ՍԻՐՈՒԱԾ ՈՒ ՉՍԻՐՈՒԱԾ ՄԱՆՈՒԿԸ -(Ա.)

Բառացիօրէն ճշմարտութիւն է ըսուած այն խօսքը, որ ամէ՛ն պատճառ անպայմանօրէն ունի պատճառ մը. ամէ՛ն արարք, ընդունելի թէ ոչ, անպայմանօրէն ունի իր շարժառիթն ու պատճառը՝ որ կը կարօտի ուսումնասիրութեան:

Կեանքի այդ թատերաբեմին վրայ կարելի չէ՛ սպասել, որ բոլորին դերը ըլլայ նոյնը, որովհետեւ բոլորը նոյն ենթահողն ու մարդու աճը պայմանաւորող նոյն տարրերը չէ որ ունին. թէեւ անոնք ծնած են հաւասար՝ սակայն հասակ առած են անհաւասար ու իրարմէ տարբեր պայմաններու մէջ:

Մենք մարդկայնօրէն սովոր ենք դատապարտել կատարուած սխալ մը, առանց մտածելու անոր պատճառներուն մասին, որովհետեւ ընդունինք թէ ոչ, ամէն սխալ անպայմանօրէն ունի ձեւով մը արդարացնող երես մը:

Պահ մը բացէ՛ք եւ ուսումնասիրեցէք աշխարհի մեծագոյն յանցագործներու կեանքերը, կարդացէ՛ք անոնց մանկութեան ու պատանեկութեան մասին եւ պիտի տեսնէք, թէ ամէն չարագործ իր անցեալին՝ մանկութեան մէջ ունեցած է պակասութիւն մը, անտեսուած բաց մը, որ զինք առաջնորդած է հոն՝ ուր կը գտնուի այսօր: Պատմութիւնը կը փաստէ, որ աշխարհի մեծագոյն մարդասպանները, գինեմոլներն ու մարդկութեան վնաս պատճառողները եղած են անոնք, որոնք իրենց մանկութեան ընթացքին հեռու եղած են սիրուելէ. աշխարհի վրայ չկայ մանուկ, որ ծնի ոճրագործ կամ գինեմոլ. բոլոր մանուկները կը ծնին հաւասար ձեւով՝ չգրուած ու չաղաւաղուած մաքուր էջի մը նման, որուն վրայ կու գայ շրջապատը աւելցնել այն բոլորը, որ իր ապագան կը կերտեն:

Դժբախտաբար մեր ներկայ կրթական ծրագիրներէն ներս կարեւորութիւն չի տրուիր նման հարցերու եւ շա՜տ շատեր կը դառնան ծնողք՝ մանկավարժութենէն համեստ գիտելիք մը չունենալով:

Շատ անգամ լսած ենք, որ մարդուն բնաւորութիւնը դիւրին դիւրին չի՛ փոխուիր, սակայն պէտք է ընդունիլ, որ այդ բնաւորութիւնը ո՛չ թէ մանուկին հետ կը ծնի, այլ ժամանակի ընթացքին կը կազմաւորուի եւ անոր մէջ մեծ դեր ունի թէ՛ ընտանիքը եւ թէ՛ շրջապատը. եւ շրջապատին կողմէ շինուած ու կազմուած բնաւորութեան մը համար կը մեղադրուի անձը ինք՝ որ պարզապէս «զոհ» մըն է կեանքի իրականութեան:

Հետեւաբար այսօր պիտի խօսինք առանց սիրոյ հասակ առնող մանուկներուն մասին:

Ա.- ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՆՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ.- Առանց սիրոյ հասակ առնող մանուկներուն եւ պատանիներուն առաջին ու մեծագոյն հարցերէն մէկն է վստահութեան եւ անվստահութեան հարցը. կեանքը կը փաստէ, որ աւելի ինքնավստահ ու հաստատուած կ՚ապրին անոնք, որոնք իրենց շրջապատին, հարազատներուն եւ մանաւանդ ընտանիքին կողմէ մեծագոյն սիրոյ կ՚արժանանան. այդպիսիներ յաճախ յաջող անձեր կ՚ըլլան իրենց դասերուն մէջ, առողջ ընկերային վերաբերմունք կ՚ունենան իրենց հասակակիցներուն, ինչու չէ նաեւ մեծահասակներուն հետ: Նման սիրոյ մէջ մեծցած մանուկներ իրենց ընկերային-պատանեկան շրջանակին մէջ «առաջնորդող»ի դեր մը կ՚ունենան. դպրոցի զբօսանքի պահուն միւս «չսիրուած»ները իր շուրջ մնալ կը նախընտրեն, որովհետեւ անոր մէջ կը տեսնեն ինքնավստահութիւն եւ յաւակնոտ անձնաւորութիւն մը, որ երաշխաւորուած է սիրով: Շատ անգամ անոնց ինքնավստահութիւնը բնական սահմանները անցնելով կրնայ վերածուիլ նոյնիսկ անկրթութեան, որովհետեւ ամենամեծ սխալին դիմաց նոյնիսկ գիտեն, որ ամէն բան վերջապէս ներելի է իրենց համար. երեւոյթ որ կը տանի զիրենք շփացածութեան:

Գուրգուրանքէ հեռու մնացած մանուկները ընդհանրապէս կ՚ըլլան անինքնավստահ եւ ամենէն պարզ սխալի մը դիմաց մեծապէս կ՚ապրին մեղաւորութեան հոգեվիճակը, որովհետեւ այդ վիճակը իրենց մէջ կը ստեղծէ յանցաւորի հոգեբանութիւն մը եւ մանուկը մեծապէս կը զգայ տարբերութիւն իր եւ սիրուածին միջեւ, որ ինքնին հոգեկան բարդոյթ ու մանկավարժական կարեւոր խնդիրներէն մէկն է:

Ընտանիքին վերաբերմունքը մանուկին հանդէպ անոր ապագայ բնաւորութիւնն ու նկարագիրը կ՚ապահովէ եւ ծեծի, բարկութեան ու կռիւի մէջ հասակ առնող մանուկներ շատ աւելի ջղային ու դիւրագրգիռ բնաւորութեան տէր կ՚ըլլան, քան սիրոյ ու խաղաղութեան մէջ հասակ առնողները:

Այդ սիրոյ երեւոյթն է, որ պատճառ կ՚ըլլայ, որ ձայն չունեցող սիրուած մանուկը ինքնավստահութեամբ բեմ բարձրանայ ու երգէ, սակայն սէրէն հեռու մնացող մանուկը լաւ ձայն ունենալով հանդերձ ամչնայ, քաշուի եւ ինքնավստահութեան պակաս դրսեւորէ: Լաւ ձայն չունեցող մանուկը կ՚արժանանայ ապրիսի իր ընտանիքի անդամներուն կողմէ, մինչ լաւ ձայն ունեցողը «քիչ մը լռէ՛»ի կրնայ արժանանալ, որ կամաց կամաց իր մէջ կը մեռցնէ ինքնավստահութիւնն ու ինքնասիրութիւնը:

Նման երեւոյթներ օրական դրութեամբ կը պատահին դպրոցներուն, մանկապարտէզներուն, ինչպէս նաեւ մեր հայկական ընտանիքներէն ներս:

Պէտք է ընդունիլ, որ մանուկի մը ինքնավստահութիւնը իր ունեցած շնորհքներէն աւելի երաշխաւորուած է իրեն հանդէպ եղած սիրով: Այդ պակասը կանխելու համար է, որ այսօր շատ մը մայրեր իրենց զաւակներուն կը սորվեցնեն, թէ իրենք լաւագոյնն են, իրենք շատ աւելի խելացի, կարող, սիրուն ու շնորհալի են՝ քան միւս մանուկները: Նոյնիսկ երբ մայրը դրացուհիին կամ այլ հարազատի մը դիմաց իր զաւակին գովքը հիւսէ, իր ազդեցութիւնը կ՚ունենայ մանուկին ինքնավստահութեան եւ ապագայ կազմաւորման մէջ:

Հաւանաբար դուրսէն պարզ ու հասարակ թուի այս բոլորը, սակայն մեծապէս ազդեցութիւն կ՚ունենան մարդու հոգեկան աշխարհին վրայ, որոնք տարբեր տարբեր ձեւերով ի յայտ կու գան ապագայի շարժուձեւերուն եւ ապրելակերպին մէջ:

