ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ՓԱՓԱՔԸ

Կ՚ըսեն որ երջանկութիւնը նպատակ մը չէ՛, այլ երջանկութիւնը նպատակի մը հասնելու համար ճամբայ մը, միջոց մըն է. մարդ եթէ այդ ճամբուն վրայ երջանիկ է՝ կը դիւրանայ իր ընթացքը դէպի նպատակ։ Արդարեւ, երջանկութիւնը, ապրուած պա՛հն է, որ մարդս կը զօրացնէ, ինքնավստահութիւն կը ներշնչէ եւ դրական տրամադրութիւն մը կը ստեղծէ։ Ուրեմն «երջանկութիւն»ը միջոց մըն է եւ ո՛չ թէ նպատակ։ Ոգեւորուած մարդը երջանիկ կը զգայ ինքզինք եւ աւելի հաստատ եւ ապահով քայլերով կը յառաջանայ դէպի նպատակ։ Եւ ուրեմն, երջանկութեան փափաքը բնական զգացում մըն է մարդուս համար։

Երջանկութիւնը ժամանակաւոր է, անկայուն եւ անցաւոր է ան՝ մարդ այսօր երջանիկ է, իսկ յաջորդ օրը՝ դժբախտ, կամ այդպէս կը զգայ ինքզինք։ Իսկ երանութիւնը յաւիտենական է եւ վախճանը անձին։ Երանութիւնը, ուրեմն նպատակն է մարդուն՝ երջանկութենէն աւելի՛ հաստատ, աւելի՛ մնայուն եւ յաւիտենակա՛ն։

Երանութիւնները կը համապատասխանեն մարդուն երջանկութեան բնական բաղձանքին։ Այս բաղձանքը աստուածային ծագում ունի. Աստուած դրաւ զայն մարդուն սրտին մէջ, որպէսզի քաշէ զինք Իրեն, որ միակ կարողն է լիացնելու զինք։

«Մենք ամէնքս անտարակոյս, երջանիկ ապրիլ կ՚ուզենք, եւ մարդկային ցեղին մէջ չկայ մէկը որ չտայ իր հաւանութիւնը այս առաջարկին, ան տակաւին լման չբանաձեւուած», կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս, եւ կը շարունակէ. «Արդեօք ես ի՞նչ ձեւով կը փնտռեմ Քեզ. Տէ՛ր։ Որովհետեւ Քեզ փնտռելով, Աստուած իմ, ես կը փնտռեմ երջանիկ կեանքը։ Ըրէ՛ որ Քեզ փնտռեմ որ ապրի հոգիս, որովհետեւ մարմինս կ՚ապրի հոգիովս, իսկ հոգիս կ՚ապրի Քեզմով»։ Իսկ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի հակիրճ կերպով կը սահմանէ երանութիւնը. «Միայն Աստուած յագուրդ կու տայ»։

Արդարեւ, երանութիւնները կը յայտնեն մարդկային գոյութեան նպատակը եւ վերջին վախճանը մարդկային գործերուն. Աստուած մեզ Իր երանութեան կը կանչէ։ Այս կոչը կ՚ուղղուի անձնապէս մեզմէ իւրաքանչիւրին, ինչպէս նաեւ ամբողջ Եկեղեցիին՝ որ ժողովուրդն է՝ բաղկացած մարդոցմէ, որոնք խոստումը ընդունեցին եւ զայն կ՚ապրին հաւատքով։

Աստուած մարդը դրաւ աշխարհ որպէսզի ճանչնայ զԻնք, ծառայէ Իրեն եւ սիրէ զԻնք եւ այս կերպով հասնի «Դրախտ»։ Երանութիւնը մեզ «մասնակից կ՚ընէ աստուածային Բնութեան» (Բ ՊԵՏ. Ա 4) եւ յաւիտենական Կեանքին։ Անով, մարդ կը մտնէ Քրիստոսի փառքին եւ Երրորդութեան կեանքին վայելքին մէջ։ Այսպիսի երանութիւն մը կը գերազանցէ իմացականութիւնը եւ սոսկական մարդկային ուժերը։ Ան կը բխի Աստուծոյ ձրի մէկ պարգեւէն։ Ասոր համար զայն «գերբնական» կը կոչենք, ինչպէս շնորհքը, որ տրամադիր կ՚ընէ մարդը մտնելու աստուածային ուրախութեան մէջ։

Ճշմարիտ երջանկութեան բաղձանքը կ՚ազատագրէ մարդը այս ժամանակաւոր աշխարհի ինչքերուն անչափ փարումէն եւ զայն կը կատարելագործէ Աստուծոյ տեսութեան եւ երանութեան մէջ։ Արդարեւ, «Աստուած տեսնելու Խոստումը կը գերազանցէ ամէն երանութիւն։ Աստուածաշունչի լեզուով, տեսնելը՝ ունենա՛լ է։ Աստուած տեսնողը, արդէն ընդունած է ամէն բարիք, զոր կարելի է պատկերացնել», կ՚ըսէ Սուրբ Գրիգոր Նիւսացի։

«Հոն պիտի ըլլայ իսկական փառքը, հոն ո՛չ ոք պիտի գովուի սխալմամբ կամ շողոմանքով, ճշմարիտ պատիւները ո՛չ պիտի մերժուին արժանաւորներուն, ո՛չ ալ պիտի տրուին անարժաններուն…», կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։

Երանութի՜ւն է Աստուած տեսնել…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 12, 2019, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 20, 2019