ՏԵՍԱՆԵԼԻՆ ԵՒ ԼՍԵԼԻՆ

Կան ի­րեր ու ի­րո­ղու­թիւն­ներ՝ որ թէ՛ տե­սա­նե­լի են եւ թէ լսե­լի։

Եւ թէ՛ լսե­լի, թէ՛ տե­սա­նե­լի իր կամ ի­րո­ղու­թիւ­նը ա­ւե­լի տպա­ւո­րիչ կ՚ըլ­լայ մար­դուն, քան միայն տե­սա­նե­լին կամ միայն լսե­լին։ Զոր օ­րի­նակ՝ ծո­վը։ Ծո­վը տե­սա­նե­լի է, բայց նաեւ լսե­լի՛։ Ը­սենք, գի­շե­րուան մու­թը կը ծած­կէ ծո­վուն տե­սա­նե­լի ի­րո­ղու­թիւ­նը, բայց ծո­վուն ձայ­նը կը շա­րու­նա­կէ իր էու­թիւ­նը յայտ­նել։ Գի­շե­րը կու գայ եւ իր սեւ քղանց­քին տակ կ՚առ­նէ ա­մէն տե­սա­նե­լի էու­թիւն՝ մու­թին մէջ կը կոր­սուին ա­նոնք եւ նաեւ՝ ծո­վը։ Ծո­վին ամ­բողջ տա­րա­ծու­թիւ­նը ան­տե­սա­նե­լի կ՚ըլ­լայ գի­շե­րուան մութ-սե­ւին մէջ։ Սե­ւու­թիւ­նը ան­տե­սա­նե­լի կ՚ը­նէ տե­սա­նե­լի ա­մէն ինչ, եւ ան­շուշտ ծովն ալ։

Սա­կայն ծո­վը միայն «տե­սա­նե­լի» ի­րո­ղու­թիւն մը չէ, այլ նաեւ՝ լսե­լի ի­րա­կա­նու­թիւն մը, ինչ­պէս ը­սինք։ Ան թէ՛ կեր­պա­րանք ու­նի՝ տե­սա­նե­լի եւ թէ լե­զու՝ լսե­լի։

Ծո­վը ե­թէ ցե­րե­կուան լոյ­սին մէջ «տե­սա­նե­լի» է, ցե­րեկ ու գի­շեր, լոյ­սին եւ մու­թին՝ «լսե­լի՛» է։ Ան կը խօ­սի ի­րեն յա­տուկ լե­զուով նաեւ մու­թին մէջ, կը խօ­սի ա­փե­րուն, եր­բեմն զուսպ, ա­նոյշ, եր­բեմն ալ ո­րո­տա­գին բարձր ձայ­նով, որ ու­նի իր սե­փա­կան, իւ­րա­յա­տուկ յան­գա­ւո­րու­թիւ­նը, այ­սինքն «ռիթմ»ը։

Ծո­վը երբ կը փսփսայ ի՛նչ կ՚ը­սէ, եւ կամ երբ կ՚ո­րո­տայ ի՛նչ յայտ­նել կ՚ու­զէ, կա­րե­լի չէ՛ հասկ­նալ։

Ծո­վը երբ կը փսփսայ, կու լա՞յ ար­դեօք, եւ կամ սի­րոյ ար­տա­յայ­տու­թի՞ւն մը ցոյց կու տայ, սի­րոյ երգ մը կ՚եր­գէ՞։ Ան երբ կ՚ո­րո­տայ, իր բար­կու­թի՞ւ­նը կը բա­ցա­յայ­տէ ար­դեօք, կամ կը խրա­տէ՞, կը քա­րո­զէ՞. ո­րո՞ւ դէմ, ի՞ն­չի, ին­չո՞ւ, գիտ­նալ կա­րե­լի չէ՛…։

Ծո­վուն լե­զուին նշա­նա­կու­թիւ­նը, ը­սա­ծին ի­մաս­տը մարդ­կա­յին հասկ­ցո­ղու­թիւ­նը կամ մեկ­նա­բա­նու­թիւնն է միայն։ Մարդ իր ըմբռ­նու­մով ի­մաստ մը տալ կը կար­ծէ։ Այս կը նշա­նա­կէ, թէ ծո­վը շատ տար­բեր լե­զու­նե­րով շա՜տ բան կ՚ը­սէ, այ­սինքն ան «բազ­մա­լե­զուեան» է. ա՛յն­քան լե­զու ու­նի՝ ո՛ր­քան ունկն­դիր։ Իւ­րա­քան­չիւ­րին կը խօ­սի, ի՛նչ որ ա­մէն մէ­կը ինք, ան­հա­տա­պէս եւ ու­րի­շէ ան­կախ կը հասկ­նայ։

