ԱՌԱԿՆԵՐՈՒ ԼԵԶՈՒՆ

«Առակներով պիտի խօսիմ անոնց եւ պիտի յայտնեմ ինչ որ ծածուկ մնացած էր աշխարհի սկիզբէն ի վեր» (ՍԱՂՄ. ՀԸ 2)։

Որեւէ դէպքի կամ երեւոյթի վերաբերեալ բացատրութիւն կամ պատմուածք, որ ընդունակ է առնել իր նկարագրական-բառական մեկնութենէն տարբեր՝ բարոյական կամ այլաբանական մեկնութիւն մը, կը կոչուի «այլաբանական պատմուածք»։

Եթէ այլաբանական ոճով գրուած պատմուածքը կամ նկարագրուած դէպքը, երեւոյթը այնպէս է որ կրնայ իրապէս պատահիլ, «առակ» կը կոչուի։

Ուստի որեւէ գիրքի մը խօսքերը մեկնելու առաջին կանո՛նն է գիրքին խօսքերը հասկնալ իրենց ընդհանուր կամ հասարակ նշանակութեամբ, եթէ մասնաւոր պատճառ չկայ անոնց ուրիշ նշանակութիւն տալու։ Զոր օրինակ, «Սերմնացանին առակ»ին մէջ (ՄԱՏԹ. ԺԳ 4-9), հարկ է ստուգել ոչ միայն «Սերմ ցանող»ը, «Փուշ» եւ ուրիշ այլաբանական բառերու բառական նշանակութիւնը, այլ եւ հոգեւոր իմաստը զոր այն առակով ուղղուած է հասկցնել։ Յիշեալ առակին մէջ Քրիստոս (ՄԱՏԹ. ԺԳ 18-23) համարներով բացատրած է առակին հոգեւոր նշանակութիւնը։

Ընդհանրապէս առակի կամ ուրիշ այլաբանական խօսքի մը հոգեւոր իմաստը քննելու փորձէն առաջ հարկ է ստուգել կամ լաւ հասկնալ գործածուած բառերուն նշանակութիւնը։ Յետոյ առակին կամ այլաբանական խօսքին հոգեւոր մեկնութիւնը տալու համար առաջին կանոնն է. «Ստուգել թէ ի՛նչ բանի կը վերաբերի այլաբանութիւնը» կամ «ի՞նչ է անոր ընդհանուր իմաստը», եւ այս կը ստուգուի միտ դնելով կապակցութեանը, զոր նախընթաց եւ հետեւորդ մասերը ունին այն խօսքին հետ, կամ միտ դնելով թէ ի՛նչ առթիւ ըսուած է այն, եւ կամ միտ դնելով Սուրբ Գիրքի մէջ գտնուած ուրիշ համանման տեղերուն, այսինքն՝ այնպիսի մասերու, որոնք յառաջիկայ խօսքին հետ նոյն իմաստը ունին եւ կը լուսաբանեն զայն։

Ուրեմն, այն ընդհանուր կամ գլխաւոր իմաստը ստուգելէ ետքը պէտք է ըստ այնմ մեկնել այլաբանական խօսքին կամ առակին բոլոր մասերը։

Թէ ի՛նչ է առակին նպատակը՝ ընդհանրապէս կը բացատրուի առակին սկիզբը։ Ասիկա կարելի է որ բացատրուի առակին վերջը, եւ երբեմն թէ՛ սկիզբը եւ թէ՛ վերջը։ Այս բացատրութիւնը երբեմն կը տրուի նոյնիսկ զայն խօսողին, զոր օրինակ՝ Քրիստոսի բերնով, եւ երբեմն ներշնչեալ հեղինակին, զոր օրինակ՝ Աւետարանիչին բերանով։

Երբ այս կերպով յայտնուած չէ առակին իմաստը, հարկ է փնտռել այն դէպքը կամ պարագան, որ առիթ տուաւ առակին։ Այս կերպով կրնայ ստուգուիլ «Անպտուղ թզենի»ին (ՂՈՒԿ. ԺԳ 6-9) եւ «Անառակ որդի»ին (ՂՈՒԿ. ԺԵ 11-32) առակներու նպատակը։ Եւ եթէ միտ դնենք այս առակներու ընթացքին, բացայայտ կերպով պիտի տեսնենք, թէ Քրիստոս ի՛նչ նպատակով ըսած է զանոնք. (ՂՈՒԿ. ԺԳ 1, ԺԵ 1-2)։

