ՅԱՆԴԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
«Յանդգնութիւն» իր ամենալայն առումով կը նշանակէ լրբութիւն, անգիտակից համարձակութիւն, ժպրհութիւն։
Արդարեւ, յանդգնութիւնը կ՚ենթադրէ չափ ու սահման առանց նկատի ունենալու, առանց կշիռ պահելու եւ մանաւանդ առանց ինքն իր կարողութիւնները՝ իրաւասութիւնները յարգելու, սանձարձակ, անզուսպ կերպով շարժիլ, իր կիրքերը չհակակշռել եւ մանաւանդ քմահաճօրէն եւ ինքնակեդրոն գործել՝ ուրիշներու իրաւունքը եւ ազատութիւնը չյարգե՛լ։ Այս ուղղութեամբ, յանդգնութիւնը, ինքնաճանաչութեան պակասի մէկ արդիւնքն է. այն որ իր ուժերը, կարողութիւնը, տարողութիւնը, իրաւունքները, մէկ խօսքով՝ ինքզինք չի ճանչնար, եւ եղածէն շատ աւելի մեծ եւ կարող կը զգայ, յանդգնութեամբ կը շարժի եւ անզուսպ կիրքերու գերին կը դառնայ…։
Արդարեւ յանդգնութիւնը անգիտակցութեան հետեւանք՝ կատարեալ ինքնախաբէութեամբ կատարուած արարք մըն է՝ վնասակար՝ թէ՛ ենթակային եւ թէ իր շուրջիններուն, քանի որ ո՛չ օրինաւոր հիմ մը, եւ ոչ ալ բանաւոր պատճառ մը ունի։
Ապարդիւն արար մըն է անիկա։
Յանդգնութիւնը չունի որեւէ արդարացուցիչ կողմ։
Յանդգնութիւնը մեծամտութեան արդիւնք է։
Ինքնահաւանութեան հետեւանք է յանդգնութիւնը։
Այսպէս ուրեմն, տեսնենք թէ Սուրբ Գիրքի մէջ յանդգնութիւնը ինչպէ՞ս նկարագրուած եւ բացատրուած է։
«Չըլլա՛յ որ մէկը ձեզ խաբէ որեւէ ձեւով։ Որովհետեւ Տիրոջ Օրը պիտի զգայ՝ մինչեւ որ նախ զգայ Տիրոջ դէմ վերջին ապստամբութիւնը, եւ չյայտնուի անօրէնութեան մարմնացումը եղող մարդը, կորուստի սահմանուած հակառակորդը, որ պիտի ընդդիմանայ աստուած կոչուած եւ մարդոցմէ պաշտուած որեւէ բանի», (Բ ԹԵՍ. Բ 3-4)։ Այսպէս կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ Թեսաղոնիկեցիներուն գրած իր երկրորդ նամակին մէջ։
Վերոյիշեալ տողերէն կը հասկցուի արդէն, թէ յանդգնութիւնը չարերուն մէկ բնաւորութիւնն է, ինչպէս եւ Պետրոս առաքեալի երկրորդ ընդհանրական նամակին մէջ կը կարդանք. «Մանաւանդ անոնք՝ որոնք մարմնական պղծալից ցանկութիւններու կը հետեւին եւ Աստուծոյ տէրութիւնը կ՚արհամարհեն» (Բ ՊԵՏ. Բ 10)։
Ուրեմն մարդ յանդգնութիւն ըրած կ՚ըլլայ՝ երբ որ Աստուծոյ դէմ կը հակառակի։ Արդէն հակառակիլ չափ եւ սահմանէն դուրս ելլել չի՞ նշանակեր, ինչ որ նոյնն է յանդգնութիւնը։ Հեղինակութեան դէմ վարուիլ, հակառակիլ՝ ինքնին յանդգնութի՛ւն է, այսինքն չափ եւ սահմանը անցնիլ, օրէնքը չյարգել, իրաւունք չճանչնալ, եւ ընել բան մը՝ վարուիլ այնպէս, որուն իրաւունք չունի, իրաւասու չէ եւ զինք չի հետաքրքրեր։ Բոլորովին անգիտակից եւ անպատասխանատու արարք մը, արտայայտութիւն մըն է յանդգնութիւնը։ Եւ այս իմաստով ալ կը հասկցուի օրինազանցութիւն, անհնազանդութիւն, անհաւատարմութիւն եւ առանց պատասխանատուութեան գիտակցութիւն ունենալու շարժիլ՝ երբ կը խօսուի յանդըգ-նութեան մասին ընդհանրապէս։
Եւ երբ կ՚ըսենք «Աստուծոյ դէմ հակառակիլ» կը մտաբերենք Յոբի Գիրքէն հետեւեալ հատուածը.
