւ ա՛յսօր ալ «ամենէն վտանգաւոր զէնք»ը նոյնինքն մա՛րդն է։

Մարդ գիտութիւնը երբ կը գործածէ չար նպատակով, ինչ որ տեսնուած իրողութիւն մըն է, այս իսկ կ՚ապացուցանէ, որ ուսումը՝ գիտութիւնը մարդուն բնութիւնը չէ կրցած փոխել եւ պիտի չկարենայ փոխել։

Տարիներ առաջ, երբ կը խօսէինք ամերիկացի տարեց բարեկամի մը հետ, խօսքը եկաւ մարդ եզրին։ Եւ տարեց, փորձառու բարեկամս ըսաւ. «Աշխարհի վրայ բոլոր մարդիկ ըստ էութեան, բնաւորութեամբ նոյնն են, տարբերութիւն չկայ ոեւէ մարդու այստեղ կամ այնտեղ ապրող մարդու միջեւ, միա՛յն ծրարն է որ կը փոխուի»։

Մարդուն ծրարը, այսինքն արտաքինը որքան ալ փոխուի, որ կարելի է փոխուիլ ուսումով, գիտութեամբ, կրթութեամբ, երբեք չի փոխուիր ներքինը։ Մարդուն բնաւորութիւնը, այսինքն բնատուր եղածը միշտ նոյնը կը մնայ։ Շա՜տ գնահատելի են կարդալ, ուսանիլ եւ անոնց հետեւանքով բարձր դիրքեր գրաւել, աստիճաններու տիրանալ՝ գիտուն ըլլալ, նոյնիսկ երեւութապէս «բարի մարդ» ըլլալ, բայց եւ դժբախտաբար մարդ ներքնապէս, խորքով եւ խմորով չի փոխուիր եւ թող ներուի մեզի, պիտի չփոխուի՛։

Տեսէ՛ք սիրելի՜ բարեկամներ, դարեր առաջ Յիսուս սէր քարոզեց, եւ այսօր 21-րդ դարուն, տակաւին կը պակսի սէրը։ Այսօր ալ շարունակ սէր կը քարոզուի, որովհետեւ տակաւին սէրը կը պակսի…

Դարեր առաջ, նախնական մարդէն սկսեալ, մարդիկ զիրար կ՚ատէին, իրարու հետ կը կռուէին, կը պատերազմէին, եւ ա՛յսօր ալ մարդիկ զիրար կ՚ատեն, իրարու հետ կը կռուին, կը պատերազմին, եւ իրար կը սպաննեն, իրար կը մեռցնեն, իրենք զիրենք կ՚ոչնչացնեն։

Ասիկա բաւարար փաստ մը չէ՞, թէ մարդը չի՛ փոխուիր…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ապրիլ 19 2023, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 20, 2023