ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆՄԻՏ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱՑՒՄԸ
Քաղաքականութեան մասին գրելու սէր մը չունիմ եւ աւելին կը խորշիմ քաղաքականութենէն, սակայն որպէս հայ չեմ կրնար անտարբեր ու անզգայ մնալ մեր ներկայ ղեկավարութեան անփթութեան ու անհոգութեան հանդէպ, որ կամայ թէ ակամայ կը վնասէ իւրաքանչիւր հայու գոյութիւնը:
Կը խորշիմ քաղաքականութենէն եւ մա՛նաւանդ քաղաքական գործիչներէ, որովհետեւ բացայայտօրէն ազգին եւ իրենց մտահոգութիւնները ամբողջութեամբ իրարու հակառակ ուղղութիւններու վրայ են. որպէս արդար իրաւունք, ամէն հայ այդ առաջնահերթ մտահոգութիւններուն լուծումները կը պահանջէ անոնցմէ, սակայն հակառակ սպասուածին կը շարունակեն զբաղուիլ մանրուքներով, որոնք ո՛չ տնտեսական, ո՛չ ապահովական եւ ո՛չ ալ ազգային շահեր կրնան ապահովել:
Տակաւին երեք օրեր առաջ՝ չորեքշաբթի, 17 մայիսին, Հայաստանի Հանրապետութեան արեւելեան սահմանին վրայ զոհուեցաւ հայ երիտասարդ զինուորական մը. շաբաթ մը առաջ դարձեալ նոյն ձեւով այլ երիտասարդ մը նահատակութեան պսակին արժանացաւ: Կը կարծէ՞ք, որ պետութեան մը համար աւելի առաջնահերթ նիւթ պէտք է գոյութիւն ունենայ՝ քան ժողովուրդի ապահովութիւնը: Ինչքա՜ն ալ ճամբաներ, շէնքեր ու պալատներ կառուցէ ղեկավարութիւն մը, եթէ անյաջող է ժողովուրդին գոյութիւնն ու ապահովութիւնը երաշխաւորել, մի՛շտ ալ ձախողած դուրս կու գայ եւ անքննարկելի է մեր ղեկավարութեան ձախողութիւնը, որովհետեւ այդ անապահով վիճակը հայը գրեթէ ամէ՛ն օր կը զգայ՝ սահմանէն հասնող ո՛չ ոգեշնչող ընթացքով: Սակայն այդ դժբախտ լուրերէն աւելի յուսահատեցուցիչ է տեսնել իշխողներու անտարբերութիւնը, որովհետեւ հայ երիտասարդ զինուորը նահատակուած ժամանակ մեր սիրելի ղեկավարութիւնը ինքնաշարժներու կապուած օրէնքներով կը շարունակէ զբաղուիլ:
Նահատակուող հայ երիտասարդի զոհողութենէն օր մը ետք՝ 18 մայիսին պետութիւնը յայտարարեց, թէ «վարորդները տուգանք պիտի ստանան, եթէ իրենց մեքենաներու ապակիի սեւութիւնը գերազանցէ 30 առ հարիւր տոկոսը». ո՞ր խելացի հայը հարց պիտի չի տայ, թէ ի՞նչ վարորդ, ի՞նչ ապակի... երբ սահմանի վրայ մեր գոյութեան համար կը շարունակեն զոհուիլ հայ մատղաշ կեանքեր: Որո՞ւ հոգը ապակիի սեւութեան տոկոսը, երբ մեր ապահովութեան տոկոսը օրէ օր կը նուազի. եթէ գիտնանք այդ ապակիներու սեւութեան վերացումը մեր սահմանին ապահովութեան պիտի նպաստէ, թող ապակիները ամբողջութեա՛մբ վերցուին:
Տակաւին շաբաթ մը առաջ պետութիւնը յայտարարեց, թէ պիտի տուգանէ վարորդներուն պակաս կազ լեցնող ու վաճառողները. ու պիտի չըլլա՞յ մէկը, որ այս յիմարներուն ըսէ «ա՛յ սիրելիս, ոչինչ մի քանի լիթր պակաս թող լեցնեն, դուք գացէ՛ք սահմանով զբաղուեցէք եւ ի պահանջել հարկին սահմա՛ն նոյնիսկ գացէ՛ք»:
Մերօրեայ լրատուութեան ուշադրութիւնը Փաշինեանի որդիին՝ Աշոտին «առեւանգում»ն է. Աշոտը ինչո՞վ աւելի է մի քանի օր առաջ զոհուող մեր երիտասարդներէն։ Ինչո՞ւ համար մամուլը իր ուշադրութիւնը մեր բոլորին համար կեանքը զոհող երիտասարդին փոխարէն Աշոտին վրայ պիտի ըլլայ՝ որ իր գոյութեամբ ոչ մէկ բան կը խորհրդանշէ:
Պետութեան վերջին մէկ տարուան բոլոր մտահոգութիւնն ու գործունէութիւնը մեծաւ մասամբ կապուած է ժողովուրդը տուգանելու, որովհետեւ առիթ ու ոլորտ բաց չեն թողեր տնտեսապէս արդէն իսկ աղքատ ժողովուրդը աւելիով աղքատացնելու: Ժողովուրդին շահերը հետապնդող ո՛չ մէկ նախաձեռնութիւն, ո՛չ մէկ յուսադրող նորութիւն:
Մեր սիրելի ղեկավարութիւնը 30 առ հարիւր տոկոս ապակիներու սեւութեամբ զբաղուելու՝ թող գլուխ յոգնեցնէ եւ զբաղուի աւելի քան 30 առ հարիւր տոկոս քաղաքացիներով, որոնք ունին նիւթական ու ապահովական խնդիրներ, բժշկական հարցեր:
Այս շաբաթ օր, շնորհիւ Իտալիոյ կառավարութեան, մամուլի մէջ տեղ գտաւ այն լուրը, տասնեակ հազար թմրամիջոց կը պատրաստուէր Վրաստանի ճամբով Հայաստան ղրկուիլ. թող պետութիւնը լրջօրէն, նոյնիսկ ինքնաքննադատութեամբ մտածէ, թէ ո՞վ, ինչպէ՞ս այդ թմրամիջոցները պիտի յաջողէր անցընել Հայաստանի սահմանէն՝ ուր «խիստ» հսկողութիւն կը կատարուի. թող հետապնդեն, թէ այդ ո՞վ է միլիոնաւոր տոլարներ արժող թմրամիջոց պատուիրողը. թող հետապնդեն այդ բոլորին ետին գործող դրամական խոշոր լուացումները եւ վերջապէս թող ընեն այն՝ ինչ պարտաւոր են ընել, ինքնաշարժներու ապակիներով զբաղուելէ առաջ:
Մերօրեայ ղեկավարութիւնը միայն կը պահանջէ, մոռնալով, որ պահանջելու իրաւունքը ո՛չ թէ իրենց, այլ ժողովուրդին մօտ կը գտնուի, որովհետեւ ղեկավարները ժողովուրդին կողմէ վճարուող պաշտօնեաներ են պարզապէս եւ ո՛չ երկիրի տէրերը:
Յոյսով եմ, գայ ժամանակ, որ մանրուքները մէկ կողմ ձգելով էականին վրայ կ՚ըլլայ մեր բոլորին ուշադրութիւնը, որովհետեւ մանրուքներով զբաղուելով ամենէն կարեւորը՝ մեր հայրենիքը սկսած ենք կամաց կամաց կորսնցնել:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -247-
Մի քանի օրեր առաջ գործով մը ոստիկան մը այցելութեան եկաւ մեր տուն. հարցուց ինչ գործով կը զբաղուիմ: Գիտնալէ ետք յօդուածագիր եմ, «ոստիկանութեան մասին լաւ բան մը գրէ» ըսաւ. լաւ չէ, բայց վատ բան մը գրած եմ ըսի նախապէս: Ուզեց բովանդակութիւն գիտնալ. բացատրեցի, որ մենք, որպէս քաղաքացիներ աւելի բարձր ենք՝ քան ոստիկանութիւնն ու ղեկավարութիւնը. քիչ մը զարմացաւ, սակայն դժուարացաւ համաձայնիլ:
Այս մէկը կը շեշտեմ, որովհետեւ ականատես կ՚ըլլամ, թէ ոստիկաններ ինչպիսի անտարբերութեամբ, խստութեամբ, շատ անգամ հեգնանքով կը վերաբերին ժողովուրդին հետ՝ որոնց տուած տուգանքներով ու տուրքերով կ՚ապրին:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան