ՄԱՐԴ ՀԱՍՑՆԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ

Մարդ՝ որպէս բնութեան մէկ մասը, տեւական բարեփոխման ենթակայ է։ Եւ որովհետեւ մարդ միայն «մարմին»է չէ կազմուած, այլ ունի նաեւ հոգի եւ միտք, ուրեմն իր բարեփոխութիւնը կը կատարուի թէ՛ մարմնով, թէ՛ հոգիով եւ թէ՛ միտքով, եւ այս երեք արժէքներու միանգամայն բարեփոխութեամբն է որ մարդ կը կատարելագործուի։

Մարմինը սնունդ առնելով, հոգին ազնուանալով եւ միտքը զարգանալով է որ կը հասուննայ։

Այս իմաստով, մարդ մը հասցնել իրապէ՛ս արուեստ մըն է, մարմինը զօրացնել, հոգին ազնուացնել եւ միտքը զարգացնե՛լ։

Ժ. Ժ. Ռուսօ, իր «Էմիլ» գիրքին մէջ կ՚ըսէ, թէ մանուկը իր նախնական կրթութիւնը կ՚առնէ մօրը գրկին մէջ, յետոյ կը դաստիարակուի ուսուցիչին ձեռքերուն մէջ, եւ կրթութեամբ եւ դաստիարակութեամբ հետըզհետէ կը կատարելագործուի ընկերութեան մէջ՝ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին։ Եւ ահաւասիկ, մարդը այս երեք հանգրուաններուն մէջ հետզհետէ յառաջանալով կը զօրանայ, կը զարգանայ եւ կ՚ազնուանայ։ Այս երեք հանգրուաններուն մէջ կարեւոր դեր կը խաղան երեք տարբեր անձեր՝ մայրը, դաստիարակը եւ միջավայրը կազմող ընկերներ եւ բարեկամներ։ Անշուշտ երբ «մայր» կ՚ըսենք, ընդհանուր առումով «ծնողք», հայր եւ մայր ըսել կ՚ուզենք, որոնցմէ կարեւորագոյնն է մա՛յրը մանուկին կրթութեան եւ երբեմն ալ դաստիարակութեան տեսակէտէն։

Երկրորդ կարեւոր անձն է դաստիարակը՝ ուսուցիչը, վարժապետը, որ իրեն յանձնուած մանուկին կրթութիւնը եւ դաստիարակութիւնը կը ձեւաւորէ, աւելի հաստատ հիմերու վրայ կը հաստատէ եւ կ՚ամրացնէ։ Այս իմաստով դաստիարակն ալ կարեւոր եւ անհրաժեշտ դեր մը կը խաղաղ մարդուն զարգացման եւ ազնուացման գործին մէջ։ Ուստի դաստիարակը անջնջելի հետքեր կը թողու ապագայ մարդուն՝ մանուկին մտքին եւ հոգիին մէջ։ Ուղեցոյց մը, փարոս մըն է դաստիարակը մանուկին մէջը գտնուած «ովկիանոս»ին ընդարձակ տարածութեանը վրայ։

Եւ վերջապէս, միջավայրը՝ ընկերներ, բարեկամներ, մերձաւորներ, գործակիցներ, աշխատակիցներ, ծառայակիցներ, այս բոլորին կազմած ամբողջ ընկերութիւնը, հաւաքականութիւնը, մեծ մասամբ ձեւաւորուած մարդը կը հասցնեն իր վերջնական դիրքին մանաւանդ բարոյական ամբողջութիւնը կազմելով անոր։

Եւ այս ցոյց կու տայ, թէ մարդու մը ամբողջ կեանքին մէջ առաջնակարգ դեր կը խաղայ՝ մա՛յրը, դաստիարա՛կը եւ միջավայրը, այսինքն ընկերները։ Եւ այս վերջինին պէ՛տք է աւելցնել նաեւ մարդուս մրցակիցները, հակառակորդները եւ մինչեւ իսկ թշնամիները՝ որոնք ընթացքը կ՚որոշեն մէկու մը կեանքին, իրենց բացասական ներգործութեամբ։ Ուստի մարդ իր կեանքին ընթացք կու տայ նաեւ իր հակառակորդներուն ազդեցութեան համեմատ, ինչպէս՝ իր բարեկամ եւ մերձաւորներուն վարմունքներով։

Մանկավարժ Փեստալոցցի կ՚ըսէ, թէ՝ «Մարդ կրնայ մեծ գիտնական ըլլալ, բայց բարիին մէջ յետադէմ չարագո՛րծ»։

Ուրեմն, չի բաւեր զարգացնել միտքը, կամ զօրացնել մարմինը, անհրաժեշտ է նաեւ ազնուացնել հոգի՛ն։ Եւ փոխադարձաբար՝ չի բաւեր ազնուացնել հոգին, այլ պէտք է զարգացնել նաեւ միտքը։ Բայց ազնիւ հոգին եւ զարգացած միտքը կարենալ օգտագործելու համար, պէտք է նաեւ զօրաւոր, այսինքն առողջ մարմին մըն ալ ունենալ։ Եւ կատարեալ է այն մարդը՝ որ առողջ մարմին, զարգացած միտք եւ ազնիւ հոգի ունի։

Կը հետեւի թէ՝ մարդ կարիքը ունի եւ առաքինութիւններու, այնքան՝ ո՛րքան գիտութեան. սիրելու բարին, ազնիւը, ճշմարտախնդիր ըլլալու եւ աւելի եւս ազնուացնելու իր հոգին՝ մշակելով մարդասիրութիւն, մարդկային արժանիքի գնահատանք, իրաւունքի ճանաչում եւ մանաւանդ համեստութիւն, խոնարհութիւն՝ որ դժբախտաբար շատ անգամ կը պակսի մարդոցմէ՝ որոնք տարուած աշխարհային վայելքներու հոսանքէն, մտածելով միա՛յն մարմնական արժէքներու վրայ, կ՚անտեսեն հոգեւոր եւ մտաւոր իրաւ արժէքները։ Մարդուս համար մինչդեռ որքան որ կարեւոր է մարմնաւորը, նո՛յնքան կարեւոր է եւ անհրաժե՛շտ՝ հոգեւորը եւ մտաւորը։ Մարդկային արժանապատուութիւնը վիրաւորել կը նշանակէ անտեսել հոգեւոր եւ մտաւոր արժէքները, քանի որ մարդկային «անձ»ը անոնցմով կը կազմուի։

Կեանքը տեւական բարեփոխութեան մը մէջ է, քանի որ բնութիւնը միշտ փոփոխութեան կ՚ենթարկուի, եւ ուրեմն մարդ պէտք է քայլ յարմարցնէ այս ընթացքին, ինչ որ կարելի է մտային զարգացումով եւ հոգիի ազնուութեամբ՝ առողջ եւ զօրաւոր մարմնի մը մէջ։ Այսօր երբ մարդ կ՚ապրի կեանք մը, տեւական պայքարի մը մէջ կը գտնէ ինքզինք. հինի եւ նորի, չարի եւ բարիի, սուտի եւ ճշմարիտի, եւ ամէն տեսակ իրերամերժ ուժերու պայքարի մը մէջ։ Մարդ այդ պայքարէն այն ատեն յաղթական դուրս կրնայ գալ, երբ այդ պայքարին լա՛ւ է պատրաստուած։

Կեանքի պայքարին լա՛ւ պատրաստուելու համար պէտք է լաւ նախնական կրթութիւն մը եւ լաւ դաստիարակութիւն մը ունենայ մարդ։ Ահաւասիկ հո՛ս է ընտանիքին եւ ընդհանրապէս դպրոցին կարեւորութի՛ւնը։ Ընտանիքին՝ հայրը եւ մայրը, հաւասարապէս եւ սակայն մայրը՝ «հաւասարներու մէջ յառաջագոյնը», իսկ դպրոցին մէջ դաստիարակը մեծ եւ կարեւոր դեր կը խաղան այդ պատրաստութեան մէջ։ Այն՝ որ գիտակցութեան տէր մօր մը գրկին մէջ ստացած է իր նախնական կրթութիւնը, եւ դարձեալ, այն՝ որ դաստիարակուած է ծառայասէր դաստիարակի մը ձեռքերուն տակ, ան կատարեալ կերպով պատրա՛ստ կ՚ըլլայ յառաջիկայ կեանքի պայքարին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 14, 2018, Իսթանպուլ 

Չորեքշաբթի, Յունիս 20, 2018