ՀՈԳԻԻՆ ԼՈՅՍՈՎ ԼՈՒՍԱՒՈՐՈՒԻԼ
«Լոյս»ը՝ լո՛յս է երբ կը լուսաւորէ. այլապէս կարելի չէ «լոյս» կոչել որեւէ բան՝ որ ինքզինք «լոյս» կը համարի, բայց որեւէ կերպով չի՛ լուսաւորեր իր շուրջը եւ իր շուրջինները։ Ուստի լոյսին կարեւորութիւնը իր գործունէութեան եւ օգտակարութեան մէջ կը կայանայ։ Արդարեւ ամբողջ ստեղծագործութիւնը կը սկսի, կը կազմուի լուսաւորութեան վրայ, երբ Աստուած ըսաւ, «Լոյս ըլլա՛յ» եւ «Լոյս եղա՛ւ» (ԾՆՆԴ. Ա 3)։ Մարդկային կեանքն ալ կը սկսի «լոյս աշխարհ գալով» եւ լոյսը տեսնելով։
Կարելի չէ Աստուծոյ բնութիւնը եւ կարողութիւնը հասկնալ, ըմբռնել, սահմանել մարդկային սահմանափակ եւ չափաւոր մտային կարողութեամբ, քանի որ անոնք ա՜յնքան բարդ են՝ բարձր եւ խոր, խորհրդաւոր մարդուս մտքի հասկացողութեան նկատմամբ։
Որքան ալ անհասանելի եւ անիմանալի ըլլան Աստուծոյ կարողութիւնները, գործերը, որոնց առաջնակարգն է աստուածային ստեղծագործութեան ընդհանուր ծրագիրը՝ որով կը կանոնաւորուի ամբողջ կեանքը։
Ահաւասիկ լոյսը, այս կէտին ամենակարեւոր դերը կը խաղայ ստեղծագործութեան ընդհանուր ծրագրին կիրակումին մէջ՝ որ մշտնջենաւոր է. կը շարունակէ, կը տեւէ իր կատարելագործութիւնը՝ մինչեւ վախճան, մինչեւ լման կատարելագործութիւն ստեղծագործութեան ծրագրին։ Եւ ուրեմն լոյսը մի՛շտ պիտի ըլլայ, եւ միշտ պիտի կատարէ իր դերը…։
Աստուած եւ իր գործունէութիւնը մասամբ հասկնալու համար կը բաւէ բնութիւնը դիտել. բնութեան փոփոխութիւնները, լոյսը եւ խաւարը տեսնել, լուսաւորուած աչքով անդրադառնալ ամէն մէկ երեւոյթին, նպատակին, իրողութիւններու իմաստին։
Ստեղծագործութիւնը ինքնին ճարտարագործութիւն մըն է՝ որ կը սկսի լոյսով, քանի որ Աստուած Ի՛նք «Լոյս» է՝ ակը ամէն արարչութեան։ Ինչ որ կ՚երեւի, ինչ որ կը տեսնուի բնութեան մէջ՝ Աստուծոյ «փառքը կը պատմէ»։ Եւ այս բոլորը կարելի է տեսնել միա՛յն «լուսաւորուած միջավայր»ի մը մէջ, քանի որ մութը եւ խաւարը կը ծածկէ, կը քօղարկէ ամէն ինչ, նաեւ աստուածային ստեղծագործութիւնը։
Եւ համայն մարդկութիւնը, իր արարչութեան առաջին պահէն սկսեալ, կը ջանայ լոյսին հասնիլ՝ լուսաւորուիլ, որպէսզի հասնի իր նպատակին այդ աստուածային ընդհանուր ծրագրին մէջ։ Եւ մարդ, իր նպատակին հասնելու, իր կեանքի ճամբուն վրայ կարենալ յառաջանալու համար պէտքն ու պահանջքը ունի լուսաւորուած ուղիի մը, լոյսով լոյսի բացուած անցքի մը։ Այս պատճառով, լոյսը չի բաւեր «լոյս» կոչուիլ, այլ պէտք է «լոյսի կոչուի՛», այսինքն գործի վերածէ, գործունէութեան առարկայ դարձնէ ինքզինք՝ որպէս լոյս։ Ուրեմն ամէն «լոյս» կոչուածը լոյս չէ, կարծեցեալ լոյս միայն, եւ ո՛չ երբեք լոյս։ Լոյս ըլլալ տարբեր բան է, լոյսի նմանիլ՝ տարբե՛ր։ Լոյս կարծուածը, կարծեցեալ եւ ինքնակոչ լոյսը, չի կրնար լուսաւորել իր շուրջը, ընդհակառակը՝ կը թմրեցնէ մարդուն միտքը եւ հոգին, աւելի եւս խաւարի մատնելով զայն. եւ լոյս կարծուած խաւարը ամենէն վտանգաւոր եւ վնասակար կացութիւն մըն է մարդկային կեանքին։ Այն կարծեցեալ եւ ինքնակոչ «լոյս»ը, որ փոխանակ միտքեր եւ հոգիներ լուսաւորելու՝ կը թուլացնէ միտքը, կ՚ընդարմացնէ, կը խաբէ եւ մարդ զգայազիրկ՝ կը կորսնցնէ իր հոգեկան կարողութիւնները եւ կը նուազի անոր մտային ուժը։ Կարծեցեալ լոյսը ո՛չ թէ կը լուսաւորէ, այլ «կը բուսացնէ» մարդը՝ անկենդան, մտածելու կարողութենէ զուրկ էակի մը կը վերածէ զայն։
