ՄԵԾՆ ՆԵՐՍԷՍ ԵՒ ԻՐ ԳՈՐԾԸ

Յոյ­նե­րու եւ Պար­սիկ­նե­րու հա­ճու­թեամբ ու հա­ւա­նու­թեամբ ե՛ւ մի­ջամ­տու­թեամբ 350 թուա­կա­նին, կու­րա­ցած Տի­րա­նի ման­կա­հա­սակ որ­դին Ար­շակ թա­գա­ւոր դար­ձաւ։ Ար­շա­կի թա­գա­ւոր դառ­նա­լէն յե­տոյ երկ­րի մէջ խա­ղա­ղու­թիւ­նը վե­րա­հաս­տա­տուե­ցաւ։ Եւ քա­ղա­քա­կան այս վե­րա­նո­րո­գու­թեան ու վե­րա­կեն­դա­նու­թեան հա­մըն­թաց կա­տա­րուե­ցաւ եւ Հայ Ե­կե­ղե­ցիի վե­րա­նո­րո­գու­թիւ­նը։ Ուս­տի, «մե­ծա­մեծ»ներ հա­ւա­քուե­ցան նոր Կա­թո­ղի­կոս ընտ­րե­լու հա­մար։ Ժո­ղո­վը, Մա­մի­կո­նեան­նե­րու ազ­դե­ցու­թեամբ, այն կար­ծի­քին յաղ­թեց, թէ Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չի տոհ­մէն պէտք է ընտ­րել ա­ռաջ­նորդ, ո­րը միայն կրնա՛յ բա­րո­յա­կան ու հո­գե­ւոր վե­րա­նո­րո­գու­թիւն մտցնել Հայ ժո­ղո­վուր­դի մէջ։

Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չի տոհ­մէն այդ ժա­մա­նակ յայտ­նի էր Ա­թան­ա­գի­նէի որ­դին Ներ­սէս իշ­խա­նը, որ փե­սա­յա­ցեր էր Մա­մի­կո­նեան­նե­րու եւ Ար­շա­կի սե­նե­կա­պետ («սե­նե­կա­պետ»= ար­քու­նի­քի՝ թա­գա­ւո­րի պա­լա­տի ընդ­հա­նուր վե­րա­կա­ցու)։

­Փաւս­տոս պատ­մի­չը յափշ­տա­կու­թեամբ կը ներ­կա­յաց­նէ ա­նոր բնա­կան ու բա­րո­յա­կան ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս եւ ընտ­րու­թեան ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը, ընդ­հա­նուր գի­ծե­րը։

Ընտ­րու­թեան ժա­մա­նակ Ներ­սէս իբ­րեւ սե­նե­կա­պետ՝ ոս­կե­պա­տեան եւ մար­գար­տա­զարդ կա­մա­րով «ար­քու­նի սուր»ը ձե­ռին, կանգ­նած էր թա­գա­ւո­րին ե­տե­ւը։ Եւ երբ ժո­ղո­վա­կան­նե­րը միա­բե­րան ա­ղա­ղա­կե­ցին, թէ Ներ­սէ­սը պէ՛տք է ըլ­լայ ի­րենց հայ­րա­պետ, ան բա­ցէ ի բաց հրա­ժա­րե­ցաւ՝ իր ան­ձը ա­նար­ժան հա­մա­րե­լով։ Մինչ­դեռ իր այս հա­մես­տու­թիւնն իսկ ցոյց կու տար իր մե­ծու­թիւ­նը եւ ար­ժա­նի­քը։

Հա­կա­ռակ Ներ­սէ­սի հրա­ժա­րու­մին, զօր­քը կը շա­րու­նա­կէր պնդել։ Ար­շակ, տես­նե­լով ժո­ղո­վուր­դի այս ջերմ ու ան­կեղծ փա­փա­քը, ցան­կու­թիւ­նը եւ ա­սոր փո­խա­րէն Ներ­սէ­սի յա­մառ կե­ցուած­քը՝ քա­շեց ա­ռաւ ա­նոր ձեռ­քէն «ար­քու­նի սուր»ը, հրա­մա­յեց զի­նուո­րա­կան տա­րա­զը վրա­յէն հա­նել եւ կղե­րա­կան (=հո­գե­ւո­րա­կան, կղե­րի պատ­կա­նող, կղե­րի­կո­սա­կան) զգեստ հագց­նել։ Կան­չել տուաւ Փաւս­տոս Ե­պիս­կո­պո­սը եւ պա­տուի­րեց սար­կա­ւագ ձեռ­նադ­րել Ներ­սէ­սը, եւ այս­պէս ա­հա Ներ­սէ­սը ա­կա­մա՛յ ե­կե­ղե­ցա­կան կո­չու­մը ստա­ցաւ։

