ԱԶԳԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳԻՉ

Մեր նախորդ գրութեան մէջ խօսեցանք, որ բռնութեան տակ հայուն մէջ ազգասիրութիւնն ու ազգային դիմագիծը աւելիով հայ էր՝ քան ազատութեան մէջ եւ այդ դիմագիծի հարազատներէն մէկն էր վստահաբար հայոց մեծագոյն բանաստեղծներէն Պարոյր Սեւակ, որուն սպանութեան (ո՛չ մահուան) 53-ամեակն էր յունիսի 17-ին: Սպանութեան կ՚ըսենք, որովհետեւ կը հաւատանք, որ Պարոյր Սեւակ զոհը դարձաւ իր ճշմարտախօսութեան, իր հայրենասիրութեան եւ ազատ ու անկախ Հայաստանի մը տեսլականին, լաւապէս գիտակցելով, որ այդ բոլորը օր մը կրնան մինչեւ իսկ մեծ բանաստեղծի կեանքը արժեն. բայց ի՞նչ օգուտ. ան որոշած էր մի՛շտ ճշմարտութիւնը բարձրաձայնել՝ ինչ գնով որ ըլլայ. իր բանաստեղծութիւններէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ.

«Հրաժարւում եմ,
Ինչի՛ց որ կ՚ուզէք,
Նոյնիսկ սեփական հպարտութիւնի՛ց,
Բայց ո՛չ թանկ նստող ճշմարտութիւնից»:

Պարոյր Սեւակի համար բանաստեղծութիւնը գրականութիւն ըլլալէ աւելի միջոց էր ճշմարտութեան դրօշակ պարզելու, որովհետեւ ան լաւապէս կը գիտակցէր, որ մարդոց սուտ ու խաբեբայ կեանքը կամաց կամաց կը փոխադրուէր նաեւ գրականութեան մէջ: Այդ հակասութիւններու պատճառով Պարոյր Սեւակի բանաստեղծութիւնները ուրիշներու համար գրուած ըլլալէ առաջ բանաստեղծին եւ ի՛նքն իր անձին միջեւ գոյութիւն ունեցող պայքարն է եւ ա՛յդ պատճառով է որ բանաստեղծը կը խնդրէ ըսելով «բարեխօս եղիր ի՛մ եւ ի՛մ միջեւ». այդ հակասութեան մէջ վստահաբար տեղ կը գտնէր նաեւ հայրենասիրութիւնը. որովհետեւ Խորհրդային Միութեան տիրապետութեան տակ ըլլալով ան չէ՛ր կրնար խօսիլ ազգասիրութեան եւ անկախութեան մասին, սակայն չխօսիլն ալ դէմ էր անոր ճշմարտութեան հանդէպ ունեցած ըմբռնումներուն. անոնց մասին չխօսիլ Պարոյր Սեւակի համար պիտի ըլլար ինքնախաբէութիւն. ան կը զգար այդ բոլորին կարեւորութիւնը, սակայն միւս կողմէ կը զգար ծանրութիւնը բռնութեան, որովհետեւ այդ գաղափարներուն համար զոհ դառնալը ամենէն դիւրինն էր. դժուարը այդ բոլորը ժողովուրդին սիրտին մէջ սերմանելն էր՝ բոլոր դժուարութիւններն ու վտանգները աչքի առջեւ ունենալով:

Պարոյր Սեւակ մտահոգ էր ազգի վիճակով. անոր բանաստեղծութիւններէն մէկուն մէջ կը կարդանք.

«...քայլում ենք բոլորս,
Չիմանալով, թէ մինչեւ ո՞ւր,
Ինչի՞ համար
Եւ արդեօք ի՞նչ նպատակով»:

Ազգին անորոշ վիճակը կը նեղէր մեծ բանաստեղծը. ազգովի օտարի լուծին տակ կը գոյատեւէինք, սակայն ապագան անորոշ էր, որովհետեւ միայն օտարին լուծը կար մեր վրայ դրուած. լուծ՝ որ կը փորձէր հայուն մերկացնել իր հայութենէն, հեռացնել իր եկեղեցիէն եւ գրեթէ բոլոր արժէքներէն, որոնք հայը հայ կը պահեն. այդ բոլորը նկատի ունենալով է գուցէ, որ Պարոյր Սեւակ կ՚ըսէ. «Անորոշութեան ցաւով եւ հիւանդ»։

Պարոյր Սեւակ ինչքան ալ փորձէ իր բանաստեղծութեան մէջ հարցերուն ու ցաւերուն տալ համամարդկային պատկեր մը՝ որպէս թէ խօսէր ամբողջ աշխարհի ու մարդկութեան մասին, նկատի կ՚ունենայ հայը. շատ անգամ սկսելով համամարդկայինէն ակամայ կը հասնի Հայաստանին ու հայուն. ահաւասիկ օրինակ մը.

