ԸՆՏԱՆԻՔԸ՝ ԱՌՏՆԻՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ
«Երջանիկ է ան, որ երջանիկ է տանը մէջ»։
Leo TOLSTOY
Մարդկային անձը պէտք ունի ընկերային կեանքին։ Ասիկա մարդուն համար կը գոյացնէ ո՛չ թէ յաւելեալ բան մը, այլ պահանջք մը անոր բնութեան։
Փոխանակութեամբ «ուրիշ»ին հետ, փոխադարձութեամբ «ծառայութիւն»ներու եւ երկխօսութեամբ իր «եղբայր»ներուն հետ, մարդ անհատը կը զարգացնէ իր կարողութիւնները՝ զօրութենականութիւնները եւ այսպէս կը համապատասխանէ իր կոչումին, որ արձանագրուած է արարչագործութեան ընդհանուր ծրագրին մէջ՝ նոյնինքն Արարչին կողմէ։ Արդարեւ, բոլոր մարդիկ կոչուած են միեւնոյն նպատակին, որ Արարիչն է՝ Աստուա՛ծ։ Որոշ նմանութիւն մը գոյութիւն ունի «աստուածային Անձեր»ու միութեան եւ այն միութեան միջեւ, զոր մարդիկ պարտին հաստատել իրարու միջեւ, սիրոյ եւ ճշմարտութեան մէջ։ Այս իմաստով, մերձաւորին սէրը անբաժանելի է Աստուծոյ սէրէն։
Ընկերութիւն մը ամբողջութիւնն է անձերու, որոնք զօդուած են իրարու «օրկանական» կապով՝ անդամակցելով ամբողջութեան, միութեան սկզբունքի մը համեմատ՝ հպատակելով եւ հնազանդելով բնական օրէնքի մը, որ գեր ի վեր է քան անոնցմէ իւրաքանչիւրը։
«Ընկերութիւն» մը ըլլալով՝ միանգամայն տեսանելի եւ հոգեւոր համախմբում մը, կը համընթանայ ժամանակին եւ միջոցին մէջ. ան կը ներփակէ անցեալը եւ կը պատրաստէ ապագան։ Անով իւրաքանչիւր անհատ «ժառանգորդ» կարգուած է, կ՚ընդունի «մնասներ», որոնք կը ճոխացնեն, կը զօրացնեն եւ կը կատարելագործեն իր ինքնութիւնը եւ զորս պարտի օգտագործել։ (ՂՈՒԿ. ԺԹ 13-15)։ Իրաւամբ ուրեմն, իւրաքանչիւր մարդ, իւրաքանչիւր անձ պարտի անձնուիրում ունենալ, զոհողութեան ոգի ունենալ այն հասարակութիւններուն հանդէպ, որոնց մաս կը կազմէ որպէս անհատ, ինչպէս նաեւ յարգանք՝ այն իշխանութիւններուն, որոնք պատասխանատու են «հասարակաց բարիք»ին։
Ուստի, կարգ մը միութիւններ, ըսենք՝ ընկերութիւններ, ինչպէս ընտանիքը, աւելի անմիջականօրէն կը համապատասխանեն մարդ արարածի բնութեան եւ կոչումին։ Անոնք յատկապէս անհրաժեշտ են մարդուն, մարդկային անձին։
Արդարեւ, Աստուած ստեղծագործութեան ընթացքին, չուզեց միայն Իրեն պահել բոլոր իշխանութիւններուն գործածութիւնը։ Այս պատճառով, Ան իւրաքանչիւր արարածին կը յանձնէ պաշտօններ, պարտականութիւններ, զորս ան կարող է կատարել իր բնութեան կարողութիւններուն եւ տարողութեանը համեմատ։
Ահաւասիկ, այս պաշտօններուն եւ պարտաւորութիւններուն առաջնակարգն է ընտանիքը՝ այր մարդու եւ կին մարդու օրինաւոր կերպով կազմած միութիւնը։
«Ընտանիքը մշտապէս կ՚ըլլայ հասարակութեան հիմքը», կ՚ըսէ Honoré de BALZAC, ինչ որ անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է։
