ԿՈՐՈՎ ՄՏԱԾՈՒՄ ԱՐՈՒԵՍՏ
Մարդ, որպէսզի չընկճուի ցաւերէ, պէ՛տք է ունենայ հոգեկան առուգութիւն։ Տխրութիւնը, տրտմութիւնը, ցաւած հոգիները, արդիւնք են աւշային խառնուածքի մը։ Այսպիսի վիճակներ այնքա՜ն ընդհանրացած են, որ տեսակ մը վատոյժ յոռետեսութիւն՝ ամենէն աւելի տիրող աշխարհահայեցողութիւն սկսած է դառնալ։
Հասարակութեան մը աշխարհահայեցողութիւնը, մանաւանդ ժողովրդականացած ձեւի մը տակ, կը յայտնուի գեղարուեստներու միջոցաւ։ Ընդհանուր գեղարուեստական կեանք մը երբ կը պակսի հասարակութենէ մը, եւ միայն սահմանափակ միջավայրի մը մէջ կարելի կ՚ըլլայ տեսնել զայն, այդ հաւաքականութեան շատ բան կը պակսի մտաւոր կեանքին մէջ։
Այս ուղղութեամբ, այդ սահմանափակ միջավայրին մէջ պէտք է մտցնել նոր տարերքներ՝ որոնք կարող ըլլան փոխել ամբողջ հասարակութեան զգալու եւ դատելու եղանակը, իրեն աւելի՛ ստոյգ եւ աւելի զարգացած աշխարհահայեցողութիւն մը տալով։
Կորովի եւ առուգութեան, մտածելու եւ դատողութեան տարերքներն են այդ «նոր տարերքները»՝ որոնք պէտք է մտնեն մարդուս նկարագրին մէջ, եւ որոնք անոր ամենէն աւելի շեշտուած գիծերը պէտք է ըլլան։
Եւ այս գործը կը կատարուի կրթութեան հիմնական առողջ դրութեամբ մը, ապագայ սերունդներու համար, եւ նաեւ ինքնօգնութեան ոգւով պատրաստուած ընթերցանութեան ժողովրդային գիրքերով։
Ուստի, դպրոցները եւ ընթերցանութեան գիրքերն են, որոնք հասարակութեան մը մէջ զգալու եւ դատելու եղանակ մը, աշխարհահայեցողութիւն մը կը ներառեն, եւ դարձեալ նո՛յն դպրոցները եւ նոյն գիրքերն են, որոնք զգալու եւ դատելու այդ եղանակը կը փոխեն։
Արդարեւ, որոշ կրթական աստիճան եւ ուսման պայմաններ ունեցող հասարակութիւններու մէջ խօսելէ աւելի՛ օրինակներն են որ կը գործեն եւ կը ներգործեն։ Ուստի, կրթութիւնը բոլոր քաղաքակիրթ երկիրներու մէջ, այն չթերացող միջոցն է, որով սերունդներ կը պատրաստուի այնպէս՝ ինչպէս որ կ՚ուզուի, եւ անոնց զարգացման կը ծառայէ։ Եւ եթէ կորովը կը պակսի ուսանողի ամբողջ էութեան մէջ եւ իրական աշխարհն ալ չէ ճանչցած, եթէ նոյնիսկ շրջանաւարտ ըլլայ, արդիւնաբեր չի կրնար ըլլալ ո՛չ ինքն իրեն եւ ո՛չ ալ իր միջավայրին, իր շուրջիններուն։
Կորովի պակասը վատոյժ արտադրութիւններ միայն կրնայ ցոյց տալ, նաեւ՝ կենսականութեան պակասը ենթականերուն մէջ։
Եւ ուրեմն պէտք է միջոցներ խորհիլ՝ կորովի եւ կենսականութեամբ լեցուն սերունդներ հասցնելու համար, որոնց պիտի յանձնուի ապագա՛ն։
Նոր սերունդը պէտք է դարփնէ ի՛րը, որպէսզի իրմէ վերջը եկողներուն կարող ըլլայ ինքնուրոյն արժէք մը ժառանգ ձգել։ Արդարեւ, ներկայ սերունդն ալ իր արժէքները կը պարտի իր նախորդ սերունդին, որ փոխանցած է շա՜տ բան իրեն։
Ուստի, որպէսզի նախ մտապէս եւ հոգեպէս առո՛ղջ սերունդ մը կարելի ըլլայ սատարել, աւելի՛ կեանքով լեցուած եւ աւելի՛ մտածումներով տոգորուած, պէտք չէ միայն «երազներ»ով օրօրուի, այլ նաեւ անհատական ձեռներէցութիւնը ունենայ, իր պայմաններուն համար յարմար միջոցներ ստեղծելու հմտութիւնը գործադրելով։
