ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՏԷՐԵՐԸ

Ղարաբաղը որո՞ւ կը պատկանի... ո՞վ է անոր իսկական տէրը:

Մեր թուականէն աւելի քան դար մը առաջ Պոլսոյ մէջ հրատարակուած «Ազատամարտ» թերթը իր հինգշաբթի, 21 նոյեմբեր 1918-ը թուականի թերթի երկրորդ էջին մէջ կը գրէ հետեւեալը. «Ինչպէս յայտնի է նախկին Կովկասի մաս կազմող Ղարաբաղի նահանգը վէճի նիւթ էր Հայաստանի եւ Ատրպատականի կառավարութեանց միջեւ՝ որոնց երկուքն ալ նոյն նահանգին մասին սեփականութիւն կ՚առարկէին»: Մամուլը կը խօսի նոյն ժամանակաշրջանին թուրք եւ հայ յարաբերութեան մասին, ըսելով՝ «Հայերու եւ թուրքերու փոխադարձ յարաբերութիւնները խիստ բարեկամական են»:

Հակառակ այս «խիստ բարեկամական» յարաբերութիւններուն, վերոյիշեալ թուականէն տարի մը ետք՝ 1919-ին Շուշիի մէջ հրատարակուող «Արցախ» շաբաթաթերթը, կիրակի, 23 մարտ 1919-ի թիւին մջէ կը գրէ. «Ադրբէյջանական կառավարութիւնը ոչ մի միջոցի առաջ կանգ չառնելով իր թաթն է մեկնել Ղարաբաղի Հայութեան կենտրոնին՝ Շուշուն»:

Թէ՛ Ատրպատականը, թէ՛ Ատրպէյճանը որոշ պատմական փաստարկներով կը փորձեն հիմնաւորել, թէ Ղարաբաղը եղած է իրենց սեփականութիւնը. Ատրպատականը այդ մէկը կը հիմնաւորէ այն փաստով, որ Արցախի Գանձակ շրջանը անցեալին եղած է Ատրպատականի մայրաքաղաքը եւ այս մէկը փաստ է, որ այդ հողերը պատկանած են իրենց. թուրքերը իրենց կարգին նկատի ունենալով 1918-1919 թուականներուն Արցախի անկախութեան մէջ իրենց ունեցած մասնակցութիւնը եւ Ղարաբաղի մէջ բնակած ըլլալու իրողութիւնը, հողերը սեպած են սեփականութիւն: Մենք՝ հայերս ալ մեր կարգին որոշ պատմական փաստարկներով մինչեւ օրս փորձած ենք հիմնաւորել, թէ Ղարաբաղը ի սկզբանէ եղած է հայակական՝ հասնելով մինչեւ Արտաշէս ու Տիգրան թագաւորներ:

Այս պայքարներուն մէջ շուարած, մինչեւ օրս շատ մը հայեր իրենք եւս հարցականի տակ կը դնեն Ղարաբաղի հայկականութիւնը, որովհետեւ անժխտելի իրողութիւն մըն է պարսիկներուն, թուրքերուն, ինչպէս նաեւ այլ ազգերու այդտեղ ապրիլը: Որոշ ժամանակ Ղարաբաղ գտնուած է նաեւ արաբներու տիրապետութեան տակ։

Այս բոլոր պայքարին հիմնական նպատակ կը հանդիսանայ մասնաւորապէս Ղարաբաղի աշխարհագրական դիրքը, որ պատմութեան մէջ յաճախ յիշուած է որպէս «Հայկական բարձրաւանդակ». պատմութիւնը կը յիշատակէ, թէ քանի՜ ազգեր հասնելով Ղարաբաղ մատնուած են պարտութեան, որովհետեւ Ղարաբաղ ունեցած է ինքնապաշտպանողական բացառիկ դիրք:

Սակայն հարցը կը մնայ նոյնը. որո՞ւ կը պատկանի: Հայ պատմաբաններ կու գան հաստատելու, որ Ղարաբաղը Հայաստանի դարեր առաջ գոյութիւն ունեցող Ուտի նահանգն է. Ղարաբաղի մէջ հայերուն, ինչպէս նաեւ օտարներու կողմէ կատարուած պեղումներ ցոյց տուած են, որ Ղարաբաղի մէջ գոյութիւն ունեցող մշակոյթը նման է Հայաստանի մշակոյթին. տեսնուած է նոյն ճարտարապետական արուեստը. անոնց լաւագոյն օրինակները եկեղեցիներն են՝ շինուած Անիի եկեղեցիներու, Զուարթնոցի տաճարին եւ այլ հայկական կոթողներու նմանութեամբ: 

Հայութեան նախնական ներկայութիւնը Ղարաբաղի մէջ կարելի է փաստել նաեւ հին մամուլի ճամբով. 1882 թուականին Ղարաբաղի մէջ արդէն իսկ լոյս կը տեսնէր «Գործ» գրականական եւ քաղաքական հանդէսը, որու խմբագրութիւնը կը գտնուէր Շուշիի մէջ, սակայն թերթը լոյս կը տեսնէր Թիֆլիսի մէջ:

Ցաւ ի սիրտ, հայ ժողովուրդի դարաւոր ստրկութիւնը պատճառ եղած է, որ անոր ապրած վայրը դիտուի որպէս տիրապետողի՝ թուրքի կամ արաբի հող ու տարածք, որովհետեւ հողին կարելի է ինքնութիւն տալ մի՛ միայն անկախութեամբ:

Ղարաբաղի մէջ հայ ժողովուրդը ունեցած է եկեղեցիներ, առաջնորդներ, դպրոցներ եւ հաստատութիւններ. անոնցմէ յատկանշական է Ղարաբաղի Սուրբ Տիրամայր Մարիամու օրիորդաց ուսումնարանը. Շուշիի մէջ տակաւին 1860-ական թուականներուն գոյութիւն ունէր «Շուշուայ հայ տիկնանց միաբանութիւն»ը:

Ցաւ ի սիրտ, բոլոր տիրապետողներ այսպէս կամ այնպէս փորձած են Ղարաբաղի մէջ վերացնել բոլոր այն կոթողներն ու փաստերը՝ որոնք Ղարաբաղի հայկականութիւնը ցոյց կու տան: Շատ մը փաստերու չգոյութիւնը որպէս փաստ չի կրնար ներկայանալ, որ Ղարաբաղը հայկական չէ. այս հարցը եղած է աւելի քան դար մը առաջ. նոյնպէս կէս դար առաջ, նոյնպէս այսօր եւ բոլորս ալ գիտենք, որ օր մը դարձեալ պիտի ըլլայ տարիներ ետք, որովհետեւ գիտակցելով Ղարաբաղի արժէքին՝ բոլորը պիտի ձգտին ունենալ:

Կարելի չէ ժխտել թուրքերուն եւ պարսիկներուն ներկայութիւնը Ղարաբաղի հողին վրայ, սակայն պէտք է նկատի ունենալ, որ հայ ժողովուրդը աշխարհի ամենէն հին ազգերէն մէկը ըլլալով նախապէս ապրած ու գործած է այս հողերուն վրայ:

Հայերուն մէջ իսկ շատեր պիտի ուզեն, որ վերջ գտնէ Ղարաբաղի այս խնդիրը, որովհետեւ թէ՛ անցեալին եւ թէ՛ ներկային բազմաթիւ արիւններ թափուած են ի սէր այդ հողերուն. շատեր կ՚ուզեն ազատիլ Ղարաբաղէն՝ յետագայ արիւնները կանխելու նպատակով, սակայն պէտք է գիտնալ, որ կտոր մը հողէն աւելի պատուի հարց է զիջիլ սեփականէն եւ անձնականը շա՛տ աւելի կարեւոր նկատրել՝ քան Հայրենիքը:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -23-

Պատանի մը՝ որ սէր ունի արուեստի հանդէպ, փայտերով շինած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարի մանրակերտը եւ հպարտութեամբ եկած Անթիլիաս՝ իր աշխատանքը ցոյց տալու Վեհափառ Հայրապետին:

Նկատի ունենալով Վեհափառ Հայրապետի բազմազբաղ ըլլալը, պատանին կը մօտենայ աշխարհական պաշտօնեաներէն մէկուն, որ իր կարգին անտեսելով պատանին եւ անոր աշխատութիւնը «ժամանակ չունի» մը կ՚ըսէ...

Պատանին աչքերը արցունքով դուրս կու գայ վեհարանէն եւ յուսահատ կը նստի նստարաններէն մէկուն վրայ: Պատահաբար գրասենեակ երթալու ճամբուն Մեղրիկ Սրբազան կը տեսնէ պատանին տխուր նստած վիճակի մէջ. կը մօտենայ եւ կը տեսնէ պատանիին ձեռագործ մայր տաճարի մանրակերտը: Պատանին կը յայտնէ Վեհափառ Հայրապետը տեսնելու իր փափաքը, որ կեանքի կը կոչուի Սրբազան Հօր միջամտութեամբ:

Վեհափառ Հայրապետը մեծապէս կը գնահատէ պատանիին աշխատանքը եւ անոր այցելութեան մասին հաղորդագրութիւն մը գրել կու տայ:

Փաստօրէն կը պարզուի, որ շատ անգամ մեծ մարդիկ իրենք չե՛ն որ գոռոզ ու հպարտ կ՚ըլլան. այդ դեռը յաջողութեամբ կը կատարեն անոնք՝ որոնք զիրենք կը ներկայացնեն անարժանաբար, ներկայացուցիչի պաշտօնը կարծելով կաթողիկոսանալ:

Հաւատացէ՛ք մեծ մարդիկ մի՛շտ ալ աւելի խոնարհ եղած են քան իրենց օգնականները: 

***

Ծանօթներէս մէկը իր մօրը համար բերած էր Հնդկաստանէն համեստ օրիորդ մը՝ իր մօրը խնամելու համար: Երիտասարդ օրիորդը այնքա՜ն շատ ժամանակ կ՚անցընէ տարեց հայուն հետ, որ ժամանակ մը ետք կը սկսի հայու պէս մտածել... աւելին՝ հայու պէս ապրիլ:

Հնդիկ ըլլալով կը սկսի լաւապէս տիրապետել թէ՛ հայերէն եւ թէ՛ թրքերէն լեզուներուն։ Գիշերները ծերուկին քով մայր ու աղջիկի պէս նստած արտասուելով կը դիտեն թրքական ժապաւէնները, սուրճ կը խմեն։ Հնդիկը այնքա՛ն հայացած էր, որ սուրճի գաւաթի նայիլ ալ գիտէր:

Առիթով մը երիտասարդ հնդիկը վերելակ կը մտնէ. վերելակի մէջ գտնուող երիտասարդները տեսնելով անոր սեւամորդ ըլլալը հանգստութեամբ հայերէն լեզուով կը սկսին խօսիլ՝ որոշ ակնարկներ ալ ընելով հնդիկ աղջկան մասին:

Հաւատացէք, աշխարհի վրայ կան օտարներ, որոնք իրենք իրենց աւելի՛ հայ կը զգան՝ քան շատ մը օտարացած հայեր:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շաբաթ, Օգոստոս 20, 2022