Երբեմն կը պատահի որ առակին մեկնութեանը համար պէտք կ՚ըլլայ Սուրբ Գիրքին ուրիշ մասերուն դիմել, զոր օրինակ՝ (ՂՈՒԿ. ԺԵ 3-10) համարներուն համար, անոնց ամբողջ մեկնութիւնը կատարելու համար հարկ է դիմել (ՄԱՏԹ. ԺԸ 10-14) համարներուն։ «Յիսուս հետեւեալ առակը պատմեց անոնց.- Ենթադրենք որ ձեզմէ մէկը հարիւր ոչխար ունի։ Երբ անոնցմէ մէկը կորսնցնէ, չի՞ ձգեր իննսունինը արօտավայրին մէջ եւ չ՚երթա՞ր կորսուածին ետեւէն, մինչեւ որ գտնէ զայն։ Եւ երբ գտնէ՝ ուրախութեամբ իր ուսերուն վրայ կը դնէ եւ տուն կը դառնայ, կը կանչէ իր բարեկամները եւ դրացիները եւ կ՚ըսէ անոնց.- Ուրախացէ՛ք ինծի հետ, որովհետեւ կորսուած ոչխարս գտայ։ Կ՚ըսեմ ձեզի, երկինքի մէջ նոյնպէս ուրախութիւն պիտի ըլլայ մէկ ապաշխարող մեղաւորի համար, քան իննսունինը արդարներու համար, որոնք ապաշխարութեան պէտք չունին։

«Կամ ենթադրենք թէ կին մը տասը արծաթ դահեկան ունի։ Երբ անոնցմէ մէկը կորսնցնէ, ճրագը չի՞ վառեր եւ տունը ուշադրութեամբ չ՚աւլե՞ր, մինչեւ որ դահեկանը գտնէ։ Եւ երբ գտնէ, կը կանչէ իր բարեկամուհիները եւ դրացիները եւ կ՚ըսէ անոնց.- Ուրախացէ՛ք ինծի հետ, որովհետեւ կորսնցուցած դահեկանս գտայ։ Կ՚ըսեմ ձեզի.- Աստուծոյ հրեշտակները նոյն ձեւով պիտի ուրախանան մեղաւորի մը համար, որ կ՚ապաշխարէ» (ՂՈՒԿ. ԺԵ 3-10)։

«Զգո՜յշ, մի՛ արհամարհէք այս փոքրիկներէն մէկը, գիտցէք, որ անոնց հրեշտակները երկինքի մէջ միշտ կը տեսնեն իմ երկնաւոր Հայրս։ Որովհետեւ Մարդու Որդին եկաւ կորսուածը փրկելու համար։

«Ի՞նչ կը կարծէք. եթէ մարդ մը իր հարիւր ոչխարներէն մէկը կորսնցնէ, չի՞ ձգեր իննսունինը ոչխարները լերան վրայ եւ չ՚երթա՞ր փնտռելու կորսուած ոչխարը։ Եւ եթէ պատահի որ գտնէ, վստահ եղէք որ աւելի կ՚ուրախանայ այդ ոչխարին համար, քան թէ իննսունինը ոչխարներուն համար, որոնք կորսուած չեն։ Նմանապէս ալ Հայրս, որ երկինքի մէջ է, չ՚ուզեր որ այս փոքրիկներէն մէկը կորսուի» (ՄԱՏԹ. 10-14)։

Պէտք է մերժել այլաբանութեան մը, զոր օրինակ՝ առակի մը որեւէ մեկնութիւնը, որ անհամաձայն է անոր գլխաւոր իմաստին եւ նպատակին։

Զոր օրինակ, ոմանք այնպէս կը կարծեն, թէ Սամարացիին առակին մէջ Քրիստոս կ՚ակնարկէ «Բարի Սամարացի»ին, եւ թէ վիրաւորուած ճանապարհորդողը ցոյց կու տայ որպէս «մեղաւոր մարդկային ազգ»ը։ Քահանան եւ Ղեւտացին՝ բարոյական եւ Ղեւտական օրէնքները, իսկ Պանդոկը՝ Եկեղեցին։ Ահաւասիկ, Քրիստոսի նպատակին բոլորովին անհամաձայն մեկնութիւն մը, քանի որ Քրիստոս այս առակով կ՚ուզէր պատասխան տալ Օրինականի մը՝ որ ցոյց տալու համար իր կատարեալ «օրինապահութիւն»ը, կը հարցնէր. «Իմ ընկերս ո՞վ է». (ՂՈՒԿ. Ժ 25-37)։

Նոյնպէս մերժելի՛ է ջանալ այլաբանական խօսքի մը իւրաքանչիւր մասին կամ բառին տալ ինքնակամ մեկնութիւններ, որոնք չեն համաձայնիր կամ վերաբերիր անոր գլխաւոր նպատակին, եւ բուն նպատակէն խոտորեցնելով ընթերցողին ուշադրութիւնը՝ կը տկարացնեն առակին ազդեցութիւնը։ Զոր օրինակ, «Անառակ որդի»ին առակին (ՂՈՒԿ. ԺԵ 11-32) այնպիսի մեկնութիւններ տրուած են որ գրեթէ անհետ կ՚ըլլան առակին նպատակը եւ ազդեցութիւնը։

Ուստի մեկնաբանութիւնը արուե՛ստ մըն է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 17, 2020, Իսթանպուլ 

Հինգշաբթի, Օգոստոս 20, 2020