ՄԱՐԴՈՒՆ ԷՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՃԱՌԸ

Հոն ուր «պատճառ» մը կայ, հոն կայ նաեւ «արդիւնք» մը, որ կը նշանակէ՝ «արդի՛ւնք»ով հասնելիք «նպատակ» մը գոյութիւն ունի։ Ուրեմն մարդուն արարչութեան պատճառն ալ ունի նպատակ մը՝ որ ստեղծագործութեամբ ակնկալուած արդի՛ւնքն է։

Արդարեւ, դարե՜րէ ի վեր աշխարհի մտաւորականներու համար մեծ վիճաբանութիւններու նիւթ է դարձած սա հարցերը, թէ՝ «Ի՞նչ է մարդը», եւ շարուակելով. «Ինչո՞ւ ստեղծուած է ան», «Անմահ հոգի մը ունի՞ ան» եւ «Ի՞նչ է մարդուն կոչումը, այսինքն ի՞նչ է անոր նպատակը»։

Այս հարց եւ հարցումներուն գոհացուցիչ պատասխաններ գտնելու համար՝ կրօնական, գիտական եւ կազմախօսական մասնագէտներ շատ ժամանակ եւ ջանք են վատնած։ Գիտնականներ եւ կազմախօսներ կամ անդամագէտներ (=anatomiste) այդ հարցումներուն կը պատասխանեն այն իրողութիւններու համաձայն՝ զորս իրենք սորված են մարդուս կազմախօսութեանը՝ անդամագիտութեանը մասին իրենց կատարած ուսումնասիրութիւններէն եւ փորձառութենէն։ Իսկ կրօնաւորներ, այդ հարցումներուն կը պատասխանեն աստուածաբանական վարժարաններու մէջ իրենց ստացած գիտութեան համաձայն։

Գիտնականներ եւ կազմաբաններ այն եզրակացութեան եկած են, թէ՝ «անասնական կեանքի պարզապէս աւելի՛ մէկ բարձր ձեւն է մարդը», որ անասնական կեանքի ուրիշ որեւէ կազմութենէ աւելի՛ բարդ յօրինուածք ունի եւ ի վիճակի է աւելի մեծ կարողութիւններով գործելու։

Բայց թէ՛ գիտնականներ, եւ թէ՛ կազմաբաններ կարող եղած չեն «անմահութեան» որեւիցէ որոշ փաստ գտնել մարդուն մէջ։ Մարդուն «անմահ հոգի» մը ունենալը ցոյց տուող որեւէ ապացոյց եւ կամ փաստարկութիւն չեն կրնար գտնել անոնք։

Եւ ընդհակառակը՝ կրօնաւորներ՝ հոգեւորականներ կը յայտարարեն, թէ մարդ անմա՛հ հոգի մը ունի եւ թէ ա՛յդ է մարդուն եւ կեանքի ուրիշ ձեւերուն միջեւ եղած գըլ-խաւոր տարբերութի՛ւնը։

Հոգեւորականներ կ՚ըսեն, թէ հոգին՝ մարդուն «անմահ», «աննիւթ» եւ «հոգեւոր» մա՛սն է։

Ուրիշներ ազատ են իրենց պատասխանները հիմնել մարդոց զանազան կարծիքներուն եւ հաւատալիքներուն վրայ, բայց այդ կարծիքները եւ հաւատալիքները, ներկայ հարց եւ հարցումներուն ճշգրիտ լուծում եւ պատասխան պիտի չկարենան տալ՝ եթէ հաստատապէս «Աստուծոյ Խօսք»ին վրայ հիմ-նըւած չեն անոնք։ Քանի որ մարդիկ շիտակ լուծում եւ ուղիղ պատասխան կ՚ուզեն ստանալ, բնականաբա՛ր։

Ուստի Սուրբ Գիրքէն մէջբերումներով միայն կարելի պիտի ըլլայ շիտակ լուծումը եւ ուղիղ պատասխանը գտնել եւ հաստատել ճշմարտութիւնը։

Սաղմոսերգուն կը նկարագրէ մարդը.

