ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԿԱՐԴԱԼ - Գ -

Ստորեւ կը շարունակենք ներկայացնել Մաղաքիա Արք. Օրմանեանի «Համապատում»ին նախաբանը՝ ուր պիտի գտնենք եւ վերյիշենք ճշմարտութիւններ՝ որոնք յաճախ կ՚անտեսուին…

ՆԱԽԱԲԱՆ…

Միւս կողմէ դաւանաբանական խնդիրներով զբաղողներ, ձեռնարկած են Աւետարաններուն բառերն ու տառերը վերլուծելով, անոնց մէջէն կամայական սկզբունքներ քաղել եւ հաւատոյ կէտեր կազմել, եւ Քրիստոսի Եկեղեցւոյն պառակտումներուն պատճառ հանդիսացնել նոյն իսկ Աւետարանը։ Այսպիսիներուն դէմ ալ պէտք եղած է անկողմնակալ հոգւով Աւետարաններուն պարունակութիւնը ուսումնասիրել, եւ առանց բարդելու եւ առանց զեղչելու, անոնց պարունակած վարդապետութիւնը մէջտեղ դնել, ինչ որ խղճամիտ դաւանաբաններու յատկացուած ճիւղ մըն է։

Համապատումիս ստանձնած դերը ոչ ջատագովականն է, ոչ քննաբանականը, ոչ դաւանաբանականը, որովհետեւ ոչ քրիստոնէութեան դէմ մաքառողներու եւ ոչ Աւետարաններուն յարգն ուրացողներու ուղղուած է այս հատորը։ Հայաստանեայց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ հաւատացելոց համար է սոյն աշխատասիրութիւնը, որոնք Աւետարանը սիրող նախնեաց սերունդ են, եւ Աւետարանի առողջ սկզբունքներուն հետեւողներ են. բայց եւ միանգամայն չորս Աւետարանները ձեռուընին առած ատեն, իրենց արդար հետաքրքրութիւնը գրգռող կէտեր դիմացնին կը գտնեն։

Չորս Աւետարաններէն իւրաքանչիւրը իրարմէ անկախ ընթացք մը ցոյց կու տայ։ Ուրեմն պէտք կը զգան իրարու կապակցելով ամբողջի մը գաղափարը ունենալ։

Չորս Աւետարաններէն վերջինը շատ աւելի զգալի տարբերութիւններ կը պարունակէ, առաջին երեքներուն հետ բաղդատուած ատեն։ Ուստի փափաք կ՚ունենան այդ մասին լուսաբանուիլ։

Աւետարաններուն մէջ մերթ ընդ մերթ բառերու եւ բացատրութիւններու կը հանդիպին, որոնք կարծես թէ իրարու հակառակ կ՚երեւան։ Կը սիրեն այդ դժուարութեանց լուծումը լսել։

Աւետարանիչներ ժամանակագրող պատմիչի եւ սղագրող գրագիրի դերը չունենալնուն, դէպքերը յետ եւ յառաջ կը շարեն, եւ իրարմէ միջոցներ չեն ճշդեր։ Աւետարանի ընթերցողներ հետաքրքիր են պատմական ոճի ճշդութեամբ եղելութիւնները շարայարուած տեսնել։

Աւետարանի քարոզութեանց մէջ շատ կէտեր կատարեալ յստակութեամբ չեն գրուած, եւ մթին մնացած ու լուծման կարօտ խնդիրներ տեղ տեղ դիմաց կ՚ելլան։ Ասոնց լուսաբանութիւնը ոչ միայն հաճելի, այլ եւ կերպով մը բարեպաշտ զգացումներու անհրաժեշտ պահանջ կը դառնայ։

ՀԱՄԱՊԱՏՈՒՄ նպատակ ունի այդ օրինաւոր պէտքերուն համեստ չափով մը գոհացում տալ։ Նախադասուած, կամ թէ նոր յօրինուած, այս անունը կը ցուցնէ, թէ պատմական ոճը վերադասուած է, եւ զանազան կէտերը համախմբելու ոճը ընտրուած է, ուզելով Չորս Աւետարաններուն պարունակութիւնը շարայարելով եւ համաձայնացնելով եւ բացատրելով պատմել։ Նոյն իսկ քարոզութիւններն ու վարդապետութիւններն ալ՝ պատմելու ձեւով յառաջ բերած են։

Այդ պատճառով ջանք դրուած է բոլոր կարեւոր տեղեկութիւնները ամփոփել, որով ընթերցողը պիտի գտնէ, ոչ միայն պատմական, վարդապետական, դաւանական եւ բարոյական տեսութիւններ, այլ եւ ժամանակագրական, տեղագրական, հնախօսական, գրչագրական եւ լեզուաբանական տեղեկութիւններ, ինչպէս որ եւ ինչչափ որ ընդ առաջ ելլող խնդիրներ կը պահանջէին, առանց հատորը չափազանց ստուարացնելու։

Նախնական եւ գլխաւոր փափաքն եղած է Աւետարանը «Ժողովրդականացնել», եթէ այսպէս ներեալ է բացատրել, այսինքն է Աւետարանները հաւատացեալ ժողովուրդին ձեռնահասութեան եւ կարողութեան յարմարցնել, որպէս զի Աւետարանները հասկացած ըլլալու գոհունակութիւնը զգայ, եւ ներքին յագուրդը ստանայ։ Աւետարանը ըլլայ իր հոգեկան սնունդը, բարոյացուցիչ ընթերցումը, եւ հաւատքը զօրացնելու միջնորդը։

