ՄԵՆԱԿԵԱՑ ԿԵԱՆՔ

Բարոյական կատարելութեան հասնելու ձգտումը մարդկութեան մէջ ամէն ժամանակ եղած է եւ կա՛յ, եւ այդ ստացած է տեսակ տեսակ ուղղութիւններ։ Այսպիսի ուղղութիւններէն մէկն է եղած մենակեաց հոգեւոր կեանքը՝ որ է «ճգնաւորական» եւ «անապատական» կեանքը՝ յատուկ ո՛չ թէ միայն քրիստոնէութեան, այլեւ՝ աւելի հին արեւելեան կրօններու. զոր օրինակ, պուտտայականութեան եւ հրէութեան։

Արդարեւ, քրիստոնէութեան առաջին դարուն «կատարելութեան» ձգտող անհատներ չէին բաժնուեր եւ անջատուեր մարդկային հասարակութենէն, այլ միմիայն կը նուիրուէին աղքատիկ համեստ կեանքի, սրբութեան, պահեցողութեան եւ աղօթքի, եւ այսպիսի անհատներ ընդհանուր առմամբ «ճգնաւոր» կը կոչուէին։

Բայց Գ. դարուն այսպիսի անհատներ հետզհետէ հեռացան մարդկային բնակութիւններէն՝ քաշուեցան անապատներ եւ առանձնական կեանք անցընել սկսան եւ կոչուեցան «անապատական» կամ «միայնակեաց»։ Անապատական այս կեանքը 340-ին կը կերպարանափոխուի Եգիպտոսի մէջ եւ Պաքոմիոսի ձեռքով կը սկսի հաստատուիլ «վանական կեանք», որ աւելի վերջ կ՚ընդհանրանայ ամէնուրեք։

Անապատական կեանքը Հայաստանի մէջ Դ. դարուն բաւական զարգացած էր, եւ ինչպէս Փաւստոս կը ներկայացնէ։ Բայց Դ. դարէն շատ առաջ ճգնաւորական կեանք գոյութիւն ունէր Հայաստանի հարաւային մասերուն մէջ՝ ուր լեռներու մէջ կ՚ապրէին «Ոսկիք» (խոտաճարակ) կոչուած ճգնաւորներ, եւ որոնց հետեւող եւ աշակերտ հանդիսացող «Սուքիասեաններ»։

Երբ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայոց եկեղեցիի կազմակերպութիւնը վերջացուց, ինքն ալ իր կեանքի վերջին շրջաններուն ճգնութեան նուիրուեցաւ Եփրատի մօտ «Ոսկիք» կոչուած տեղը կամ Սեպուհ լերան քարայրին մէջ՝ ուր եւ իր հոգին աւանդեց։ Անոր օրինակին հետեւեցաւ Դանիէլ ասորին, որու ճգնական կեանքին մասին մեծ զմայլանքով եւ վերացումով կը խօսի Փաւստոս Բիւզանդ։ Ան ունեցաւ բազմաթիւ աշակերտներ՝ Շաղիտա, Եպիփան եւ Գինդ, որուն համբաւը տարածուած էր եւ բովանդակ Հայաստան «վարդապետ» կը կոչէր եւ որը ունեցաւ նոյնպէս շատ հայ հետեւորդներ։

Այս ճգնաւորներուն կեանքը հետեւեալ խօսքերով կը պատկերացնէ Փաւստոս.

«Աստուծոյ սիրոյն համար աշխարհէն հեռացած էին, միահանդերձ, բոկագնաց, խոտաճարակ. այծի մորթ հագած՝ լեռներու մէջ կը շրջէին, չարչարուելով ցուրտէն, տաքէն, անօթութենէն եւ ծարաւէն»։ Իսկ անոնց հետեւանքը հայ ժողովուրդի համար սապէս կը նկարագրէ. «շատ հեթանոս տեղեր կը շրջէին եւ շատ մարդիկ ճշմարիտ կեանքի գիտութեան բերում եւ ճշմարտութեան ճամբայ կը հանէին»։ Այս կողմէ մանաւանդ նշանաւոր հանդիսացաւ Տարօնեցի Գինդը։

Անապատական կեանքը Դ. դարուն փոփոխութիւն կրեց Պաքոմիոսի ձեռքով՝ որ հրեշտակէն հրաման ստացաւ առանձաբնակ կրօնաւորները միասին խմբել եւ իւրաքանչիւրին իր կարողութեան եւ շնորհքին համեմատ գործ տալ։ Այսպէս սկիզբ առաւ «վանական կեանք»ը Եգիպտոսի մէջ, այնտեղէն անցաւ Ասորիք եւ ապա Փոքր Ասիա 350 թուականներուն Եւստաթիոս Սեբաստացիի ձեռքով։ Ահա այս ժամանակներուն վանական հաստատութիւնները մուտք կը գործեն նաեւ Հայաստան Մեծն Ներսէսի ձեռքով, ինչպէս կը վկայէ Փաւստոս Բիւզանդ։

Բայց Հայ ազգային աւանդութիւնը վանքերու հաստատութիւնը աւելի հին ժամանակներու մէջ ցոյց կու տայ, այսպէս՝ քրիստոնէութեան առաջին դարուն շինուած կը նկատէ Հոգեաց Վանքը եւ Ս. Լուսաւորչի եւ վերագրէ կանոններ (Յաճախապատում, ճառ), որոնց համաձայն ան վանքեր հաստատած է Հայաստանի մէջ։ Սակայն, այս իսկ աւանդութիւն է, եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի անունով մնացած վանական կանոնները ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ Բարսեղ Կեսարացիի վանական կանոններէն քաղուածք, որ արդարեւ 370-375 թուականներէն յետոյ Եւստաթիոս Սեբաստացիի հաստատած վանքերուն աւելի որոշ կազմակերպութիւն տուաւ։

Թէ ինչ վանքեր շինեց Մեծն Ներսէս (Սուրբ Ներսէս Ա. Պարթեւ. 353-373թթ.), եւ որքան ճիշդ է, աւանդութիւնը կ՚ըսէ, թէ շինեց 2000 վանք, իսկ Փաւստոս կ՚ըսէ, թէ՝ յարմարաւոր տեղեր վանքեր շինեց։ Վանականներու կեանքը, ինչպէս կ՚երեւի, շատ խստական եղած է եւ անոնք ապրած են միայն հացով եւ ջուրով։ Արական վանքերէն զատ, Մեծն Ներսէս հիմնած է նաեւ կուսանոցներ՝ պարսպապատ։ Թէ ինչ կանոններով կ՚առաջնորդուէին այս վանքերը՝ յայտնի չէ. վերջերը հայ վանքերը ընդունեցին Մեծն Բարսեղի (կամ Բարսեղ Կեսարացի. 329-379թթ.) կանոնները՝ որոնք ամփոփուած են «Հարցողաց» գիրքի մէջ, եւ որոնք կը պարտաւորեն վանականներուն գրական գործերով զբաղուիլ, խնամել աղքատները եւ որբերը։ Այս կանոններու համառօտութիւնը եւ նմանութիւնը կը ներկայացնէ Յաճախապատումի 23-րդ ճառը։

Վանքերը այսպիսի կազմակերպութեամբ կարեւոր դեր խաղացին Հայ զարգացման պատմութեան մէջ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 18, 2024, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 20, 2024