ՄԵՔԵՆԱՆԵՐ ԵՒ ԶԳԱՑՈՒՄՆԵՐ
Մերօրեայ կեանքին մէջ՝ որ մարդիկ այնքան տարուած եւ տպաւորուած արուեստագիտութեան հրաշալիքներէն, եւ գրեթէ ամէն ինչ մեքենայացուցած են, արդեօք հետզհետէ կը հեռանա՞ն զգացական վարուելէ։ Մարդ, անշուշտ պէտք է օգտուի քաղաքակրթութեան առաւելութիւններէն, արուեստագիտութեան դիւրութիւններէն, յառաջդիմութեան առիթներէն։ Բայց, պէտք է ընդունինք, թէ մարդ նաեւ զգացումներ ունեցող, զգացումներով ապրող «անձ» մըն է։
Մարդ, արդարեւ, «անձ» է իր զգացումներով, բայց նաեւ՝ բանականութեամբ, տրամաբանութեա՛մբ։ Ուրեմն, հարցը այն է, որ «անձ» կոչուելու համար, մարդ ինչպէ՞ս պիտի կարենայ ներդաշնակել զգացումը եւ բանականութիւնը։
Մարդ, այնքան բարձր անձնաւորութիւն մը կ՚ըլլայ՝ ո՛րքան հաւասարակշռուած եւ ներդաշնակեցուցած է իր զգացումները եւ բանականութիւնը։ Եւ անշուշտ, այս երկու արժէքներուն կ՚ընկերանայ նաեւ մարդուս մարմնական-ֆիզիքական էութիւնը։ Ուստի, մարդ էակը «անձ» մըն է՝ մարմնաւոր, մտաւոր եւ զգացումներով, ամբո՛ղջ մը։
Դարս մեքենայացման դար մըն է, կարելի է ըսել, որ մարդուս ձեռքի աշխատութեան տեղը, մեծ մասամբ գրաւած է մարդակերպ մեքենան՝ որ շինուած է դարձեալ մարդուս կողմէ։ Ըսե՞նք որ, մարդ գերին եղած է իր իսկ արտադրած մեքենային…
Այս պարագան, մարդս հետզհետէ դարձուցած է նիւթապաշտ էակի մը։ Նիւթապաշտութիւնն է երբ խնդրոյ առարկան, հոն այլեւս կը կորսնցնէ իր արժէքը զգացումը, նաեւ խիղճը, եւ մարդ կ՚ապրի միայն նիւթական աշխարհի մը մէջ՝ մեքենաբա՛ր։ Եւ քանի որ մեքենան կ՚աշխատի նախապէս ծրագրուած դրութեան մը մէջ, ուրեմն կարելի է ըսել, որ բանականութիւնը եւ տրամաբանութիւնն ալ կը կորսնցնեն իրենց էական կարեւորութիւնը, եւ մարդ կը վարուի մեքենայի մը ծրագրին ծառայելով եւ անոր սահմանափակումին մէջ, հաւատարիմ «ծառայ»ի մը նման։
Արուեստագիտականութեան, մեքենայացման այսքան կապուած մարդն ալ կը կորսնցնէ իր «անձ» ինքնութիւնը։ Բայց մարդը «մա՛րդ» է, եւ մեքենան՝ «մեքենա՛յ»։
Թերեւս ոմանք մեր այս գաղափարները յետադիմական եւ խիստ աւանդապաշտութեան վերագրեն եւ նոյնիսկ «յետամնաց», անցեալի մէջ ապրող մէկը նկատեն մեզ։ Եթէ գիրը գրիչով կը գրենք եւ կը մերժենք համակարգիչի ստեղնաշարէն օգտուիլ, ա՛յս անդարմանելի «յետամնաց» մը ըլլալ յարմարագոյն որակումն է մեզի համար։ Բայց, գրիչով գրուած գրութեան մէջ -այդպէս կը խորհինք- որ հոգի կայ, զգացում կայ, երբեմն արցունք, երբեմն ժպիտ կայ։ Մին գրողը ձեռքն է, միւսը՝ ստեղնաշարը…
