ՀԻՆԻՆ ԵՒ ՆՈՐԻՆ ՄԻՋԵՒ
Մեր թուականէն 75 տարիներ առաջ`1948-ին, հրապարակագիր Շաւարշ Միսաքեան խօսելով իր ժամանակի նոր սերունդին եւ մանաւանդ անոնց մէջ գոյութիւն ունեցող մտաւորական դասին մասին, թախիծով կը բարձրաձայնէր. «Կը նօսրանան, կը նօսրանան սրընթաց...» եւ այս նօսրացման իբր հետեւանք փշրանքներն են, որոնք մենք ունինք: Որոշ ժամանակաշրջան մը հայ ժողովուրդը շա՜տ մեծ յոյս ունէր իր նոր սերունդին եւ երիտասարդութեան հանդէպ. գրեթէ բոլոր մտաւորականները, թերթերն ու հանդիսութիւնները հայ երիտասարդութեան եւ հասակ առնող նոր սերունդի կարողութիւնները կը ներբողէր: Ցեղասպանութիւնը թէեւ մեծ ցաւեր պատճառած էր, սակայն կ՚ուզէին դրական կողմ մը գտնել անոր մէջ, մտածելով որ նման ցաւեր ապրող ազգի մը զաւակները նոյնիսկ օտարութեան մէջ աւելիով կառչած պիտի մնան իրենց ինքնութեան, լեզուին, հաւատալիքին եւ արժէքներուն:
Շատեր ենթադրեցին, որ յառաջիկայ սերունդները հայ ժողովուրդի ցաւերէն սնուելով շատ աւելի խելահաս պիտի ըլլան: Օտար ափերու վրայ գտնուելով առիթ պիտի ունենային ծանօթանալու նաեւ օտար մշակոյթներու եւ հիներէն շա՛տ աւելի զարգացած ու յառաջդիմած նոր «ոսկեդար» ստեղծող սերունդ մը պիտի ըլլային... սակայն նօսրացա՛ն եւ սպասուածին հակառակ սկսան տարտղնիլ:
Իւրաքանչիւր ազգի համար երիտասարդութիւնը շա՛տ աւելի արժէք ու կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, քան տարեց խաւը, որովհետեւ ազգի մը փրկութիւնը կախեալ է իր երիտասարդութենէն. առողջ եւ գիտակից երիտասարդութիւն մը առողջ եւ ապահով ապագայ մը կը խոստանայ ազգութիւններուն, սակայն հակառակը՝ քաոս ու թոհուբոհ կրնայ ստեղծել եւ խաթարել ազգի գոյութիւնը:
Այս բոլորը նկատի ունենալով յաճախ կը նկատենք պայքար մը՝ երիտասարդներու եւ անոնցմէ աւելի վեր գտնուող սերունդներուն միջեւ եւ այս մէկը կը նկատենք անհրաժեշտ, որովհետեւ իւրաքանչիւր սերունդ պէ՛տք է, որ ունենայ իր ըսելիքը՝ շատ անգամ նոյնիսկ ի հեճուկս հիներուն, մի՛շտ դէպի լաւ ու փայլուն ապագայ առաջնորդող: Այդ պայքարը անհրաժեշտ կը նկատենք, որովհետեւ հին սերունդը շա՜տ բան ակնկալելով հանդերձ նոր սերունդէն՝ սանձ կը դնէ անոր թէ՛ խօսքի եւ թէ՛ գործի ազատութեան. նորը հինինը ժամանակավրէպ կը նկատէ, իսկ հինը՝ նորինը վտանգաւոր եւ սպառնալի:
Աշխարհայնացման վտանգը այսօր իրեն թիրախ կը դարձնէ լոկ երիտասարդութիւնը, որովհետեւ գիտէ, թէ մոլորած ու պառակտուած երիտասարդութիւն մը ազգի մը կործանումի երաշխաւորութիւնն է: Յաճախ կը կարծենք, թէ երիտասարդութիւնը ի՛նք կը մոլորի, առանց նկատելու, որ թիրախը իրե՛նք իսկ են. ազգի մը մշակոյթը ոչնչացնելու լաւագոյն ձեւը նոր սերունդին այդ բոլորը ատելի դարձնելն է, որովհետեւ իր մշակոյթն ու ինքնութիւնը լաւապէս չգիտցող երիտասարդութիւն մը ատակ է շա՜տ դիւրութեամբ փոխելու այն բոլորը, որ մեզի համար այսօր արժէք կը ներկայացնէ՝ որովհետեւ ո՛չ մէկ արժէք եւ իմաստ կրնայ ունենալ իրեն համար:
Դիտեցէ՛ք ձեր շուրջը եւ ամէ՛ն կազմակերպութեան ու միութեան մէջ պիտի տեսնէք երիտասարդութեան պակասը. նայեցէ՛ք մամուլի էջերուն. տասնեակ մեծահասակներու մօտ հազիւ կը նշմարէք մի քանի երիտասարդ գրողներ. նայեցէ՛ք մեր հայկական բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ պիտի տեսնենք, թէ մեծահասակ պատասխանատուներու ճամբով է, որ կ՚առաջնորդուին: Դիտեցէ՛ք եկեղեցին. մի քանի տասնեակ ծերերու մօտ հազիւ մի քանի երիտասարդ դպիր կը նշմարէք եւ այպէս շարունակ նայեցէ՛ք ամէն տեղ եւ պիտի զգաք պակասը երիտասարդութեան, որոնց մօտ տիրած է ծայրայեղ անտարբերութիւն մը գրեթէ ամէ՛ն բանի նկատմամբ:
Որքան ալ անհոգութեամբ մօտենանք՝ նման երեւոյթի մը ազդեցութիւնը մեծապէս ապագային պիտի զգանք, որովհետեւ այլեւս դժուար պիտի ըլլայ գտնել խմբագիրներ, ուսուցիչներ, ազգային գործիչներ եւ ամենէն կարեւորը ղեկավարներ՝ որոնք կը յաջողին լաւագոյն ձեւով արդարացնել իրենց յանձնուած պաշտօններու յաջողութիւնը ապահովելով: Երբ մեծահասակ խմբագիրներն ու գրողները կամաց կամաց հրապարակէ քաշուին, նորերը անոնց ճամբէն պիտի քալե՞ն. երբ ծերերը կամաց կամաց անդենականին ճամբան բռնեն, նորերը պիտի գա՞ն լեցնելու անոնց պակասը, թէ ոչ պիտի ունենանք դուրսէն կանգուն, սակայն ներսէն աւերակ եկեղեցիներ:
Նման հարցերու դիմաց միշտ հարց կը տրուի, թէ ի՞նչ է լուծումը։ Ամենէն առաջնահերթ լուծումը լսելն է, որովհետեւ մեր մեծահասակները ունին Պապի անսխալականութեան համոզումը, ինչ որ պատճառ կը դառնայ չլսելու: Հին եւ նոր սերունդին միջեւ պէտք է գոյութիւն ունենայ խաւ մը, որ կարենայ թէ՛ նորինը լսել եւ թէ՛ հինինը պահպանել եւ մենք այդ խաւի պակասէն կը տառապինք: Այդ խաւի ստեղծումը որո՞ւ պարտաւորութիւնն է... բոլորի՛ն անխտիր. յաճախ նման հարցերով զիրար ամբաստանելու ունակութիւնը մէկդի դնելով պէտք է գիտակցինք, որ թէ՛ եկեղեցին, թէ՛ դպրոցը, թէ՛ կուսակցութիւնները, թէ՛ ազգային եւ մշակութային կազմակերպութիւնները ունին այդ խաւը ստեղծելու պարտաւորութիւնը: Ամէ՛ն կազմակերպութիւն, խմբագրութիւն կամ միութիւն թող իր մեծահասակ վարչականներուն քով մի՛շտ ունենայ երիտասարդ ներկայացուցիչ մը եւ տայ կարեւորութիւն անոր կարծիքներուն ու առաջարկներուն:
Քննարկումէ հեռու կը պահենք հինին անսխալականութիւնը, սակայն կը կարեւորենք նորին թարմութիւնը, որովհետեւ միայն անոնց որդեգրումով կրնանք փրկել մեր կառոյցները, եկեղեցիներն ու բոլո՛ր արժէքները՝ որոնք սրբազան են այսօր մեզի համար:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -174-
Լիբանան գտնուած ժամանակ, նախքան եկեղեցական դառնալս, երկու աշխատանք ունէի. արխիւի պատասխանատու էի կուսակցութեան մը մէջ, իսկ այլ կուսակցութեան մը պատկանող թերթի խմբագրութեան անդամ: Երկու տեղերն ալ շրջապատուած էի մեծահասակներով եւ գրեթէ հօրս տարիքը ունեցող մարդոցմով: Այս մթնոլորտէն դուրս գալու համար կուսակցականներէն մին առաջարկեց ակումբ երթալ. այդտեղ շրջանակը ուրիշ էր եւ կրնար լաւ փոփոխութիւն մը ըլլալ ինծի համար:
Օր մըն ալ հրաւիրուեցայ ժողովի մը՝ անդամ դառնալու ակումբի երիտասարդական յանձնախումբին. սակայն իրականութիւնը ուրիշ էր. յանկարծ լսեցի անունս՝ Հրայր Տաղլեան: Ընտրուած էի բան մը՝ որ ծանօթ չէ ինծի: Ամիս մը ետք ինքզինքս գտայ դարձեալ հօրս տարիքը ունեցող մարդոց միջեւ. զիս վարչական անդամ ընտրած էին՝ որ մեծահասակներէ կը բաղկանար եւ ո՛չ մէկ աղերս ունէր ակումբի երիտասարդութեան հետ. պարզապէս ժողովներ պէտք է գումարէինք, երիտասարդներու կողմէ տրուող առաջարկները քննարկէինք եւ ըստ այնմ որոշումներ կայացնէինք:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Վաղարշապատ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024