ԴԱՏԵԼ ԵՒ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵԼ

Օրէնքներ բոլորովին անօգուտ եւ անիմաստ են, երբ չեն նպաստեր մարդոց բարիքին՝ կատարելութեան եւ յառաջդիմութեան։ Արդարեւ, օրէնքը արգելքներու հաւաքածոյ չէ՛, ինչպէս երբեմն այդպէս կը կարծուի եւ այդպիսի համոզում մը գոյութիւն ունի, այլ ուղեցոյց մը՝ թէ ի՛նչ պէտք է ընել երջանիկ ապրելու համար՝ կատարեալ ըլլալու եւ յառաջդիմելու համար։ Այս իմաստով, օրէնքը՝ «բացատրագիր» մը «prospectus» մըն է կեանքը խաղաղութեան մէջ հաշտ եւ հանգիստ ապրելու համար։ Արդարեւ, օրէնքը մարդո՛ւն համար է եւ ո՛չ թէ՝ մարդը օրէնքին համար եւ ա՛յս է Աւետարանի ալ հասկացողութիւնը։ Եւ ուրեմն, օրէնքներ պէտք է դառնան մարդկային բնութեան եւ նկարագրի ազնուացման եւ մտքի զարգացման։

Օրէնքը առաջնակարգ ուժն է ազատութեան սկզբունքին։ Բայց առանց ազնուացման եւ զարգացման բարիքին եւ բարի ազդեցութեան, օրէնքը ո՛չ միայն ազատութիւն չէ, այլ՝ ընդհակառակը, կատարեալ բռնակալութի՛ւն մը եւ անիմաստ պարտադրանք միայն։

Իրականութիւն մը գոյութիւն ունի ազատութեան մէջ՝ օրէնքի նկատմամբ։ Իրականութիւն է, թէ մղիչ ուժ մը կայ ազատութեան մէջ, որ գերիվեր է օրէնքով պարտադրուածէն եւ ստոյգ է, թէ մարդեր կան, որոնք վե՛ր են օրէնքներէն եւ անոնք միայն ուղիղը եւ բարին կը գործեն, հրամայուելով իրենց բարձրագոյն կեանքի ազատութեան օրէնքէն։

Ազատ բայց հպատակ եւ համակերպ։

Ազատ՝ արտաքին խառնաշփոթութենէն, քաոսէն եւ ժխորէն, սակայն հպատակ՝ այն բարձրագոյն օրէնքին, որ իրենց մէջ կը զգացուի եւ իրենց գործել կու տայ համաձայն գերագոյն Դատաւորի պահանջքին։ Բոլոր մեծ եւ ստեղծագործ անհատներ տէրն են այս ներքին ազատութեան։

Ահաւասիկ, այս օրէնքովն է, որ պիտի դատուին մարդիկ օր մը՝ Դատաստանի մեծ եւ պայծառ աթոռին առջեւ։ Եւ հոն է, ուր «առաջինները պիտի ըլլան վերջին, եւ վերջինները՝ առաջի՛ն»։

Հետեւաբար դատելու եւ դատապարտելու ստուգանիշը արտաքին իրողութիւններու պատկանելէ աւելի, ակնարկութիւնն է մարդուն ներքին իրականութեան, մարդուն «ներքին օրէնք»ին։ Աշխարհի վրայ գործադրուած օրէնքին համաձայն, այն որ կը գործէ՝ միայն ա՛ն կրնայ շահիլ իր հացը։ Սակայն այս սկզբունքն իսկ ճիշդ չի՛ գործադրուիր մարդկային կեանքին մէջ։ Որովհետեւ անոնք որ չեն աշխատիր, չեն գործեր, կ՚ունենան դարձեալ հոս իրենց հացը, եւ անոնք որ կը քնանան, ունին շատ աւելին՝ քան անոնք որ կը հսկեն օրն ի բուն։

Նոյնը չէ սակայն պարագան հոգեւոր կայքի ազատութիւնը եւ մարդկային կեանքի փոխյարաբերութեանը մէջ։ Հոն անձրեւը չի տեղար համահաւասար արդարին եւ անիրաւին վրայ, ո՛չ ալ արեւը կը փայլի բոլորին համար հաւասարապէս։ Հոն, այդ կարգին մէջ եւ դատաստանին առջեւ է, որ գործողը պիտի ունենայ ի՛ր հացը եւ տառապողը՝ իր հանգիստը։

Իրական եւ բացարձակ արդարութիւն չկայ մարդկային կեանքին մէջ, եթէ անոր չհսկէ Ամենատեսին աչքը եւ չուղղէ մեր սիրտը եւ կամքը՝ համաձայն Իր արդարութեան եւ արդար դատաստանին։

Տակաւին, դժբախտաբար, մարդկային դատաստանը եւ դատապարտութիւնը կը շարունակէ իր մէջ ոխակալութեան եւ վրէժխնդրական վա՛տ զգացումներ եւ կը նուիրագործէ չարը փոխանակ բարիի եւ ոճիրը փոխանակ վարձատրութեան եւ նուիրումի՛։

Ուստի, չարիքին դէմ միակ կռուելու կերպը բարի՛ք աճեցնելն է, ահա քրիստոնէական կերպ մը՝ որ կը պատուիրուի մարդոց ազնուացման եւ բարիքին ի խնդիր…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 20, 2023