ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐԸ

Երգիչը երգիչ դարձնողը իր հանդիսատեսն է, նկարիչը նկարիչ ընողը՝ արուեստասէրը, իսկ գրողը գրող դարձնողը անկասկած ընթերցողը, այլապէս անոնք կը նմանին այն ոսկիի գանձին, որ դարեր շարունակ կը շարունակուի անյայտ վայրի մը մէջ թաղուած մնալ: Որպէս գրողներ յաճախ մեր մտահոգութիւնն է գիտնալ, թէ ունի՞նք ընթերցող, որովհետեւ բոլորս ալ ծանօթ ենք այն դժբախտ իրողութեան, որ նոր սերունդը մանաւանդ, հեռու կը մնայ գիր գրականութենէն, մամուլէն ու լրագրութենէն. շատեր մեր գրելու սէրը կը նմանցնեն ցամքած ծովու մէջ նաւարկողներու: Յաճախ ժողովուրդը կը կարծէ, որ ներկայիս մեր մէջ ծնունդ չե՛ն առներ Ահարոնեաններ, Շահնուրներ, Արփիարեաններ եւ ուրիշներ, սակայն իրականութեան մէջ նման ամուլ վիճակի մը պատճառը ընթերցողներու պակասն է. այսօր մենք ունինք Պարոյր Սեւակ, Չարենց, Լեւոն Շանթ եւ բազմաթիւ ուրիշներ, որովհետեւ անոնք ունեցած են ընթերցողներ. այսօր նոյնիսկ եթէ նոր Պարոյր Սեւակ մը լոյս աշխարհ գայ եւ մամուլի մը էջերը փորձէ մրոտել, ո՞վ ուշադրութիւն դարձնելով պիտի գնահատէ անոր գրական վաստակը:

Սակայն ըսենք, որ այս երեւոյթը նոր մուտք չի՛ գործեր մեր մէջ. ընթերցողներու թիւը մէկ օրուան մէջ կտրուկ ձեւով չէ՛ որ նահանջ արձանագրեց: Գրեթէ ամէն ժամանակ ունեցած է իր այդ տերեւաթափը. 1930 թուականին ապրող գրողները իրենց ներկան համեմատելով 1890-1910 թուականներուն հետ տեսած են, թէ ընթերցողներու թիւը կը նուազի. նոյն համեմատութիւնը կատարած է 1960-ի գրողը՝ իր ներկան համեմատելով 1930-ին հետ եւ այսպէս տարուէ տարի տեղի կ՚ունենար դժբախտ նահանջը:

Մեր գրականութեան տիտաններէն Յակոբ Օշական իր «Մայրիներու շուքին տակ» աշխատութեան մէջ կը գործածէ «սակաւաթիւ ընթերցողներու խումբ» արտայայտութիւնը. իսկ մենք այսօր մեր ներկան համեմատելով Օշականի ժամանակին հետ կը տեսնենք, թէ անոր «սակաւաթիւ»ը շա՛տ աւելի պտղաւէտ էր՝ քան մեր ներկան եւ կասկած չունինք, որ մեր ներկայ «սակաւաթիւ»ը շատ աւելի մեծ պիտի ըլլայ՝ քան ապագայինը:

Բոլոր անոնց համար, որոնք մեր գործունէութիւնը ցամքած ծովու մէջ նաւարկութիւն կը նկատեն, յայտնենք, որ մենք եւս ունինք այդ սակաւաթիւը, որ ունի սէր գիր-գրականութեան հանդէպ. մի քանի օրեր առաջ գրչակից եղբայր Վարանդին հրաւէրով ներկայ գտնուեցայ անցնող մի քանի տարիներուն Հայաստանի մէջ նոր հիմնուած «Յառաջ Արեւմտահայերէնի աշխատանոց»ի կողմէ կազմակերպուած հայագէտ ու պատմաբան Յակոբ Չոլաքեանի «Փլող դպրոցներ» գիրքի քննարկման հաւաքին, որուն ներկայ էր նաեւ գիրքին հեղինակը. մօտաւորապէս յիսուն անձ կիրակի օրով իր աշխարհիկ «հանգիստ»ը ձգած, հաւաքուած սրահի մը մէջ գիրքի մը քննարկումը կը կատարէր. անոնց մէջ յատկանշական էր երիտասարդներու ներկայութիւնը. գրեթէ բոլորն ալ օտարներ էին, սակայն կը ճանչնային «Հրայր Տաղլեան»ը ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ լոյս տեսած յօդուածներու ճամբով, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ հակառակ ներկայ աշխարհի թոհուբոհին, տակաւին կան այդ «սակաւաթիւ» ընթերցողները, որոնց համար կը շարունակենք մեր անդուլ պայքարը:

Երկար էջերով ընթերցողներու պակասին մասին խօսելու փոխարէն պէտք է լաւապէս ուսումնասիրել, թէ հետաքրքրութիւնները այս «սակաւաթիւ» ընթերցողներուն, անոր լոյսին տակ զարգացնելու համար մեր գրական գործունէութիւնը, լաւապէս հասկնալով թէ ի՞նչն է, որ կը յաջողի զիրենք տակաւին մօտիկ պահել հայ գրականութեան եւ հայ լեզուին. այդ քննարկման ժամանակ փորձեցի վերլուծել այդ մէկը եւ ունեցայ հետեւեալ եզրակացութիւնը.