•շարունակելի

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԱՐՇԱԿ ԱԹԱՅԵԱՆ
(1877-1938)

Մեր թուականէն 145 տարիներ առաջ՝ 20 յունիս 1877-ին Շուշիի մէջ ծնած է բանաստեղծ, արձակագիր, թարգմանիչ, հասարակական գործիչ եւ Գրողներու միութեան անդամ Արշակ Աթայեան:

Աթայեան իր նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ, ապա ընդունուած է Էջմիածինի Գէորգեան ճեմարան, յետոյ անցած է Թիֆլիզի Ներսիսեան դպրոց: Ուսումը աւարտելէ ետք 1904-1907 թուականներուն, որպէս սրբագրիչ աշխատած է 1889-1907 թուականներուն Թիֆլիզի մէջ լոյս տեսնող «Մուրճ» ամսագիրի խմբագրութեան կազմէն ներս: Ապա ուսուցչութեան պաշտօնով հրաւիրուած ու մեկնած է Պարսկաստանի Սաւրա գիւղը, ուր գրի առած է Ալմաստի 23 հայկական գիւղերու վիճակագրութիւնը, հաւաքած ու խմբագրած է անոնց երգերը, աւանդութիւններն ու բանահիւսութիւնները: Սաւրայի մէջ ուսուցչութիւն կատարելէ ետք դարձեալ նոյն պաշտօնով մեկնած է Նոր Ջուղա: Ուսուցչութիւն կատարած է նաեւ Երեւանի, Լենինականի եւ Ստեփանակերտի մէջ: Որոշ ժամանակ եղած է «Խորհրդային Հայաստան» թերթի պատասխանատու քարտուղար:

Ուսուցչութեան եւ արձակագրութեան կողքին Աթայեան սէր ունեցած է երաժշտութեան հանդէպ. եղած է քառաձայն երգչախումբի ղեկավար, մեներգիչ, ինչպէս նաեւ դերասան եւ հիւրախաղերու ընթացքին բեմ բարձրացած՝ յայտնի դերասաններ Սիրանոյշի եւ Արմէն Արմէնեանի հետ:

Աթայեան հեղինակ է բանաստեղծութիւններու, արձակ գրութիւններու, վէպերու եւ թատրերգութիւններու, որոնք հրատարակուած են տարբեր պարբերականներու մէջ։ Աթայեանի հրատարակած առաջին գործը եղած է «Թոյն» խորագրեալ վէպը, որ հրատարակած է 1897 թուականին, Պաքուի մէջ. այդ գործին յաջորդած են «Զգացմունք» վիպակը, «Սիրոյ հովիտը», «Բանահիւսութեանց տեսութիւնը», «Յառաջաբան»ը եւ այլ աշխատութիւններ: Աթայեան գրած է նաեւ թատրերգութիւններ, որոնցմէ յայտնի է «Սասունցի Դաւիթը», որ բեմ բարձրացած է դերասան Արմէն Արմէնեանի կատարումով՝ նախ Թեհրանի, ապա Կիւմրիի եւ այլ վայրերու մէջ:

Ստեղծագործութեան կողքին Աթայեան զբաղած է նաեւ թարգմանական աշխատանքով. ռուսերէնէ հայերէնի թարգմանած է Թոլսթոյի «Երեք մահեր» պատմուածքը, Մաքսիմ Կորքի «Դանկոյի սիրտը», «Չարաճճի» եւ «Իմ ուղեկիցը» աշխատութիւնները, Լէոնիտ Անտրէեւի «Պատը» եւ այլ աշխատութիւններ: Թարգմանութիւններ կատարած է նաեւ պարսկերէն լեզուէն, հայերէնի թարգմանելով Օմար Խայյամի եւ այլոց գործերը:

Աթայեան Խորհրդային Միութեան կողմէ բռնադատուելով 1938 թուականին գնդակահարութեամբ մահապատիժի ենթարկուած, սակայն 1955 թուականին արդարացուած է:

Աթայեանի զաւակներն են արձակագիր, գրականագէտ եւ մանկավարժ Ռաֆայէլ Աթայեանը, երաժշտագէտ եւ երգահան Ռոպերթ Աթայեանն ու նկարիչ եւ արուեստագէտ Արմէն Աթայեանը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Յունիս 20, 2022