ԱՇՈՒՂՆԵՐ՝ ՄԻՆԱՍ ԹՈԽԱՏՑԻ ԵՒ ԱՌԱՔԵԼ ՍԻՒՆԵՑԻ ՆԱԵՒ ԱՇՈՒՂ ՅՈՎՍԷՓ ՍԵԲԱՍՏԱՑԻ
Մինաս Թոխատցի աշուղը՝ Լեհաստանի Իլվով (Լէմպէրկ) քաղաքէն, ապրած ԺԶ դարուն վերջերը, առաջին երգիչն է՝ որ յօրինած է երգիծական տաղեր։ Թոխատցի հայ գրականութեան մէջ երգիծական սեռին առաջին մշակը կը նկատուի։
Երգիծող եւ կատակաբան աշուղը հիւսած է սրամիտ եւ հեգնախառն տաղեր հերիսայի, ճանճերու, ծխախոտի եւ ակռայի ցաւի մասին։
Ահաւասիկ նմոյշ մը, «Ճանճերու մասին» տաղէն։
Յորժամ մըտանք Թամուզ (=յուլիս) ամիս,
Ճանճըն շատցաւ ի գըլխընիս.
Երբ զհոտ առին ըզթէննէքիս. (?)
Նա թափեցան վըրանիս։
***
Յորժամ ճաշու հացըն կերայ
Երեք ճանճի հանդիպեցայ.
Ի ճանճերուն խապար հարցայ (=լուր)
Ասին թէ այլեւս կուգայ…
***
Քունս տարաւ վերայ բարձին
Ճանճն թափեցաւ վրայ երեսիս,
… Մի՛ մեղադրէք, դէմ ես ծուռ չեմ (=խենթ)
Կու նեղացնեն, ես ի՞նչ անեմ…։
ՄԻՆԱՍ ԹՈԽԱՏՑԻ
Միջնադարեան երգիչներու մէջ անուն մըն է նաեւ Առաքել Սիւնեցի. ԺԵ դարուն ապրած, որ «ԱԴԱՄԱԳԻՐՔ» կամ «ԿՈՂԳԻՐՔ» խորագրով ընդարձակ տաղ մը յօրիներ է, որուն նիւթն է Ադամի եւ Եւայի ստեղծումը եւ անկումը, 1740 տունէ բաղկացած։ Սիւնեցիի ծրագիրը կարծես հետեւողութիւն մը կռահել կու տայ Միլտոնի «ԴՐԱԽՏ ԿՈՐՈՒՍԵԱԼ»ին։ Այս ընդարձակ տաղին «ոճը տափակ է եւ տիրացուական»։ Սակայն տեղ տեղ յաջող տուներ ալ պակաս չեն։ Տաղին լայն ծաւալը պատճառ մը կրնայ նկատուիլ անոր այս գործին թերի եւ անարուեստ յօրինուածքին։ Ամէն մարդ Միլտոն չէ…։
Աշուղներու Միջնադարեան երամին մէջ երկրորդական տեղ կը գրաւեն՝ Ներսէս Վրդ. Մոկացի, Էօքսիւզ Տէրտէր, Յակոբ Արծկէացի, Դաւիթ Սալնաձորեցի, Տատուր Սալնաձորեցի, Ամիր Մուսէ, Մկրտիչ Տարօնեցի, Կոյր Ղազար, Մելքոն, Մուրատ Խիկար, Խաչիկ Կաֆացի, Յովսէփ Սեբաստացի, Թադէոս Սեբաստացի, Եօնուզ, Արթուն Գրիգոր, Զաքարիա Ագուլեցի, Նաղաշ Յովնաթան երգիչները, որոնք տաղեր յօրիներ են բնութեան, ծաղիկներու, գինիի եւ հաճոյքներու եւ սիրոյ մասին։
Ահաւասիկ պատառիկ մը Էօքսիւզ Տէրտէրի «Առաւօտուն քամիկն» երգէն.-
Առաւօտուն քամիկն իջեր թացըւած,
Քրիստոսի ողորմութեանն լուացուած,
Հայի՜ֆ, ափսո՜ս, խորիաթի ձեռքին բացուած, (=չար)
Մի՛ թափիր վարդ, մի՛ թափիր։
ԷՕՔՍԻՒԶ ՏԷՐՏԷՐ
Ուրիշ տաղ մըն ալ Յովսէփ աշուղի մը կողմէն, որ կը կարծուի Յովսէփ Սեբաստացիի կողմէ գրուած ըլլալ, «ՍԷՐ» խորագրին տակ, «մուխամմազ» = հինգ տողեայ։
Ի՛նչ բժիշկ կան, աշխարհքո՛ւմն՝ դժուար սէրի դեղն իմանան,
Կամ ի՛նչ դեղից կը գոյանայ, որդա՛նց կուգայ՝ տեղն իմանան։
Արարած աշխարհին կ՚ասեմ, շուրջ եւ բոլոր գեղն իմանան,
Անթիւ վարպետք ոչ կարացին, թէ սէրի սպեղն (=դեղ) իմանան,
Սողոմոնն ալ սիրով կորաւ, ի՜նչ սերմանացան է արել։
Շատ իմաստունք յիմարացան, սէրից կորան աշխարհիցն,
Շատըն ինկան ծովի մէջը, տէրից կորան աշխարհիցն,
Շատըն ազգից, ազգականից, հէտից կորան աշխարհիցն (=հայրերէն)
……………… (կրկնել)
Սէրն ա կայսերաց կայսեր, Ստեղծողն իշխան է արել։
… Յովսէփն ասաց երկու սէր կայ, մարդ միտք անէ ո՞րն է գոված,
Մարմնոյ սէրից պատիժ կ՚առնէ, սէրը հոգեւորն է գոված
Սիրով մեր հոգիկն ազատեց, Երկնից Թագաւորն է գոված, (=Յիսուս)
Ո՛վ սէր ունի աստուածային, նա վերջի աւուրն է գոված,
Աստուած ամէն բանի համար, ուրիշ դատաստան է արել։
ՅՈՎՍԷՓ ՍԵԲԱՍՏԱՑԻ (?)
Միջնադարեան աշուղներէ մաս մը ներկայացուեցաւ։ Իսկ մեր շրջանի՝ «նոր շրջան»ի երգիչներուն շարքին, հայ գուսաններու ձայնը երբեք ունեցած չէ՛ երկրորդ դադար մը՝ ԺԳ դարէն վերջ։
«Նոր շրջան»ի երգիչները՝ Սայաթ Նովա, Թուրինջ, Միսկին Բուրջի, Աղբար Ադամ, Աշուղ Շիրին, Ալամդարեան Յարութիւն Քահանայ, Աշուղ Ջիւանի, Քիանհան, Իվանի, Քիւչիւք Նովա, Կուրճի Նավէ, Չամչի Մելքոն, Նիրանի, Շերամ, Գարա Մուրզա, եւ այլն կը թրթռացնեն գուսանական քնարի թելերը առաւել կամ պակաս զգացումով, թելադրականութեամբ եւ տաղանդով…։
- Սկզբնաղբիւր.- «Ակնարկ մը միջնադարեան հայ աշուղներու վրայ», Ալէփփօ Գօլէճ, Հալէպ, Նշան Պ. ՍԱԱԹՃԵԱՆ, օգոստոս 28, 1954։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 4, 2020, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024