Ան կը խօ­սի ա­մէն մէկ մար­դու ի՛նչ որ ան ին­քը ի­րեն հա­մար կ՚ըմբռ­նէ, կ՚ի­մա­նայ՝ կը հասկ­նայ։ Եւ մար­դոց հասկ­ցած­նե­րը կրնան հիմ­նո­վին ի­րար­մէ տար­բե­րիլ, բայց ա­նոնք տար­բե­րին կամ ո՛չ՝ ա­հա­ւա­սի՛կ ծո­վուն ի­րա­կա­նու­թիւ­նը եւ ա­նոր յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը՝ ո­րոնք ան­փո­փոխ են։ Եւ ա՛յդ է կա­րե­ւո­րը։

Ար­դա­րեւ մար­դուն ըմբռ­նու­մը, հասկ­ցո­ղու­թիւ­նը սահ­մա­նա­ւոր է ա­ւե­լի կամ պա­կաս, շի­տակ կամ սխալ, բայց «ի­րա­կա­նու­թիւն»ը՝ ան­յեղ­լի եւ տե­ւա­կա՛ն։

Աս­տուած ալ, այս ի­մաս­տով ծո­վուն կը նմա­նի. Ա­նոր նկա­րա­գի­րը, Ա­նոր էու­թիւ­նը մարդ­կա­յին տար­բեր մեկ­նու­թիւն­նե­րէն կա­խեալ չէ՛։ Մարդ Աս­տու­ծոյ էու­թեան հա­ւա­տայ կամ չհա­ւա­տայ, ըն­դու­նի կամ մեր­ժէ, իւ­րաց­նէ կամ մեր­ժէ՝ Աս­տուած ա՛յն է, ի՛նչ որ է։ Ի՛նչ­պէս ալ մեկ­նենք կամ բա­ցատ­րենք, ինչ որ ա­նուա­նենք, Աս­տու­ծոյ նկա­րա­գի­րը է՛, ի՛նչ որ է՝ բո­լո­րո­վին ան­կա­խա­բար մեր մեկ­նու­թե­նէն։

Ուս­տի մենք չէ՛ որ Քրիս­տո­սը պի­տի ձե­ւենք ու ձե­ւա­ւո­րենք, ստեղ­ծենք ու նկա­րագ­րենք մեր սե­փա­կան կար­ծի­քո­վը, եւ անձ­նա­կան գա­ղա­փար­նե­րո­վը։

Ան այն է՝ ի՛նչ որ է։ Սա­պէս բա­ցատ­րենք, երբ մէ­կուն աչ­քը շիլ է, այն չի նշա­նա­կեր, որ ա­նոր շիլ աչ­քով դի­տած ու տե­սած ա­մէն ինչ ծուռ է։ Եւ ո­րե­ւէ իր եր­բեք չի փո­խուիր ա­նոր նա­յող աչ­քին հա­մե­մատ, քա­նի որ կա­րե­ւո­րը դի­տուած ու տես­նուած չէ՛, այլ՝ տե՛ս­քը իր ամ­բողջ էու­թեամբ։

Քրիս­տոս է՝ ի՛նչ որ Հայ­րը ը­սաւ զայն, Ան միշտ նո՛յնն է՝ ե­րէկ եւ այ­սօր, եւ յա­ւի­տեան…։

Դի­տե­ցէ՛ք ձեր շուր­ջը, սի­րե­լի ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ, պի­տի տես­նէք եւ ձեր  ու­շադ­րու­թե­նէն պի­տի չվրի­պի, թէ ո­մանք ախ­տա­ւոր զգայ­նու­թիւն մը ու­նին մարդ­կա­յին մեկ­նու­թիւն­նե­րու հան­դէպ։ «Հի­ւան­դոտ» կ՚ը­սենք, քա­նի որ կը վախ­նան, թէ աս ու ան կրնան ի­րենց կար­ծի­քո­վը քան­դել ճշմար­տու­թիւ­նը, նաեւ՝ Քրիս­տո­սի անձ­նա­ւո­րու­թեան հա­րա­զա­տու­թիւ­նը։ Եր­բե՛ք…։

Ինչ­պէս «ճշմար­տու­թիւն»ը, Քրիս­տոս ալ՝ կա՛յ ու կը մնայ ա­նեղծ ու հաս­տատ իր ի­րա­կա­նու­թեան վե­հա­փա­ռու­թեամ­բը՝ որ­պէս Որ­դի Աս­տու­ծոյ, եւ Փրկի՛­չը մե­ղա­ւոր մարդ­կու­թեան։

Քրիս­տոս ի՛նք չի մեռ­նիր, չի՛ դադ­րիր ճշմար­տու­թիւն մը ըլ­լա­լէ՝ երբ կը մեր­ժուի, կ՚ու­րա­ցուի եւ կը լքուի…։

Յի­սուս կրնայ «տե­սա­նե­լի» չըլ­լալ, բայց Ան միշտ «լսե­լի» է ա­մէն ա­նոնց՝ որ ա­ռողջ լսե­լիք ու­նին…։

