ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Առողջ «հանրային կարծիք» մը կարեւոր դեր կը խաղայ ընկերային կեանքի զարգացման մէջ։ Եւ ուրեմն առողջ հանրային կարծիքի մը կազմութեան եւ զօրացման համար ի՞նչ գործօններու կը կարօտի հասարակութիւն մը։

Դաստիարակութիւնը, անտարակոյս, առողջ հանրային կարծիքի մը կազմութեան առաջնակարգ ազդակներէն մին է։ Արդարեւ, լաւ, ուղիղ եւ դրական կերպով կատարուած դաստիարակութիւնը մեծ եւ կարեւոր դեր կը խաղայ առողջ ընկերային կեանքի մը հաստատման, պահպանման եւ տեւականացման գործին մէջ։ Ուժեղ ազդա՛կ մըն է դաստիարակութիւնը, որուն միջոցով կը հասնին զօրաւոր նկարագրի տէր անհատներէ կազմուած, զարգացած սերունդներ՝ որոնք կը կերտեն ապագան։ Եւ ապագան կը շինուի ներկային վրայ՝ որուն հիմքը կը կազմէ անցեալը։ Այս իսկ պատճառով՝ ապագային հանդէպ պատասխանատո՛ւ է ներկան, ինչպէս անցեալը՝ ներկային հանդէպ։ Շղթայի մը օղակներն են անցեալը, ներկան եւ ապագան, որոնցմէ եթէ մին վնասուի՝ ամբողջ շղթան անգործածելի՛ կը դառնայ։

Առողջ հանրային կարծիքի մը կազմութեան հարցին, անշուշտ, դաստիարակութիւնը միակ ազդակը չէ, այլ ունի գործակիցներ, օգնականներ, լրացուցիչներ, օժանդակներ. զոր օրինակ, մամուլը՝ որ թերթերու կամ գիրքերու հրատարակութեամբ զօրաւոր ազդակ մը կը հանդիսանայ հանրային կարծիքին հաստատման եւ զարգացման, պաշտօն եւ պատասխանատուութիւն ունենալով միտքերը ուղղելու եւ առաջնորդելու կրթական, բարոյական, տնտեսական եւ կամ քաղաքական մարզերու մէջ։

Բեմերը, եկեղեցական ըլլան թէ կրթական, ինչպէս նաեւ մշակութային կամ բարեգործական կազմակերպութիւններ, այդ ուղղութեամբ կոչուած են շատ կարեւոր եւ կենսական գործեր կատարել ի նպաստ հասարակութեան։

Արդարեւ, ուժեղ, հզօր եւ անհրաժեշտ ազդակներ են այս բոլորը, լաւագոյնները՝ զորս կ՚օժանդակեն դաստիարակութեան եւ անոր արդիւնաւորութեան։

Եւ սակայն, պէտք է նկատել, եւ մանաւանդ շեշտել, թէ ասոնք ինքնին «հրաշագործ» զօրութիւններ չեն։ Գործիքներ, միջոցներ են լոկ, որոնց արդիւնաւորութիւնը կախում ունի զանոնք գործածող ձեռքերէն, այսինքն՝ ետեւը գտնուող մարդէն։

Արդարեւ, ամենէն օգտակար գործիքն իսկ անճարակ գործաւորի մը ձեռքը կրնայ անօգուտ, նոյնիսկ վնասակար եւ վտանգաւոր միջոց մը հանդիսանալ։ Կեանքի մէջ շատ են օրինակները. օրինակի համար, մկրատը եւ կամ դանակը ըստ էութեան օգտակար՝ կեանքը դիւրացնող գործիքներ են, բայց սխալ կամ չարամտութեամբ գործածութիւն մը կրնայ զանոնք վտանգաւոր, վնասակար գործիքի մը վերածել՝ մարմնական վիրաւորանքներու պատճառ դառնալով, մինչեւ իսկ կեանքի սպառնալով։ Ուրեմն, գործիքը կամ միջոցը կախում ունի զանոնք գործածողին վիճակէն, բարեմտութեամբ կամ չարամտութեամբ, եւ կամ վարպետութեամբ կամ անփորձութեամբ գործածուելէն, այսինքն ենթակային ընդհանուր վիճակէն։

