ԻՐ ԳԱՒԱՌԻՆ ՄԷՋ ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ

Խաչվերացի յաջորդող 6-րդ կիրակի օր Սուրբ Պատարագի ընթացքին որպէս Ճաշու Աւետարան կը կարդացուի Ղուկասի 4-րդ գլխուն 14-23 համարները։ Խաչվերացի յաջորդող 6-րդ կիրակին այս տարի կը հանդիպի 21 հոկտեմբերի։

Ուրեմն տեսնենք, թէ ի՞նչ կ՚ըսէ Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեան այս հատուածին մասին իր «Համապատում»ին մէջ։ (41. Յիսուս Ի Նազարէթ. էջ՝ 94-97)։

«Յիսուս Գալիլիոյ պտոյտներուն մէջ զայն ըրած էր իր բնակավայր քաղաքը Նազարէթը, որուն բնակիչներուն վրայ վստահութիւն չունէր, որովհետեւ Յիսուսի մանկութիւնը եւ երիտասարդութիւնը, անշուք կեանքը եւ սովորական կենցաղը տեսած լինելով, իրեն նկատմամբ մեծ գաղափար չէին կազմած, եւ չէին ընդունիր՝ որ հիւսն Յովսէփին որդին կրնայ Մեսիա ըլլալ։ Այսու հանդերձ պէտք էր անգամ մըն ալ անոնց հանդիպիլ, որ իրենց թերահաւատութեան պատճառանք չունենան. պէտք էր անոնց ալ Աւետարանի վարդապետութիւնը խօսած ըլլալ։

«Կրնար յուսացուիլ թէ, Հրէաստանի եւ Գալիլիոյ մէջ Յիսուսի գտած յաջողութիւնը, պէտք էր Նազարէթցիներուն վրայ ազդեցութիւն գործած ըլլար։ Այդ նպատակով Յիսուս Նազարէթ կու գայ Հռովմայ 781 եւ մեր 28 եւ իր կենաց 32 թուականին սկիզբէն ամիսի մը  չափ ետքը։ Որ օր հոն հասած լինելը չէ յիշուած, բայց առաջին շաբաթ օրուան առտուն ըստ սովորութեան ժողովարան կ՚երթայ, որ 28 տարւոյն յունուար 31 կամ փետրուար 7 կրնայ ըլլալ։

«Այդչափ փառաւորուած եւ հռչակ հանած Յիսուսին ինչ արժելը իմանալու կերպով մը, Նազարէթցիք զինքը Ս. Գիրք մեկնելու կը հրաւիրեն, եւ հատորը առջեւը կը դնեն։ Սովորութիւն էր Ս. Գիրքը կարգաւ կարդալ ու մեկնել, իւրաքանչիւր շաբաթ հատուած մը առնելով. բայց Յիսուս առանց այդ կարգին նայելու, որեւէ մէկ տեղ մը բացաւ, եւ դիմացը ելաւ Եսայիի սա կտորը. Հոգի Տեառն ի վերայ իմ. վասն որոյ եւ օծ իսկ զիս, աւետարանել աղքատաց առաքեաց զիս, բժշկել զբեկեալս սրտիւք, քարոզել գերեաց զթողութիւն, եւ կուրաց տեսանել, արձակել զվիրաւորս ի թողութիւն, քարոզել զտարեկան Տեառն ընդունելի (ԵՍԱՅ. ԿԱ 1-2)։

«Աւետարանին մէջ այդ կտորը յառաջ բերուած է Եօթանասնից թարգմանութեան համեմատ, ինչպէս է մեր Աստուածաշունչն ալ. իսկ եբրայական օրինակը, ուսկից թարգմանուած է լատինականը, ունի այսպէս. Հոգի Տեառն ի վերայ իմ, զի օծ զիս Տէր, աւետել հեզոց առաքեաց զիս, զի բժշկեցից զբեկեալս ստիւ, եւ քարոզեցից գերեաց զթողութիւն, եւ փակելոց զբազումն, եւ քարոզեցից զամն հաշտութեան։

