ՄԵԾԱՀԱՐՈՒՍՏԸ

«Մեծահարուստ մարդ մը կար, որ բեհեզ եւ ծիրանի հագուստներ կը հագնէր եւ ամէն օր փառաւոր խնջոյք կ՚ընէր» (ՂՈՒԿ. ԺԶ 19)։ Քրիստոս, «մեծահարուստ» մը կը ներկայացնէ այս լակոնական տողերով։ Եւ երբ կը կարդանք այս աւետարանական հատուածը, կը հարցնենք, թէ ինչի՛ մէջ կը կայանայ ճշմարիտ «հարստութիւն»ը, քանի որ Քրիստոսի համաձայն. «մարդուս ստացուածքներուն առատութենէն կախեալ չէ իր կեանքը» (ՂՈՒԿ. ԺԲ 15)։

Ապա ուրեմն, եթէ ա՛յս է ճշմարտութիւնը, ի՞նչ է իրական հարստութիւնը մարդուն։ Հաւատալի՞քներ, սկզբո՞ւնքներ, առաքելութի՞ւն, առաքինութի՞ւն, աշխարհահայեա՞ցք, փիլիսոփայութի՞ւն եւ կամ կեանքը ապրելու իւրայատուկ կե՞րպ. ո՞ր մէկը կարելի է իսկական հարստութիւն նկատել մէկու մը համար, քանի որ «ստացուածքներուն առատութենէն կախեալ չէ կեանքը»։

Քրիստոսի պատմած բերքառատ արտերու, ստացուածքներու տէր «մեծահարուստ»ի կեանքին ճի՛շդ հակապատկերն է առաքինութիւններով եւ ազնուականութեամբ հարո՛ւստ մարդուն կեանքը։

Յիսուսի նկարագրած «մեծահարուստ»ը ա՛յն է, որ ո՛չ թէ իր անձին համար գանձ եւ հարստութիւն կը դիզէ, այլեւ կը հարստանայ Աստո՛ւծոյ հանդէպ, Աստուծոյ մօտ եւ Աստուծոյ աչքին։

Ուրեմն «մեծահարուստ» կ՚ապրի եւ կը ճգնի, աւետարանի հոգիով եւ տեսիլքով կը գործէ, կը զոհէ եւ կը զոհուի՝ կը բաշխուի առ Աստուած հարստանալու, Աստուծո՛յ աչքին հարստանալու նպատակով եւ Աստուծո՛յ փառքին համար։

Այս իմաստով «մեծահարուստ»ը այն է, որ հոգեպէ՛ս հարուստ է, որուն անունը արձանագրուած է «Կենաց Գիրք»ին մէջ՝ լուսաբնակ սուրբերու նման։ Չէ՞ որ «սուրբ» է այն՝ որ առաքինութեամբ եւ հոգւոյ մաքրութեամբ օժտուած՝ բացառութի՛ւն մըն է իր նմաններուն մէջ։

Որո՞նք են այն ազդակները՝ որ մարդս իրապէս «մեծահարուստ» կը դարձնեն. որո՞նք են այն արժէքները՝ որ մարդս կը հարստացնեն։

Անշուշտ ասոնք բոլորովին «հոգեւոր արժէք»ներ են, եւ ուրեմն կարելի չէ՛ նիւթական ստուգանիշերով չափել եւ գնահատել զանոնք։

«Մեծահարուստ» է այն «Աստուծոյ մարդ»ը՝ որ մեծահարուստ է իր հոգեւորութեա՛մբ։

Ուստի «մեծահարուստ» ըլլալ՝ նա՛խ կը սկսի հոգեւորութեամբ։ Այս կը նշանակէ՝ Քրիստոսի սիրահար մը ըլլալ՝ «յիսուսահա՛ր» մը…։

Հոգեպէս մեծահարուստի մը կեանքը, ամբողջ վարքը եւ բարքը շաղախուած եւ լիացած է Ճշմարտութեան, Գեղեցկութեան եւ Բարութեան անայլայլելի եւ մշտնջենական սկզբունքներով։ Աւետարանի ճշմարտութիւնները հոգեպէս մեծահարուստին ուղեցո՛յցն է։ Եւ ան իր ամբողջ կեանքը կ՚ապրի այդ սկզբունքով։

