ԻՆՔԶԻՆՔ ԱՆՓՈԽԱՐԻԵԼԻ ԿԱՐԾԵԼ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ԻՆՔՆԱԽԱԲԷՈՒԹԻՒՆՆ Է

Ընդ­հան­րա­պէս ինք­նա­կեդ­րոն մար­դոց մէջ տես­նուած անբ­նա­կան ե­րե­ւոյթ մը՝ զար­տո­ղու­թիւն մըն է՝ «ինք­զինք հա­մա­րել չփո­խա­նա­կուող ար­ժէք», կար­ծե­լով, թէ՝ ո՛չ ոք կրնայ կա­տա­րել ի­րենց կա­տա­րած գոր­ծը։ Ա­ւե­լի ժո­ղովր­դա­կան խօս­քով՝ «ո՛չ ոք կրնայ լեց­նել ի­րենց տե­ղը», կը կար­ծեն այդ ան­ձե­րը։ Եւ այդ­պի­սի­ներ, նախ ի­րենց ըն­տա­նի­քին, յե­տոյ ըն­կե­րու­թեան ե­թէ ո՛չ վնաս, բայց ո­րե­ւէ օ­գուտ չե՛ն պատ­ճա­ռեր։

Այդ բնա­ւո­րու­թեան տէր ան­ձեր կ՚ապ­րին միա՛յն ի­րենց հա­մար՝ կ՚ապ­րին «ինք­նա­կեդ­րոն կեանք» մը, կար­ծես թէ ի­րենց շրջա­նա­կին մէջ միայն ի­րենք ըլ­լա­յին։

Ինք­նա­մո­լու­թե­նէ ա­ւե­լի վատ ե­րե­ւոյթ մըն է ա­սի­կա, քա­նի որ ինք­նա­մո­լը, ինք­զինք կը բաղ­դա­տէ ու­րիշ­նե­րու հետ եւ այդ բաղ­դա­տու­թեան մէջ միշտ ինք­զինք ա­նոնց­մէ վեր կը նկա­տէ։ Մինչ­դեռ ինք­զինք ան­փո­խա­րի­նե­լի նկա­տո­ղը՝ այդ բաղ­դա­տու­թիւ­նը իսկ չ՚ը­ներ, քա­նի որ ի­րեն հա­մար միա՛յն ի՛նք կայ՝ միա՛կն է ամ­բողջ ըն­կե­րու­թեան մէջ։ Այս­պի­սի մար­դիկ՝ ու­րի­շի մը գո­յու­թիւ­նը չեն ըն­դու­նիր, չեն հան­դուր­ժեր ու­րի­շի մը՝ որ պի­տի կա­տա­րէ ի­րենց գոր­ծը։ Բաղ­դա­տու­թեան ա­ռիթ ալ չեն տար ա­նոնք, ա­ւե­լի լա­ւը կամ նուա­զը ը­նել չէ՛ ա­նոնց հա­մո­զու­մը, այլ՝ ի­րենց «ե­զա­կի» ըլ­լա­լը, միակ (=unique) ըլ­լալն է։

Թէեւ ըն­կե­րա­յին կեան­քի մէջ հա­զուա­դէպ ե­րե­ւոյթ մըն է ինք­զինք ան­փո­խա­րի­նե­լի կար­ծե­լու պա­րա­գան, բայց հա­զուա­գիւտ ալ ըլ­լայ, ի վեր­ջոյ ըն­կե­րա­յին կեա­նքի ըն­թաց­քը խա­թա­րող, խան­գա­րող «շե­ղո՛ւմ» մըն է այս ե­րե­ւոյ­թը։

Մա՛րդ ան­զու­գա­կան չի՛ կրնար ըլ­լալ, քա­նի որ իւ­րա­քան­չիւր ան­հատ մէկ ու­րի­շին օգ­նու­թեան կո­չուած է եւ ա­մէն մէ­կուն ո­րոշ կա­րո­ղու­թիւն­ներ, յատ­կու­թիւն­ներ տրուած է՝ որ­պէս­զի մէ­կը միւ­սը ամ­բող­ջաց­նէ, լիաց­նէ եւ զօ­րաց­նէ։ Պահ մը խոր­հինք միա­սին, սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ, ե­թէ ո­րե­ւէ գոր­ծի մէջ միայն մէկ հո­գիի տրուած ըլ­լար ո­րե­ւէ յատ­կու­թիւն կամ կա­րո­ղու­թիւն, կա­րե­լի՞ էր որ մար­դոց ի­րե­րօգ­նու­թեան կո­չու­մը ի­րա­կա­նա­նար։ Ը­սենք, որ այդ «միակ» մար­դը պար­տա­զանց գտնուե­ցաւ, արդ ու­րեմն, պի­տի չկա­տա­րուի՞ «ի­րե­րօգ­նու­թեան» սկզբուն­քը, եւ ա­նօ­գուտ, ա­նօգ­նա­կան՝ ա­ռանց ա­ջա­կի­ցի, ա­ռանց օ­ժան­դա­կի պի­տի մնա՞ն մար­դիկ։

Վստա՛հ պէտք է ըլ­լալ, թէ՝ ըն­կե­րա­յին կեան­քի ըն­թաց­քը, ինք­զինք ան­զու­գա­կան, ան­փո­խա­րի­նե­լի կար­ծող մո­լո­րա­ծի մը պատ­ճա­ռով եր­բեք չի՛ խա­խա­նիր, չի՛ կա­սե­ցուիր եւ չի՛ դադ­րիր։

Եւ կեան­քի ընդ­հա­նուր փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ցոյց տուած է, որ ա­ւե­լի նպաս­տա­ւոր կ՚ըլ­լայ, երբ ի­րենք զի­րենք ան­փո­խա­րի­նե­լի կար­ծող­նե­րը հե­ռա­նան, գո­նէ խա­ղա­ղու­թիւն եւ հա­մե­րաշ­խու­թիւն կը տի­րէ…։

Եւ որ­քա՜ն գե­ղե­ցիկ կը հնչէ հո­գե­կա­նին «սի­րոյ բա­րե­խօս» ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը, որ դժբախ­տա­բար քի­չեր կ՚ար­ժա­նա­նան այս պա­տուա­բեր տիտ­ղո­սին։ Եւ մար­դիկ չեն սի­րեր, քա­նի որ չե՛ն ու­զեր սի­րել։

Ար­դա­րեւ ե­թէ մար­դիկ ու­նե­նան ան­կեղծ սէր, ի­րա­պէս սի­րել փա­փա­քին զի­րար, այ­լա­պէս եր­բե՛ք ի­րենք զի­րենք ան­փո­խա­րի­նե­լի չեն նկա­տեր, եւ միշտ ար­ժէք կու տան ու­րի­շին տար­բեր մէ­կուն եւ ինք­նա­կեդ­րոն չեն ըլ­լար, այլ՝ այ­լա­սէ՛ր։ Ու­րեմն ա­մէն զգա­ցու­մի բա­նա­լին «ան­կեղծ սէ՛ր»ն է։

Ե­կէ՛ք, սի­րե­լի­նե՛ր, ա­ռա­կով մը շա­րու­նա­կենք մեր խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րը սի­րոյ մա­սին, որ բո­լոր զգա­ցում­նե­րուն մեկ­նա­կէ­տը, սկի՛զբն է։

Ա­ւա­նա­կը, պար­տէզ մը կը մտնէ եւ հիա­ցու­մով կը մօ­տե­նայ գե­տի­նը տա­րա­ծուած, աչ­քի զար­նող իր տես­քէն փքուած՝ ըն­դար­ձա­կուած, ուռ­չած, մեծ եւ ա­րե­ւի ճա­ռա­գայթ­նե­րէն փայ­լափ­լող դեղ­նա­ւուն, այ­սինքն՝ դե­ղի­նի զար­նող գոյ­նով պտու­ղի մը, եւ կ՚ը­սէ.

«Ի՜նչ գե­ղե­ցիկ ես ու ա­խոր­ժե­լի, վեր­ջա­պէս գտայ իմ երկ­րորդ կէ­սը։ Ի՞նչ է ա­նունդ»։

Պ­տու­ղը կը պա­տաս­խա­նէ.

«Ին­ծի դդմե­նի (դդու­մի բոյս) կ՚ը­սեն։ Իսկ քու ա­կանջ­նե­րը ին­չո՞ւ ա­ւա­նա­կի ա­կանջ­նե­րու նման եր­կար են»։­

Ա­ւա­նա­կը ա­ւե­լի մեծ հիաց­մուն­քով կ՚ը­սէ.

«Ո­րով­հե­տեւ ես ա­ւա­նակ եմ։ Սի­րոյ հրեշ­տակ­նե­րը ին­ծի յի­մար կ՚ը­սէին։ Նոյ­նիսկ հա­սայ երկն­քի ար­քա­յու­թիւն եւ փա­փա­քե­ցայ ներս մտնել եւ իմ երկ­րորդ կէ­սը փնտռել, բայց հրեշ­տակ­նե­րը թոյլ չտուին եւ զիս ու­ղար­կե­ցին այս­տեղ։ Զիս մխի­թա­րե­ցիր. կը տես­նեմ, որ ինձ­մէ ա­ւե­լի՛ յի­մա­րը կայ։ Զուր չեն ը­սեր, որ դդումն ալ ար­տա­քի­նով գե­ղե­ցիկ է, բայց ան նո­րէն ալ դդում է…»։

­Սի­րոյ հրեշ­տա­կը կ՚իջ­նէ եր­կին­քէն եւ կը յոր­դո­րէ ա­ւա­նա­կին, ը­սե­լով.