«Ի՞նչ է սպասւում այս մոլորակին,
Ի՞նչ պատասխանես:
Ի՞նչ է լինելու այս աշխարհի հետ,
Ինչպէ՞ս իմանաս:
Ի՞նչ է բուսնելու այս թշուառ հողին:
Եւ ի՞նչ լեզուով են խօսելու այստեղ...»:

Մոլորակ, աշխարհ, հող ու հայրենիք. Պարոյր Սեւակ մտահոգ էր այս հողերուն վրայ խօսուելիք ապագայ լեզուով, որովհետեւ բանաստեղծը կը տեսնէր, թէ ինչպէս հայը կը հեռանար իր հայութենէն: Այս մէկը կը նկատենք Պարոյր Սեւակի պոռթկումի պահերէն, որովհետեւ կը տեսնենք, թէ ինչպէս ան կ՚ուզէ խօսիլ հայրենասիրութեան, հայ լեզուի կարեւորութեան, ապագային ու ազատութեան մասին, սակայն բռնաւոր կալանքը զինք ետ կը մղէր. այդ մէկը վստահաբար վախի ազդեցութիւն մը չէր. եթէ ուզէր Պարոյր Սեւակ բացայայտօրէն կը խօսէր այդ բոլորին մասին համարձակօրէն, սակայն այդ բոլորը լոյս պիտի չտեսնէին եւ տրուելով կրակին իր հետ միասին պիտի ոչնչացուէր նաեւ խօսքը՝ որ ինք փոխանցել կ՚ուզէր: Այդ իսկ պատճառով պարտաւոր էր այդ բոլորը ընել գիտակցուած, բոլոր սրբազան արժէքներու իմաստները տողատակով փոխանցել եւ մաս առ մաս:

Իր բանաստեղծութիւններէն մէկուն մէջ Պարոյր Սեւակ կ՚ըսէ. «Հա՛յր սուրբ, ես կ՚ուզէի դարձնել կանոն անկանոնութիւնը»։ Իր ժամանակաշրջանին համար անկանոնութիւն էր հայրենասիրութիւնը. ա՞յդ մէկը կ՚ուզէր կանոնացնել արդեօք մեծ բանաստեղծը:

Այս բոլորին զոհն է, որ կը դառնայ Պարոյր Սեւակ եւ կեղծ արկածի մը վերագրելով անոր մահը կեանքէն կը հեռացնեն հայոց մեծագոյն բանաստեղծներէն մին. սակայն մահը խնդիր մը չէր Պարոյր Սեւակի համար, որովհետեւ ան ուխտած էր երգել՝ հակառակ ամէն տեսակ փորձութիւններուն ու դժուարութիւններուն. դարձեալ մեծ բանաստեղծն է գրողը.

«Թէկուզ եւ ձեռքդ գրչից էլ զրկեն,
Դու, միեւնո՜յնն է, պիտի՛ որ երգես:
Թող չտան ոչ մի լիազօրութիւն,
Դու, մէկ է, սուտը պիտի՛ որ հերքես»:

Ազգասիրութեան երգիչ եւ սուտի հերքող մըն էր Պարոյր Սեւակ. յատկութիւններ, որոնք մարդկութեան մէջ գոյատեւելու համար սեփական կեանքի սպառնալիք են պարզապէս:

Այսօր ունեցանք այն ազատութիւնը, որ Պարոյր Սեւակի հետ միասին ուրիշ բանաստեղծներ երազեցին, սակայն պէտքը ունինք նո՛ր Պարոյրներու, որոնք կարենան ազատութեան մէջ հայաթափուող հայուն տուն կանչել, անոր մէջ արթնցնել բոլոր այն հայկականութիւնը, որ օտարի լուծին տակ անշնչացած էր եւ մինչեւ օրս կը սպասէ յարալէզներու վերադարձին:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Պարոյր Սեւակ մահացա՞ւ, թէ սպանութեան զոհ դարձաւ:

Պատասխան. Պարոյր Սեւակ մեքենայի վթարի զոհ դարձաւ 17 յունիս 1971 թուականին. բանաստեղծի մահը դարձած է ենթադրութիւններու առարկայ. ոմանք կը կարծեն, որ ան սպաննուած է Խորհրդային իշխանութիւններու կողմէ՝ իր բացայայտ հայեացքներու եւ ազգային տրամադրութեան պատճառով, սակայն չկայ ապացոյց, որ հաստատէ այս տեսակէտը. այդ իսկ պատճառով պատմութեան մէջ կը շարունակուի յիշուիլ որպէս արկածի զոհ գացած բանաստեղծ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունիս 20, 2024