ՄԱՆԿԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆ (Բ.)

ՄԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ՇՐՋԱՆ

Յօդուածի առաջին մասով խօսեցանք, թէ ինչպիսի կազմաւորման շրջան կ՚անցընէ նորածին մանուկ մը՝ մինչեւ երկու տարեկան. այժմ պիտի խօսինք մանկական երկրորդ շրջանին մասին։

Ա.- ՄԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ՇՐՋԱՆ (2-4 տարեկան).- Մանուկի կեանքի այս ժամանակաշրջանը իր կեանքի առաջին շրջանին բնազդաբար ըրածները հասկնալու շրջանն է: Իր մանկութեան առաջին շրջանին սորվածները կը սկսի աւելիով հասկնալ, անոր մօտ կամաց կամաց ըմբռնում հասկացողութիւնը կը յառաջանայ եւ առաջին շրջանին տեղի ունեցող բոլոր երեւոյթները զարգացման շրջան մը կ՚ապրին: Մանկութեան երկրորդ այս շրջանին մանուկը կը սկսի սկզբնական շրջանին սողալով եւ ապա իր ոտքերուն վրայ կենալ, քայլել, ապա վազել, ինչ որ իր մօտ կը ստեղծէ ազատութեան հանդէպ ըմբռնումը. եթէ մանկութեան առաջին շրջանին կաշկանդուած ազատութեամբ մը կը շարժէր, այժմ կը զգայ, որ իրեն տրուած է ազատութիւն, ինչ որ իր շուրջ դարձող աշխարհը ուսումնասիրելու, գիտնալու եւ սորվելու յատուկ հետաքրքրութիւն մը կը ստեղծէ:

Այս ազատութեան մէջ տեղ կը գտնէ նաեւ պէտքը արտայայտելու երեւոյթը. մանկութեան առաջին շրջանին իր ուզածները լալով հասկցնել փորձել ուզող մանուկը արդէն լեզուի դուրս գալով կը սկսի իր ցանկութիւնները յայտնել:

Այս շրջանին մանուկը մտապէս եւս կը զարգանայ. արդէն կամաց կամաց կը սկսի զանազանել գոյները, ձեւերը, չափերը եւ այլն: Իր մանկական բանականութեան մէջ իւրաքանչիւր առարկայ կը սկսի իր անունը ունենալ՝ հիմնուած իր ընտանիքի անդամներուն գործածած բառամթերքին հիման վրայ: Թէ՛ մանկական առաջին շրջանին եւ թէ յետոյ «ջուր»ին ինչ լսած ու տեսած ըլլալուն համար արդէն իսկ նոյնիսկ երկար նախադասութիւններ կազմելու անկարող «ջուր» բառը դուրս կու տայ. այդ է պատճառը, որ մանկավարժներ յաճախ կրկնութեան կարեւորութիւնը կը շեշտեն, որովհետեւ մանուկին միտքը իր տեսածներով ու լսածներով է, որ կը լեցուի եւ իր բանականութիւնը կը կազմուի:

Կը տեսնենք, որ մանկական այս շրջանին մանուկը անկախութիւն մը ձեռք կը բերէ. կը սկսի իր «ոչ»ը ըսել այս կամ այն երեւոյթին. կ՚ունենայ մղումը ամէն բան ինքնուրոյն ընելու եւ ինքնավարութիւն մը ձեռք բերել կը փորձէ:

Մանկութեան այս երկրորդ շրջանին է, որ կը սկսի կազմուիլ մանուկի մը բնաւորութիւնը։ Ուրախութեան ու հաճոյքի զգացումը մանկութեան առաջին շրջանին մանուկը ճանչցած կ՚ըլլայ արդէն. երկրորդ այս շրջանին կը ծանօթանայ ջղայնութեան հետ եւ աւելիով կը կազմաւորուի անոր յուզական աշխարհը: Այս շրջանակին մէջ անոնք կը սկսին նաեւ զգալ ու ծանօթանալ այլոց զգացումները. կը սկսին զանազանել ու հասկնալ, թէ մայրը կամ հայրը ե՛րբ ջղային եւ երբ ուրախ է եւ այդ բոլորը իր յուզական կեանքին վրայ մեծ ազդեցութիւն կ՚ունենան: Օրինակի համար, չենք տեսած մանուկ մը, որ ծիծաղի ու խնդայ՝ երբ տան մէջ նիւթի մը շուրջ վէճ գոյութիւն ունենայ, որովհետեւ ինք հակառակ իր փոքր տարիքին, կը սկսի զգալ ու քննել մթնոլորտը. կը տեսնենք սակայն մանուկներ, ուրախ առիթներով ինչպէս խանդավառ շարժումներ կը կատարեն՝ շուրջիններուն ուշադրութիւնը աւելիով գրաւելով:

Մանկական այս երկրորդ շրջանին մանուկը կը սկսի ունենալ նախապատուութիւններ եւ հակակրանքներ. անոնց մօտ ուզելու եւ չուզելու, սիրելու եւ չսիրելու զգացումը կը զարգանայ եւ իրենց ինքնութեան ու բնաւորութեան հիման վրայ կը սկսին այս կամ այն խաղալիքը աւելի սիրել, իսկ միւսը չսիրել: Պէտք է նկատի ունենանք, որ այդ տարիքին կազմուած նախասիրութիւնը մեծ կարեւորութիւն ունի թէ՛ մանուկի եւ թէ ապագայի պատանիի իր կեանքին մէջ: Այդ իսկ պատճառով մանկավարժութիւնը յաճախ դէմ է ծնողներուն կողմէ մի՛շտ ի գործ դրուած պարտադրանքներուն, որովհետեւ հակառակ որ մօրը եւ հօրը տրուած է զաւակը կրթելու եւ առաջնորդելու սրբազան պաշտօնը, պէտք է նկատի ունենան նաեւ, որ այդ տարիքին կատարուածներուն հիման վրայ է, որ յառաջ կու գայ ապագայ պատանին ու երիտասարդը:

Մանկական առաջին շրջանին ըսինք, թէ մանուկը կ՚ընդօրինակէ այն՝ ինչ որ իր շուրջ կը տեսնէ. մանկական առաջին շրջանին մանուկը իր կամքէ անկախ այդ շարժումները կը նմանակէ, սակայն մանկութեան երկրորդ շրջանին այդ մէկը անգիտակից վիճակէն դուրս գալով գիտակցաբար կ՚ընդօրինակուի մանուկին կողմէ, այդ իսկ պատճառով մանուկին դիմաց պէտք է հաշուի առնել կատարուած ամէն արարք ու խօսք: Ծնողներու կողմէ գիտակցաբար եւ կամ անգիտակցաբար կատարուած ամէն երեւոյթ տեղ կը գրաւէ մանուկին բանականութեան մէջ եւ նկատի ունենալով, որ այդ տարիքին մանուկը կատարեալ վստահութիւն մը կ՚ունենայ իր ծնողներուն նկատմամբ, սխալները եւս յաճախ որպէս ճիշդ կ՚ընկալէ եւ իր թէ՛ մանկական եւ թէ ապագայ կեանքին մէջ ի գործ կը դնէ:

Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ, որ այդ տարիքին մանուկին մէջ աւելիով կը հրահրի հետաքրքրութիւնը. այդ տարիքին է, որ անոնք կամաց կամաց կը զգան տղուն եւ աղջկան տարբերութիւնը. այդ տարիքին է, որ մանուկին միտքին մէջ կ՚արձանագրուին մանրամասնութիւններ. օրինակի համար, աղջկան մազերը երկար կ՚ըլլան, իսկ տղուն մազերը՝ կարճ. տղաները պեխ ու մօրուք կ՚ունենան՝ սակայն աղջիկները ոչ:

Վերջին ու կարեւոր մէկ երեւոյթը, որ մանկական երկրորդ շրջանին, մանաւանդ մանկական ժապաւէններու ճամբով մանուկին միտքին մէջ ամէն առարկայ իր ձեւը կ՚ունենայ: Օրինակի համար, եթէ 2-3 տարեկան մանուկի մը ըսէք տուն նկարէ, կրնաք վստահ ըլլալ, որ շէնքեր նկարելու փոխարէն անոնք պիտի նկարեն եռանկիւն տանիքով տուներ՝ ծխնելոյզով՝ նոյնիսկ եթէ իրենց կեանքին մէջ երբեւէ նման տուն մը տեսած չըլլան. այդ ժապաւէններու ճամբով է որ անոնց միտքին մէջ պիտի նկարագրուի շունին, կատուին, տունին, պալատին եւ այլ գոյականներու պատկերները:

•շարունակելի…

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -373-

Ողորմած հայրս ընկեր մը ունէր, որ օրը աւելի քան տասն անգամ կը հեռաձայնէր հօրս. ամէն անգամ որ զանգէր, հայրս կը դժգոհէր, կը տրտնջար, սակայն յամենայնդէպս կը պատասխանէր:

Օր մը զանգողը որպէս հիւր մեր տուն եկաւ. եղբօրս երեք տարեկան աղջիկը առանց վայրկեան մը կորսնցնելու հիւրին հետեւեալը ըսաւ.-

-Ինչո՞ւ համար տէտէիս կը զանգես.... ամէն անգամ որ զանգես կը ջղայնանայ:

Ինչքա՜ն անմեղ են անոնց բողոքներն ու արտայայտութիւնները՝ հեռու շահերէ եւ յետին մտածումներէ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 20, 2023