ՏՆՕՐՀՆԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
«Տնօրհնէք» իր լայն առումով կը նշանակէ՝ Սուրբ Ծննդեան եւ Սուրբ Յարութեան տօներուն առթիւ, քահանայ հայրերու՝ տուները օրհնելը։
Տնօրհնէքի արարողութիւնը հաստատուած է եւ մինչեւ մեր օրերուն հասած՝ առաքելական շրջանէն։ Արդարեւ, առաքեալներու ժամանակներուն՝ առաքեալներ կը շրջէին տուներ՝ հաւատացեալներու աւետելու համար Յիսուս Քրիստոսի Ծնունդը եւ Յարութիւնը՝ նոյն ինքն Յիսուսի այն խօսքին համաձայն, որ կը պատուիրէ.
«Ամէն իշխանութիւն տրուեցաւ ինծի երկինքի մէջ եւ երկրի վրայ։ Ինչպէս որ Հայրը զիս ղրկեց, այնպէս ալ ես ձեզ կը ղրկեմ։ Հետեւաբար, գացէք եւ բոլոր ժողովուրդները ինծի աշակերտ դարձուցէք» (ՄԱՏԹ. ԻԸ 18-19)։
Եւ մեր օրերուն եւս, ըստ Սուրբ Եկեղեցւոյ կանոնի, Աստուածայայտնութեան տօնէն յետոյ՝ Ծննդեան ութօրէքին՝ Յունուարի 6-էն մինչեւ 13-ը, հոգեւոր հովիւներ կը շրջին իրենց վիճակուած հօտին տուները, այնտեղ կը կատարեն տնօրհնէքի կարգը եւ իրենց հայրական խօսքով կը մխիթարեն, կը խրատեն եւ հոգեւոր ուրախութիւն կը պատճառեն իրենց հոգեւոր զաւակներուն։
Ինչպէս կը վկայէ Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին, տնօրհնէքը իբրեւ արարողութիւն, հիմնուած է Յարուցեալ Փրկչի կողմէ. «Յարութենէն յետոյ Քրիստոս վերնատուն մտաւ եւ օրհնեց աշակերտները, որոնց համար նոյն Խաչը եւ Աւետարանը կը խորհրդանշէր Յիսուս Քրիսոտսը, ուստի Խաչը եւ Աւետարանը տանելով տուն՝ կ՚օրհնենք մեր բնակարանները»։
Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Համբարձումէն յետոյ Յիսուսի տասներկու առաքեալները, հետեւելով Տիրոջ օրինակին, Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան եւ Յարութեան բարի լուրը աւետելու եւ օրհնելու համար կ՚այցելէին հաւատացեալներու տուները։ Ուստի եւ այս աւանդութիւնը հետագային շարունակեցին առաքեալներուն հետեւորդները՝ ձեռնադրուած եւ օծուած քահանայ հայրերը։
Վերոյիշեալ աւանդութեան համաձայն՝ հայ հոգեւորականը Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան եւ Յարութեան տօներու առթիւ կ՚այցելեն հաւատացեալներու տուները՝ պատշաճ արարողութեամբ կ՚օրհնեն զանոնք՝ ընտանիքի անդամները եւ բնակարանները եւ կը փոխանցեն օրուայ Աւետիսը։
Տնօրհնէքի արարողութեան ժամանակ քահանայ հօր կողմէ կ՚օրհնուի ամբողջ տունը, տան հացը, ջուրը եւ աղը։ Արարողութեան վերջաւորութեան, որպէս օրհնութեան եւ առատութեան մնայուն նշան, քահանայ հայրը, տան անդամներուն նշխար կու տայ՝ որ պէտք է սրբութեամբ եւ բծախնդրութեամբ պահուի ալիւրի մէջ եւ կամ ուրիշ վայելուչ՝ պատշաճ տեղ՝ ի նշան տան ունեցուածքի առատութեան, բերրիութեան եւ յաջողութեան, խաղաղութեան։