Յետոյ, հոգեպէս մեծահարուստը, որքան հոգեւոր, նո՛յնքան մտաւոր արժէքներով հարստացած մարդն է։ Յաճախ կը լսենք. ամէն հոգեւորական մտաւորակա՛ն է նաեւ, եւ փոխադարձաբար՝ ամէն մտաւորական՝ հոգեւորակա՛ն։ Արդարեւ, որքան մարմինը, նոյնքան հոգին եւ միտքն է, որ կը կազմեն եւ կ՚ամբողջացնեն մարդը եւ մարդ այնքան «մեծահարուստ» է, որքան հարուստ է հոգւով եւ միտքով։ Եւ այս կը նշանակէ՝ թէ մեծահարուստը, հարուստ է նաեւ մտաւորականութեա՛մբ։ Ան պէտք է «հարուստ» ըլլայ նաեւ մի՛տքով։

Ուստի «մեծահարուստ» է մարդ նաեւ իր առատահոս եւ արագաշարժ գրիչով։ Եւ բնականաբար մէկը որ այս առաւելութիւնները ունի, չի կրնար մեծահարուստ չըլլալ, քանի որ հարո՛ւստ է իր բարոյական արժանիքներով։

«Մեծահարո՛ւստ» է նաեւ այն մարդը՝ որ ո՛չ թէ իր ապրած տարիներուն թիւով, քանակով, այլեւ անոնց որակով, հոգեւոր եւ մտաւոր վաստակով կը փայլի Աստուծոյ աչքին։ Իսկական մեծահարուստին կեանքը լեցուն է Քրիստոսով. իր կեանքի ժամանակը, իմաստը եւ նպատակը կը լիացնէ Քրիստոսով, քանի որ ինչպէս կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ, «Ապրիլը Քրիստո՛ս է»։

Մարդ ճշմարտապէս «մեծահարուստ» կ՚ըլլայ մանաւանդ իր համեստութեամբ, խոնարհութեամբ, քանի որ ան իր «Ես»ին վրայ հագած է Քրիստոսը, եւ ան կը փայլի Քրիստո՛սով։

Հոգեպէս մեծահարուստ մարդը, ինքնին «հեղինակութիւն» մըն է եւ տիպար՝ իր շուրջիններուն։ Ան է որ փոխած է «մեծահարուստ» բառին իմաստը, զայն տեղափոխելով նիւթականէ դէպի հոգեւոր եւ մտաւոր աշխարհ։

Առաքինութեան եւ ազնուութեան մարմնացում մը կարելի է տեսնել հոգեւոր մեծահարուստ մարդու մը մօտ։ Կարծես ազնուականի յատուկ բոյր մը սփռէ ան իր շուրջը եւ պատկառանք կը ներշնչէ մարդոց, քանի որ ան «վստահելի՛» անձ կ՚ընդունուի բոլորին կողմէ։

Հոգեպէս մեծահարուստը լրջախոհ է եւ համբերատար, հանդուրժող եւ միշտ ներո՛ղ։ Եւ այդ բարեմասնութիւններն են որ զինք կ՚ընեն «մեծահարո՛ւստ»։  Եւ իսկական մեծահարուստներ իրենց նկարագրով կեանքի ընթացքին դրո՛շմ մը կը ձգեն ուրիշներու կեանքին վրայ՝ կը տպաւորեն եւ կ՚առաջնորդեն զանոնք։ Արդարեւ, «տիպար» ըլլալ դժուար է, բայց նոյնքան դժուար է տիպարներ ունենալ կեանքի մէջ եւ տպաւորուիլ, դաստիարակուիլ եւ առաջնորդուիլ անոնց հեղինակութենէն։

Մեծահարուստը կ՚ըլլայ միշտ հետեւողական, համբերատար եւ համե՛ստ։ Ան հոգիներու հանդէպ անկեղծ սէր ունի, որոնց համար միշտ մտահոգ է, թէ անոնք որեւէ կորուստի չմատնուին, քանի որ ան գիտէ, թէ կեանքը լեցուն է ամէն տեսակ փորձութիւններով, վտանգներով, որոնց մարդ կրնայ երբեմն չդիմադրել եւ դասալիք ըլլալ։ Յոյսը «մեծահարուստ»ին մղիչ ուժն է, ան կը վստահի իր հարստութեան, բայց երբեք չի թողուր յոյսը։

Մեծահարուստը սովորաբար հանդարտաբարոյ, այլ կեղծիքի, սուտի, խաբէութեան դիմաց ծառացող մըն է։ Ան կեցուածք կ՚ունենայ երբ ուրիշին իրաւունքը կ՚ոտնակոխուի կամ հոգեւոր սկզբունքներ կ՚անտեսուին եւ վերջապէս «մեծահարուստ»ը մեծահարուստ է իր սրտո՛վ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետրուար 2, 2019, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Փետրուար 21, 2019