ՍԷՐԸ ՊԷՏՔ Է ՍՐՏԷՆ ԲԽԻ

Ինչ­պէս յա­ճախ կը կրկնենք, կամ ը­սենք՝ կրկնե­լու պա­հանջ­քը կը զգանք սի­րոյ կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը եւ կ՚անդ­րա­դառ­նանք ա­նոր անհ­րա­ժեշ­տու­թեան մարդ­կա­յին բո­լոր փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ։ Ին­չո՞ւ պա­հանջ­քը կը զգանք, քա­նի որ մարդ­կա­յին բո­լոր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը խա­թա­րուած կ՚ե­րե­ւին՝ ան­կեղծ սէ­րը հա­լա՜ծ, նօս­րա­ցած է ձե­ւա­կեր­պու­թիւն­նե­րու մէջ։ Այ­սօր մար­դիկ կը նա­խընտ­րեն ձե­ւա­պաշ­տու­թիւ­նը՝ փո­խա­նակ էա­կա­նին։ Այ­սօր մար­դիկ թէեւ կը խօ­սին սի­րոյ մա­սին, բայց չեն գոր­ծեր սի­րով։ Սէ­րը այ­սօր զգա­ցում մը ըլ­լա­լէ ա­ւե­լի՝ գա­ղա­փար մըն է կար­ծես։ Այս ալ կը նշա­նա­կէ, թէ սէ­րը որ­պէս գա­ղա­փար կա՛յ, բայց գործ­նա­կա­նի չի վե­րա­ծուիր, եւ մար­դիկ սի­րոյ գա­ղա­փա­րով կը բա­ւա­կա­նա­նան եւ գործ­նա­կա­նի մէջ չե՛ն սի­րեր զի­րար եւ շատ ան­գամ ալ կ՚ա­տեն։

Ի­րա­կան եւ ան­կեղծ սէ­րը մինչ­դեռ պէտք է սրտէն բխի եւ ո՛չ պայ­մա­նադ­րա­կան, կա­ղա­պա­րուած եւ պատ­րաս­տուած բա­ռե­րու մէ­ջէն։ Ու­շադ­րու­թիւն ը­րէ՛ք իմ սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, մար­դիկ այ­սօր «փո­խա­ռեալ» բա­ռե­րով, նա­խա­պէս պատ­րաս­տուած եւ կա­ղա­պա­րուած խօս­քե­րով ի­րա­րու հետ կը հա­ղոր­դակ­ցին։ Սի­րոյ ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը կար­ծես կա­ղա­պա­րուած, նոյն կա­ղա­պա­րէն ե­լած. խօս­քեր են ընդ­հան­րա­պէս։ Մինչ­դեռ զգա­ցու­մի ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը ինք­նու­րոյն է ա­մէն ան­ձի հա­մար ա­մէն սիրտ նոյն կեր­պով չի կրնար ար­տա­յայ­տել իր զգա­ցում­նե­րը, քա­նի որ ա­մէն մէ­կուն հա­մար տար­բեր է զգա­ցում­նե­րու աս­տի­ճա­նը՝ որ մէ­կը շատ ջերմ, ու­րիշ մէ­կու­նը՝ մա­սամբ ցուրտ։ Եւ այս կը նշա­նա­կէ, որ սի­րոյ ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը, ընդ­հան­րա­պէս զգա­ցում­նե­րու ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը նոյն նկա­րա­գի­րը չ՚ու­նե­նար եւ ի­րար­մէ կը տար­բե­րի, եւ այս բնա­կան ե­րե­ւոյթ մըն է։

Մար­դիկ փո­խա­նակ ի­րենց զգա­ցում­նե­րը, եւ ան­շուշտ սէ­րը, ի­րենց յա­տուկ բա­ռե­րով ար­տա­յայ­տե­լու եւ կամ ի­րենց ան­կեղծ ժպի­տո­վը յայտ­նե­լու՝ կը յայտ­նեն զա­նա­զան գրա­ւոր մի­ջոց­նե­րով՝ ո­րոնց վրայ ար­ձա­նագ­րուած կ՚ըլ­լայ բո­լո­րո­վին «օ­տար»ի մը, օ­տար հո­գիի մը ա­նանձ­նա­կան մէկ խօս­քը։ Եւ ինչ­պէս ը­սինք, պատ­րաս­տուած-կա­ղա­պա­րուած խօս­քեր են ընդ­հան­րա­պէս, որ սէր կ՚ար­տա­յայ­տեն։

Բայց սէ­րը «ար­տա­սա­նու­թեան նիւթ» չէ՛, այլ՝ զգա­լու, ապ­րե­լու, վա­յե­լե­լու բնա­կան ե­րե­ւոյթ մը։

Կ՚ը­սեն ընդ­հան­րա­պէս, թէ սէ­րը ծանր աշ­խա­տան­քի կը կա­րօ­տի, սէ­րը եր­բեմն ցաւ ու վիշտ նոյ­նիսկ կրնայ պատ­ճա­ռել։ Սէ­րը ջան­քով կ՚ա­ճի, աշ­խա­տու­թեամբ կը գո­յա­պահ­պա­նուի եւ ան­կեղ­ծու­թեամբ կը գո­յա­տե­ւէ եւ հետզ­հե­տէ կը կա­տա­րե­լա­գոր­ծուի։