Հայ ե­պիս­կո­պոս­նե­րու Ժո­ղո­վը եւս ան ար­ժա­նա­ւոր գտաւ հա­յոց հայ­րա­պե­տու­թեան, եւ այ­նու­հե­տեւ նշա­նա­ւոր նա­խա­րար­նե­րու ու­ղեկ­ցու­թեամբ Ներ­սէս Կե­սա­րիա գնաց ե­պիս­կո­պո­սա­կան ձեռ­նադ­րու­թիւն ստա­նա­լու։

Պատ­մա­կան այս բո­լոր անց­քե­րը տե­ղի ու­նե­ցան 351 թուա­կա­նին։

Իբ­րեւ Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չի շա­ռա­ւիղ՝ Ներ­սէ­սը բնա­կա­նա­բար պէտք է հե­տե­ւէր իր տոհ­մի ուղ­ղու­թեան։ Մինչ­դեռ Աղ­բիա­նո­սեան տոհ­մի կա­թո­ղի­կոս­նե­րը խոյս տուած էին յան­դի­մա­նու­թիւն­նե­րէ՝ խու­սա­փե­լով ի­րենց դէմ կա­տա­րուած հա­կա­ռա­կու­թիւն­նե­րը գրգռե­լէ, Ներ­սէ­սը միշտ տես­նե­լով վատ­թար եւ ա­նի­րաւ ու ա­նար­դար գոր­ծե­րու դէմ պայ­քա­րող.

«Չա­փա­զանց յա­ռա­նե­րուն՝ ա­հու սար­սա­փով կը հա­մո­զէր ան, իսկ ունկն­դիր­նե­րուն հան­դէպ ա­ւե­լի մեղմ՝ քա­րո­զու­թեամբ կը հա­մո­զէր ա­նոնք»։

­Նո­րըն­տիր Հայ­րա­պե­տը իր իշ­խա­նու­թեան եր­րորդ տա­րին՝ 352 թուա­կա­նին՝ Աշ­տի­շա­տի Ժո­ղո­վը գու­մա­րեց, նախ՝ բա­րե­կար­գու­թեան հա­մար կա­նոն­ներ ո­րո­շել, եւ երկ­րորդ՝ «հա­ւա­տոյ հան­գա­նակ» սահ­մա­նե­լու նպա­տա­կով։

Աշ­տի­շա­տի Ժո­ղո­վը, ընդ­հա­նուր բա­րե­կար­գու­թեան հա­մար նախ ըն­դու­նեց «Ա­ռա­քե­լա­կան» կո­չուած կա­նոն­նե­րը եւ ա­պա տե­ղա­կան պա­հանջ­նե­րու եւ պէտ­քե­րու հա­մար հե­տե­ւեալ­նե­րը սահ­մա­նեց։

1.- Յար­մար եւ պա­տեհ տե­ղեր «աղ­քա­տա­նոց­»ներ ու որ­բա­նոց­ներ հաս­տա­տել, կա­ռու­ցա­նել։

2.- Գիւ­ղե­րու եւ ա­ւան­նե­րու մէջ «օ­տա­րա­նոց»ներ ու հի­ւան­դա­նոց­ներ կա­ռու­ցա­նել՝ որ պան­դուխտ­ներն ու օ­տա­րա­կան­նե­րը բա­ցօ­թեայ չմնան, այլ պատս­պա­րուին ու խնա­մուին։

3.- Հաս­տա­տել՝ հի­ւան­դա­նոց­ներ եւ ուր­կա­նոց­ներ։ (Ուր­կա­նոց=բո­րո­տա­նոց, մոր­թի ծանր հի­ւան­դու­թեան բու­ժա­րան)։ Ար­դա­րեւ ու­րուկ­նե­րը (ու­րուկ=բո­րոտ, քո­սոտ) սաս­տիկ կը հա­լա­ծուէին գիւ­ղա­ցի­նե­րու եւ բնա­կից­նե­րու կող­մէ, կը վտա­րուէին ու կը վռնտուէին գիւ­ղե­րէ եւ կ՚ար­տաք­սուէին քա­ղաք­նե­րէ՝ որ­պէս­զի ի­րենց վա­րա­կիչ եւ փո­խան­ցիկ հի­ւան­դու­թիւ­նը ու­րիշ­նե­րուն չփո­խան­ցեն, եւ այդ թշուառ­նե­րը կը մեռ­նէին անխ­նամ։

