ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆ

«Փոր­ձա­ռու­թիւ­նը լա­ւա­գոյն դաս­տիա­րակն է», կ՚ը­սէ Թով­մաս Քար­լայլ։ Եւ ի­րա­պէս, ե­թէ գի­տու­թիւ­նը եւ աշ­խա­տու­թիւ­նը անհ­րա­ժեշտ են յա­ջո­ղու­թեան հա­մար ո­րե­ւէ մար­զի մէջ, փոր­ձա­ռու­թիւնն ալ նոյն­քան անհ­րա­ժե՛շտ է կա­տա­րե­լու­թեան հա­մար։

Ուս­տի ա­ռանց փոր­ձա­ռու­թեան գի­տու­թիւ­նը չի կրնար կա­տա­րել իր դե­րը յա­ջո­ղու­թեան մէջ, որ­քան ալ ան ըն­կե­րակ­ցի աշ­խա­տու­թեան։

Ինչ­պէս յա­ճախ կը կրկնենք, ան­շուշտ գի­տու­թեան, աշ­խա­տու­թեան եւ փոր­ձա­ռու­թեան պէ՛տք է միա­նայ կար­գա­պա­հու­թիւ­նը։ Եւ այս չորս ազ­դակ­ներն են որ մարդս կը հասց­նեն կա­տա­րեալ յա­ջո­ղու­թեան, ան­թե­րի կա­տա­րե­լու­թեան։

Մարդ փոր­ձա­ռու­թեան օ­ժան­դա­կու­թեամբ կրնայ օգ­տա­գոր­ծել իր գի­տու­թիւ­նը եւ զայն զար­գաց­նել աշ­խա­տու­թեամբ, մի՛շտ կար­գա­պա­հու­թեան հա­ւա­տա­րիմ մնա­լով ան­շուշտ։

Ար­դա­րեւ, իր լայն ա­ռու­մով «փոր­ձա­ռու­թիւն» կը նշա­նա­կէ՝ վար­ժու­թիւն եւ հմտու­թիւն։ Այն ինչ որ վար­ժու­թեամբ հմտու­թիւն, այ­սինքն խոր եւ ըն­դար­ձակ ծա­նօ­թու­թիւն ու­նե­նալ եւ մաս­նա­գի­տա­ցում ձեռք ձգել։

Եւ այս խոր ու ըն­դար­ձակ ծա­նօ­թու­թիւ­նը կա­րե­լի է ստա­նալ փոր­ձա­ռու­թեամբ։ Իսկ փոր­ձա­ռու­թիւ­նը կը կա­րօ­տի ժա­մա­նա­կի։ Եւ այն որ ժա­մա­նա­կի կը կա­րօ­տի՝ պէտք ու­նի համ­բե­րու­թեան։ Ուս­տի մարդ սպա­սե­լու եւ տո­կա­լու կա­րո­ղու­թիւն ու­նե­նա­լու է՝ որ­պէս­զի կա­րե­նայ հմուտ եւ փորձ, փոր­ձա­ռու­թիւն ձեռք ձգէ։

Ար­դա­րեւ կեան­քը ինք­նին փոր­ձա­ռու­թեան ըն­դար­ձակ դաշտ մըն է՝ ան­շուշտ ա­նոր անդ­րա­դար­ձո­ղին հա­մար։ Կեան­քը ան­հա­մար դա­սե­րով եւ փոր­ձա­ռու­թեան ա­ռար­կա­նե­րով լե­ցուն է՝ ա­մէն մէ­կուս հա­մար եւ ա­մէն պա­հուն։ Եւ ինչ­պէս Ա­ռա­քեա­լը կ՚ը­սէ, նե­ղու­թիւ­նը եւ համ­բե­րու­թիւ­նը կը գոր­ծէ, համ­բե­րու­թիւ­նը փոր­ձա­ռու­թիւն, փոր­ձա­ռու­թիւ­նը յոյս, իսկ յոյ­սը սէր կը ստեղ­ծէ։ Այն է որ նե­ղու­թեան եւ դժուա­րու­թեան հետ միա­սին համ­բե­րու­թիւն կու գայ մար­դուս վրայ եւ որ­քան համ­բե­րէ այն­քան կը զօ­րա­նայ հա­ւատ­քով, ինք­նավս­տա­հու­թիւն ձեռք կը բե­րէ, իսկ ինք­նավս­տա­հու­թիւ­նը յսյսի աղ­բիւր է՝ որ­մէ սէր կը բխի։ Եւ սէ­րը կեա՛նքն իսկ է…։

