ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Մեր թուականէն 107 տարիներ առաջ՝ 15 յունիս 1915-ին Պոլսոյ Պայազիտ հրապարակին վրայ մահուան դատապարտուած Փարամազ կախաղանին վրայէն, նախքան իր վերջին շունչը փչելը կը յայտարարէր. «Դուք միայն մեր մարմինները կրնա՛ք կախել, իսկ մեր գաղափարը՝ ո՛չ»:
Մեզմէ իւրաքանչիւրին կեանքին մէջ գոյութիւն ունի գաղափար մը, որուն այս կամ այն ձեւով ենթակայ ենք բոլորս. գաղափար կամ գաղափարախօսութիւն ըսելով պայման չէ հասկնանք կուսակցութեան մը եւ կամ կազմակերպութեան մը անդամագրութիւնը: Ամէ՛ն ժամանակաշրջան ու ընկերութիւն, կամայ թէ ակամայ կ՚ունենայ իր իսկ կողմէ մշակուած գաղափարաբանութիւն մը: Նկատենք թէ չէ, այդ գաղափարները ժամանակուան ընթացքին կ՚ենթարկուին փոփոխութիւններու եւ իւրաքանչիւր սերունդ իր հետ կը բերէ նոր գաղափարական մը, որ շատ անգամ կը հակասէ նախորդներուն ունեցածին եւ անոնց միջեւ կը ստեղծէ անհասկացողութեան վիհ մը, մոլեռանդութեան ու ազատամտութեան բախում մը պարզապէս:
Գաղափար ունենալը դժուար, սակայն այդ գաղափարին հնազանդ մնալը շատ աւելի դժուար իրողութիւն մըն է այսօր, որովհետեւ ներկայ աշխարհը մարդոց մէջէն կը փորձէ վերացնել գաղափարաբանութիւնը. տասնամեակներ առաջ արձակագիր Հրանդ Մատթէոսեան իր հրապարակախօսութիւններէն մէկուն մէջ կը գրէ. «սկսած է աւարտիլ գաղափարախօսութեան ժամանակաշրջանը»։ Համաշխարհայնացման հիմնական նպատակներէն մէկն ալ գաղափարներու ոչնչացումն է, որովհետեւ հոն ուր գաղափարական չկայ, հոն կայ սանձարձակութեան գացող ազատութիւն՝ ուր վստահաբար շունը իր տէրը պիտի չճանչնայ:
Գաղափարը սիրելուն ու չսիրելուն միջեւ շատ նուրբ գիծ մը գոյութիւն ունի, որովհետեւ առանց գաղափարի ապրիլը վտանգաւոր, սակայն գաղափարին կամակատարը ըլլալը նոյնպէս վտանգաւոր է: Վտանգաւոր, որովհետեւ ընկերութեան մէջ գաղափարներու հանդէպ մարդիկ կը բաժնուին մի քանի խումբի.-
Ա.- Կայ եւ գոյութիւն ունի այն խումբը, որ կ՚ուսումնասիրէ գաղափարները, ի յարկին անոնց մէջ փոփոխութիւններ կը կատարէ. անցեալին այդպիսիք էին մեր գրողները, որոնք իրենց գիր-գրականութեան ու մամուլի ճամբով այդ գաղափարներն ու համոզումները կը փոխանցէին ժողովուրդին:
Բ.- Կայ այն խումբը, որ առանց միջամուխ ըլլալու կ՚ուսումնասիրէ գաղափարները եւ զանոնք համեմատելով իր անձնական համոզումներուն ու ըմբռնումներուն հետ, կ՚որոշէ հետեւիլ անոնց թէ ոչ, որովհետեւ պարտադրուած գաղափարականը մեռեալ համոզում մը ըլլալէ տարբեր բան չի կրնար ըլլալ:
Գ.- Կայ այն խումբը, որ առանց ուսումնասիրելու, առանց հասկնալու այդ գաափարները կ՚ընդունի որպէս կարծրատիպեր եւ առանց անոնց էութիւնը ըմբռնելու հետեւիլ ու համոզուած ըլլալ կը ձեւացնէ. ցաւ ի սիրտ մեր ընկերութեան մեծամասնութիւնը կը տառապի երրորդ կարգի այս հիւանդագին իրավիճակէն, որովհետեւ կուրութեամբ կը հաւատայ ա՛յն ղեկավարներուն, որոնք բազմիցս իրենց յուսախաբ ըրած են ու կը շարունակեն ընել:
Դ.- Վտանգաւոր այս չորրորդ խումբը անոնք են, որոնք ո՛չ կուսումնասիրեն գաղափարները, ո՛չ կ՚ուզեն լսել ու հասկնալ անոնց էութիւնը, սակայն հոգիով-սրտով կը ժխտեն զայն. մեր ազգի մէջ այս հիւանդութիւնը եւս շա՜տ է. մենք նման ենք ա՛յն մանուկներուն, որոնք հրամցուած ճաշ մը չհամտեսած անոր համով կամ անհամ ըլլալը կ՚որոշեն:
Այս չորս խումբերէն մէկուն անդամ դառնալը տրուած է մեզի, սակայն շատ աւելի կարեւորը կարենալ այդ մէկը պահելն է. կարդացէ՛ք այսօր իր գաղափարներուն համար զոհուած Միսաք Մանուշեանի կեանքը. աւելի քան երեք անգամ ձերբակալուած ու բանտարկուած է. իր գաղափարներուն համար ենթարկուած է տանջանքներու ու տառապանքներու, մինչեւ իսկ հասած է մահուան սահման, սակայն երբեւէ չէ հեռացած իր գաղափարներէն:
Այս բոլորը ակամայ մտածել կու տայ, թէ ի՞նչ բանի վրայ հիմնուած են այսօր մեր գաղափարները. մենք ալ արդեօք այնպէս ինչպէս Պետրոս Առաքեալ ուրացաւ Քրիստոսը, մենք եւս դժուարութեանց դիմաց չե՞նք ուրանար մեր ընդունած գաղափարականները:
Հայ ժողովուրդը երեսուն տարիներ առաջ յաղթանակ արձանագրեց, որովհետեւ պայքարողներն ու կամաւորները ունէին մէկ ընդհանուր գաղափար. ազատագրուած տեսնել Արցախ աշխարհը. իսկ այսօ՞ր. այլազան ու բազմազա՜ն են գաղափարներն ու անոնց տեսակները, որոնք ո՛չ թէ երկուութիւն, այլ քաոսային վիճակ մը ստեղծած են հայրենիքէն ներս:
Նոյնիսկ աշխարհի ամենէն լաւ ու արդիւնաւէտ գաղափարը մարդուն համար պարտադրական չի՛ կրնար ըլլալ. սակայն գաղափարը գաղափար ըլլալէ անդին գործ կը պարտադրէ. կը պարտադրէ նուիրում՝ նոյնիսկ մահուան վտանգի մը դիմաց:
Պարոյր Սեւակ, Չարեց եւ բազմաթի՜ւ ուրիշներ զոհուեցան իրենց գաղափարախօսութիւններուն համար, որովհետեւ անոնք գիտակցեցան, թէ իրենց մահը վերջ չի՛ կրնար տալ իրենց ազատ գաղափարախօսութեան:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ՄԻՍԱՔ ՄԱՆՈՒՇԵԱՆ
(1906-1944)
Մեր թուականէն 78 տարիներ առաջ՝ 21 փետրուար 1944-ին, Ֆրանսայի Ֆորտ Մոն Վալերիէն շրջանին մէջ մահապատիժի ենթարկուած է բանաստեղծ, ֆրանսական դիմադրութեան շարժման մարտիկ եւ Ֆրանսայի ազգային հերոս Միսաք Մանուշեան:
Մանուշեան ծնած է 1 սեպտեմբեր 1906-ին, Թուրքիոյ Ատըեաման (Հասանմսուր) քաղաքին մէջ: Միսաքի հայրն ու մայրը զոհ դարձած են Համաշխարհային Ա. պատերազմին, իսկ ինք իր եղբօր հետ միասին փրկուած եւ հասած է Սուրիա, ուրկէ անցած են Լիբանան եւ դարձած՝ հայկական որբանոցներէն մէկուն սան: Նկատի ունենալով որ այդ տարիներուն Լիբանան կը գտնուէր ֆրանսական տիրապետութեան տակ, որբանոցին մէջ Միսաք եւ եղբայրը՝ Կարապետ լաւապէս տիրապետած են Ֆրանսերէն լեզուին եւ 1925 թուականին տեղափոխուած են Ֆրանսա, որոշ ժամանակ մնալով Մարսէյլ եւ ապա Փարիզ: Մանուշեան Ֆրանսայի մէջ աշխատած է յայտնի ֆրանսական «Սիթրոէն» ինքնաշարժներու գործարանին մէջ եւ միաժամանակ շրջանի գրադարանը յաճախելով զբաղած է ինքնակրթութեամբ: Ֆրանսա մեկնելէ երկու տարի ետք, 1927 թուականին մահացած է Միսաքի եղբայրը:
Մանուշեան իր ազգակից գրող, բանաստեղծ, թարգմանիչ եւ խմբագիր Գեղամ Աթմաճեանի (ծանօթ Սեմա գրչանունով) հետ հիմնած է «Ջանք» եւ «Մշակոյթ» պարբերականները, ուր հրատարակած են ֆրանսական ու հայկական գրականութեան նուիրուած յօդուածներ: Մանուշեան այդ ժամանակաշրջանին զբաղուած է թարգմանութեամբ. հայերէնի թարգմանած է ֆրանսացի բանաստեղծներ Շարլ Պոլտէրի, Փոլ Վեռլէնի եւ Ժան Նիքոլա Ռեմպոյի ստեծագործութիւններէն. միաժամանակ Մանուշեան ժամանակ ստեղծելով հետեւած է Սորպոնի համալսարանի գրականութեան, փիլիսոփայութեան եւ պատմութեան նուիրուած դասախօսութիւններուն:
Միսաք Մանուշեան 1934 թուականին եղած է Ֆրանսայի Համայնավար կուսակցութեան անդամ եւ 1935-1937 թուականներուն խմբագրած է կուսակցութեան «Զանգու» շաբաթաթերթը, ուր քարոզած է Խորհրդային Միութեան գաղափարները: Նոյն թուականներուն եղած է Հայաստանի Օգնութեան կոմիտէի վարչութեան անդամ, ուր ծանօթացած է իր կնոջ ֆրանսահայ գործիչ Մելինէ Ասատրեանին, որու հետ միասին մասնակցած է ֆրանսական դիմադրութեան շարժման:
Համաշխարհային Բ. պատերազմի սկիզբ առած օրը ֆրանսական պետութիւնը արգիլած է համայնավար կուսակցութեան գործունէութիւնը եւ բազմաթիւ կուսակցութեան անդամներ ձերբակալած, որոնց մէջ եղած է նաեւ Միսաք Մանուշեան։ Ֆրանսական պետութիւնը ձերբակալելով Մանուշեանը բանտարկած է եւ ոչնչացուցած անոր պատկանող շատ մը ձեռագրեր: Գերմանական զօրքերու Ֆրանսա ներխուժումէն ետք Մանուշեան դարձեալ վերադարձած է Փարիզ եւ դարձեալ անցած՝ թերթի խմբագրութեան գործին:
Գերմանական զօրքի եւ Խորհրդային Միութեան բախումներու ժամանակ Մանուշեան դարձեալ ձերբակալուած ու բանտարկուած է, սակայն խոյս տալով բանտէն դարձած է «Ստալինկրատ» ջոկատի անդամ եւ ղեկավարելով կազմակերպութեան ջոկատներէն մին՝ աւելի քան 30 յաջող գործողութիւններ կատարած է ընդդէմ գերմանական ուժին: Այդ թուականին գերմանական պետութիւնը հրատարակած է յայտարարութիւն եւ այդ գործողութիւնները կատարողները ահաբեկիչ կոչած։ Այդտեղ տեղադրուած եղած է նաեւ Միսաք Մանուշեանի նկարը: Մանուշեան ֆրանսական կառավարութեան կողմէ ձերբակալուած է 1943 թուականին։ Մանուշեանի հետ կապ ունենալու մեղադրանքով ձերբակալուած է ընդհանուր 68 մարդ:
Զանազան պատիժներու եւ տանջանքներու ենթարկուելէ ետք, Մանուշեան իր խումբի 28 անդամներուն հետ միասին մահապատիժի ենթարկուած է 21 փետրուար, 1944-ին:
Մանուշեան յետ մահու արժանացած է «Պատուոյ Լեգէոն» շքանշանին. անոր յիշատակին իր անունը կրող հրապարակներ ու փողոցներ կառուցուած է Փարիզի, Մարսէյլի, ինչպէս նաեւ Երեւանի մէջ: Յետ մահու Փարիզի մէջ հրատարակուած է Մանուշեանի բանաստեղծութիւններու ժողովածուն. 1978 թուականին քանդակագործ Արա Յարութիւնեանի աշխատութեամբ Ֆրանսայի մէջ կանգնած է Մանուշեանի արձանը. Երեւանի թիւ 48-րդ դպրոցը կոչուած է Միսաք Մանուշեանի անունով: Գորիսի շրջանին մէջ կանգնած է Միսաք Մանուշեանի անունը կրող խաչքար-յուշարձան:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