ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԵԱ՛ՆՔ Է

Համբերութիւնը կեա՛նք է… Բայց կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը մարդուս ցոյց կու տայ թէ՝ համբերութեան շատն ալ տանջա՛նք է։ Սակայն այս վերջինը կը հակասէ համբերութեան իմաստին, քանի որ համբերութիւնը իր իսկական իմաստը կը գտնէ երբ մարդ այդ «տանջանք»ին ալ տոկալու, դիմադրելու քաջութիւնը ցոյց կու տայ։ Արդարեւ, համբերութիւնը հանդարտութեան մէջ որեւէ արժէք չի ներկայացներ. քիչ ալ ըլլայ, շատ ալ ըլլայ, համբերութիւնը յարատեւութեան, հաստատամտութեան եւ հաստատակամութեան մէջ կը կայանայ։

Համբերութիւնը տեւական եւ անընդհատ, առանց կասեցնելու ապրուած վիճակ մըն է։

Արդարեւ, համբերութիւնը, այն ադամանդէ կարծրակիր բանալին է, որ նեղութիւններու, դժուարութիւններու, ցաւերու եւ վիշտերու դէմ արի՛ կ՚ընէ մարդը։ Համբերութիւնը՝ կեանքի զանազան դժուարութիւններու դէմ հնարագէտ կ՚ընէ՝ չարերու դէմ հրեշտակ եւ յաղթո՛ղ կ՚ընէ անոնց։ Համբերութիւնը փորձութիւններու դէմ հոգիի իշխա՛ն կ՚ընէ. հիւանդութիւններու դէմ բժի՛շկ, ձախողութիւններու դէմ յաջող կ՚ընէ։ Համբերութիւնը ապերախտներու դէմ առաքեալ կ՚ընէ. բարոյական վիրաւորանքներու դեղ եւ դարման կ՚ըլլայ։ Համբերութիւնը բարձր տրամադրութիւն կը ներշնչէ մարդուս, ինքնավստահութիւն կը պատճառէ. սատանաներու դէմ աստուածային կ՚ընէ, աշխատութիւններու դէմ պսակաւոր յաղթական կ՚ընէ։ Համբերութիւնը անծանօթներու գաղտնիքներու եւ անգիւտներու հանդէպ հանճա՛ր կ՚ընէ, դժոխքի մէջ երանաւէտ փրկի՛չ կ՚ընէ, կեանքի մէջ փիլիսոփայ, մահուան դէմ անմա՛հ կ՚ընէ։ Որով՝ կը ճշմարտի գործնականի մէջ առածը՝ թէ «համբերութիւնը կեա՛նք է»։

Ապա ուրեմն ո՞ւր է տանջանքը, ո՞ւր պէտք է հաստատել տանջանքը համբերութեան վիճակին մէջ։ Եւ քանի որ համբերութիւնը կեա՛նք է, ո՜վ կ՚ուզէ որ վերջանայ կեանքը եւ այս իսկ պատճառով չ՚ուզեր որ վերջ գտնէ համբերութեան վիճակը։ Ուստի համբերութիւնը եւ կեանքը համընթաց են, այնքան ատեն որ կեանք կայ, համբերութիւնն ալ պէտք է ըլլայ՝ առանց վերածուելու տանջանքի, որ բոլորովին ներհակ է համբերութեան վիճակին։ Եւ ուրեմն եթէ համբերութիւնը կեանք է, կեանքն ալ անվերջ համբերութեան վիճակ մըն է։ Համբերութիւնը աւելի եւս կ՚ամրանայ յոյսով. հոն ուր յոյս կայ, հոն համբերութիւնը երբեք չի պակսիր, անայլայլելի եւ մշտնջենական զօրութիւն մը կ՚ըլլայ մարդուս։

Արդարեւ, Աստուած ամէն օր, ամէն ժամ, ամէն պահ՝ յաւիտենապէս կը հոգայ, կը խնամէ ամբողջ տիեզերքը եւ մարդոց մէջ անմահ օրէնքներու վսեմ ներկայութիւնը նիւթապէս եւ հոգեպէս։ Եւ այս հրաշալի՜ ճշմարտութեան մէջ փոխանակ համբերութեան եւ յոյսի՝ տանջանք նկատել անհաւատարմութիւն է ճշմարտութեան։