Հոգեկան կորովը՝ եւ անոր համընթաց առողջ մտածումը՝ զարգացման մը արդիւնքն է։
Դպրոցներով կարելի կ՚ըլլայ հասարակութեան մը մէկ մասը, եւ որոշ չափով միայն զարգացնել, իսկ ժողովրդական օգտակար գիրքերու հրատարակութեամբ մանաւանդ կարելի է մեծ հրաշքներ գործել։ Անշուշտ, այս իրականացնելու համար ալ պէտք է նախ ընթերցասիրութիւնը մշակել եւ տարածել ժողովուրդի զանազան խաւերուն մէջ, ինչ որ շատ աւելի դժուար կը թուի, քան գիրքեր հրատարակելու նուիրական եւ օգտակար գործը։
Պէտք է եւ կարեւո՛ր՝ անհատական նախաձեռնութիւնը ունեցող անձերու համաձայնութիւնը եւ միութիւնը այս գործին համար, եւ ընթերցող հասարակութեան բոլոր դասակարգերուն համար ընթերցանութեան տոկուն գիրքեր պատրաստել՝ օգտակար եւ նուիրական նպատակով։
Հոս պահ մը կանգ առնենք, եւ աւելի իրապաշտ ըլլանք։ Կը զգամ, շատեր, եթէ կը կարդան այս տողերը, պիտի խորհին, թէ այսօր այլեւս շրջանը, դարը փոխուած է, համակարգիչներու, համացանցերու եւ զանազան արդի հաղորդակցութեան միջոցներու դարն է, այլեւս մշակութային փոխանակութիւններ այս միջոցներով կը կատարուին, եւ ուրեմն իր յատուկ եւ աւանդական իմաստով «գիրք» կարդալու սովորութիւնը «մասամբ» կորսուած է։ Եւ ուրեմն վերոյիշեալ բոլոր գաղափարները ժամանակավրէպ, արդի ժամանակներու բարիքներու եւ սովորութիւններու չհամապատասխանող, անտեղի, անպատշաճ մտածումներ են։
Կրնան իրաւունք ունենալ այդպէս խորհողներ, բայց տակաւին «գիրք» կարդացողներ կա՛ն, տակաւին գրականութեան օգուտներէն օգտուողներ գոյութիւն ունին, եւ անոնք, եթէ ոչ այլեւս մեծամասնութիւն, բայց կարեւոր եւ յարգելի փոքրամասնութիւն մը կը կազմեն, քանի որ անոնք գիտե՛ն, որ «գիրք»ին տեղը, դերը անբաղդատելի է տակաւին…։
Անշուշտ որ պիտի օգտագործուին գիտութեան շնորհած առիթները՝ նորութիւնները եւ արդիական գործիքները։ Բայց, առանց անոնց գերին դառնալու, առանց առիթ տալու որ այդ նորութիւնները տիրապետեն մարդուն մտքին, քանի որ ի վերջոյ «գործիք»ներուն տիրապետած մարդը կը դառնայ «մեքենայ»ի մը, եւ սա անվիճելի ճշմարտութիւն մըն է, թէ՛ մարդ երբեք «մեքենայ» մը չէ՛, այլ՝ բանաւորութեամբ օժտուած էակ մը։
Կրնան խորհիլ ոմանք, թէ «հին»ին, աւանդականին վրայ կառչիլ եւ մնալ՝ յետադիմութիւն, յետամնացութիւն է։ Սակայն այդպէս մտածողներ իրենց այսօրուան զարգացած, յառաջադէմ, նորութիւններու քայլ յարմարցնելու գիտութիւնը՝ գիրքեր կարդալով, դպրոցներու մէջ գիրքերէ օգտուելով, ուսանելով եւ զարգանալով չստացա՞ն։ Եթէ գիրք գոյութիւն չունենար, իրենք պիտի կարենայի՞ն հասնիլ այսօրուան դիրքին։
«Նոր»էն օգտուինք, բայց հաւատարիմ մնանք նաեւ «հին»ին, քանի որ հինը՝ նորին հի՛մքն է։
Գիրքերու կը պարտինք մենք նորութիւնները…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 15, 2018, Իսթանպուլ