«Համապատում» կը ներկայանայ պաշտօնէից ալ իբրեւ օգտաշատ ձեռնարկ մը, - զարգացեալ դասակարգը բացառութիւն համարելով -։ Սակայն ոչ մէկուն անիրաւած ըլլալ կը կարծեմ, երբոր ըսեմ թէ քահանայական դասուն ստուար մեծամասնութիւնը պէտք ունի իւր ձեռաց ներքեւ ունենալ Աւետարանները ամփոփող եւ լուսաբանող գիրք մը, ուր պէտք եղածը գտնէ առանց այս ու այն կողմ թափառելու եւ թարթափելու։

Գաւառներու եւ գիւղական շրջանակներու մէջ, Համապատում կրնայ, եթէ ոչ բոլորը, գէթ շատ մասերը, նոյն իսկ յատենի եկեղեցւոյ կարդացուիլ, իբրեւ ժողովուրդին ուղղուած քրիստոնէավայել բարոյական խրատաբանութիւն, աւելի շինիչ եւ օգտակար, քան թէ կարկատուն եւ անյարիր քարոզներ։

Ուրախ պիտի ըլլայի եթէ նոյն իսկ կրօնուսոյցներ իրենց դասաւանդութեանց ընթացքը Աւետարանի վրայ հաստատէին։ Այդ պարագային Համապատում կրնայ իբրեւ ուսուցչական ձեռնարկ ալ ծառայել, աշակերտաց հաճելի դարձնելով ձանձրացուցիչ կարծուած դասախօսութիւնը։

Անտարակոյս եմ, թէ ամենայն ոք գեղեցիկ եւ հրապուրիչ պիտի գտնէ սոյն գաղափարները. խնդիր է միայն թէ կրցած ե՞մ լիովին համապատասխանել նոյն գաղափարին իրականացման։ Չեմ յաւակնիր նպաստաւոր դատաստան յայտնել, որ ոչ իրաւական է, եւ ոչ ալ թերեւս իրական։ Միայն թէ ջանացած եմ յօգուտ գործածել, ինչ որ աշակերտական, ուսուցչական, վարդապետական եւ հովուական ընթացքներու մէջ ուսումնասիրած եմ, թէ՛ գիրքերու վրայ եւ թէ՛ պաշտօններու մէջ։ Յատուկ ուղեցոյց կամ առաջնորդող հեղինակ մը ունեցած չեմ, բայց օգտուած եմ Աւետարաններու վրայ գրուած ամէն տեսակ գործերէն, նոյն իսկ հակառակաբան քննադատութիւններէն։ Ջանացած եմ ընտրելագոյն տեսութիւնները իւրացնելով խտացնել, եւ ուրիշներուն ըսածները մեր Ազգային Եկեղեցւոյն եւ մեր ժողովուրդին պատշաճեցնել։

Մէկ բան միայն պակաս մնացած է ինձի։ Պաղեստինի սուրբ տեղերը անձամբ այցելելով աւելի կենդանի եւ աւելի ճշգրտապատում ընել անոնց նկարագրութիւնները։ Դժբախտաբար պաշտօններու անընդհատ կաշկանդումը անհնար դարձուցած է փափաքիս կատարումը։ Փափաք մը եւս ունիմ սիրտիս մէջ։ Ինչպէս ներկայ հատորովս չորս Աւետարանները դիւրահասկանալի ձեւով կը ներկայացնեմ մեր օրհնեալ ժողովուրդին, կարենայի Նոր Կտակարանի մնացեալ մասերն ալ, այսինքն Գործք Առաքելոցը եւ Առաքելական Թուղթերը, միեւնոյն ոճով իրարու շարայարելով եւ համախմբելով եւ պատշաճապէս լուսաբանելով ժողովուրդին դիւրամատչելի ընել, եւ Համապատումի սոյն առաջին հատորին, որ կրնայ ՅԻՍՈՒՍ մակագրուիլ, երկրորդ մը կցել ԱՌԱՔԵԱԼՔ մակագրութեամբ։ Բայց կը վախնամ որ այս փափաքս անգործադրելի մնայ, վասն զի կեանքիս օրն ալ երեկոյացեալ է. եւ հազիւ թէ կարենամ ձեռքիս տակ եղած աշխատութիւնները լրացնել։

ՄԱՂԱՔԻԱ ԱՐՔԵՊՍ. ՕՐՄԱՆԵԱՆ

1911 յունուար 1,
Բերա

Մաղաքիա Արք. Օրմանեան ծնած է 23 փետրուար 1841 թուականին եւ վախճանած՝ 18 նոյեմբեր 1918 թուականին։

Երբ կը կարդանք «Համապատում»ի նախաբանը, կը յիշենք թէ ընդհանրապէս գիրքի մը նախաբանը զանց կ՚առնուի, չի կարդացուիր, բայց ահաւասիկ, կը տեսնենք որ որքան կարեւոր է նախաբանը՝ ուր կը ծանօթանանք գիրքին հեղինակին հետ, կը մտերմանանք անոր հետ, կը թափանցենք անոր մտքին, կ՚ըմբռնենք անոր հոգեվիճակը եւ աւելի լուսաւոր տրամադրութեամբ կը կարդանք գիրքը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

- վերջ -

Նոյեմբեր 27 2022, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Յունուար 21, 2023