Ա­հա այդ խեղ­ճե­րուն հա­մար մեծ հոգ տա­րաւ Ներ­սէս Հայ­րա­պետ, որ­պէս­զի ա­նոնց վի­ճա­կը թե­թեւց­նէ եւ դիւ­րա­տար ը­նէ։ (Ներ­սէս Հայ­րա­պետ՝ Մեծն Ներ­սէս՝ Սուրբ Ներ­սէս Ա Պար­թեւ. 353-373)։­

Եւ այս հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն բո­վան­դա­կու­թիւ­նը եւ կա­ռոյ­ցը պահ­պա­նե­լու եւ գո­յա­տե­ւու­մը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար՝ Ժո­ղո­վը տուր­քեր սահ­մա­նեց ան­դաս­տա­նի՝ մշա­կուած հո­ղե­րու, ար­տե­րու բեր­քե­րէն, կթան­նե­րէն («կթան»=կաթ տուող կեն­դա­նի, կաթն­տու) եւ այն։ Եւ այդ հիմ­նար­կում­նե­րու ու հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ընդ­հա­նուր խնա­մա­կա­լու­թիւ­նը յանձ­նուե­ցաւ ա­ռան­ձին տե­սուչ­նե­րու։

4.- Ար­գի­լել՝ հե­թա­նո­սա­կան սո­վո­րու­թեամբ մե­ռել­ներ թա­ղել եւ ան­յու­սու­թեամբ ող­բալ, ե­րես ցտել («ցտել»=պո­կել, յօ­շո­տել, բզքտել), հան­դերձ, զգեստ պատ­ռել, այլ՝ հա­ւա­տալ հան­դեր­ձեալ կեան­քին, յա­րու­թեան, յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թեան եւ ըստ այնմ վա­րուիլ։

5.- Ա­մուս­նու­թեան կեան­քի մէջ հա­ւա­տա­րիմ ըլ­լալ եւ ի­րա­րու չդա­ւա­ճա­նել. փախ­չիլ ազ­գա­կա­նա­կան ա­մուս­նու­թիւն­նե­րէ, մա­նա­ւանդ «նու»ի հետ ա­մուս­նա­նա­լէ։ («Նու»=տան հար­սը. նկա­տուած փե­սա­յին միւս պա­րա­գա­նե­րէն, բա­ցի փե­սա­յին ծնող­քէն. տան հար­սին «Նու» կ՚ը­սուի ըն­տա­նի­քին ան­դամ­նե­րուն կող­մէ. հարս, զա­ւա­կին կի­նը՝ ծնող­քին կող­մէ դի­տուած։ «Նու»ն ա­նունն է նաեւ՝ հայ այ­բու­բե­նի 22-րդ գի­րին)։­

Ան­ցեա­լին՝ Հա­յաս­տա­նի մէջ, ինչ­պէս նաեւ Պարս­կաս­տա­նի մէջ, շատ տա­րա­ծուած էր մեր­ձա­ւոր ա­մուս­նու­թիւն­նե­րը՝ մին­չեւ իսկ քրոջ եւ եղ­բօր մէջ (վկա­յու­թիւն՝ «Թուղթ Միհր­ներ­սե­հի), ա­նե­րը («ա­ներ»=մէ­կուն կնո­ջը հայ­րը) եւ կամ տագ­րը («տագր»=հար­սի մը ա­մուս­նոյն եղ­բայ­րը. տեգր) կա­րող էր իր այ­րիա­ցած նուի այ­սինքն՝ հար­սին հետ ա­մուս­նա­նալ, ինչ­պէս էր հրեա­նե­րու մէջ։ (Հոս կ՚ար­ժէ յի­շել Յի­սու­սի խօս­քը, որ կ՚ը­սէ այս մա­սին.- Երբ մե­ռել­նե­րը յա­րու­թիւ­ն առ­նեն, այ­լեւս պի­տի չա­մուս­նա­նան, այլ՝ եր­կին­քի հրեշ­տակ­նե­րուն պէս պի­տի ըլ­լան՝ ա­նոնց նման։ …Աս­տուած մե­ռել­նե­րուն Աս­տուա­ծը չէ, այլ՝ ող­ջե­րուն…). (ՄԱՏԹ. ԻԲ 23-33)։­

