ՀՐԱՇՔԸ ՄԵՐ ԱՌՕՐԵԱՅԻՆ ՄԷՋ

«Հրաշք» տա­ռա­ցիօ­րէն կը նշա­նա­կէ՝ մարդ­կա­յին ու­ժե­րը եւ կա­րո­ղու­թիւ­նը գե­րա­զան­ցող ե­րե­ւոյթ, սքան­չե­լի՛ք։ Այն ի­րո­ղու­թիւ­նը, որ բնա­կան ըն­թաց­քի, բնա­կա­նոն վի­ճա­կի չի հա­մա­պա­տաս­խա­ներ, մարդ կը դժուա­րա­նայ հասկ­նալ եւ ի­մաստ մը տալ ա­նոր, քա­նի որ մարդ­կա­յին միտ­քը վարժ եւ սո­վո­րա­կան ըն­թաց­քի մը վրայ, ո­րոշ դրու­թեան մը հա­մե­մատ կ՚աշ­խա­տի. իր նա­խա­պէս գիտ­ցած եւ կամ փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ու­նե­ցած ի­րո­ղու­թիւն­նե­րը՝ ո­րոնք ընդ­հան­րա­պէս «ո­րոշ պատ­ճառ­ներ - ո­րոշ ար­դիւնք­ներ կը ստեղ­ծէ» բա­նա­ձե­ւին վրայ հիմ­նուած եւ կազ­մուած է, ե­թէ պա­տա­հի որ «ո­րոշ պատ­ճառ» մը՝ «տար­բեր ար­դիւնք»ի կամ ու­րիշ հե­տե­ւան­քի յան­գի՝ մարդ կը զար­մա­նայ, կը շուա­րի, կը սքան­չա­նայ, ա­նակն­կա­լի կու գայ, եւ վեր­ջա­պէս ի­րեն «տա­րօ­րի­նակ» թուած տար­բեր ար­դիւն­քին, փո­խուած եզ­րա­կա­ցու­թեան «հրա՛շք» կ՚ը­սէ, կամ «սքան­չե­լիք», այ­սինքն «չտես­նուած ե­րե­ւոյթ» կ՚ա­նուա­նէ զայն։

Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, ի՛նչ որ պա­տա­հի բնու­թեան մէջ, ա­նի­կա «բնա­կան» է, քա­նի որ այս կամ այն կեր­պով, պա­տա­հած է, եւ ու­րեմն «բնա­կա՛ն» է։ Ար­դա­րեւ, իս­կա­կան «հրաշք»ը պէտք է զա­նա­զա­նել «չտես­նուած» կամ «չհասկ­ցուած» ե­րե­ւոյթ­նե­րէն։ Մար­դիկ, ընդ­հան­րա­պէս «հրաշք» կը կո­չեն այն ե­րե­ւոյթ­նե­րը՝ ո­րոնք չեն հասկ­ցած կամ ի­րենց տե­ղե­կու­թե­նէն եւ ծա­նօ­թու­թե­նէն դուրս են, այս ի­մաս­տով մարդ իր վար­ժու­թիւն­նե­րուն եւ սո­վո­րու­թիւն­նե­րուն «գե­րի»ն է տե­սա­կէ­տով մը՝ ա­նոր հա­մար իւ­րա­քան­չիւր պատ­ճառ ու­նի ո­րոշ մէ՛կ ար­դիւնք, եւ ե­թէ երկ­րորդ մը պա­տա­հի, ի­րեն հա­մար ա­նի­կա «հրաշք» մըն է՝ սքան­չե­լիք մը։

Մինչ­դեռ, բնու­թեան մէջ միշտ նոյն պատ­ճա­ռը՝ նոյն ար­դիւն­քը չի տար։ Շրջա­հա­յե­ցո­ղու­թեան տէր, լայ­նա­խոհ մար­դիկ կրնան տես­նել այս ե­րե­ւոյ­թը, եւ չեն շուա­րիր։ Բնու­թիւ­նը ա­նոնց հա­մար կա­րե­լիու­թիւն­նե­րու ըն­դար­ձակ դաշտ մըն է՝ ուր ա­մէն ինչ կրնայ պա­տա­հիլ եւ ե­րե­ւոյթ­ներ եր­բեք ո­րոշ սահ­ման­նե­րու մէջ կաշ­կան­դուած չեն մնար։ Թէեւ հա­զուա­գիւտ, սա­կայն հա­ւա­նա­կան է, որ «պատ­ճառ» մը ա­նակն­կալ ար­դիւնք մը ստեղ­ծէ, բնու­թիւ­նը կա­րող է տար­բեր ար­դիւնք­ներ ձեռք բե­րե­լու։