Հապա ի՜նչ ըսել սա բջիջային հեռաձայնին, որ ոմանք «գրպանի հեռաձայն» կը կոչեն. ան մեզի աւելի մօտ է յաճախ քան մեր սիրելիները, մեր ընտանիքը։
Եւ հեռատեսի՞լը. ոմանք անով կ՚արթննան, անով կը քնանան. ասիկա արուեստագիտութեան տիրապետութիւնը չէ՞ մարդուս թէ՛ բանականութեան, թէ՛ զգացական աշխարհին վրայ։
Օգուտ չունի՞ ուրեմն արուեստագիտութիւնը։
Վնասակա՞ր է ուրեմն մեքենան։
Անշո՛ւշտ որ ոչ, բայց անոնք օգտակար կ՚ըլլան այն չափով, երբ անոնք գործածուին չափաւոր կերպով եւ իրենց նպատակին յարմար կերպով։ Զոր օրինակ, բջիջային հեռաձայնը՝ արդեօք մօտեցուց մարդիկը, թէ հեռացուց։ Ըստ մեր համեստ կարծիքին, տեսնուածը այն է, որ մօտինները հեռացուց եւ հեռուինները մօտեցուց։ Ինչպէ՞ս։ Մարդ երբեմն երբ կը խօսի բջիջային հեռաձայնով իր մէկ հեռաւոր բարեկամին հետ, կրնայ անտեսել, զայն առնել անմիջապէս իր քով գտնուող եղբայրը։ Չէ՞ պատահած որ ձեր բարեկամը մօտեցած է ձեզի՝ անձամբ, դէմ դիմաց խօսելու համար, եւ երբ դուք բջիջային հեռաձայնով կը խօսիք ուրիշի մը հետ, մերժած էք անոր խօսքը, գոնէ այդ պահուն չէք ուզած խօսիլ անոր հետ, եւ ըսած. «Հիմա զգաղած եմ, աւելի վերջ կը խօսինք…»։ Ի՞նչ պատահեցաւ ուրեմն. հեռաւորին համար մօտաւորը թերեւս վիրաւորեցինք։
Ուրեմն սա՛ է հարցը սիրելի՜ բարեկամներ, մեքենանե՞րը զգացումները, թէ ոչ զգացումները մեքենաները պիտի յաղթահարեն եւ պիտի ոչնչացնեն։
Այս կը նշանակէ, թէ մարդ իր ձեռքով ստեղծած արուեստագիտութենէն եւ մեքենայէն իրեն «թշնամի» մը հասցուցեր է։ Ասիկա, անշուշտ արուեստագիտութեան եւ մեքենային յանցանքը չէ, այլ մարդո՛ւն, որ չէ կրցած իր նպատակին յարմար օգտագործել զանոնք։ Արդարեւ, նպատակը եւ միջոցը պէտք է լա՛ւ զանազանել. երբ միջոցը նպատակին տեղ կ՚անցնի, այն ատեն օգուտէ աւելի վնա՛ս կը պատճառէ։
Այս գաղափարները, զուտ մեր գաղափարները չեն անշուշտ, տարիներ առաջ Samuel BUTLER (1835-1902) արտայայտուած է, երբ արուեստագիտութիւնը եւ մեքենայացումը այսքան չէր յառաջացած եւ ընդհանրացած։
Մարդ որքան ունի մարմնական պահանջներ, ֆիզիքական պիտոյք, բայց ունի նաեւ զգացում՝ ինչ որ չունի մեքենան։
Մարդ, շատ դրամ շահիլ կ՚ուզէ, չէ՞։ Այո՛, շատ բնական է ասիկա։ Ինչո՞ւ։ Նիւթական պաիճառներով։ Այո՛, այդ ալ բնական է, բայց մարդ շատ շահիլ կ՚ուզէ, որպէսզի նաեւ լաւ դիրքի մը տիրանայ, իր շրջանակին մէջ «ազդեցիկ եւ յարգելի մէկը» երեւի, եւ ամէն մարդ հիանայ անոր վրայ։
Սիրելի՜ներ աւելի լա՛ւ է որ մարդ իր իսկ ինքնութեամբ յարգելի ըլլայ, եւ ո՛չ՝ իր նիւթական վիճակով…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 12 2022, Իսթանպուլ