«Իմաստները շատ չեն տարբերիր, եւ մեր դիտողութիւնը անոնց համար է, որոնք եբրայական օրինակին կառչած՝ Եօթանասնից թարգմանութիւնը կ՚անարգեն, առանց յիշելու որ Աւետարանն ալ Եօթանասնից թարգմանութեան կը հետեւի։

«Եսայիի այդ հատուածը մեսիական մարգարէութեանց գլխաւորներէն է. այսպէս ալ ընդունուած էր հրէական օրէնսգէտներէն եւ ժողովուրդէն, եւ հետեւաբար մեծ եղաւ ժողովարանի ունկնդիրներուն հետաքրքրութիւնը, թէ Յիսուս ի՛նչ բացատրութիւն պիտի տայ։

«Ընթերցումը աւարտելէն, գիրքը փակելէն եւ տեղը դնելու համար պաշտօնէին յանձնելէն ետքը, ամէնուն աչքերը լռին կերպով Յիսուսի վրայ սեւեռած կը մնային։ Յիսուս հատուածին մեսիականութիւնը յայտնելէ յետոյ, անոր կատարումն ալ իր վրայ լրացած ըլլալը աւելցուց.- Ինչ որ, ըսաւ, Եսայի կանուխէն գուշակած էր, ահա այսօր դուք ձեր ականջով անոր կատարուիլը կը լսէք, եւ շարունակելով, Երկնից Արքայութեան վարդապետութիւնը բացատրեց այնպիսի բարձր եւ շնորհալի կերպով մը, որ ամէնքը ափիբերան եղած իրարու կը փսփսային.- Հիւս (Ծ. հիւս=ատաղձագործ) Յովսէփի որդին, մեր գիտցած Յիսուսը չէ՞ արդեօք, հապա ուր տեղէն ո՞ւր այդչափ իմաստութիւն եւ այդչափ շնորհք ստացաւ։

«Նազարէթցիներուն զարմացումը ամուլ եւ անպտուղ զարմացում մըն էր, որ անոնց սրտին մէջ հաւատք չէր յարուցաներ, եւ չէին  ուզեր ընդունիլ՝ թէ իրենց քաղաքացին Յիսուսը իրաւցնէ Մեսիան ըլլայ։

«Վարդապետութեան ճաշակը առնելէն ետքը կ՚ուզէին՝ որ ինքզինքը ցուցընելու համար հրաշքներ ալ ընէ. լսած էին որ Կափառնաումի, Կանայի, եւ ուրիշ քաղաքներու մէջ հրաշքներ ըրած էր.- Հոս ալ ըրէ՛, կ՚ըսէին, որ մենք ալ տեսնենք։ Սակայն հաւատքով բժշկութիւն հայցողներ չէին որ այս կ՚ըսէին, այլ պարզապէս տեսարանի խաղեր տեսնել ուզողներ, հետեւապէս չուզեց գոհացնել անոնց թերահաւատ հետաքրքրութիւնը։ .-Ինծի պիտի կրկնէք, ըսաւ, սովորական առակը. Բժիշկ, բժշկեա՛ զանձն քո. ուրիշ տեղերու համար բժկութիւններ ըրեր ես, քու քաղաքիդ համար ալ ըրէ։ Սակայն ես ալ միւս առակը պիտի յիշեցնեմ. Չէ՛ մարգարէ ընդունելի ի քաղաքի իւրում. մարդ իրեններուն առջեւ կարեւորութիւն չ՚ունենար։ Ասանկ ալ եղած է ի սկզբանէ անտի, մարգարէներէն ալ օտարներ օգտը-ւած են եւ իրենցներ անմասն մնացած են։ Երբ որ Եղիայի ատեն երեքուկէս տարի երաշտութիւն եղաւ եւ ընդհանուր սով տիրեց, Իսրայէլացւոց տուներէն ոչ մէկը բախտաւորուեցաւ Եղիայի ներկայութեամբ, այլ միայն Սարեփթա բնակող Սիդոնացի կինը։ Եղիսէի ատենն ալ բորոտութիւնը ընդարձակ վարակած էր Իսրայէլացիները, եւ անոնցմէ ոչ մէկը սրբուեցաւ Եղիսէի հրաշքովը, բայց եթէ ասորի Նէէմանը։ (Գ ԹԱԳ. ԺԷ 8-16, եւ Դ ԹԱԳ. Ե 9-14)։

