ՀԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ

«Հայր»ը հսկայական ծառի մը կը նմանի՝ շո՛ւքը կը բաւէ։ Եւ իսկապէս «հայր»ը սի՛ւնն է ընտանիքին՝ որուն հիմը կը կազմեն հայրը եւ մայրը միասին։

Արդարեւ, եթէ կայ «մայրերու օր», ապա ինչո՞ւ չըլլար նաեւ «հայերու օր», քանի որ հայր ու մայր միասին կը կերտեն ընտանիքը եւ զիրար կը լրացնեն, կ՚ամբողջացնեն եւ կը կազմեն սրբազան միութիւն մը՝ ընտանի՛քը։ Այն ընտանիքը՝ որ հի՛մն է ընկերութեան եւ սկիզբը համայն մարդկային ցեղին։

«Հայրերու օր. նշանակելի եւ ուրախարար օր մըն է այս, որ կը տանի զմեզ հոգե-մտաւոր ապրումներու…», կ՚ըսէ Տքթ. Վարդ Շիկահեր իր 20 յունիս 1992 թուակիր եւ «Հայրե՜ր, պարտական ենք ձեզի» խորագրեալ յօդուածին սկիզբը։

Եւ ահաւասիկ, «Հայրերու օր»ը՝ զմեզ կը տանի հոգեմտաւոր խորհրդածութիւններու եւ անշուշտ ապրումներու՝ ինչպէս կ՚ըսէ Տքթ. Վարդ Շիկահեր։

Արդարեւ, վերջին տարիներուն, «մայրերու օր»ուան նման «հայրերու օր» մըն ալ հաստատուած եւ սկսուած է տօնել այդ օրը շատ մը երկիրներու մէջ յունիս ամսուան երրորդ կիրակի օրը եւ յիշել՝ հայրերը։

Իսկապէս, մարդկութիւնը շա՜տ բան կը պարտի հայրերուն, որուն «շուքը իսկ բաւարար է» ընտանիքի մը գոյապահպանման եւ գոյատեւմանը համար։

Ընդհանրապէս սովորութիւն եղած է, հայրերու օրուան առթիւ ընտրել «Տիպար Հայր» մը։

Ուրեմն կ՚արժէ խորհրդածել, թէ ո՞վ է «տիպար հայր»ը։ Անշուշտ ընդհարացնելով կարելի է ըսել՝ թէ «հայր»ը ինքնին տիպա՛ր մըն է…։

Սակայն, նախ եւ առաջ պէտք է ըսել, որ «տիպար հայր» չի կրնար ըլլալ մէկը, որ տիպար այր չէ, այսինքն ան որ իր կնոջ ո՛չ թէ արտաքին տեսքը կը սիրէ, այլ անոր անձին եւ նկարագրին մէջ գտած է անտեսանելի գեղեցկութիւնը, եւ հոգիով անոր հետ «մէ՛կ» է եղած՝ միութիւն կազմած եւ այսպէս այր-մարդ եւ կին-մարդ միասին կերտած են ընտանիքը եւ ամբողջացած են «մարդ» տիպարին մէջ։ Ուրեմն, ինչպէս յիշեցինք, այր-մարդ եւ կին-մարդ զիրար կ՚ամբողջացնեն եւ այդ ամբողջութեան մէջ «մարդ»ը կը յայտնուի։

Մարդու հայրութեան ակունքը Աստուծոյ հայրութիւնն է (ԵՍ. Գ 15). ան է հի՛մը ծնողներուն մատուցուած պատիւին։ Անչափահաս թէ խելահաս զաւակներուն յարգանքը իրենց հօր կամ մօր հանդէպ՝ կը սնանի բնական սէրէն, ծնած՝ զիրենք իրարու միացնող կապէն։ Ան կու գայ աստուածային պատուէրէն. (ԵԼՔ. Ի 12)։

Ուստի «կեանք տալ»ու կոչուած ամուսինները՝ այր-մարդը եւ կին-մարդը կը մասնակցին արարչական զօրութեան եւ Աստուծոյ հայրութեան՝ որոնք պիտի կատարեն իրենց ստանձնած այս գործը մարդկային եւ քրիստոնէական ամենայն պատասխանատուութեամբ։ Այս պատասխանատուութեան յատուկ մէկ երեւոյթը կը հայի «որդեծնութեան կանոնաւորում»ին։ Անոնք պիտի կանոնաւորեն իրենց վարուելակերպը ըստ բարոյականութեան առարկայական չափանիշներուն։ Միութեան եւ որդեծնութեան, այսինքն հայրութեան եւ մայրութեան այս երկու էական երեւոյթները պահպանելով է, որ ամուսնական արարքը ամբողջովին կը պահէ իմաստը փոխադարձ եւ ճշմարիտ սիրոյ, ինչպէս նաեւ անոր կարգաւորումը ըստ մարդուն վսեմ կոչումին հայրութեան։ Հայրութիւն եւ մայրութիւն միշտ առընչուելու են մարդուն յաւերժական ճակատագրին հետ՝ որ մաս կը կազմէ աստուածային ընդհանուր արարչագործութեան ծրագրին։

Ուրեմն, զաւակները ներքնապէս ճանչնալ, անոնց մարմնական տկարութիւններովը, մտքի կազմաւորումովը, հոգիի թռիչքներովը՝ «տիպար հօր» մը յատկանիշներէն մին եւ կարեւորագոյնը ըլլալու է։

Այս հոգեկան մտերմութիւնը եւ ընդշաղումը՝ ստեղծելու եւ գործադրելու է հայրը իր զաւակներուն հետ, այնպէս որ անոնք «մտերիմ ընկեր» մը գտնեն անոր մէջ եւ ազատօրէն բացուին եւ թափեն անոր առջեւը իրենց հոգերը, իղձերը, փափաքները, պէտքերը եւ մեղքերն իսկ։ Բայց նոյն ատեն հայրը իմաստո՛ւն ըլլալու է ինքզինք չհասարակցնելու, չպզտիկցնելու, այլ գիտնալու է տղուն ազատութիւն տալով հանդերձ վեր բռնել իր «հայրական արժանապատուութիւն»ը եւ արժանաւորութիւնը եւ հեղինակութիւնը։ Ուստի, որդին պէտք է զգայ, թէ հայրը որքան ալ մտերիմ ըլլայ իրեն հետ, ինք համահաւասար, նոյնակից եւ զուգահաւասար չէ՛ երբեք հօրը հետ։

Այս ուղղութեամբ «տիպար հօր» մը նկարագրին ամենէն ցայտուն գիծերէն մին ըլլալու է վեր կարենալ բռնել իր հայրութիւնը, եւ կարենալ պահպանել մտերմութեան եւ ակնածանքի նրբին սահմանը, այն գիծը կ՚որոշէ հայրութեան հեղինակութիւնը։ Այդ սահմանին հաւատարիմ մնալ հայրութեան իւրայատուկ հմտութիւն մը կը պահանջէ։

«Տիպար հօր» մը նկարագրին ուշագրաւ գիծերէն մէկն ալ «ճշմարտախօսութի՛ւն»ն է։ Արդարեւ, ճշմարտախօսութիւնը «տիպար մարդ» ըլլալու յատկանիշներէն մին է. մարդը «մա՛րդ» ըլլալու համար պէտք է ամէն բանէ առաջ ուղղամիտ եւ ճշմարտախօս ըլլա՛յ։

Ուստի «տիպար հայր»ը երբեք չի գիտե՛ր ստել, խաբել, կեղծել ո՛չ տան մէջ իր զաւակներուն հետ յարաբերելու ատեն եւ ո՛չ տունէն դուրս գործի կեանքի մէջ եւ բարեկամներու հանդէպ։ Ուղղամիտ եւ ճշմարտախօս մարդը մի՛շտ, ամէնուրեք ուղղամիտ է եւ ճշմարտախօ՛ս։ Ճշմարտախօս մարդը չի ստիպուիր յիշելու, թէ որո՛ւ ինչ ըսած է եւ ինչպէս ըսած է, քանի որ ան միշտ մէկ բան կը խօսի՝ ճշմարտութի՛ւնը։

Ահաւասիկ, այս պայմաններու տակ, եթէ հայր մը իր օրինակովը կրնայ սորվեցնել տղուն, թէ ուղղամիտ եւ ճշմարտախօս ըլլայ, միշտ շիտակը ըսէ, ուղիղ ճամբէն չշեղի, ամենէն մեծ, ամենէն թանկագին գանձը տուած պիտի ըլլայ անոր։

Բարեսրտութիւնը՝ որ կ՚ենթադրէ մարդասիրութիւն, կարեւոր յատկանիշ մը, նկարագիր մըն է, որ պէտք է փնտռել հօր մը վրայ. անիկա իր տունէն, ընտանիքէն դուրս ուրիշներու տուներու եւ ընտանիքներու վրայ ալ կարելի չափով կը խորհի, կը մտահոգուի. իր հարազատներէն զատ չքաւորներու, կարօտեալներու զաւակներն ալ կը հոգայ եւ այսպէս կը սորվեցնէ եւ այսպէս կը մշակէ անոնց մէջ այլասիրութեան, այսինքն մարդասիրութեան հոգին։

Տան մէջ «տիպար հայր»ը պէտք է ըլլայ խոհեմ, ուշադիր բայց նաեւ՝ զուարթամիտ, քաղցրաբարոյ, հանդուրժող, չափաւոր. իր խօսքերը համեմելու է անուշ եւ իմաստալից կատակներով, եւ միշտ զուարթ, խաղաղ մթնոլորտ մը ստեղծելու է տան մէջ։ Տիպար հայրը երբեք ինքնակեդրոն, անձնասէր ինքնամոլ պէտք չէ ըլլայ, տիպար հօր յատկանիշներնէ է նաեւ զոհողութի՛ւնը։

«Տիպար հայր»ը, ահաւասիկ, կ՚որոշուի այս յատկութիւններով՝ իր իսկ նկարագրով, այն ինչ որ պէտք է ունենայ ո՛չ միայն հայրը, այրը, այլ՝ «մա՛րդ»ը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 15, 2020, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Յունիս 20, 2020