«Քու անմ­տու­թեանդ հա­մար չափ ու սահ­ման չկա՛յ, քեզ ու­ղար­կե­ցի այս­տեղ՝ այս պար­տէ­զը, քա­նի որ քիչ հե­ռուն ա­ւա­նակ մը կայ ու­րիշ, որ ան ալ ու­ղար­կած եմ, իսկ դուն ե­կար եւ դդու­մին մօ­տե­ցար։ Հի­մա, ա­րագ կեր­պով գնա՛ դէ­պի միւս ա­ւա­նա­կը, քա­նի տա­կա­ւին ան ալ՝ հմա­յուած ծա­ղիկ­նե­րով՝ ամ­բող­ջու­թեամբ չէ կե­րած պար­տէ­զի վար­դե­րը»։

­Յով­հան­նէս Սար­կա­ւագ Մա­նու­կեան կը պատ­մէ այս ա­ռա­կը ա­ռանց մեկ­նա­բա­նու­թեան։

Ար­դա­րեւ, ժո­ղովր­դա­կան ի­մաս­տու­թիւ­նը ի զուր չէ ը­սած. «Է­շը ի՛նչ գի­տէ նու­շը…»։

­Մինչ­դեռ, ե­թէ իւ­րա­քան­չիւր անձ գիտ­նար իր կա­րո­ղու­թեան, իր յատ­կու­թիւն­նե­րուն չա­փը եւ սահ­մա­նը, եւ ըստ այնմ վա­րուէր, վստա­հա­բար հար­ցե­րէն շատ քի­չը կը պա­տա­հէր մեր կեան­քին մէջ, պա­տա­հած­ներն ալ շու­տով լու­ծում կը գտնէին։

Վեր­ջաց­նենք՝ «Հա­յե­լի Վա­րուց. Բա­րո­յախ­րա­տա­կան Պա­տուէր­ներ, Ս. Էջ­միա­ծին, 2007»էն քա­ղուած ա­ռա­կով մը։

Կրօ­նա­ւոր մը կար՝ զգես­տով, ո՛չ թէ վար­քով, ա­նու­նով, ո՛չ թէ ար­դիւ­նա­ւո­րու­թեամբ՝ մե­ծա­պէս վարժ եւ սո­վոր բո­լոր տե­սա­կի բամ­բա­սանք­նե­րու։

Երբ մա­հա­նա­լու ժա­մա­նա­կը մօ­տե­ցաւ, ա­նոր խրա­տուե­ցաւ, որ խոս­տո­վա­նի եւ մեծ փու­թա­ջա­նու­թիւն դրսե­ւո­րէ իր հո­գիին փրկու­թեա­նը հա­մար։

Ան ալ պա­տաս­խա­նեց, թէ՝ «Չե՛մ կրնար ը­նել այդ»։ «Ին­չո՞ւ», հար­ցու­ցին, հե­տաքրք­րու­թեամբ։

Ա­նի­կա սա­պէս պա­տաս­խա­նեց. «Չե՛մ կրնար»։ Եւ երբ պէս-պէս խօս­քե­րով ա­նոր կը յոր­դո­րէին, որ վեր­ջին շուն­չին ամ­բողջ ճի­գ ու ջան­քով եւ կա­տա­րեալ յոյ­սով դի­մէ Աս­տու­ծոյ ո­ղոր­մու­թեան եւ Փրկչին մար­դա­սի­րու­թիւ­նը խնդրէ, ան ալ, հա­նե­լով լե­զուն, մա­տով հա­րուա­ծեց լե­զուին, ը­սե­լով. «Ա­մե­նա­չար լե­զուն՝ այս իմ լե­զուն դա­տա­պար­տեց զիս»։­

Եւ երբ այս բա­նը ը­սաւ, լե­զուն այն­քա՜ն մեծ­ցաւ, որ այ­լեւս բե­րա­նին մէջ չէր կրնար տե­ղա­ւո­րուիլ։ Եւ այս­պի­սի մա­հուամբ մեռ­նե­լով՝ բո­լոր բամ­բա­սող­նե­րուն կորս­տեան օ­րի­նակ ցոյց տուաւ։

Ար­դա­րեւ, բամ­բա­սան­քը՝ ախ­տա­ւոր հո­գի­նե­րու եւ խա­ւար միտ­քե­րու ու­նա­կու­թի՜ւն մըն է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկ­տեմ­բեր 20, 2016, Իս­թան­պուլ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2016