Ճարպիկ մէկը գործիքը օգտակար կը դարձնէ, իսկ անճարակ կամ անփորձ մէկը՝ վտանգաւոր եւ վնասակա՛ր։ Եւ մանաւանդ դաստիարակութիւնն ալ, որպէս մարդուս զարգացման միջոց, հմուտ ձեռքերու մէջ միայն կրնայ կատարել իր կարեւոր եւ կենսական դերը եւ օգտակար ըլլալ սերունդներու զարգացման դրականօրէն։ Հանգամանօրէն կատարուած դաստիարակութիւն մը միայն կրնայ հասնիլ իր նպատակին եւ օգտակար ըլլալ հանրային առողջ կարծիքի մը կազմութեան եւ տեւականացման։

Գործիքիը զայն գործածողին, միջոցը զայն օգտագործողին նկարագրին եւ գաղափարականին հետ համեմատական ընթացք մը ցոյց կու տան։

Գործիքը եւ գործածողը համերաշխ ըլլալու է. դաստիարակութիւն եւ դաստիարակ, գիր եւ գրող, խօսք եւ խօսող նպատակով եւ գործով իրարու համապատասխան պէտք է ըլլան։ Ուստի, գործիքին եւ զայն գործածողին նկարագրին համաձայնութիւնն է, որ կը նպաստէ առողջ հանրային կարծիքի մը շինութեան։

Կան մարդիկ, որոնց համար սուտը եւ խարդախութիւնը յաջողութեան անհրաժեշտ պայմաններ են. թեթեւաբարոյութիւնը եւ ամէն տեսակ անպատշաճութիւն շատերու կողմէ «ընկերային կեանքի պահանջք» կը նկատուին։

Այս մտայնութեան տէր մարդիկ, զանազան մոլութիւնները անմեղ ժամանցներու կարգին կը դասեն։ Եւ ի՜նչ բարերար արդիւնք կարելի է սպասել այն գործիքներէն՝ որոնք կը գործածուին իրարու այսքան ներհակ գաղափարներու տէր անձերու կողմէ։ Ահաւասիկ, այսպէս, մարդիկ կենսական սկզբունքներու մասին այսքան թիւր եւ այսքան վնասակար ըմբռնումներ կը ստեղծեն եւ կը սնուցանեն…։

Հանրային առողջ կարծիքի մը կազմութեան մէջ յիշեալ միջոցներուն հետ, երբեմն անոնցմէ ալ կարեւոր դեր մը կը կատարեն խոնարհ յարկերու մէջ դեռահաս միտքերու եւ հոգիներու հետ ամէնօրեայ շփում ունեցող պարկեշտ, ողջախոհ եւ պատուախնդիր անձեր, որոնք գիտակից են իրենց «մարդ» կոչումին եւ պատասխանատուութեան՝ ո՛չ թէ միայն իրենց իմաստուն խորհուրդներով եւ խօսքերով, այլ եւ մանաւա՛նդ իրենց կեանքի օրինակով կը կաղապարեն փափկասիրտ հոգիները, եւ իրենց արիւնէն արիւն, ոսկորէն ոսկոր կու տան իրենց շուրջիններուն։

Արդարեւ, պէտք է շեշտ դնել «պարկեշտ», «ողջախոհ» եւ «պատուախնդիր» ըլլալու մասին, քանի որ այդ առաքինութիւններով վարուող անձեր մեծ եւ կարեւոր ծառայութիւն մը կը մատուցանեն ո՛չ միայն իրենց անմիջական շրջանակին, այլ նաեւ համայնքին, ընկերութեան եւ ամբողջ մարդկութեան իրերայաջորդ ազդեցութիւններով։ Իւրաքանչիւր անհատ պէ՛տք է գիտակցութիւնը ունենայ իր դերին՝ ապագայի կազմութեան կենսական գործին մէջ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 15, 2018, Իսթանպուլ 

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2018