«Յիսուսի տուած բացատրութիւնը Նազարէթցոց ականջին իբր արհամարհանք հնչեց, որովհետեւ Յիսուս զիրենք հրաշք ընդունելու անարժան, եւ մինչեւ իսկ հեթանոս անձերէ աւելի ստորին կը սեպէր։ Ինքզինքնին պարզապէս նախատուած զգացին, առջի զարմացումնին, որ սրտաբուխ ալ չէր, բարկութեան փոխուեցաւ, եւ իրենց քաղաքացիին վրայ իշխանութիւն ունենալու միտքով, եւ անոր ըրած անարգանքին վրէժը հանելու համար, Յիսուսին վրայ յարձակեցան, բռնեցին, ժողովարանէն դուրս հանեցին, եւ փոխանակ քարկոծելու, ինչ որ Հրէից սովորական ժողովրդային պատժոյն կերպն էր, ամբոխով ու աղմուկով Յիսուսը հանեցին մինչեւ լերան գագաթը, որուն ստորոտը շինուած էր Նազարէթ քաղաքը, որպէսզի անոր գագաթը գտնուող գահավէժ ժայռէն վար գլորեն եւ սպաննեն։

«Յիսուս թողուց ու ներեց՝ որ պահ մը իրենց բարկութեան զայրոյթը յագեցնեն, ուստի ոչ ժողովարանին մէջ եւ ոչ լեռն ի վեր անոնց ըրածը չարգիլեց եւ զինքն չպաշտպանեց. իսկ չար խորհուրդը չը թողուց որ գործադրուի։ Հազիւ թէ սկսած էր քարոզութեան, իր տնօրէնական գործունէութեան շրջանը պէտք էր աւարտէր. կամ ինչպէս Աւետարանի լեզուով կը բացատրուի, տակաւին չէր հասած իր կամաւոր մահուան ժամանակը, անոր համար երբոր Նազարէթի լերան գագաթը հասան, եւ կարծեցին որ Յիսուսը գահավէժ ընելով պիտի սպաննեն, նա ընդհակառակն անոնց ձեռքէն ազատուեցաւ, եւ անոնց աչքէն աներեւոյթ եղաւ, մէջերնէն անցաւ ու չը տեսան, եւ Նազարէթ չդարձաւ, այլ թողուց այն քաղաքը, եւ Կափառնաումի ճամբան բռնեց ու հեռացաւ։

«Այս եղելութիւնը ամբողջաբար մեզի պատմողն է Ղուկաս, սակայն Յովհաննէս Աւետարանիչն ալ միջանկեալ մի քանի խօսքերով կ՚ակնարկէ նոյն դիպուածին։ Ըստ որում Յովհաննէս ալ յառաջ կը բերէ, Մարգարէ յիւրում գաւառի պատիւ ոչ ունի առածը, որուն իմաստը չէր արդարանար եթէ Նազարէթի դիպուածին չակնարկէր, ինչպէս որ նախընթաց խօսքին մէջ ըսուած էր, թէ՝ Յորժամ եկն նա ի Գալիլիա, ընկալան զնա Գալիլիացիքն. Գալիլիացւոց ընդունելութիւնը եւ իր գաւառին մէջ անընդունելիութիւնը իրարու չէին կապեր, եթէ չգիտնայինք որ ոչ թէ Գալիլիացւոց ընդունելուն, այլ Նազարէթցոց չընդունելուն կ՚ուզէ ակնարկել աւետարանիչը»։

Արդարեւ, իրեններուն մէջ ինքզինք «օտար» զգալ, մեծ ցաւ կը պատճառէ մարդուս…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 12, 2018, Իսթանպուլ   

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 20, 2018