Ընտանիքը, ըսուեցաւ, որ այր մարդու եւ կին մարդու օրինաւոր կերպով կազմած միութիւնն է։ Այս «օրինաւոր կերպ»ն է ամուսնութի՛ւնը։ «Ամուսնանալ՝ կը նշանակէ կիսով չափ պակսեցնել իր իրաւունքները եւ կրկնակի մեծցնել իր պարտականութիւնները», կ՚ըսէ Arthur Schopenhauer։ Ուստի, ամուսնութիւնը, զոհողութիւն, իրերհասկացողութիւն, անձնուիրում կը պահանջէ։ Եւ երբ զոհողութիւն, անձնուիրում կ՚ըսուի, կը մտաբերուի Եկեղեցին՝ այն միութիւնը որ կը պահանջէ անձնուիրում, զոհողութիւն եւ մանաւա՛նդ սէր։
Սէրը ընտանիքի միութեան անհրաժեշտ տարրն է։
Եւ որքա՜ն իրաւացի է Benjamin Franklin երբ կ՚ըսէ. «Այնտեղ, ուր ամուսնութիւնը առանց սիրոյ է, կ՚ըլլայ նաեւ սէր առանց ամուսնութեան»։
Մարդկային բոլոր փոխյարաբերութիւններուն մէջ սէրը անհրաժեշտ է, ուր որ սէրը կը պակսի, անկատար կը գործէ մարդկային յարաբերութիւնները։ Սիրոյ մէջ է, որ կ՚աճին ամէն բարիք. երջանկութիւն, օրհնութիւն։ Սիրով է, որ ընտանիքը «Ընտանիք» կ՚ըլլայ եւ կը դառնայ «առտնին Եկեղեցի»։ Արդարեւ, յաճախ կը կրկնենք ճշմարտութիւն մը. «Աստուած Սէ՛ր է»։ Այն ընտանիքին մէջ ուր սէրը կը տիրէ, Աստուած հո՛ն է եւ անշուշտ այս պատճառով, ընտանիքը կ՚ըլլայ առտնին Եկեղեցի՝ Աստուծոյ տունը։
Իր առաքելութեամբ իսկ Եկեղեցին կ՚ուղեկցի մարդկութեան հետ եւ կը բաժնեկցի աշխարհի երկրաւոր «ճակատագրին»։ Ան ոգի՛ն է մարդկային ընկերութեան, որ կոչուած է վերանորոգուելու Քրիստոսով եւ կերպարանափոխուելու իբր Աստուծոյ ընտանիք։ Այս կը պահանջէ համբերութիւն, քանի որ դժուար է շատ անգամ փոխանցել ճշմարտութիւնը, մանաւանդ նախապաշարեալ, խաւարամիտ հոգիներու եւ միտքերու։ Ուրեմն, ընտանիքին պարտականութիւնն է դաստիարակել սերունդները եւ անոնց իմացնել, թէ հասած են ընտանիքէ մը՝ որ առտնին Եկեղեցի մըն է։ Իւրաքանչիւր հասարակութիւն եւ անշուշտ ընտանիքը կը սահմանուի իր նպատակով եւ հետեւաբար կը հնազանդի յատուկ կանոններու, բնական օրէնքներու, սակայն «մարդկային անձ»ը՝ է՛ եւ պէ՛տք է ըլլայ նախասկիզբը, ենթական եւ նպատակը ընկերային բոլոր հաստատութիւններուն եւ անշուշտ ընտանիքին։
Տիեզերքը կառավարելու Աստուծոյ վարուելակերպը որ ցոյց կու տայ այնքան մեծ նկատառութիւն մարդկային ազատութեան հանդէպ, պէ՛տք է ներշնչէ անոնց իմաստութիւնը, որ կը կազմեն ընտանիքը եւ կ՚անդամակցին այդ օրհնուած միութեան։
Սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, մեր ընտանիքներուն ուշադրութիւն դարձնենք եւ նայինք անոնց որպէս «Եկեղեցի՛», զգանք հոն Աստուծոյ գոյութիւնը եւ ըստ այնմ ապրինք մեր ընտանիքներուն մէջ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 17, 2022, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/29/2024
- 11/29/2024