Ը­սինք, որ փոր­ձա­ռու­թիւ­նը կը կա­րօ­տի ժա­մա­նա­կի, ինչ որ կը նշա­նա­կէ համ­բե­րա­տար ըլ­լալ, կա­րե­նալ սպա­սել մին­չեւ որ նպա­տա­կին հաս­նիլ կա­րե­լի ըլ­լայ։

Մար­դուս նպա­տա­կը կա­տա­րեալ ըլ­լալ է, քա­նի որ ան կա­տա­րեալ ըլ­լա­լու կո­չուած է. իսկ կա­տա­րե­լու­թեան հա­մար ան պէտք ու­նի փոր­ձա­ռու­թեան եւ փոր­ձա­ռու­թիւնն ալ ար­դիւնք է՝ համ­բե­րու­թեան։

Ո՛վ որ պատ­րաստ է ի գին ա­մէն ին­չի համ­բե­րել ու տո­կալ զա­նա­զան նե­ղու­թիւն­նե­րու եւ դժուա­րու­թիւն­նե­րու եւ հաս­տատ մնալ իր կո­չու­մին մէջ մին­չեւ վերջ՝ ա՛ն միայն պի­տի հաս­նի իր նպա­տա­կին։

Մարդ ե­թէ համ­բե­րու­թիւն չու­նե­նայ եւ ա­ռանց փոր­ձա­ռու­թեան գոր­ծի լծուի, պի­տի նմա­նի այն հուն­տին՝ որ չ՚ա­ճիր այն հո­ղին մէջ որ բեր­րի չէ։

Հուն­տի մը ուռճ­նա­լու եւ պա­րար­տա­նա­լու հա­մար չի բա­ւեր ա­նոր լաւ ըլ­լա­լը, այլ պէտք է որ հողն ալ պա­րարտ ու բե­ղուն ըլ­լայ։

Գի­տուն ըլ­լալ չի՛ բա­ւեր, այլ մարդ պէտք է նաեւ փոր­ձա­ռու ըլ­լայ, գի­տու­թիւ­նը իր նպա­տա­կին գոր­ծա­ծե­լու կեր­պը գիտ­նայ, ի՛նչ որ փար­ձա­ռու­թեամբ ստա­ցուած յատ­կու­թիւն մըն է։ Պէտք է գիտ­նալ, թէ փոր­ձա­ռու­թեան ճամ­բուն վրայ ա­մէն դժուա­րու­թիւն եւ նե­ղու­թիւն՝ քան­դում կամ փլու­զում չեն, այլ՝ պար­զա­պէս բե­կում, ու­րեմն պէտք է դար­մա­նել զայն, եւ շա­րու­նա­կել ճամ­բան։ Ուս­տի Սուրբ Օ­գոս­տի­նոս Աւ­րե­լիոս կ՚ը­սէ. «Կեան­քի մէջ պա­տա­հած ձա­խո­ղու­թիւն­նե­րը՝ մարդս յա­ջո­ղու­թեան բարձ­րաց­նող սան­դու­խի մը աս­տի­ճան­ներն են»։ Կար­ծեմ փոր­ձա­ռու­թիւ­նը եւ զայն ստեղ­ծող համ­բե­րա­տա­րու­թիւ­նը ա­մե­նա­գե­ղե­ցիկ կեր­պով ցոյց տուող խոր­հուրդ մըն է այս։

Ար­դա­րեւ կոյ­րի մը հա­մար տե­սո­ղու­թիւ­նը կորսն­ցու­ցած ըլ­լալ վատ բան մըն է, սա­կայն կա՛յ ա­ւե­լի վա­տը՝ տես­նո­ղի մը իր տե­սիլ­քը կորսնց­նե՛­լը։ Ուս­տի այն որ կոյր է, չի տես­ներ լոյ­սը, բայց ան որ ա­չա­զուրկ չէ եւ չի տես­ներ լոյ­սը, ա­հա­ւա­սիկ այդ է սար­սա­փե­լին եւ ա՛յդ է ահ­ռե­լին։