Ուստի ամէն լոյս «լոյս» չէ, իրական լոյսը այն է, որ կը լուսաւորէ մարդուս խաւարը, մտային մութը, հոգեւոր մթնշաղը եւ կը հասցնէ լուսաւոր առաւօտին, օրուա՛ն։
Աստուած քանի որ Ի՛նք Լոյս է, ուրեմն լոյսը պէտք է օգտակար ըլլայ, եւ այն լոյսը, որ ինքզինք «լոյս» կը կարծէ եւ ինքնակոչ լոյս կ՚ըլլայ եւ որեւէ օգտակարութիւն չ՚ունենար մարդկային կեանքին լուսաւորման, յառաջացման, կը խաբէ եւ կը թմրեցնէ միտքերը, ամենամեծ վնասը կը պատճառէ մարդկութեան, քանի որ փոխանակ լոյսի, խաւարի եւ մութի կ՚առաջնորդէ զայն։ Գիտէ՞ք, սիրելի՜ բարեկամներ, ո՜րքան ցաւալի է մնալ «լոյս-խաւար»ի մէջ, ո՜րքան ափսոսալի է գոյնզգոյն խաբեպատիր, էապէս սո՛ւտ աշխարհի մը մէջ մտային եւ հոգեւոր խաւար ստեղծել՝ որուն մէջ հետզհետէ կը կորսուին մարդիկ՝ կորսնցնելով իրենց մտքի պայծառութիւնը եւ հոգիի ազնուութիւնը։
Մարդիկը լոյսով խաբել, լոյսով թմրեցնել, լոյսով խաւարացնել, միտքը եւ հոգին խաբեպատիր երեւոյթներով քօղարկել, մարդկութեան հանդէպ ամենածանր յանցա՛նքն է, զանցառութիւն մըն է, որ կը վնասէ մարդկային ամբողջ էութիւնը։
«Լոյս» կարծել, «Լոյս» անուանուիլ չէ՛ կարեւորը, այլ՝ իրապէ՛ս «լուսաւորել», «պայծառացնել» միտքեր, ազնուացնել հոգիներ եւ օգուտ մը ստեղծել մարդկութեան։ Մարդիկ կ՚ախորժին եւ կը հրապուրուին ամէն տեսակ խաբէական խօսքերէ, կը տար-ւին իրենք զիրենք «կարեւոր» եւ նոյնիսկ երբեմն «անփոխարինելի» տեսնելէ, գրաւիչ, առինքնող երեւելէ, եւ որքան ալ կեղծ ըլլայ, գովասանք լսելէ, մարդկային թերութիւն մը, մարդկային տկարութիւն մըն է ասիկա, բայց ասիկա շահագործել՝ մարդոց այս տկարութենէն եւ թերութենէն օգտուիլ՝ շատ աւելի մեծ յանցանք մըն է, ոտնձգութիւն, անիրաւութիւն, ուրիշին արժանապատուութիւնը փայփայելով, արժանաւորութիւնը փաղաքշելով՝ անոր արժանապատուութիւնը վիրաւորել եւ արժանաւորութիւնը նուազեցնել կը նշանակէ։
Աստուած լոյս ըրաւ, որպէսզի մարդ պայծառ ճամբու մը վրայ յառաջանայ՝ մտապէս եւ հոգեպէս լուսաւորուի եւ լոյսի մէջ հասնի իր երանելի վախճանին։ Բայց, դժբախտաբար մարդ լոյսը խաւարեցուց, մութին մէջ ապրիլը նախամեծար սեպեց եւ չկրցաւ օգտուիլ իրական, ճշմարիտ լոյսէն, նախընտրեց խաբէական եւ կեղծ «լոյս»ը, խաւարեցնող լոյսին հետեւեցաւ, սուտ եւ ինքնակոչ լոյսով հրապուրուեցաւ եւ մութին մէջ մնաց՝ մտնելով անորոշ ճամբու մը մէջ, ուր ամէն ինչ խաբէական է եւ սո՛ւտ։
Աստուած Իր Հոգիին լոյսը կը մաղէ մարդուս հոգիին մէջ։ Այն լոյսը՝ ճշմարտութեան լո՛յսն է միայն. բարութեան եւ գեղեցկութեան լո՛յսը։ Այն լոյսը երփներանգ չէ՛. միայն մէ՛կ գոյն ունի՝ «լոյսի սպիտակ եւ փայլուն, յստակ գոյնը», քանի որ Լոյսը պէտք չունի զանազան գոյներու՝ լոյս ըլլալը ապացուցանելու համար, ան ճշմարիտ, լո՛յսն է՝ պայծառ, յստակ եւ միշտ լուսաւորող…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 19, 2017, Իսթանպուլ