«Մարդը ի՞նչ է՝ որ զանիկա կը յիշես, կամ մարդու որդին, որ անոր այցելութիւն կ՚ընես։ Քիչ մը վար ըրիր զանիկա հրեշտակներէն, փառքով եւ պատ-ւով պսակեցիր զանիկա. քու ձեռքերուդ գործերուն վրայ իշխան դրիր զանիկա, ամէն բան անոր ոտքին տակ դրիր. բոլոր ոչխարները եւ արջառները, նաեւ վայրենի անասունները, երկնքի թըռ-չունները եւ ծովուն ձուկերը եւ ի՛նչ որ ծովու ճամբաներուն մէջ կը պտըտի» (ՍԱՂՄ. Ը 4-8)։

Ահաւասիկ, «մարդը ի՞նչ է» հարցումին պատասխանը այս համարներով կու տայ Սաղմոսերգուն։ Իսկ Նոր Կտակարանի մէջ՝ Պօղոս Առաքեալ, Եբրայեցիներուն գրած նամակին մէջ ցոյց կու տայ, թէ այս խօսքերը իրապէ՛ս մարգարէութիւն մըն էին, եւ ան այդ խօսքերը կը գործածէ Աստուածորդւոյն ակնարկելով՝ որ «Քրիստոս Յիսուս մարդը» եւ երկինքի մէջ փառքով եւ պատուով պսակուեցաւ։ Ուստի Պօղոս Առաքեալ սապէս կ՚ըսէ. «Արդարեւ, Աստուած հրեշտակներուն իշխանութեան չենթարկեց գալիք աշխարհը, որուն մասին կը խօսինք։ Այս մասին Սաղմոսագիրը տեղ մը կ՚ըսէ.- Ի՞նչ է մարդը, որ կը յիշես զայն. ի՞նչ է մարդ արարածը, որ հոգածութիւն ցոյց կու տաս անոր։ Զայն հրեշտակներէն քիչ մը վար դասեցիր, փառքով եւ պատուով զայն պսակեցիր։ Քու բոլոր ստեղծածներուդ վերակացու կարգեցիր զայն, եւ ամէն ինչ անոր իշխանութեան ենթարկեցիր։

«Արդ, -ամէն ինչ անոր իշխանութեան ենթարկեցիր-, ըսելով կը հասկնայ՝ թէ չմնաց բան մը որ անոր չենթարկուեցաւ։ Բայց ներկայիս մենք ամէն ինչ մարդուն ենթարկուած չենք տեսներ տակաւին։ Մինչդեռ -փառքով եւ պատուով- պսակուած կը տեսնենք Յիսուսը, որ -հրեշտակներէն քիչ մը վար- դասուեցաւ՝ մահուան չարչարանքը յանձն առնելու համար, որպէսզի Աստուծոյ շնորհքով բոլոր մարդոց փոխարէն մահը ճաշակէ։ Որովհետեւ Աստ-ւած, որ իրեն համար ստեղծեց եւ իրմով կը պահէ ամէն ինչ, իր բոլոր որդիները մասնակից դարձնելու համար իր փառքին՝ յարմար գտաւ, որ զանոնք փրկութեան առաջնորդողը՝ Յիսուս Ի՛նք օրինակը տայ չարչարանքներէն անցնելով կատարելութեան հասնելու» (ԵԲՐ. Բ 5-10)։

Այս մասին կը վկայէ նաեւ Աւետարանը. «Մարդիկ ի՞նչ կ՚ըսեն Մարդու Որդիին մասին. ո՞վ եմ ես…» (ՄԱՏԹ. ԺԶ 13), որուն կը պատասխանէ Պետրոս. «Դուն Քրիստոսն ես, կենդանի Աստուծոյ Որդին» (ՄԱՏԹ. ԺԶ 16)։ Եւ դարձեալ. «Մարդու Որդին պիտի գայ իր Հօր փառքով՝ իր հրեշտակներուն հետ, եւ այն ատեն իւրաքանչիւրին իր գործերուն համաձայն հատուցում պիտի կատարէ։ Վստահ եղէք, որ հոս գտնուողներէն ոմանք պիտի չմեռնին՝ մինչեւ տեսնեն Մարդու Որդին որ կու գայ իր թագաւորութեամբ» (ՄԱՏԹ. ԺԶ 27-28)։ Իսկ Պօղոս Առաքեալ կ՚ըսէ. «… մէկ Աստուած կայ միայն, եւ Աստուծոյ եւ մարդոց միջեւ միակ միջնորդ մը՝ Յիսուս Քրիստոս մա՛րդը, որ ինքզինք իբրեւ փրկագին տուաւ բոլոր մարդոց համար։ Ասոր վկայութիւնը Աստուած տուաւ իր ատենին» (Ա ՏԻՄ. Բ 5-6)։

Մարդուն նախնական արարչութիւնը նկարագրելով՝ Աստուածաշունչը շատ պարզ կերպով կ՚ըսէ. «Եւ Տէր Աստուած գետնին հողէն շինեց մարդը, եւ անոր ռնգունքներուն կենդանութեան շունչ փչեց եւ մարդը կենդանի հոգի եղաւ» (ԾՆՆԴ. Բ 7)։ Եւ մարդը՝ մարդուն միշտ «անծանօթ» մնաց եւ կը շարունակէ «անծանօթ» մնալ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 8, 2017, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2017