Կեան­քը մար­դուս, ա­մէն պահ, բազ­մա­հա­զար փոր­ձա­ռու­թեան ա­ռիթ­ներ կ՚ըն­ծա­յէ, եւ սա­կայն ո­մանք չեն անդ­րա­դառ­նար ա­նոնց եւ ա­նոնք կ՚ըն­դու­նին պարզ պա­տա­հար­ներ, դի­պուած­ներ՝ ո­րոնք կը ներ­կա­յա­նան դժուա­րու­թիւն­նե­րու, նե­ղու­թիւն­նե­րու եւ եր­բեմն ալ բա­րե­պա­տե­հու­թիւն­նե­րու կեր­պով, մինչ­դեռ ա­նոնք, ա­մէն մէ­կը փոր­ձա­ռու­թեան ա­ռիթ­ներ են, ը­սենք՝ դա­սեր կամ ու­սու­ցում­ներ։

Իսկ ան, որ կեան­քի ա­մէն ե­րե­ւոյ­թէ կրնայ օգ­տուիլ՝ դաս մը առ­նե­լով, նոր փոր­ձա­ռու­թիւն մը կը ստա­նայ՝ որ պի­տի կա­տա­րե­լա­գոր­ծէ զինք­։ Առ այս, մարդ կը ջա­նայ մեկ­նա­բա­նել փոր­ձա­ռու­թեան տուեալ­նե­րը եւ ժա­մա­նա­կի նշան­նե­րը շնոր­հիւ խո­հե­մու­թեան ա­ռա­քի­նու­թեան, շնոր­հիւ խո­հա­կան մար­դոց խրատ­նե­րուն եւ Սուրբ Հո­գիին եւ Ա­նոր պար­գեւ­նե­րուն օգ­նու­թեան։ Ար­դա­րեւ ա­մե­նա­կալ Հօր Աս­տու­ծոյ հան­դէպ մար­դուն հա­ւատ­քը կրնայ են­թար­կուիլ փոր­ձա­ռու­թեան, ի դի­մաց «չար»ին եւ «չար­չա­րանք»ին։ Եր­բեմն կրնայ թուիլ, թէ Աս­տուած բա­ցա­կայ է մեր շուրջ եւ ան­կա­րող՝ խա­փա­նե­լու չա­րը։ Սա­կայն Հայր Աս­տուած Իր ա­մե­նա­կա­րո­ղու­թիւ­նը յայտ­նեց ա­մե­նա­խորհր­դա­ւոր կեր­պով՝ Իր Որ­դիին կա­մո­վին ու­նայ­նա­ցու­մով եւ Յա­րու­թեամբ, ո­րոնց մի­ջո­ցով Ան յաղ­թեց չա­րին։

Ա­հա­ւա­սիկ մար­դու տե­սան­կիւ­նէն «փոր­ձա­ռու­թիւն» մը, խա­չեալն Քրիս­տոս Աս­տու­ծոյ զօ­րու­թիւնն ու Աս­տու­ծոյ ի­մաս­տու­թիւ­նը։ Եւ ինչ­պէս Ա­ռա­քեա­լը կ՚ը­սէ.

«Քա­նի որ Աս­տու­ծոյ յի­մա­րը ա­ւե­լի՛ հզօր է քան մար­դիկ, եւ ան ա­ւե­լի՛ ի­մաս­տուն է քան մար­դիկ։ Նոյն­պէս՝ Աս­տու­ծոյ տկա­րը ա­ւե­լի՛ զօ­րա­ւոր է քան մար­դիկ» (Ա ԿՈՐՆ. Ա 25)։­

Ուս­տի Աս­տուած, Ի՛նք կու տայ Իր ա­մե­նա­զօ­րու­թեա­նը գե­րա­գոյն ա­պա­ցոյ­ցը, երբ կը համ­բե­րէ եւ կը գթայ։ Ա­ռանց հա­ւա­տա­լու, թէ Աս­տու­ծոյ Սէ­րը «ա­մե­նա­զօր» է, ինչ­պէ՞ս հա­ւա­տալ, թէ Հայ­րը կրցաւ մար­դը ստեղ­ծել, Որ­դին՝ մարդ­կու­թիւ­նը փրկել, Սուրբ Հո­գին՝ զայն սրբաց­նել։ Եւ բո­լոր ա­սոնք, մար­դուս հա­մար ո՛չ թէ «գի­տու­թիւն», այլ «փոր­ձա­ռու­թիւն»՝ զօ­րա­ցա՛ծ հա­ւատ­քով…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 18, 2016, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Մարտ 21, 2016