ՕՐԷՆՔԸ՝ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԼՈՅՍԸ

Օրինապահութիւնը՝ ազատօրէն գործելու, խորհուրդները իրագործելու կամ զսպելու, չափաւորելու եւ եթէ պէտք է՝ չիրականացնելու ուղեցոյց մը՝ բացատրագիր մըն է։ Արդարեւ, օրէնքը երբեք արգելք մը չէ՛ ազատօրէն շարժելու, այլ եւ մանաւանդ՝ լաւագոյն եւ արդիւնաբեր կերպով գործելու, կարելի չափով անսխալ շարժելու եւ կարգապահութեան մէջ խաղաղ ապրելու միջոց մըն է։

Օրէնքը, իր լայն առումով, կեանքը դիւրացնող, կանոնաւորող, լաւագոյնը ներշնչող ազդակ մը, միջոց մըն է։ Եւ այն օր օրինապահ է՝ ազա՛տ է։

Երբ խօսքը օրէնքի մասին է, սիրելի՜ բարեկամներ, կարելի չէ՛ չյիշել Մ. Ա. Վոլթէրի այն խօսքը, որ կը բացատրէ օրէնքին բնոյթը. «Օրէնսդիրներ, փոխանակ խնձոր մը գողցող տղու մը տրուելիք պատիժը որոշելու՝ տղուն խնձորը գողնալու պատճառները փնտռելու եւ այդ պատճառները մէջտեղէն վերցնելու միջոցները որոնելու են»։

Ուրեմն «օրէնք»ը ո՛չ թէ բացասական, ժխտական, այլ եւ մանաւա՛նդ դրական եւ շինիչ դեր մը կը կատարէ մարդուս կեանքին բարելաւման եւ խաղաղ կեանք մը ապրելու կարեւոր գործին նկատմամբ։ Արդարեւ, այն որ օրինապահ է՝ հանդարտ խիղճով, խաղաղ կեանք մը կ՚ապրի եւ ազատօրէն կ՚իրականացնէ իր ամէն օրինաւոր փափաքները։ Եւ ահաւասի՛կ, իսկական «ազատութիւն»ը ա՛յս է։

Հանդարտ խիղճով՝ խաղաղ կեանք մը վարելու եւ վայելելու նախապայմա՛նն է՝ հպատակիլ եւ հնազանդի՛լ տուեալ օրէնքներու տրամադրութիւններուն, կարգապահութեամբ հետեւիլ անոնց։

Եւ ահաւասիկ, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, այս պատճառով՝ օրէնքը պարտականութիւններու լո՛յսն է, եւ ո՛րչափ ունենանք այդ լոյսը, ա՛յնքան աւելի ընդունակ կ՚ըլլանք ճանչնալու եւ կատարելու մեր պարտականութիւնները։ Այս իմաստով, օրէնք մը ա՛յնքան սրտազդեցիկ, դիւրին գործադրելի եւ քաղցր է՝ ո՛րքան աւելի «բարոյական» է անիկա, եւ ո՛րքան մարդու արժանապատուութեան պատշաճելի, ո՛րքան մարդու արժանիքներու համապատասխան։ Այս իմաստով, դարձեալ, «օրէնքը մարդո՛ւն համար է, եւ ո՛չ թէ մարդը օրէնքին համար», ինչպէս կ՚ըսէ Յիսուս։

Ուստի երկու գեղեցկութիւններ կան կեանքի մէջ. երկինքը՝ մարդուս գլխուն վրայ, եւ բարոյական օրէնքը՝ մարդուս սրտին մէջ։ Եւ այս երկու գեղեցկութիւններն են, որ մարդս երջանիկ կ՚ընեն։

Օրինապահութիւնը կ՚ենթադրէ արդարութիւն, որ ընկերային կեանքի հիմն է։ Արդարութեան սէրը ընդոծին զգացում մըն է մարդուս սրտին համար՝ հոգիին կենսատու ջի՛ղն է ան։ Արդարութիւնը կը համաչափուի եւ գործադրելի կ՚ըլլայ խիղճի միջոցով. խիղճն է, որ կը կառավարէ արդարութեան բնատուր զգացումը, եւ դարձեալ, խիղճն է, որ ուղղութիւն կու տայ անոր։ Ուրեմն, եթէ օրէնքը պարտականութեան լոյսն է, խիղճն ալ արդարութեան եւ օրէնքին լո՛յսն է։

Արդարութիւնը պարտականութեան եւ իրաւունքի ներդաշնակութիւնը կ՚ապահովէ, իսկ խիղճը՝ արդարութեան ուղիղ եւ պատշաճ գործադրութի՛ւնը։