Ա.- Ընթերցողը կ՚ուզէ ո՛չ միայն ընթերցողի դերին մէջ գտնուիլ՝ այլ կ՚ուզէ ունենալ իր խօսքը. կ՚ուզէ ուսումնասիրել, յայտնել իր համաձայնութիւնն ու ինչու չէ նաեւ հակաճառութիւնը. բացի ընթերցելէ կ՚ուզէ հաւաքուիլ ու խօսիլ հացերու մասին, որոնք զինք կը հետաքրքրեն ու կը յուզեն. ամէն ընթերցող գրող մը չէ, սակայն ամէն ընթերցող ինքնին քննադատ մըն է եւ իրաւունք ունի իր կարծիքը յայտնել՝ մանաւանդ երբ գրողը ներկայ է:

Բ.- Հայկական արժէքներու հանդէպ սէր մը գոյութիւն ունի անոնց միջեւ. անոնք լաւապէս կը գիտակցին, որ ընթերցանութիւնը իրենց մէջ պիտի զարգացնէ լեզուն, մտածողութիւնն ու անոնց մէջ ամրապնդէ սրբազան արժէքներու մասին անոնց ունեցած համոզումներն ու ըմբռնումները. անոնք Հայաստանի մէջ ապրելով հանդերձ հայրենիքի մէջ հայրենիք կը փնտռեն՝ ուր կը խօսուի բոլոր այն արժէքներուն մասին, որոնք իրենց համար սրբազան ու աւելի կարեւոր է՝ քան աշխարհիկ ժամանակաւոր հաճոյքները:

Գ.- Անոնք ունին գիտութեան ծարաւը. կ՚ուզեն գիրքին իւրաքանչիւր տողէն նոր բան մը սորվիլ, լսել բանի մը մասին՝ որ լսած չէին նախապէս՝ մանաւանդ արժէքներու մասին, որոնք մեր հայկականութեան մաս կը կազմեն: Անոնք կը պատկանին այն խումբին, որոնք կը հաւատան, որ «մարդ միայն հացով չ՚ապրիր» եւ հետեւաբար կ՚ուզեն մարմնականին կողքին աճիլ նաեւ մտապէս ու հոգեպէս:

Ընթերցողներու «սակաւաթիւ» լինելու հիմնական մեղաւորները մենք ենք, որովհետեւ այսօր սփիւռքի մէջ լուսանցքի վրայ դրուած է գիր-գրականութիւնը, հայկականութիւնն ու բոլոր սրբազան արժէքները. «Յառաջ Արեւմտահայերէնի աշխատանոց»ի կատարածը ցանուած սերմ փոքր սերմ մըն է, որ իր կարգին իր մասնակիցներու ճամբով ճիւղաւորուելով պիտի բազմանայ, որովհետեւ այդ հայկական ոգին է, որ անոնք պիտի տանին եւ տարածեն իրենց ընտանեկան կեանքէն ներս. այդ «սակաւաթիւ»էն է, որ ծնունդ պիտի առնէ մեր ապագայ «սակաւաթիւ» ընթերցողները՝ «սակաւաթիւ»էն բազմաթի՛ւ երթալու վառ յոյսով:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ինչպէ՞ս աւելցնել ընթերցողներու թիւը:

Պատասխան. Ընթերցողներու թիւը բարձրացնելու համար պէտք է կեդրոնանալ բարձրորակ եւ գրաւիչ բովանդակութիւն մը ստեղծելու վրայ, որ կը բաւարարէ լսարանի կարիքներն ու հետաքրքրութիւնները: Պէտք է աշխատիլ ընդլայնել հասանելիութիւնը եւ խրախուսել ընթերցողներու փոխգործակցութիւնը մեկնաբանութիւններու շնորհիւ: Պարբերաբար պէտք է վերլուծել լսարանի կարծիքը եւ ըստ այնմ կատարել բովանդակութեան ռազմավարութիւն, համոզուելով որ ան համապատասխան եւ գրաւիչ է լսարանին համար:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մայիս 20, 2024