Վեր­ջա­պէս, մար­դիկ սա ի­րո­ղու­թիւ­նը կ՚ան­տե­սեն. բնու­թեան մէջ, ո՛չ մէկ պա­տա­հար ու­րիշ մէկ ե­րե­ւոյ­թի հետ բո­լո­րո­վին եւ բա­ցար­ձակ նմա­նու­թիւն կրնայ ու­նե­նալ։ Ա­մէն ե­րե­ւոյթ, ա­մէն պա­տա­հար, ա­մէն դէպք ու­նի իր նկա­րա­գի­րը, իւ­րա­յա­տուկ էու­թիւ­նը. եւ ու­րեմն, ա­ռա­ջին դէպ­քին երբ պատ­ճա­ռը սա­պէս, ը­սենք ար­դիւնք մը տուած է, երկ­րորդ դէպ­քին կրնայ ու­րիշ տե­սակ ար­դիւնք մը ձեռք բե­րել, քա­նի որ ա­մէն ինչ՝ բնա­կան պայ­ման­ներ, ժա­մա­նակ, ազ­դե­ցու­թեան աս­տի­ճան եւ տա­կա­ւին ան­հա­մար ազ­դակ­ներ կրնան փո­խած ըլ­լալ, եւ կը փո­խեն բնա­կան մի­ջա­վայ­րը եւ նոյն պատ­ճա­ռը՝ տար­բեր ժա­մա­նակ­նե­րու, տար­բեր պայ­ման­նե­րու մէջ կրնա՛յ տար­բեր հե­տե­ւանք­ներ ստեղ­ծել։

Ու­րեմն, «հրաշք»ը իր յա­տուկ ի­մաս­տով, «պատ­ճառ-ար­դիւնք» սկզբուն­քով բա­ցատ­րել կամ մեկ­նա­բա­նել կա­րե­լի չէ, ճիշդ ալ չէ՛։ Ուս­տի, իր յա­տուկ ի­մաս­տով, հրաշ­քը սեր­տօ­րէն կա­պուած է հա­ւա­տա­լու, ի­րո­ղու­թեան մը, ե­րե­ւոյ­թի մը ճշդու­թիւ­նը ըն­դու­նե­լու եւ հա­մո­զում գո­յաց­նե­լու հետ։ Հա­ւատք եւ հրաշք փո­խա­դարձ ազ­դե­ցու­թիւն կը գոր­ծեն մարդ­կա­յին մտքին եւ հո­գիին վրայ։

Սա­կայն հոս ման­րա­մաս­նու­թիւն մը պէտք չէ ան­տե­սել. հա­ւա­տա­լու շար­ժա­ռի­թը այն չէ՛, որ յայտ­նեալ ճշմար­տու­թիւն­ներ մարդ­կա­յին բնա­կան բա­նա­կա­նու­թեան լոյ­սին տակ՝ մար­դուս ճշմա­րիտ եւ ի­մա­նա­լի, ըմբռ­նե­լի ե­րե­ւին։

Ար­դա­րեւ «հա­ւա­տա­ցեալ»ը կը հա­ւա­տայ թէ՝ յայտ­նու­թիւն կա­տա­րող Աս­տու­ծոյ հե­ղի­նա­կու­թեան պատ­ճա­ռով, որ եր­բեք չի մո­լո­րիր եւ եր­բեք չի մո­լո­րեց­ներ, կրնայ կա­տա­րուիլ այն ա­մէն բան՝ որ ան­կա­րե­լի կը թուի մարդ­կա­յին սահ­մա­նա­ւոր մտքին։ Իսկ հա­ւա­տա­լու մէջ, մարդ­կա­յին ի­մա­ցա­կա­նու­թիւ­նը եւ կամ­քը կը հա­մա­գոր­ծակ­ցի «աս­տուա­ծա­յին շնորհք»ին հետ։

Սուրբ Թով­մաս Ա­քուի­նա­ցի սա­պէս կ՚ը­սէ.