Սակայն այդ «անմահ օրէնք»ին մէջ մահն ու չարը ուրկէ՞ է…։ Ո՜վ Կայեն, որ «առաջին արիւն»ը թափեցիր կոյս հողին վրայ՝ վա՜յ քեզի, եւ վա՜յ անոնց որ կայեններ են որ կը շարունակեն դեռ սպանութիւնը, չունին համբերութեան ոգի, չունին յոյս ապագայի վրայ, եւ անոնք անհամբեր կը սպասեն որ միայն իրենք ըլլան յաղթականը, միայն իրենք ապրին կեանքը…։

Համբերութեամբ եւ յոյսով ապրուած կեանքը միշտ լաւագոյն կեանքն է, «կենդանի այսօրը միշտ ա՛յժմն է», որ եթէ խաղաղ ըլլայ երկրի վրայ, «կենդանի արքայութեան» մը անյաւիտեա՛նն է։

Ուստի համբերութիւնը, քիչ կամ շատ, երբեք տանջանք չէ՛, այլ՝ խաղաղ կեանքի մը ուղիղ եւ անշեղ ճամբա՛ն։ Այդ ճամբուն վրայ ամէն քայլի եւ խորհուրդի մէջ՝ բարիին հաւատքն է որ մարդս կը մղէ ճշմարտութեան, բարիին եւ գեղեցիկին՝ որչափ հնար է մահկանացուներու, մահկանացու անկեալներու, նոյնիսկ «գիտութիւն» ըս-ւածին առաջնորդուիլն ալ հաւատքն է՝ միշտ համբերութեամբ, միշտ յո՜յսով։ Ամէն սկիզբ՝ ըլլա՛յ ներհակ, ըլլա՛յ նմանակ՝ պէտք է համբերութեամբ ձգտի անհակասաբար անհուն անսկիզբի պաշտեցեալ գաղափարին՝ որ կը սրբագրէ ամէն սկիզբ, եւ որուն անսահմա՜ն սահմանակալութեան հանդէպ պէտք է խոնարհի, սահմանաւորի՛ ամէն կարծեցեալ ուղղութիւն հպարտ, ամէն արդարութիւն մարդկային «Ես»ի։

Եւ ա՛յսպէս՝ կը քաւուին ժամանակի ընթացքին բոլոր սխալները, միշտ համբերութեա՛մբ։

Հապա ո՞ւր է այն «տանջանք»ը, որ կը վերագրուի համբերութեան։ Եւ հոն ուր համբերութիւնը կը տիրէ, ինչպէ՞ս կարելի է մտածել տանջանքի մասին, որ բոլորովին հակառակ է համբերութեան գաղափարին։

Արդարեւ, համբերութիւնը Հոգիին պտուղն է, եւ քանի որ «Հոգին մեր կեանքն է», ուրեմն կարելի չէ համբերութեան մէջ տեսնել, կամ փորձուիլ տեսնելու տանջանքը՝ որ Հոգիէն չի գար։ Եւ մարդ ո՛րքան հրաժարի իր անձէն, հեռու մնայ իր «Ես»էն, ա՛յնքան աւելի կ՚ընթանայ Հոգիով։

Եւ երբ համբերութիւնը Հոգիին պտուղն է, հետեւաբար Հոգիէն է, ան կատարելութի՛ւն է, քանի որ Հոգիին պտուղները «կատարելութիւն»ներ են, որոնք մարդուս կը ներշնչեն վստահութիւն, հաստատակամութիւն եւ քաջութիւն։

Համբերութիւնը առաքինութիւն մըն է եւ առաքինութիւնները կ՚աճին դաստիարակութեամբ, ինքնակամ արարքներով եւ մանաւանդ ճիգին մէջ յարատեւութեա՛մբ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր, 18, 2019, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2019