Տնօրհնէքի արարողութիւն կը կատարուի նաեւ, երբ նոր բնակարանամուտ կը կատարուի եւ կամ անյաջողութիւններու, դժբախտութիւններու պատճառով կը խախտի տան ընդհանուր խաղաղութիւնը եւ երբ կը զգացուի չար ուժերու ներգործութիւնը ընդհանրապէս։
Ուստի, քանի որ Տնօրհնէքի այս արարողութիւնը կարեւոր է եւ անհրաժե՛շտ մեր ընտանեկան համերաշխութեան, ամրութեան եւ խաղաղութեան գոյապահպանման եւ գոյատեւութեանը համար, ուրեմն պատշաճ է եւ հարկաւոր, որ բանիմաց քրիստոնեան ինք երթայ եկեղեցի եւ քահանայ հայրը հրաւիրէ տնօրհնէքի։
Տնօրհնէքի արարողութեամբ այն մեծ ու սքանչելի՜ խորհուրդը, որ յայտնուեցաւ, կը մտնէ ամէն հաւատացեալի բնակավայրը, եւ Ան, որ ո՛չ երկինքը եւ ո՛չ երկիրը կրնայ պարփակել, կը մտնէ հաւատացեալի տունը, ինչպէս եւ մտաւ Բեթլեհէմի այրը։ Եւ երբ հաւատացեալը բանայ իր տան դուռը՝ Յիսուսի առջեւ, Անոր օրհնութեան, ներս կը մտնէ «անբաւելի»ն եւ կը լեցնէ տունը իր օրհնութեամբ, այն ժամանակ մասնակից չ՚ըլլար անոնց՝ որոնք տեղ չտուին իրենց լայն իջեւաններուն մէջ, ինչպէս կը վկայէ Աւետարանիչը. «Բեթլեհէմի մէջ Մարիմամի ծննդաբերութեան ժամանակը հասաւ եւ ծնաւ իր անդրանիկ զաւակը, որ փաթթեց խանձարուրի մէջ եւ դրաւ մսուրի մը մէջ, որովհետեւ պանդոկի մէջ իրենց համար տեղ չկար» (ՂՈՒԿ. Բ 6-7)։ Անոնք չբացին իրենց դռները նորածին Մանուկին եւ տնօրհնէքի միջոցով պէտք է բացուին տան դռները, որպէսզի մուտք գործէ «Անբաւելի»ն՝ Յիսուս Քրիստոս, իր օրհնութեամբ լեցնէ բնակարանները։
Եւ ինչպէս ծննդեան գիշերը, հովիւները, հրեշտակէն աւետիս ստանալով, ընծաներով մտան այն այրը՝ ուր ծնաւ Քրիստոս, ա՛յդպէս ալ այսօր Եկեղեցւոյ հովիւները կը մտնեն հաւատացեալներու տուները՝ իրենց հետ բերելով Աստուծոյ սէրը, խաղաղութիւնը եւ օրհնութիւնները։ Ուստի տան մէջ կ՚երգուի Մովսէս Խորենացիի «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի» շարականը եւ քահանայական իշխանութեամբ եւ աստուածային հրամանով կ՚օրհնուի տան ջուրը, հացը եւ աղը, ինչպէս եւ Քրիստոս աշխարհ գալով օրհնեց երկրի ջուրը, ամբողջ աշխարհը եւ անոր պտուղները՝ որոնք նախապէս անէծքի տակ էին Ադամի անհնազանդութեան պատճառով։ Տնօրհնէք կատարող քահանայ հայրը, ապա օրհնուած ջուրը խաչաձեւ կը ցօղէ՝ կը սրսկէ տան պատերուն, կը խնկարկէ տունը եւ բնակիչներուն ամէն մէկուն փափաքը եւ խնդրանքները ի մի հաւաքելով՝ կը մատուցանէ Աստուծոյ՝ բոլորին համար պահպանութիւն հայցելով Ամենակալէն։ Այս իմաստով, Տնօրհնէքի օրհնութեամբ, հաւատացեալներու տուները կը լեցուին եւ կ՚ողողուին սիրով, խաղաղութեամբ, հաշտութեամբ, արդիւնաւորութեամբ…։
Եւ երբ ամէն մէկուս տունէն կը պակսի սէրը, խաղաղութիւնը, երջանկութիւնը, ապա ուրեմն ո՜րքան պէտք ունինք, պահանջքը կը զգանք Աստուծոյ օրհնութեան որ հեռու չէ՛ մեզմէ…։
- Մասամբ օգտուեցանք՝ Արամ Դիլանյանի աշխատասիրութենէն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 8, 2017, Իսթանպուլ