ԵԹԷ ՄՈՌՆԱՍ, Ա՛Լ ՀԱՅ ՉԵՍ
Առիթով մը հօրեղբայրս, երկու հօրաքոյրներս հաւաքուած լուրջ ձեւով կը փորձէին լուծել հօրս ծննդեան հանելուկը. հօրս ծննդեան թուականը ո՛չ ոք գիտէր։ Ողորմած մեծմայրս կ՚ըսէր «դպրոցները նոր սկսած էր». չեմ գիտեր ինչպէս հօրեղբայրս կը յիշէր, որ ձմեռ էր, նոր տարուան շրջան մը. իրականութեան մէջ այդ սերունդէն միայն հայրս չէր, որ իր ծննդեան թուականը չէր գիտեր. գաղթը ապրող մեր նախնիներն ու անոր յաջորդող սերունդը գրեթէ թուականները չէր կրնար սորվիլ. անոնք ամէն բան կը կապէին դէպքերու եւ երեւոյթներու. օրինակի համար՝ մին կը ծնէր Համաշխարհային Բ. պատերազմի տարին, ուրիշ մը այն տարին, երբ Ֆրանսա մուտք գործեց Սուրիա:
Պէտք է նկատի ունենալ, որ ցեղասպանութիւնը ապրող սերունդն ու յաջորդող մի քանի սերունդները բախտաւորութիւնը չունեցան կրթութիւն ստանալու։ Սփիւռքի նորակառոյց գաղութներէ ներս փոքր ու թշուառ պայմաններու մէջ դպրոցներ ստեղծուեցան, սակայն բոլորը չկրցան հետեւիլ այդ կրթական ծրագրին. կեանքը ունէր բազմաթիւ դժուարութիւններ ու փոքր տարիքէն պատանիներ ստիպուած եղան աշխատիլ ու օրուան հացի դրամ վաստակիլ։ Բախտաւոր էին անոնք, որոնք կրցան դպրոցի եւ դասագիրքի երես տեսնել, որովհետեւ կեանքի պայմանները այդ իրաւունքը չէր տար շատերու. այդ մթնոլորտը աւելիով հասկնալու համար բաւարար է կարդալ «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ» եւ կամ «Մնաս բարով մանկութիւն» աշխատութիւնները. գուցէ մեզի համար այս օրերուն տարօրինակ թուի, թէ ուսումը թուականի եւ յիշողութեան հետ ինչ կապ ունի, որովհետեւ մեր օրերուն դպրոց չացողները եւս այսպէս կամ այնպէս կը յաջողին իրենց միտքը պահել որոշ թուականներ, սակայն անցեալին այդպէս չէր. թուականի հասկացողութիւնը եղելութիւններու հետ կապ ունէր:
Այս երեւոյթին մէջ կայ նաեւ այլ երեսակ մը՝ հայրենասիրութիւնը. հիները ընդհանրապէս թուականները իրենց միտքը կը պահէին հայկական եղելութիւններու շուրջ. օրինակի համար՝ մին կ՚ըսէր, թէ ծնած էր այն տարին, որ սահմանադրութիւնը հաստատուեցաւ. ուրիշ մը կը յիշէ Ատանայի կոտորածը, ուրիշ մը՝ ցեղասպանութիւնը եւ կամ անկախութիւնը։ Իրականութեան մէջ այս բոլորը յիշողութենէն աւելի հայրենասիրական կողմ մը ունէր՝ որովհետեւ հայոց պատմութիւն կը բուրէր: Այս հայրենասիրական ոգին տեսնելու համար կ՚ուզենք այստեղ յիշել 1957 թուականին մամուլի մէջ հրատարակուած տարեցի մը խօսքը. «Տղա՛ս, իմ խելքս թուականի չի հասնիր... ինծի համար թուական ըսելը ազգային պատմութեան մէջի թուականներն են... ես ո՞վ եմ քի իմ կեանքիս մէջ պատահածներուն թուականները միտքս պահեմ... մեր ազգին համար կարեւորը այդ դէպքերուն տարիներն են... գրելու, կարդալու կողմէն ետ մնացած եմ, բայց մեր ազգին պատմութիւնը ասանկով միտքս կը պահեմ...». իր եւ իր սերնդակիցներուն համոզումը բարձրաձայնելէ ետք տարեցը կ՚ըսէ (կարծես մեզի՛ է որ կ՚ըսէ). «ինձմէ քեզի խրատ, տղա՛ս, նայէ որ դուն ալ չմոռնաս 1878-ը, 1896-ը, 1897-ը, 1905-ը, 1918-ը, 1920-ը... Ո՞ր մէկը ըսեմ... եթէ մոռնաս, ա՛լ Հայ չես...»:
Ահաւասիկ, ամբողջ սերունդի մը հասկացողութիւնը. պարզ թուական մը նոյնիսկ իրենց համար հայրենասիրութեան խորհրդանիշ էր, որովհետեւ ազգութիւնը իրենց համար իրենց անձերէն առաջնահերթ էր. մանաւանդ յառաջացած այդ տարիքին անոնց համար հայրենասիրութեան բարձրագոյն արտայայտութիւններէն մէկը կարելի է նկատել:
Այս երեւոյթը կարելի է տեսնել նաեւ մեր գրականութեան մէջ. օրինակ՝ գրականութեան էջերուն մէջ «1907 թուականին» կարդալու փոխարէն, յաճախ կը կարդանք «Խրիմեան Հայրիկի մահուան տարին». կամ յաճախ կը հանդիպինք «սովի տարին». անոնք ոչ միայն թուականները, այլ նաեւ ամիսները եւս որոշ դէպքերու կը կապէին. օրինակ՝ գրականութեան մէջ տեղ մը կը կարդանք. «Պզտիկ աղջիկս ծնաւ Կիլիկիոյ ջարդին ամիսը». յստակ է, որ խօսքը ապրիլ ամսուան մասին է:
Բարեբախտաբար մենք թուականները գիտենք... թէ ոչ պիտի ըսէինք... «Արցախը ծախուած տարին», «հայ ժողովուրդին յաղթուած տարին» եւ գրեթէ ամէ՛ն ինչ՝ որ ժխտական է:
Բայց պահ մը անկեղծ ըլլանք. այդ հին ոգին կարելի՞ է գտնել այսօր. մեր նոր սերունդը ինչքանո՞վ ծանօթ է իր ազգին պատկանող ծանօթ թուականներուն... որովհետեւ ես տեսած եմ համալսարանականներ, որոնք իրապէս չեն գիտեր, թէ ինչ պատահած է 1918 թուականին. պէտք է տեղ մը համոզուինք, որ մեր դպրոցներուն մէջ հայոց պատմութիւն սորվեցնելու նպատակը լոկ Տիգրան Մեծին «երթալ» «գալ»ը պէտք չէ ըլլայ. այդ դասապահներուն քիչ մը տեղեկութենէն շատ աւելին պէտք է ստանայ աշակերտը. օրինակ՝ հայութիւն եւ հայրենասիրութիւն. այդ բոլորը որպէս «անցած գացած» եղելութիւն պէտք չէ ընդունիլ, այդ իսկ պատճառով կը հաւատանք ու դարձեալ կը կրկնենք, որ մենք ունինք դասատուներ, սակայն, չունինք գրեթէ ուսուցիչներ՝ որոնք դասէն աւելի ոգին փոխանցեն:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Մարդիկ պէտք ունի՞ն գիտնալու, թէ դժուարութեան մէջ ենք, թէ ոչ:
Պատասխան. Մարդիկ պէ՞տք է գիտնան դժուարութեան մէջ ենք, թէ ոչ անհատական խնդիր մըն է եւ կապուած է մարդկային յարաբերութիւններէն: Որոշ պարագաներու մեր դժուարութիւնները կիսելը կրնայ պատճառ ըլլալ, որ մարդոց կողմէ աջակցութիւն, հասկացողութիւն ու օգնութիւն ստանանք, սակայն բոլորը արժանի չեն գիտնալու բոլոր այն խնդիրները, որոնք կը դիմագրաւէք, որովհետեւ շատերու ներգրաւուածութիւնը կրնայ ժխտական ազդեցութիւն ունենալ, պատճառ ըլլալ բամբասանքի եւ աւելի բարդացնել ձեր կեանքը: Դժուարութիւնները կիսուելու որոշումը պէտք է հիմնուած ըլլայ վստահութեան վրայ, լրջօրէն մտածելով, թէ կիսուիլը օգո՞ւտ թէ վնաս կու տայ բարեկամութեան, կը նպաստէ՞ թէ աւելի կը բարդացնէ խնդիրը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան