ՎԵՐՍՏԻՆ ՄԱՀԱՔՈՒՆ ՏՈՒԷ՛Ք
Ճակատագիրը որոշած էր այդ օր մահաքունէն վերստին կեանքի կոչել երկար տարիներ մահաքունի մէջ եղող հայոց լեզուի նուիրեալ մը՝ իր տեսակին մէջ արդէն վերջի՛նն ու միակը: Ինչքա՞ն ժամանակ այդ վիճակի մէջ էր. բժիշկները եւս տեղեակ չէին, որովհետեւ հիներուն տեղ եկած էին նորերը եւ զինք գտած այդ վիճակին մէջ՝ աւելի քան մի քանի տասնեակ տարիներ: Շատ անգամ անյոյս նայած էին արհեստական շնչառութեան, մինչեւ իսկ անոր մահուան թուականին մասին երկուքը գրաւ եկած էին, սակայն կեանքը իր անակնկալներով յաջողած էր զանոնք զարմանքի մատնել:
Մահուան յաղթած լեզուի մշակը պահ մը կ՚ընկրկի. որքա՞ն ժամանակէ այդտեղ էր ինք. ուշացա՞ծ էր մայրենի լեզուի դասապահէն, աշակերտները սորվա՞ծ էին իր տուած թելադրութիւնները.... ձեռքի ժամացոյցը նոյնիսկ հանած էին. հաւանաբար հանրակառքը զինք սպասած ու հեռացած էր արդէն:
Հալածական մտածումները մէկդի դնելով կը փորձէ դուրս գալ անկողինէն՝ քիթին տակէն «աշակերտներս զիս կը սպասեն» մը մրմնջալով: Վրայ կը հասնին բժիշկները, որոնք կը փորձեն խափանել անկողինէն դուրս գալու փափաքը. կը հարկադրուի կատարել անոնց հրահանգները. վերջապէս անոնք ինչպէ՞ս պիտի կարենային հասկնալ կորսուող այդ դասապահին կարեւորութիւնը հայ լեզուի մշակի մը համար, որ ուխտած էր ամբողջ կեանք մը նուիրել անոր:
Օրեր ետք վերջապէս բախտը կը վիճակուի դուրս գալու կեանքի եւ մահուան պայքարի մարտադաշտէն՝ ուրկէ յաղթական դուրս գալը ճակատագիրը ամէնուն չի՛ վիճակիր:
Հիմա արդէն փոխուած է ամէ՛ն բան. փողոցները նոյնն են, սակայն փոխուած են շէնքերը, խանութներն ու մայթերը. փոխուած են մինչեւ իսկ մարդիկ՝ իրենց վարքով ու բարքով, նոյնիսկ արտաքինով: Նոր լոյս եկած մանուկի մը նման կը սկսի հետաքրքրութեամբ զննել իր շուրջը, սակայն իր վրայ ո՛չ ոք ուշադրութիւն կը դարձնէ:
Յիշողութեան վրայ հիմնուելով կը սկսի քայլերը ուղղել դէպի հո՛ն՝ ուր իր սիրտն ու հոգին կը բաբախէ: Մտահոգ է սակայն. իր բացակայութեան համար ի՞նչ բացատրութիւն պիտի տար. աշակերտները տեղեա՞կ էին արդեօք իր հետ պատահածներէն: Մտածումներով տարուած կը հասնի այն փողոցը, ուր կը գտնուի հայկական վարժարանը. փողոց` ուր ուխտած էր յաճախել մինչեւ վերջին շունչը, որովհետեւ նուիրեալ ուսուցիչի մը համար չի՛ կրնար գոյութիւն ունենալ աւելի սրբազան տեղ՝ քան դպրոցն ու դասարանը:
Քայլերը կ՚արագցնէ մինչեւ դպրոց, սակայն սեմին վրայ գամուած կը մնայ. վստահ ըլլալու համար դարձեալ կը ստուգէ փողոցը. սխալած չի կրնար ըլլալ. մարդ ինչպէ՞ս կրնայ մոռնալ վայր մը՝ ուր կատարած է իր կեանքի մեծագոյն ուխտերէն մին...: Սակայն ներս մտնելու ուժը կը պակսի: Դուռին վրայ գրուած օտարազգի բառերը կը մտահոգեն զինք. չէ՞ որ հոն երկար տարիներ շարունակ գրուած էր Ազգային Դպրոցի անունը. ո՞ւր էր այսօր:
Հալածական այս հարցումները յանկարծ վերջ կը գտնեն օտարազգի աշխատողի մը միջամտութեամբ. կը տատամսի: Միտքը հազար ու մէկ բան ըսել կ՚ուզէ, սակայն լեզուն կը մնայ յաղթուած. Հայ լեզուի մշակին մօտ դպրոցի փակուելուն ականատես ըլլալու քաջութիւնը կը պակսէր:
Պահ մը լաւատեսութեան միտք մը կը ծագի. հաւանաբար դպրոցը փոխադրած ըլլան աւելի մեծ, աւելի յարմար վայր մը. վերջապէս իրենց դպրոցը փոքր էր: Հաւանաբար աշակերտներու աճի պատճառով նախընտրած էին փոխադրուիլ աւելի հսկայ տարածք մը եւ այդ ակնկալութեամբ կը սկսի մի քանի հոգիի հարցնել հայկական դպրոցի նոր հասցէն. անոնցմէ մին նուազագոյնը լսած պէտք է որ ըլլայ տեղափոխութեան մասին:
Սիրտը ալեկոծ կը սկսի շրջիլ փողոցէ փողոց. յանկարծ կը յիշէ գաղութի միակ հայկական թերթին մասին. ինչպէ՞ս չմտաբերեց, որ նման տեղեկութիւն մը կրնայ ստանալ շրջանի միակ թերթի խմբագրութենէն. վստահաբար դպրոցի տեղափոխութեան լուրը մեծ ուրախութեամբ յայտարարած ըլլալու էր նաեւ թերթը՝ որպէս հպարտութիւն գաղութի ծաղկումին:
Գոց սորված դասի մը ինքնավստահութեամբ քայլերը կ՚առաջնորդէ դէպի խմբագրատուն. հո՛ն եւս կեանքը անակնկալ մը կը պարզէ հայ լեզուի մշակին դիմաց. տատամսելով անցորդի մը կը հարցնէ թերթին մասին. «թե՞րթ» զարմացած կը կրկնէ անցորդի մօտ գտնուող մանուկը, առաջին անգամ նման բառ մը լսածի մը տպաւորութեամբ:
Այս քաոսային վիճակէն դուրս գալու համար վազելով քայլերը կ՚ուղղէ դէպի հայկական եկեղեցի. վերջապէս կիրակի է եւ վստահաբար մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս կը պատարագուի այդտեղ:
Մահաքունէն ետք երկրորդ անդամ կեանք կը ստանայ հեռուէն տեսնելով եկեղեցւոյ գմբէթները. «հո՛ն են, բոլորը հո՛ն են» կ՚ըսէ իւրովի. «հո՛ն է դպրոցն ալ, թերթն ալ» ու այս լաւատես համոզումներով կ՚արագցնէ իր քայլերը:
Եկեղեցւոյ բակը առաջուայ համեմատած դատարկուած կը տեսնէ. «հաւանաբար պատարագը չէ սկսած» ըսելով ներս կը մտնէ եկեղեցի եւ սարսուռ մըն ալ այդտեղ կ՚ունենայ. խորանին վրայ կանգնած եկեղեցականը մատի վրայ հաշուող հաւատացեալներուն կը քարոզէ օտար լեզուով. այդտեղ չի՛ լսուիր «Տէր ողորմեայ», չի՛ լսուիր «Հաւատամք». մնացած է միա՛յն ամէնը՝ այդ ալ անգլերէնի ոճով մը պարզապէս:
Կ՚ուզէ դարձեալ վերադառնալ հիւանդանոց, գամուիլ մահաքունի անկողինին ու կամովի պարտուիլ ա՛յն մարտին՝ ուրկէ յաղթական դուրս եկած էր մի քանի օրեր առաջ...:
Յ. Գ. Ա՛յս է վիճակը գրեթէ մեր բոլոր գաղութներուն... մի քանի տասնամեակ ետք ցաւ ի սիրտ մահաքունէն ազատուածի վիճակը պիտի ունենանք գրեթէ բոլորս:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -75-
Մեր գաղութները առաջնորդողներ յաճախ կը կարծեն, որ իրենց մեծագոյն պաշտօնն ու պարտականութիւնը միայն տնտեսական բաժնին մէջ կը կայանայ: Անոնք պաշտօնի անցնելէ ետք կ՚ունենան այն համոզումը, որ իրենց պաշտօնը գանձանակը փայլուն վիճակի մէջ պահելուն մէջ կը կայանայ. անոնց ժողովներուն մեծամասնութիւնը այդ գանձանակին շուրջ է որ կը դառնայ:
Տարիներ առաջ սփիւռքի գաղութներէն մին նկատի ունենալով աշակերտներուն շատ չըլլալը եւ այդ իսկ պատճառով բաւարար եկամուտ չըլլալու դժբախտութիւնը, արդար նկատեց դպրոցը վարձով տալ օտարներուն՝ հանգիստ ըլլալով ապահով եկամուտ մը ունենալու:
Ժողովներու ընթացքին մեծ գիւտ մը ըրածի պէս բացատրուեցաւ վարձքէն գալիք գումարին եւ անոր տալիք օգուտներուն մասին եւ այսպիսով նախընտրելի դարձաւ դպրոցի մը առ յաւէտ փակուիլը... ի հեճուկս գանձանակին...:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