«Հա­ւա­տա­լը ա­րարքն է բա­նա­կա­նու­թեան, որ շնորհ­քին մի­ջո­ցաւ Աս­տուծ­մէ դրդուած կամ­քին հրա­մա­նին տակ, աս­տուա­ծա­յին ճշմար­տու­թեան կը յա­րի»։ Սա­կայն որ­պէս­զի մար­դուս հա­ւատ­քին մա­տու­ցած մե­ծա­րան­քը իր խել­քին հա­մա­պա­տաս­խան ըլ­լայ, Աս­տուած կ՚ու­զէ, որ Սուրբ Հո­գիին պար­գե­ւած «ներ­քին օգ­նու­թիւն­նե­րուն եւ կա­րո­ղու­թիւն­ներ»ուն զու­գակ­ցին Իր յայտ­նու­թեան ար­տա­քին փաս­տե­րը։

Այս­պէս ու­րեմն Քրիս­տո­սի եւ սուր­բե­րուն հրաշք­նե­րը, մար­գա­րէու­թիւն­նե­րը, Ե­կե­ղեց­ւոյ ծա­ւա­լու­մը եւ սրբու­թիւ­նը, ա­նոր բեղմ­նա­ւո­րու­թիւնն ու կա­յու­նու­թիւ­նը՝ ա­մէ­նուն ի­մա­ցա­կա­նու­թեան եւ բա­նա­կա­նու­թեան յար­մա­րող ստոյգ նշան­ներ են յայտ­նու­թեան. պատ­ճառ­ներ են ա­նոր հա­ւա­տա­լիու­թեան՝ ո­րոնց էու­թիւ­նը ցոյց կու տան, թէ հա­ւատ­քին մղու­մը՝ հրաշ­քի հա­ւա­նու­թիւ­նը եւ վա­յե­լու­մը ա­մե­նե­ւին մտքի կոյր մղում մը չէ՛։

Ար­դա­րեւ, Ա­ւե­տա­րա­նի ան­սուտ վկա­յու­թեամբ, Յի­սու­սի խօս­քե­րուն կ՚ըն­կե­րա­նան բազ­մա­թիւ հրաշք­ներ՝ զօ­րու­թիւն­ներ եւ նշան­ներ՝ ո­րոնք կը վկա­յեն, թէ Ար­քա­յու­թիւ­նը Ա­նոր մէջ ներ­կա՛յ է։

Ա­նոնք  կը հաս­տա­տեն, թէ Յի­սուս ա­ւե­տուած Մե­սիան է եւ կա­րող է «հրաշք»ներ գոր­ծել։

Զոր օ­րի­նակ, Ա­ւե­տա­րա­նի վկա­յած՝ հա­ցե­րու բազ­մա­ցու­մին հրաշ­քը, ա­ւե­լի ճիշդ է ը­սել՝ հրաշք­նե­րը, ո­րոնց ըն­թաց­քին Տէ­րը հա­ցե­րը օրհ­նեց, բե­կա­նեց եւ Իր ա­ռա­քեալ­նե­րուն մի­ջո­ցաւ բաշ­խեց բազ­մու­թեան որ ու­տեն՝ այս նա­խա­պատ­կերն էր «Իր հա­ղոր­դու­թեան միա՛կ հա­ցին բազ­մա­ճո­խու­թեան։ Եւ դար­ձեալ, Կա­նա­յի մէջ գի­նիի փո­խուած ջու­րին «հրաշք»ը ար­դէն իսկ կ՚ա­ւե­տէ Քրիս­տո­սի փա­ռա­ւո­րու­մին ժա­մը։ Կը յայտ­նէ հար­սա­նե­կան ընթ­րի­քին ի­րա­գոր­ծու­մը Հօր Ար­քա­յու­թեան մէջ՝ ուր հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը պի­տի ըմ­պեն Քրիս­տո­սի Ա­րեան փո­խուած «նոր գի­նի»ն։­

Ուս­տի Յի­սու­սի կա­տա­րած հրաշք­նե­րը՝ նշան­ներ են, ո­րոնք կը հա­ւաս­տիաց­նեն, թէ Հայ­րը ա­ռա­քեց զԻնք։ Ա­նոնք կը հրա­ւի­րեն հա­ւա­տա­լու Յի­սու­սին։ Հրաշք­նե­րը ի­րենց հեր­թին կը զօ­րաց­նեն հա­ւատ­քը դէ­պի ճշմար­տու­թի՛ւն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­լիս 14, 2016, Իս­թան­պուլ

 

Չորեքշաբթի, Յուլիս 20, 2016