ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՍԵՌԻ ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆ
Ամուսնութիւնը ըստ Հայոց Եկեղեցական իրաւաբանութեան եւ անշո՛ւշտ ընդհանուր իրաւաբանական կարգերու՝ սեռը կարեւոր դեր մը կը կատարէ։ Աներկբայելի, անտարակոյս, ամուսնութիւնը կարելի է կատարուի միայն երկու տարբեր, այսինքն՝ արական եւ իգական սեռի մէջ, այր-մարդու եւ կին-մարդու մէջ, քանի որ ամուսնութեան գլխաւոր խորհուրդն է որդեծնութիւնը. իսկ այդ կարելի է արուի եւ էգի, կամ մարդու եւ կնոջ յարաբերութեամբ։
Աստուած դրախտի մէջ ամուսնութիւնը հաստատեց Ադամի եւ Եւայի մէջ, այսինքն՝ արուի եւ էգի մէջ. (ԾՆՆԴ. Բ 21-24), եւ այդ կանոնը իբրեւ «աստուածային օրէնք» անխափան շարունակուեցաւ մինչեւ քրիստոնէութիւն։
Քրիստոս վերահաստատեց «հին օրէնք»ը ըսելով. «Չէ՞ք կարդացած Սուրբ Գիրքերու մէջ, թէ Աստուած սկիզբէն արու եւ էգ ստեղծեց մարդիկը…». (ՄԱՏԹ. ԺԹ 4) եւ (ՄԱՐԿ. Ժ 6)։ Նոյն օրէնքը շարունակեցին քարոզել, տարածել եւ հաստատել նաեւ առաքեալները. (ԵՓԵՍ. Ե 25-32) եւ (Ա ԿՈՐՆԹ. Է 1-2)։ Եւ այս պատճառով, Եկեղեցին ընդունելով ամուսնութիւնը իբրեւ իր «սրբազան խորհուրդ»՝ անհրաժեշտ եւ անխախտ պայման կը սահմանէ ամուսնութիւնը կատարել միայն արուի եւ էգի, այսինքն՝ մարդու եւ կնոջ մէջ։ Ասիկա նաեւ՝ ընդհանուր իրաւաբանութեան եւ բնական օրէնքի անփոփոխելի տրամադրութի՛ւնն է։
Ուստի, այս Աստուածասահման Օրէնքը կիրարկելի է նաեւ բնութեան մէջ։ Արդարեւ, այս բնական օրէնքին հակասել, ժխտել՝ կարելի չէ՛ «ազատութեան» գաղափարին հետ արդարացնել կամ հաշտեցնել, քանի որ ազատութիւնը մարդուս անսահման իրաւունք չի տար։ Այս Աստուածասահման եւ բնական օրէնքը չի կրնար «ազատութեան» սկզբունքով անզօրութեան մատնել՝ չէզոքացնել։ Արդարեւ, բոլոր կենդանի աշխարհը՝ անասունները եւ գազանները, թռչունները, ձուկերը, եւ բոլոր տեսակի միջատները, մէկ խօսքով՝ բոլոր էակները ոչ այլապէս աճեցնել իրենց սերունդը, եթէ ոչ արու եւ էգ միութեամբ, որուն պաշտօնական եւ վաւերացեալ միակ ձեւն է՝ ամուսնութիւնը, մարդոց համար։ Այս բնական օրէնքը աւելի եւս կը հետաքրքրէ մարդ էակը, քանի որ ամուսնութիւնը որքան երկու անձի մէջ՝ այր եւ կնոջ մէջ կը կայանայ, բայց նաեւ ընկերային իրականութիւն մըն է, քանի որ ընտանիքը ընկերութեան տարրական մասն է եւ ընտանիքն է, որ ուղղութիւն կու տայ ամբողջ ընկերութեան ընթացքին։
Ամենահին դարերուն, մարդկութեան զարգացման ամենաստոր աստիճանի վրայ, վայրենաբարոյ մարդիկ իսկ այլապէս ամուսնութիւնը չէին կատարեր եթէ ոչ արուի եւ էգի հետ, այսինքն՝ մարդը կնոջ հետ։ Ուստի, բոլոր ազգերը եւ անոնց օրէնքները ամուսնութիւնը թոյլ կու տային միայն մարդու եւ կնոջ մէջ, եւ ո՛չ երբեք երկու մարդու կամ երկու կնոջ մէջ։ Մարդ էակին բանաւոր եւ ասուն ըլլալը, ազատութեան գաղափարով օժտուած ըլլալը՝ անոր երբեք այս օրէնքին դէմ գործելու իրաւունքը չի տար, քանի որ այդ մէկը օրինազանցութի՛ւն է։
Օրինազանցութիւնը բանաւոր որեւէ արդարացում չի՛ կրնար ունենալ։
Պատմութեան մէջ միայն գարշելի Ներոնը, հռովմէական կայսրներէն այս ամենավատ ներկայացուցիչը, կամեցաւ տալ աշխարհին միակ եւ զազրելի օրինակ ամուսնութեան՝ հակառակ բնական եւ մարդկային օրէնքին. ան հանդիսացաւ ապօրինի մը՝ հանդիսաւոր կերպով պսակուեցաւ հռովմէական օրէնքի կարգով եւ ծէսով Սպոտուս անուն գեղեցիկ երիտասարդի հետ. (Iustitutes du droit Canonique, por Lancelot de Pérouse, traduites et expliquées par Durant de Mail'lane, Lyon, 1770)։ Բայց այդպիսի «պսակ»ը երբեք կարելի չէ «ամուսնութիւն» համարել, այլ՝ անառակութիւն՝ անկարգութիւն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 19 2023, Իսթանպուլ