ԽՈԿՈՒՄ «MEDİTATİON»

Հոգեւոր բաւարարութեան եւ ներքին խաղաղութեան սերտօրէն առընչուած միջոցներէն մին է «խորհրդածական պահեր»ը՝ որոնք պէտք է ստեղծել կեանքի ընթացքին։

Արդարեւ, մարդուս կեանքը մտահոգութիւններով, դժուարութիւններով, նեղութիւններով, զանազան աշխարհային զբաղումներով խճողուած կեանք մըն է։ Ուստի, մարդուն համար անհրաժեշտ կարիքը՝ երբեմն-երբեմն առանձնանալ եւ ինքնահայեցողութեան խորատես ճիգով մը ինքզինք ինքնաքննութեան ենթարկել՝ տեսնելու համար իր թերութիւնները, տկարութիւնները, քննելու համար տկարացումի պատճառները, նաեւ առողջ, իրատես մօտեցումով արժեւորելու, կշռադատելու իր յաջողութիւնները։

Ինքնաքննութիւնը կարեւոր է հոգեւոր յաջողութիւններու եւ ներքին խաղաղութեան համար՝ որուն համար անհրաժեշտ է առանձնանալ, որ ամբողջացնել խոկումով։

Խոկումի տիպար մըն է Յիսուս, եւ որուն տնօրինական երկրային կեանքին մէջ յայտնի երեւոյթ էր Անոր երբեմն-երբեմն առանձնակի խճողումներէ հեռանալու եւ լերան մը գագաթին կամ պարտէզի մը մէկ անկիւնը, կամ ծովակի մը ափին եւ կամ նաւի մը ղեկին առջեւ ինքնամփոփուելու եւ աղօթելու՝ խորհրդածելու։ Եւ այս իմաստով՝ աղօթքին սերտօրէն կապուած է խոկումը։

Քառասնօրեայ պահեցողութիւն, ինքնահայեցողութեան, աղօթքի, խոկումի շրջաններ, առիթներ են մարդուն ինքզինք զօրացնելու, հոգեպէս պատրաստուելու եւ քաջութեամբ դէմ դնելու ամէն տեսակ նեղութիւններու։

Արդարեւ, փորձութիւններու առաջքը առնելու ամենէն ազդու միջոցներն են առանձնացումի եւ խոկումի պահերը։

Տկարացումի, թերացումի, ձախողութեան պարագային զոհ չերթալու համար վհատութեան եւ յուսահատութեան ջլատիչ զգացումներուն, ինչ որ ծանրօրէն կ՚ազդէ մարդուս գործունէութեան՝ ինքնահայեցողութեամբ առիթ կ՚ունենայ վերլուծելու պատճառները եւ կը վերականգնէ իր ուժերը եւ վերանորոգիչ կամքով եւ յստակատես մտքով կը շարունակէ եւ կը բարեկարգէ իր գործունէութիւնը։

Նուաճումներու, յաջողութիւններու պարագային զոհ չերթալու համար յանձնապաստանութեան ինքնազոհ այն զգացումին՝ որ նոյնքան կը կասեցնէ ստեղծագործ աշխատանքի թափը, եթէ այդ յաջողութիւնները ինքնաքննութեան մէջէն չնկատուին որպէս գրգիռ նորանոր իրագործումներու, առաւել արդիւնաւոր ծառայութեան մը ի խնդիր, ազնուագոյն միջոց մըն է խոկումը։

Խոկումի՝ ինքնահայեցողութեան այս պահերը, արդարեւ, կրնան դժուար իրագործելի ըլլալ ենթակային համար… կրնան ձեւականութեան վերածուիլ յաճախակիօրէն կրկնուելու պարագային։ Բայց շաբթուան, ամսուան կամ տարուան ընթացքին մասնաւոր կերպով ընտրուած ժամերով, օրերով պահեր պէտք է ըլլան անոնք, որոնք պէտք է հեռացնեն ենթական իր առօրեայ անմիջական աշխատանքի վայրերէն եւ զբաղումներէն եւ առիթ տան իրեն անջատուելու այն բոլորէն, որոնք կը խճողեն իր կեանքը։

Հոգեւոր բովանդակութեամբ գրքի մը ընթերցումը մեծապէս օժանդակ մը կրնայ ըլլալ ենթակային իրեն խորհրդածական այդ պահը լիագոյն ձեւով ապրելու համար։ Նման գիրքերէ որոշ հատուածներու ընթերցումը առիթ կ՚ընծայէ նախ մտասեւեռումի եւ առաջքը կ՚առնէ ուշադրութեան ցրուումին։ Ապա անոնց մէջ արտայայտուած զգացումները եւ գաղափարները գրգիռ կը հանդիսանան անոնց լոյսին տակ իր անձը աւելի յստա՛կ տեսնելու…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 18, 2024, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 20, 2024