Ին­չո՞ւ սէ­րը դժուար է, ին­չո՞ւ այս­քան «գործ»ի եւ աշ­խա­տան­քի կը կա­րօ­տի։

Սի­րոյ հա­մար, ան­կեղծ սի­րոյ հա­մար ջանք եւ աշ­խա­տու­թիւն տա­նիլ պէտք է, անհ­րա­ժեշտ պայ­ման է, բայց ի՞ն­չ է այդ աշ­խա­տու­թիւ­նը։ Սի­րոյ հա­մար աշ­խա­տու­թիւ­նը «զո­հո­ղու­թիւն» է՝ սի­րոյ հա­մար զո­հել եւ զո­հուիլ, ինչ որ ի­րա­պէ՛ս դժուար «գործ» մըն է, յե­տոյ սի­րոյ հա­մար պէտք է հա­մակ­րա­կան հաս­կա­ցո­ղու­թիւն ու­նե­նալ, այ­սինքն իր դի­մա­ցի­նին պէս զգալ, ա­նոր պէս ու­րա­խա­նալ կամ տրտմիլ։ Եւ այս ալ մարդ էա­կին հա­մար դիւ­րին բան չէ՝ քա­նի որ մարդ էա­կը, ընդ­հան­րա­պէս եւ բնա­կա­նա­բար, ե­սա­սէր է, ինք­նա­մոլ է եւ եր­բեմն ինք­նա­կեդ­րոն։ Մարդ նախ ինք­զինք կը խոր­հի, իր­մէ տալ չ՚ու­զեր, եւ կամ իր ա­ւե­լիէն կու տայ, ա­ւե­լոր­դը կու տայ եւ նախ ինք­զինք կը հո­գայ, ինք­զինք կը խնա­մէ, կը պաշտ­պա­նէ։

Ա­հա­ւա­սիկ, մարդ էա­կին այս բնազ­դա­կան ապ­րում­նե­րուն պատ­ճա­ռով, դժուար է, կամ դիւ­րին չէ «ու­րիշ»ը ի­րեն նման հո­գա­լը կամ խնա­մե­լը, ինչ որ զո­հո­ղու­թիւն կը պա­հան­ջէ։ Բնա­կան է ա­սի­կա. մարդ, որ­պէս ան­հատ նա՛խ իր էու­թիւ­նը կ՚ու­զէ ա­պա­հո­վու­թեան տակ առ­նել, ինք­զինք պա­հել, նիւ­թա­կան կամ բա­րո­յա­կան «շահ»էն նախ ի՛նք օգ­տուիլ։

Մարդ էա­կին զո­հո­ղու­թիւն ը­նե­լը բա­ցա­ռու­թիւն է՝ եւ ինչ­պէս ա­մէն բա­ցա­ռու­թիւն, հա­զուա­դէպ է եւ ըն­տիր։ Այս պատ­ճա­ռով է որ սէ­րը ա­ռա­քի­նու­թիւն մըն է, մարդ էա­կին ար­ժա­նա­ւո­րու­թիւ­նը եւ ազ­նուու­թիւ­նը ցոյց տուող ստու­գա­նի՛շ մը։

Մէ­կու մը միւ­սին՝ «կը սի­րեմ» ը­սե­լը, իր իս­կա­կան ի­մաս­տով «սի­րել» չէ՛, այլ պար­զա­պէս ձե­ւա­կա­նու­թիւն, որ խա­բէա­կան է՝ թէ՛ են­թա­կա­յին եւ թէ՛ ա­նոր հա­մար՝ որ սի­րոյ ա­ռար­կայ ե­ղած է։ Ու­րեմն, երբ «կը սի­րեմ» կ՚ը­սէ մարդ, պէտք է որ սէ­րը ցոյց տայ, ինչ որ զո­հո­ղու­թեամբ, անձ­նուի­րու­թեամբ եւ եր­բեմն ալ ան­ձու­րա­ցու­թեամբ կ՚ի­րա­կա­նա­նայ։ Ա­ռանց գործ­նա­կա­նի, ա­ռանց հա­մակ­րա­կան հաս­կա­ցո­ղու­թեան սէր, «սէր» չի հա­մա­րուիր, այլ միայն ձե­ւա­կա­նու­թիւն կամ ինք­նա­խա­բէու­թի՛ւն։

Եւ ա­հա­ւա­սիկ սի­րոյ մա­սին Յի­սու­սի չա­փա­նի­շը. «Իմ պա­տուէրս է՝ որ սի­րէք զի­րար, ինչ­պէս ես ձեզ սի­րե­ցի։ Մե­ծա­գոյն սէ­րը ա՛յն է, այն սէրն է, ո­րով մարդ ինք­զինք կը զո­հէ իր բա­րե­կամ­նե­րուն հա­մար» (ՅՈՎՀ. ԺԵ 12-13), եւ կը վեր­ջաց­նէ խօս­քը յստակ կեր­պով պա­տուի­րե­լով. «Դար­ձեալ կը պատուի­րեմ ձե­զի, սի­րե­ցէ՛ք զի­րար» (ՅՈՀՎ. ԺԵ 17)։­