Աշ­խար­հի վրայ կայ շատ բան, զոր մարդ չի տես­ներ, բայց կա՛յ եւ ե­թէ մարդ հմտու­թիւն ու­նե­նայ լսե­լու, կրնայ զգալ ան­տե­սա­նե­լիին էու­թիւ­նը։ Եւ մարդ ե­թէ լսէ Յի­սու­սի ձայ­նը, խօս­քը՝ ա­պա դժուար պի­տի չըլ­լար ծա­նօ­թա­նալ Ա­նոր, քա­նի որ Ան կա՛յ իր ամ­բողջ ճշմար­տու­թեամ­բը։

Ու­րեմն թո՛ղ խօ­սի ծովն ալ, ինչ­պէս որ ա­մէն մէ­կը կը հասկ­նայ, կամ հասկ­նալ ու­զէ։ Բայց «խօսք»էն վեր, եւ ա­ռաջ, ու վերջ կայ ու կը մնայ «խօս­քին ի­րա­կա­նու­թիւն»ը՝ ճշմար­տու­թիւ­նը եւ  խօս­քին ա­նայ­լայ­լե­լի, մշտնջե­նա­կան յատ­կու­թիւ­նը՝ որ կը նշա­նա­կէ «խօ­սո­ղին ի­րա­կա­նու­թեան» յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թիւ­նը, ան­հուն էու­թիւ­նը…։

Այս­պէս, ծո­վը՝ իր ձայ­նով, կամ ը­սենք՝ խօս­քով ար­թուն կը պա­հէ մար­դուս հո­գին՝ յա­ւի­տե­նա­կան եւ ան­փո­փոխ ար­ժէք­նե­րու նկատ­մամբ։

Ար­դա­րեւ լսուա­ծէն, տես­նուա­ծէն, կար­ծիք­նե­րէն, մեկ­նու­թիւն­նե­րէն՝ ա­ւե­լի՛ն պէտք է հո­գիին կեան­քը պահ­պա­նե­լու եւ  հարըս-տաց­նե­լու հա­մար։

Ո՜վ ի­մաս­տուն ծով. ի՛նչ որ ալ կը նշա­նա­կեն քու խօս­քերդ լսող ա­կանջ­նե­րու, եւ սա­կայն հո­գի­նե­րու սա միակ ա­պա­հո­վիչ պատ­գա­մը կու տաս դուն. «Ե՛ս ա­հա՛ հոս եմ. յա­ւի­տե­նա­պէ՛ս»։­

Ի­մաս­տու­թեամբ լե­ցուն ծո­վը եր­բեմն շատ ա­ւե­լին կ՚ը­սէ քան ան­խոր­հուրդ մար­դը, յա­ճախ։

Ուս­տի միայն մար­դը չէ՛  որ կը խօ­սի, այլ ամ­բողջ բնու­թիւ­նը, եւ մա­նա­ւա՛նդ ծո­վը՝ ի­մաս­տու­թեամբ եւ հմտու­թեամբ։ Ու­րեմն ա­կանջ տալ պէտք է բնու­թեան ձայ­նին՝ որ ան­պայ­ման բան մը կ՚ը­սէ, բան մը կը փո­խան­ցէ Ա­րա­րի­չէն։ Եւ սա ա­նու­րա­նա­լի ճշմար­տու­թիւն է, թէ տիե­զեր­քի մէջ ո՛չ մէկ բան ի զուր ստեղ­ծուած է եւ բնու­թեան մէջ ա­մէն իր եւ ի­րո­ղու­թիւն ու­նի իր ը­սե­լի­քը։ Մար­դուս կը մնայ լսել զա­նոնք, եւ հոգ չէ թէ զա­նոնք տար­բեր ձե­ւով մեկ­նա­բա­նէ…։

Նոյնն է ի­րո­ղու­թիւ­նը՝ նոյն հա­ւաս­տի­քը ու­նի Տէ­րը նոյ­նիսկ տա­րա­կու­սող, կաս­կա­ծող հո­գի­նե­րու հա­մար երբ կ՚ը­սէ. «Ե՛ս ձե­զի հետ եմ մին­չեւ աշ­խար­հի վախ­ճա­նը»։ Ան չի փո­խուիր, միշտ  հա­ւա­տա­րիմ է իր խոս­տու­մին։ Եւ այս­քա­նը կը բա­ւէ մար­դուս հա­մար որ ապ­րին, յու­սան, սի­րեն, եւ գոր­ծեն։ Մարդ­կա­յին հո­գիին կեան­քը կա­խեալ է՝ ան­յեղ­լի ի­րա­կա­նու­թեան մը ներշն­չած հա­ւաս­տի­քէն, եւ ո՛չ թէ ճշմար­տու­թեան մը մաս­նա­կի մեկ­նու­թե­նէն։

Ա­հա՛ այս հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ պէտք է դի­տել բնու­թիւ­նը իր ամ­բողջ ի­րա­կա­նու­թեամբ եւ հասկ­նալ ա­նոր խօս­քը՝ որ խօսքն է իր եւ ա­մէն ին­չի Ա­րա­րի­չին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­նիս 10, 2015 Իս­թան­պուլ            

Շաբաթ, Յունիս 20, 2015