ՄԻԱՍՏՈՒԱԾԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ

Վաղեմի քրիստոնեաները անզիջող դիրք բռնած էին եւ չէին ուզեր գործ ունենալ բազմաթիւ չաստուածներու հետ եւ ո՛չ ալ բազմաթիւ տէրերու հետ։ «Որովհետեւ թէպէտ անուանապէս կան երկնաւոր եւ երկրաւոր աստուածներ, ինչպէս որ մեր շուրջը կը տեսնենք, թէ կան բազմաթիւ -աստուած-ներ եւ բազմաթիւ -տէր-եր, բայց մեզի համար մէկ Աստուած կայ, Հայրը, որմէ սկիզբ առած է ամէն բան եւ մենք իրեն համար կանք. եւ կայ մէկ Տէր՝ Յիսուս Քրիստոսը, որուն միջոցաւ ստեղծուեցաւ ամէն բան, եւ մենք անոր միջոցաւ կանք». (Ա ԿՈՐՆԹ. Ը 5-6)։

Միաստուածապաշտութեան դրութիւնն իսկ ունի երեք ձեւ, արմատ առնելով Աստուծոյ եւ տիեզերքին հետ եղած յարաբերութիւններէն՝ որուն մէջ կ՚ապրի մարդը։

ա.- ԴԵԻԶՄ. «Deizm» Աստուածապաշտութիւն

Այս դրութիւնը կ՚ուսուցանէ, թէ Աստուած տիեզերքը ստեղծեց, զանիկա բնական զօրութեամբ եւ օրէնքներով օժտեց եւ թողուց իր վիճակին՝ իսկ Իր կողմէ փոքր զսպումով եւ կամ ամենեւին։

Դեիզմը կ՚ուրանայ աստուածային յայտնութիւնը եւ մարդուն անհրաժեշտ փրկութեան կարիքը, որ բարոյական տրամաբանութենէ դուրս են։ Զոր օրինակ, Thomas Paine, Դեիզմի դրութեան պատկանող տիտաններէն է։ Ուստի, անոնք որոնք «Գերիշխան Էակ»ի մը գոյութիւնը կը դաւանին, անպայման չի՛ նշանակեր, որ անոնք քրիստոնեայ եւ Սուրբգրային դրութեամբ միաստուածապաշտ են։

բ.- ՀԱՄԱՅՆԱՍՏՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ «Pantheism»

Այս դրութիւնը կ՚ուսուցանէ, թէ Աստուած եւ տիեզերքը միեւնոյն են, թէ Աստուած բոլորն է եւ բոլորը Աստուած է։ Ասիկա Դեիզմի ճիշդ հակառա՛կն է։ Այս տեսակի վարդապետութիւն ունեցող հաստատութիւններէն է «Քրիստոնէական գիտութիւն» անունով հաստատութիւնը՝ «Christian Science»։

գ.- ԹԵԻԶՄ «Theism»

Այս դրութիւնը կ՚ուսուցանէ անձնական եւ կամ անհատական Աստուծոյ մասին, որ Ստեղծիչ է, տիեզերքի Զսպողն է։ Ան Կառավարիչն է տիեզերքին եւ ինչ որ կայ անոր մէջ։ Այդ դրութիւնը կ՚ըսէ, թէ Աստուած տիեզերքին ՄԷՋ է, ինչպէս որ մարդը իր ըրած բոլոր գործերուն մէջ է, արուեստագէտ մը կամ հեղինակ մը բոլոր նկարներուն մէջ է եւ բոլոր գրած գիրքերուն մէջ։

Ուստի, Աստուած ներմնայուն՝ «immenance» է։

Սակայն Աստուած անջատ եւ անկախ է Իր տիեզերքէն, ինչպէս որ մարդ իր ըրած գործէն անկախ է, ասիկա աստուածային վերանցական՝ «transcendence» է։

Քրիստոնէութիւնը ամբողջութեամբ Թեիզմի նուիրուած է, քանի որ Աստուած՝ Արարիչ է ե՛ւ Նախախնամ։

Եթէ Թեիսթական հաւատքը՝ մէկ Աստուծոյ՝ տիեզերքը Ստեղծողի, Զսպողի եւ Կառավարիչի մը մասին ճշմարիտ չըլլայ, այն ատեն փրկութիւնը անկարելի՛ կ՚ըլլայ եւ Քրիստոնէութիւնը՝ սին եւ փուճ։

Եւ ուրեմն կարեւոր է որ ի մտի ունենանք, թէ ինչո՞ւ Թեիզմի դրութեան կը կառչի Քրիստոնէութիւնը։

Այս մասին կան փաստեր։

Նախ ի՞նչ է փաստը։

Փաստը բանաւոր պաշտպանութիւնն է հաւատքին, որ վաղեմի քրիստոնեաներուն հարց եղած էր, Աւետարանը քարոզելու սկսելէն ի վեր։ Անոնք քարոզեցին աշխարհի մը, որ հեթանոս փիլիսոփայութեամբ պայմանաւորուած էր։ Երկու իմաստ կարելի է տալ «փաստ» հասկացողութեան։

Եթէ փաստարկութիւնը (=argumentation) պիտի նշմարուի իբր այնպիսի ապացոյցներու ներկայացումը, որ հետեւորդներուն հաւանութիւնը պիտի հարկադրէ, ինչպէս երկրաչափութեան փաստելի առաջարկը կարելի է ապացուցանել, այն ատեն Աստուծոյ գոյութիւնը փաստարկութեան կարելի չէ՛ հասնիլ։ Արդարեւ, կը հաւատանք, բայց աւելին՝ գիտենք, թէ Աստուած կայ, գոյութիւն ունի եւ ասիկա անուրանալի, անմերժելի եւ անկասկածելի ճշմարտութի՛ւն մըն է։

Իսկ եթէ փաստարկութիւնը պիտի հասկցուի իբր պատճառաբանութեան ներկայացումը հաւատալու, որ գոհացուցիչ ըլլայ խելահաս եւ ողջախոհ մարդուն կողմէ, ա՛յն ատեն Աստուծոյ գոյութեան փաստարկութիւնը կարելի եւ հարկաւոր կ՚ըլլայ։

Աստուծոյ չհաւատացողներէն ոմանք անհաւատ են, ո՛չ թէ մտաւորական դժուարութիւններու պատճառով, այլ դժկամութեան պատճառով՝ ընդունելու բարոյական պահանջները հաւատքին։ Այսպիսի մարդոց կը պատկանի Friedrich Nietzsche-ի (1844-1900) տրամադրութիւնը, որ կ՚ըսէ.

«Աստուած մեռած է եւ ամէն բան արտօնուած է»։

Անկարելի՛ է փաստել ո՛րեւէ բան անոր՝ որ չ՚ուզեր հաւատալ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Փետրուար 18 2023, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Փետրուար 21, 2023