Ա­հա­ւա­սիկ կը տես­նուի սի­րոյ եւ զո­հո­ղու­թեան ան­մի­ջա­կան կա­պակ­ցու­թիւ­նը։ Ար­դա­րեւ Ղու­կաս Ա­ւե­տա­րա­նիչ ալ, «յի­շե­լով այն խօս­քը որ Տէր Յի­սուս ինք ը­սաւ, թէ՝ Ա­ւե­լի եր­ջան­կա­բեր է տա՛­լը քան առ­նե­լը» (ԳՈՐԾ. Ի 35), ցոյց կու տայ «տալ»ու, այ­սինքն զո­հե­լու եւ զո­հուե­լու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը հո­գե­ւոր կեան­քի մէջ։ Եւ սա ա­նու­րա­նա­լի է, որ սէր-եր­ջան­կու­թիւն-զո­հո­ղու­թիւն, այս ե­րե­քը զի­րար ամ­բող­ջաց­նող զգա­ցում­ներ եւ ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ են, ո­րոնք կը կազ­մեն մարդ էա­կին կեան­քի նպա­տա­կը եւ կ՚ի­րա­գոր­ծեն մար­դուն կո­չու­մը, որ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ծրագ­րին ա­մե­նա­կա­րե­ւոր տարրն է։ Մարդ պէտք է եր­ջա­նիկ ըլ­լայ, եր­ջա­նիկ ըլ­լա­լու հա­մար պէ՛տք է սի­րէ եւ վեր­ջա­պէս, սի­րե­լու հա­մար պէտք է զո­հո­ղու­թիւն ը­նէ։

Այս խորհր­դա­ծու­թե­նէն կը հե­տե­ւի, թէ սէ­րը ան­մահ է՝ յա­ւի­տե­նա­կան եւ ան­վե՛րջ։ Եւ ու­րեմն սէ­րը եր­բեք չի կոր­սուիր, սէ­րը կը շա­րու­նա­կէ այն­քան ա­տեն որ մարդ կ՚ապ­րի եւ սէ­րը քա­նի որ մարդ­կա­յին բնա­կան զգա­ցում մըն է, եւ սէ­րը կը պա­հան­ջէ նուա­զա­գոյն եր­կու հո­գի՝ ո­րոնք կը բաժ­նեն սէ­րը, ա­պա ու­րեմն սէ­րը ան­մահ է, քա­նի որ հո­գին ան­մահ է։ Եւ դար­ձեալ սէ­րը յա­ւի­տե­նա­կան է, քա­նի որ Աս­տուած սէ՛ր է։

Ան­շուշտ երբ կը խօ­սինք սի­րոյ մա­սին, խօս­քը ի­րա­կան, հա­րա­զատ, ան­կեղծ եւ սուրբ սի­րոյ մա­սին է եւ ո՛չ թէ կիր­քի մա­սին։ Այս ալ կը նշա­նա­կէ, որ երբ «սէր» կ՚ը­սենք, պէտք է զա­նա­զա­նենք իս­կա­կան սէ­րը կիր­քէն։ Այս ի­մաս­տով՝ ի՞նչ օ­գուտ կ՚ու­նե­նայ մար­դուն՝ որ կ՚ը­սէ թէ սէր ու­նի, երբ սի­րոյ ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը կազ­մող գոր­ծեր չի կա­տա­րեր։ Ուս­տի սէ­րը «խօսք» չէ՛, այլ՝ «գո՛րծ»։

­Սէ­րը չա­րին դէմ պաշտ­պա­նու­թեան զէ՛նք է։

Այս կը նշա­նա­կէ՝ բա­րիով յաղ­թել չա­րին։ Եւ քա­նի որ սէ­րը յա­ւի­տե­նա­կան է՝ ու­րեմն բա­րին յա­ւի­տե­նա­պէս պի­տի տի­րա­պե­տէ, իսկ չա­րը պի­տի դա­տա­պար­տուի պար­տու­թեան։ Դուք մի՛ նա­յիք որ կ՚ը­սեն սէ­րը կը տե­ւէ մին­չեւ մահ, ո՛չ սի­րե­լի­ներ իս­կա­կան, ան­կեղծ եւ ի­րա­պէս սրտա­բուխ սէ­րը կը տե­ւէ յա­ւի­տե­նա­պէս. իսկ ա­նոնք որ սէ­րը կը շփո­թեն կիր­քի հետ, ա­նոնք են որ սէ­րը կը կար­ծեն, թէ կը տե­ւէ մին­չեւ մահ եւ եր­բեմն մա­հէն ալ կա­նո՛ւխ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկ­տեմ­բեր 16, 2016, Իս­թան­պուլ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2016