Օրինապահ ըլլալու համար, մարդ արդա՛ր ըլլալու է՝ անաչառ, այսինքն կողմերու միջեւ խտրութիւն չդնող։ Անաչառ ըլլալ կը նշանակէ՝ տկարին եւ զօրաւորին, աղքատին եւ հարուստին նոյն կերպով վարուիլ։ Ո՛րքան անարդարութիւն է՝ տկարին կամ աղքատին խղճալով՝ մեղքնալով զանց առնել յանցանք մը, զիջողութիւն ընել, տեղի տալ՝ հատուցում չպահանջել, պատիժ չտնօրինել, նո՛յնքան անիրաւութիւն է եւ անարդարութիւն՝ զօրաւորէ կամ հարուստէ մը վախնալով եւ կամ ակնածելով՝ պատկառելով անտեսել անոր յանցանքը, հատուցում չպահանջել եւ պատիժ չտնօրինե՛լ…։

Արդարութիւնը եւ օրինապահութիւնը զիրար ամբողջացնող երկու առաքինութիւններ են, որոնք կ՚ապահովեն եւ կը պահեն մարդկային արժանապատուութիւնը։ Առանց օրէնքի, առանց արդարութեան, ընկերային կեանքը շուտով կը խանգարուի եւ մինչեւ իսկ կը փճանայ։ Օրէնքն է՝ արդարութեամբ գործադրուած օրէնքը մանաւանդ, որ կ՚ուղղէ, մշտական կանոնաւորութեան մէջ կը պահէ, խաղաղ միջավայր մը կը ստեղծէ ընկերային կեանքին եւ ուրեմն ամէն մէկ անհատին։

Արդարութեան փափաքը «անձնական զգացում» մըն է, իսկ օրէնքը, ապրուած փորձառութիւններու՝ զտուած, ճշդուած, բիւրեղացած եւ խտացած նկատողութիւններու արդիւնք։ Հանրային հասարակաց զգացում մը՝ սկզբունք դարձած արժէք մը, ժամանակի եւ հաւաքականութիւններու իրերայաջորդ շրջաններուն մէջէն յառաջացած եւ մեծ միտքերու հաւանութեամբը կնքուած եւ վաւերացուա՛ծ։

Բայց, պէտք է խոստովանիլ, թէ ո՛չ արդարութեան սէրը եւ ո՛չ օրէնքին յարգանքը եւ հաւատարմութիւնը ո՛չինչ պիտի արժէին, եթէ բարոյական ուրիշ զօրութիւն մը, ուժ մը չփոխարկէր զանոնք կեանքի։ Եւ այդ մղիչ ուժի՝ զօրութիւնն է ԱՆԿԵՂԾՈՒԹԻ՛ՒՆը՝ համոզումի հաստատութիւնը եւ զայն ազատօրէն արտայայտելու քաջութի՛ւնը։ Սրտի անվերապահ արտայայտութիւն մը՝ որ նախանձախնդրութիւն կը ստեղծէ հոն՝ ո՛ւր, առանց իրեն, անկենդան եւ անգործադրելի տա՛ռ մը միայն պիտի մնար «օրէնք»ը եւ «արդարութիւն»ը։ Լոկ բառ պիտի մնային այդ երկու արժէքները, թերեւս առաքինութեան այլանդակ եւ տարօրինակ ձեւերու տակ։

«Օրէնք» եւ «Արդարութիւն»՝ երկու արժէքներ, երկու զօրութիւններ, երկու ուժեր, որ եթէ մարդ չկարենայ գործադրել եւ կեանքի կոչել պատշաճօրէն, անզօր եւ անաշխատ կը մնան, եթէ ո՛չ վնաս, բայց որեւէ օգուտ չեն պատճառեր մարդուս՝ թէ՛ անհատական եւ թէ՛ հաւաքական կեանքին մէջ։ Եւ կեանքը կը կորսնցնէ իր կարեւոր եւ կենսական երկու ջիղերը։ Ուրեմն, ինչպէս ամէն գործիք, ամէն արժէք պէտք է պատշաճօրէն օգտագործուի, օրէնքը եւ արդարութիւնն ալ պէ՛տք է նպատակայարմար կիրարկուի, եւ այդ կ՚իրագործուի «անկեղծութեան» եւ «հաւատարմութեան» ազնիւ զգացումներու միջնորդութեամբ, ինչպէս եւ ամէն մարզի մէջ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 15, 2018, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Մարտ 21, 2018