Ա­հա­ւա­սիկ այս աս­տի­ճա­նի ա­մուս­նու­թիւն­ներ ար­գի­լուե­ցան Աշ­տի­շա­տի Ժո­ղո­վին կող­մէ։

6.- Հե­ռու մնալ ընդ­հան­րա­պէս ար­բե­ցու­թիւն­նե­րէ, պոռն­կու­թիւն­նե­րէ, սպա­նու­թիւն­նե­րէ եւ այլ այ­սպի­սի չար գոր­ծե­րէ եւ ա­րարք­նե­րէ՝ ո­րոնք շատ տա­րա­ծուած էին այն ժա­մա­նակ­նե­րուն։

7.- Գթասր­տու­թեամբ վա­րուիլ ծա­ռա­նե­րու (ստրուկ­նե­րու) հետ եւ չա­փա­զանց ծանր հար­կե­րով չնե­ղել ժո­ղո­վուր­դը։

Այս կա­նո­նը հար­կաւ կը վե­րա­բե­րէր Թա­գա­ւո­րին եւ հայ նա­խա­րար­նե­րուն՝ ո­րոնք երկ­րի, այ­սինքն՝ հո­ղե­րու եւ ծա­ռա­նե­րու տէր էին։

8.- Հաս­տա­տել վան­քեր, մե­նաս­տան­ներ ու կու­սա­նոց­ներ՝ կրօ­նա­ւոր­նե­րու միա­տեղ բնա­կա­րան­ներ։

9.- Շի­նել այլ եւ այլ տե­ղեր դպրոց­ներ, դպրա­նոց­ներ՝ յու­նա­րէն եւ ա­սո­րե­րէն ու­սու­ցա­նե­լու հա­մար։ Ա­սի­կա պա­հանջք մըն էր այն ժա­մա­նակ, քա­նի որ ե­կե­ղե­ցա­կան պաշ­տա­մուն­քը, ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը ու ծէ­սե­րը այդ լե­զու­նե­րով կը կա­տա­րուէր։

10.- Կար­գա­ւո­րել հա­յոց ե­կե­ղե­ցի­նե­րը ընդ­հա­նուր քրիս­տո­նէա­կան ե­կե­ղե­ցիի կար­գե­րով. ըստ այնմ ժա­մա­սա­ցու­թեան թի­ւը ա­ւելց­նել եւ հան­դի­սա­ւոր կեր­պով կա­տա­րել. բազ­մաց­նել ե­կե­ղե­ցի­նե­րու թի­ւը եւ ե­պիս­կո­պոս­նե­րու պա­տի­ւը բարձ­րաց­նել…։

Այս­պի­սի հրա­հան­գիչ կա­նո­ննե­րով Աշ­տի­շա­տի Ժո­ղո­վը աշ­խա­տե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դը բա­րո­յա­պէս բարձ­րաց­նել եւ քրիս­տո­նէա­կան գա­ղա­փար­նե­րը ա­նոր մէջ մարմ­նաց­նել։

Ինչ­պէս ա­ւե­լի ա­ռաջ յի­շե­ցինք, Աշ­տի­շա­տի Ժո­ղո­վի (352) զբաղ­ման միւս նիւ­թը՝ հան­գա­նա­կի խնդիրն էր։ («Հան­գա­նակ»=բա­նա­ձե­ւուած հա­ւա­տա­լիք, դա­ւա­նանք)։­

Ար­դա­րեւ Նի­կիոյ Ա. Տիե­զե­րա­կան Ժո­ղո­վը, թէ՝ «հա­ւա­տոյ հան­գա­նակ» կազ­մեց, Հայ Ե­կե­ղե­ցին ալ ըն­դու­նեց Ա­րիս­տա­կէ­սի ձեռ­քով, բայց ա­ւե­լի վերջ շատ մեծ հա­կա­ռա­կու­թիւն­ներ կրեց…։

- Սկզբնաղ­բիւր՝ «Հա­յոց Ե­կե­ղե­ցու Պատ­մու­թիւն»։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

­Մա­յիս 11, 2016, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Մայիս 20, 2016