«Վասնզի Աստուծոյ դէմ ձեռք վերցուց ու Ամենակարողին դէմ հպարտացաւ։ Անոր վրայ կը յարձակի գոռոզութեամբ ու իր թանձր ու ուռուցիկ վահանով», (ՅՈԲ. ԺԵ 25-26)։ Արդարեւ, յանդգնութիւնը մարդկային տկարութիւններու եւ թերութիւններու մէկ արտայայտութիւնն է. ըսենք, մարդկային բնաւորութեան արդիւնքը։ Հռոմայեցիներուն գրած նամակին մէջ Պօղոս առաքեալ սապէս կ՚ըսէ. «Եւ գիտնալով հանդերձ Աստուծոյ դատաստանը, թէ այսպիսի բաներ ընողները մահուան արժանի են, ո՛չ միայն իրենք կ՚ընեն, այլ նաեւ հաւանութիւն կու տան ընողներուն», (ՀՌՈՄ. Ա 32)։
Ուրեմն յանդգնութիւն ընողներ յօժարութեամբ մեղք կը գործեն եւ նաեւ ուրիշներուն ալ մեղք գործելուն պատճառ կ՚ըլլան եւ մեղքի մասնակից կ՚ընեն անոնք։
Մարդիկ ընդհանրապէս իրենց անձին արդարութիւնը կը բռնեն, եւ անոնք որ հպարտ են իրենք իրենցմով, իրենց յանդգնութիւնը կ՚արդարացնեն որպէս իրաւացի եւ արդար արտայայտութիւն։ Ովսէէի Մարգարէութեան մէջ կը կարդանք. «Եփրեմ վաճառական է, անոր ձեռքը նենգութեան կշիռ կայ, անիկա հարստահարելը կը սիրէ», (ՈՎՍ. ԺԲ 8)։ Նաեւ Յովհաննէս առաքեալի Յայտնութեան Գիրքին մէջ յանդգնութեան մասին կ՚ըսուի. «Կ՚ըսես՝ թէ.- Հարուստ էի եւ աւելի հարստացայ, եւ ո՛չ մէկ բանի կարօտ եմ, սակայն չես գիտեր թէ դուն ողորմելի մըն ես, խեղճ ու աղքատ, մերկ եւ կոյր», (ՅԱՅՏ. Գ 17)։ Յանդգնութեամբ արտայայտուող եւ գործողը կը հպարտանայ նաեւ հոգեւոր եւ կրօնական բաներու մէջ ալ, ինչպէս կ՚ըսէ Եսայի մարգարէ. «Անոնք կ՚ըսեն.- Մէկդի՛ կեցիր, ինծի մի՛ դպչիր, քանզի ես քեզմէ սուրբ եմ։ Անոնք իմ ռնգունքներուս մէջ ծուխ են ու ամէն օր բորբոքած կրակ են», (ԵՍ. ԿԵ 5)։ Նաեւ Ղուկաս աւետարանիչ կ՚ըսէ. «Փարիսեցին մէկ կողմ կեցած, ինքնիրեն կ՚աղօթէր.- Աստուած շնորհակալ եմ քեզմէ՝ որ ուրիշ մարդոց նման՝ յափշտակող, անիրաւ, շնացող չեմ, կամ այս մաքսաւորին պէս ալ չեմ», (ՂՈՒԿ. ԺԸ 11)։ Ահաւասիկ, հպարտութեան, ինքնահաւանութեան, մեծամտութեան պատճառով յանդգնութեամբ մտածող եւ գործող մարդու օրինակ մը։ Այլապէս, ինքնաճանաչում չունեցող, ինքզինք եղածէն տարբեր կարծող եւ այդպէս ներկայացնող մարդու տիպա՛ր մը, ինքնախաբէութեան օրինակ մը։ Ասիկա այնպէս հոգեվիճակ մըն է, որ մարդ իր բուն ճամբաները շիտակ կը սեպէ, ինքզինք կ՚արդարացնէ որպէս թէ իրաւացի ըլլար։ Ան այդպէս համոզուած է, բայց թերեւս ինք ալ չի հաւատար իր իսկապէս իրաւացի ըլլալուն, բայց ան հոգեպէս կո՛յր մըն է, չի տեսներ ճշմարտութիւնը…։
«Յիմարին ճամբան իր աչքերուն շիտակ է, բայց իմաստունը խրատին մտիկ կ՚ընէ», (ԱՌԱԿ. ԺԲ 15)։
Յանդգնութեամբ շարժողներ միշտ առաջին ըլլալու ետեւէ կ՚իյնան եւ իրենք զիրենք անոր արժանի կը տեսնեն։
«Յիսուս տեսնելով թէ ի՛նչպէս հրաւիրեալները պատուոյ տեղերը կը փնտռէին, անոնց հետեւեալ առակը պատմեց.- Եթէ մէկը քեզ հարսանիքի կամ խնջոյքի հրաւիրէ, սեղանին գլուխը մի՛ նստիր, որովհետեւ կրնայ ըլլալ որ քեզմէ աւելի յարգելի անձ մըն ալ հրաւիրուած ըլլայ։ Այն ատեն քեզ եւ զայն հրաւիրողը պիտի գայ եւ քեզի ըսէ.- Տեղդ իրեն տուր։ Եւ դուն խայտառակ ըլլալով՝ ամենէն վերջին աթոռին պիտի նստիս։ Ընդհակառակը, երբ կը հրաւիրուիս՝ գնա եւ վերջին աթոռին նստէ, որպէսզի երբ քեզ հրաւիրողը գայ, ըսէ քեզի.- Բարեկա՛մ, վե՛ր հրամմէ։ Այն ատեն դուն հրաւիրեալներուն մօտ պատուըուած պիտի ըլլաս։ Որովհետեւ՝ ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի, իսկ ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ», (ՂՈՒԿ. ԺԴ 7-11)։
Ուրեմն, յանդգնութեամբ շարժիլ կը նշանակէ ինքզինք չճանչնալ, իսկ ինքզինք ճանչնալու համար պէտք է ներհայեցողութեամբ քննել ինքզինք։ Յանդգնութիւնը մեղք մըն է, որ այն մեղքէն պահպանուելու համար մարդ պէտք է աղօթէ. «Ամբարտաւան մեղքերէն ալ պահէ քու ծառադ, թող անոնք ինծի չտիրեն։ Այն ատեն անմեղ կ՚ըլլամ ու կը մաքրուիմ մեծ անօրէնութենէ», (ՍԱՂՄ. ԺԹ 13)։
Յանդգնութեամբ շարժողը պէտք է գիտնայ, որ ի վերջոյ կրնայ խայտառակուիլ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 20, 2019, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024