ԳՐԻԳՈՐ ԶՕՀՐԱՊ ԵՒ ՀԱՒԱՏՔԸ

Ստորեւ կը ներկայացնենք Գրիգոր Զօհրապի շահեկան մէկ յօդուածը հաւատքի մասին։ Ան կը յայտնէ իր մտահոգութիւնը հաւատքի մասին՝ որ հետզհետէ կը նուազի։ Ան կը խօսի հաւատքի անհրաժեշտութեան մասին, քանի որ ան հաւատքը կը նկատէ «բարոյական ուժ» մը։

1893 թուականին գրի առնուած այս յօդուածը ո՛րքան այժմէական է, ասիկա գնահատելը կը թողունք մեր շատ սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն։

Բայց կը խորհինք, որ «հաւատք»ի ըմբռնումը եւ կեանքի վերածումը մշտանորոգ հարց մը եղած է միշտ եւ կը շարունակէ ա՛յդպէս ըլլալ։ Ուրեմն Գրիգոր Զօհրապի 1893 թուականի յօդուածն ալ «հին բայց միշտ նոր» մտահոգութեան մը արտայայտութի՛ւնն է։

Եւ ահաւասիկ Գրիգոր Զօհրապի «Հաւատքի պակասը» շահեկան եւ նո՛յնքան շրջահայեաց, հեռատես յօդուածը։

ՀԱՒԱՏՔԻ ՊԱԿԱՍԸ

Ցաւով կը տեսնենք հիմա որ մեր դպրոցներէն թերահաւատ ու սկեպտիկ տղաք դուրս կ՚ելլեն միայն։

Պզտիկ հեգնական ժպիտ մը ունին իրենց տժգոյն շրթանցը վրայ. միամիտ կը գտնեն զմեզ. հաշիւի ու ապացուցութեան պէս բառեր ունին բերաննին։

Դրական կեանքի կապուած հոգիներ են ատոնք անհատական չնչին պայքարներով զբաղած բոլոր ու անկէ դուրս աշխարհի մը գոյութիւնը ուրացող։

Մեր դպրոցներէն մտքի տէր տղաք կրնան ելլել այսուհետեւ, բայց կը վախնամ որ սրտի տէր ոչ ոք դուրս գայ. տրուած դաստիարակութիւնը, տեսնուած օրինակները, խարխափումի աշխարհ մը ստեղծած են ասոնց շուրջ։ Շիտակ խօսք մը իրենց ականջին հասած չէ, անկեղծ ձայն մը իրենց սրտին չի խօսիր, օրինակելի կեանքեր քիչ կրնան ցուցնել իրենց, միայն հաշուի մարդ ըլլալ պատուիրուած է իրենց ու պէտք եղածէն աւելի եղած են։

Արդարեւ, նախորդ սերունդներուն հաւատքն անգամ աւանդական բան մըն է քան թէ բարձր ըմբռնումը Կրօնքին։ Մտէ՛ք ամէն խաւերուն մէջ, պիտի գտնէ՞ք մարդիկ, որ Կրօնքին ըլլան հոգեկան գոհացումի մը պէտքով։

Ես կարող եմ ցուցնել որ այդ բոլոր բարեպաշտները յաւիտենական գեհենի մը երկիւղէն բռնուած՝ այդքան ջերմեռանդ են, քան թէ ճշմարիտ հաւատքի մը բերունքով եւ ուրիշներ որ իրենց տունի, տեղի, խանութի գործերուն յաջողութեան համար միայն կը դիմեն Աստուծոյ ոտքը։

Ատոնք հաւատացեալներ չեն, ռամիկ շահադէտներ են։

Ու երբ հաւատքը նուազի, գիտցէք որ բարոյական կեանքը կը տկարանայ, ի՞նչ պիտի դնենք անոր տեղը. գիտութի՞ւնը, բայց իմաստակներ ունինք շուրջերնիս, եւ ոչ գիտուններ, բայց խղճմտանքը երբեք մեծ յաղթող մը չէ եղած աշխարհիս մէջ։

Առաջին ուսումը որ պարտինք սորվեցնել այսուհետեւ նոր հասնող սերունդին, հաւատքի ուսումն է։

Եթէ մեր եկեղեցականութիւնը անտարբեր կերպով հանդիսատես կ՚ըլլայ, երբ հաւատքին բարոյական ուժը կը տկարանայ մեր մէջ, մեզի կ՚իյնայ անոր բարոյացուցիչ դերը մատնանիշ ընել հանրային կեանքի համար։

1893                                                                                            ԳՐԻԳՈՐ ԶՕՀՐԱՊ

***

Վերոյիշեալ տողերուն այժմէութիւնը կը թողունք ընթերցողներու բարձր գնահատանքին։

Հաւատքին զօրութեան մասին տեսնենք թէ ի՛նչ կ՚ըսէ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեան։

Ահաւասիկ, 17 սեպտեմբեր 1923-ին խօսած քարոզէն հատուածներ։ (Գարեգին Եպսկ. Տրապիզոնի)։

Մեր դարը լոյս կը պահանջէ։ Բայց ո՜րքան խաւար ունի դեռ «այս աշխարհը»։ Ներկայ մարդկութիւնը, դարերու քաղաքակրթութեան այս անկատար ու ձախող շինուածքը, չգոհանար հին լոյսերով։ Եւ ո՜վ պիտի յանդգնէր մեղադրել զինք, եթէ ան նախընտրէր ելեկտրական լուսաշող կտուցը՝ իւղի մէջ թաթղուած պլպլան պատրոյգէն։ «Լո՜յս եւ աւելի լոյս».- այս է եղեր, է՛ եւ պիտի ըլլայ միշտ մարդկային կեանքի նշանաբանը, հոգ չէ թէ կարելի չըլլայ գտնել լուսաղբիւրը։ Լաբիւրինթոսի մէջ մոլորած հոգի մը մանաւանդ ուրիշ ի՜նչ պիտի երազէր։ Կեանքն ալ լաբիւրինթոս մ՚է։

Հին լոյսերէն մէկն է նաեւ հաւատքը։ Ներշնչում մ՚է ան՝ որ Աստծու էութենէն կը բխի, բնութեան միջոցով կը հոսի եւ մարդկային հոգուն խորը կը ծաւալանայ։ Սիրտն է ակնաղբիւրը այդ բխումին։ Սիրտը, սե՜ռն ու պայծառ, ուր Աստծու պատկերը կը հայելիանայ եւ որ Անոր շունչով կը կենդանանայ։ Երկնային ու երկրային, աստուածային ու մարդկային զօրութիւն մը՝ խորհուրդն է այդ հաւատքին։ Ան հզօր լծակն է անհատական եւ ընկերային բարոյական կեանքին։ Իբր այդ ան կամքը. անհատական-բարոյական ոյժերու ներզօր կեդրոնացումը գիտակցութեան մէջ, կը դարձնէ ամենակարող։ Այլաբանական անհերքելի ճշմարտութիւն մ՚է թէ «մանանեխի հատի չափ հաւատք մը կրնայ լեռները տեղափոխել»։ Անհնար ոչինչ կայ անոր համար՝ որուն կամքը հաւատքի տակ շունչովն է ջրդեղուած…։

Հաւատքը զուտ վերացական բան մը չէ։ Հաւատալ որ եւ է իրի զօրութեան՝ ոչինչ կ՚արժէ, եթէ միւս կողմէ բարոյական, հոգեկան եւ նոյնիսկ ֆիզիքական ոյժերը անկարող ըլլանք պատշաճեցնելու այդ իրի բովանդակած ներքին խորհուրդին…։

17 սեպտեմբեր 1923, Սկիւտար

(ՇՈՂԱԿԱԹՈՒՄՆԵՐ, 1925, էջ 153)

***

Կեանքը արդէն մեզի ցոյց կու տայ, թէ հաւատքը իրապէ՛ս «զօրութիւն» մըն է. բայց հարցը, մարդուն այդ զօրութեան անդրադառնալուն մէ՛ջն է։ Սակայն մարդ, կու գայ պա՛հ մը՝ որ կ՚անդրադառնայ հաւատքին զօրութեան…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետրուար 19, 2020, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Փետրուար 21, 2020