ԿԱՊԻԿԸ ՄԱՐԴ՝ ԹԷ ՄԱՐԴԸ ԿԱՊԻԿ

Աշխարհի մէջ այնքա՜ն արտառոց բաներ պատահած են ու կը շարունակին պատահիլ, որ շատ անգամ բուռն փափաքը կ՚ունենամ, որ գայ աշխարհի վախճանը՝ վերջ դնելու համար անմարդկային բոլոր արտառոցութիւններուն:

Այդ արտառոց դէպքերէն մին պատահեցաւ մեր թուականէն վեց տարիներ առաջ՝ 2016-ին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու երկրորդ ամենէն մեծ կենդանաբանական այգիին՝ 1875 թուականին հիմնուած Սինսինաթի (Cincinnati Zoo & Botanical Garden) այգիին մէջ. 30 մայիս 2016 թուականին չորս տարեկան մանուկ մը, մօրը պահուան մը անտարբերութենէն օգտուելով կը վազէ եւ կ՚իյնայ վախազդու կապիկի մը՝ կորիլլայի գիրկը: Հսկայ անասունը բռնելով մանուկին հագուստէն կը սկսի զայն մէկ տեղէ միւս տեղը քաշքշել. աւելի քան տասը վայրկեան տեւած պայքարէ ետք կենդանաբանական այգիի տնօրէնութիւնը, նկատի ունենալով անասունին վտանգաւոր ըլլալը որոշում կը կայացնէ հրացանով սպաննել անասունը՝ փրկելու համար չորս ամեայ մանուկին կեանքը:

Չկարծէք որ արտառոց երեւոյթը մանուկին անասունին ձեռքը յայտնուիլն է. արտառոց դէպը սկիզբ կ՚առնէ. հազարաւոր «մարդիկ» (հաւանաբար անասունին ազգականներ) վիրաւորելով կորիլլայի սպանութենէն մեծ բողոքի ցոյց կը կազմակերպեն. օրուան մամուլի համաձայն, աւելի քան 200 հազար մարդ կը բողոքէ անասունին սպանութիւնը եւ մինչեւ իսկ ի յիշատակ անասունին արձան կը կանգնեցնեն. ի յիշատակ անասունին կը յօրինուին երգեր, համացանցային խաղեր եւ անոր յիշատակը վառ պահող հազար ու մէկ արտառոցութիւններ...:

Անասունին՝ 17 ամեայ Հարամպլի սպանութեան համար մամուլի եւ համացանցի մէջ սկիզբ կ՚առնէ «Արդարութիւն Հարամպլի համար» քարոզարշաւը, որով կը պահանջուի օրէնքով դատել թէ՛ ծնողքը եւ թէ կենդանաբանական այգիի տնօրէնութիւնը, կապիկի մը կեանքը խլելու մեղադրանքով:

Ապագային աշխարհը ինչպէս պիտի ըլլայ չեմ գիտեր, սակայն ապագայ ընթերցողը թող հաստատ գիտնայ, որ մեր օրերուն անասունը աւելի արժէք ու կարեւորութիւն կը ներկայացնէ մարդ արարածին համար՝ քան մարդը մարդու նկատմամբ. շատ անգամ անձ մը վարկաբեկելու համար անասունի նմանութիւններ կը գործածենք, սակայն այս օրերուն կարծես բախտաւոր է ան՝ որ իրապէս անասուն է:

Համացանցի մէջ կարելի է գտնել տեսերիզը, ուր կապիկը վայրագութեամբ մանուկը մէկ տեղէ միւս տեղը կը քաշքշէ՝ վտանգելով անոր կեանքը. վստահաբար կենդանաբանական այգիի տնօրէնութեան համար ալ հաճոյք պիտի չըլլար սպաննել ամենէն շատ այցելու ունեցող իր անասուններէն մէկը, սակայն քաջ գիտէին, որ մարդու կեանքը շա՜տ աւելի կ՚արժէ քան անասունինը՝ ինչքան սուղ անասուն ալ ըլլայ ենթական:

Ի՜նչ զաւեշտ. Մարդիկ ամէն տարի, մինչեւ այսօր կ՚այցելեն ի յիշատակ անասունին շինուած յուշարձանը եւ անոր դիմաց ծաղկեփունջեր կը տեղադրեն:

Ընդհանրապէս յայտնի մարդոց եւ գործիչներու կեանքը գրող Wikipedia կայքին մէջ փորձեցի փնտռել վերոյիշեալ անասունը. հաւատացէ՛ք մենք մեր անուանի գործիչներուն մասին այնքան գրած չենք՝ ինչքան ամերիկացիք ողորմած անասունին մասին. համացանցի մէջ անասունին կապուած վերնագիր մը. «Հարամպլի մշակութային ազդեցութիւնը»: Այսօր ինձ կամ քեզ թող քան ու զէնքերով սպաննեն, վստահ եղիր ո՜չ ոք կը խօսի կամ կը յիշէ միջադէպը:

Հիմա արդէն լրջօրէն սկսած եմ մտածել. մա՞րդը յառաջ եկած է կապիկէն՝ թէ կապիկը մարդէն. կրնա՞յ ըլլալ սկզբնական վիճակին ո՛չ թէ մարդը կապիկ, այլ կապիկը մարդ էր եւ ճիշդն ալ կապիկ ըլլալն է:

Ամերիկայի մէջ ապրող հազարաւորներու երեսին թուքելու բուռն փափաքը կ՚ունենամ, երբ մտաբերեմ որ անցնող տասնամեակներուն Սուրիոյ, Լիբանանի, Արցախի, Լիպիոյ, Իրաքի եւ բազմաթիւ այլ երկիրներու մէջ զոհուեցան աւելի քան բազմատասնեակ հազարաւոր մանուկները. անոնց մասին խօսող, արտայայտուող ու անոնց սուգը պահող չեղաւ. այդ հազարաւորներու անունը անոնցմէ ո՛չ ոք գիտէ. անոնք չզգացին այն ցաւը, որ Արցախի մէջ մեր հայութիւնը ապրեցաւ. Չզգացին այն ցաւը, որ Արեւմուտքի մէջ բազմահազար անմեղներ ապրեցան, սակայն զգացին մանուկի մը կեանքը փրկելու գնով սպաննուած կապիկի մը մահը:

Անասունի թաթերուն մէջ եթէ զոհուէր մանուկը, վստահ եղէ՛ք անոր յիշատակին ո՛չ մէկ բան պիտի կատարուէր. հաւանաբար մէկ կամ երկու մամուլ աննշմար ձեւով յիշեր միջադէպը եւ վերջ:

Այս բոլորին դիմաց ի՜նչ հեգնանքով կը յիշեմ «Մարդու նկատմամբ մարդ եղէք մարդիկ» խօսքը... պէտք է փոխել եւ վերածել, որ մարդու նկատմամբ եղէք այն՝ ինչ որ անասունին դիմաց էք այսօր:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՅԱՍՄԻԿ
(1879-1947)

Մեր թուականէն 143 տարիներ առաջ՝ 21 մարտ 1879-ին, Նախիջեւանի մէջ ծնած է յայտնի հայ դերասանուհի(բուն անունով՝ Թագուհի Յակոբեան):

Յասմիկ նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի ծխական դպրոցին մէջ: Փոքր տարիքէն դերասանուհիին մէջ զգացուած է արուեստի հանդէպ սէրը, սակայն ծննդավայրին մէջ թատրոն եւ արուեստի կենդրոններ չըլլալուն պատճառով Յասմիկ չէ կրցած իր շնորհքները զարգացնել, մինչեւ Սաֆրազեան ամուսիններու Նախիջեւան գալը. Յասմիկ առաջին անգամ բեմ բարձրացած է Սաֆրազեան ամոլին հետ՝ փոքր տղայի աննշմար դերով:

Ամուսնանալէ ետք Յասմիկ տեղափոխուած է Թիֆլիզ, սակայն ամուսնոյն աւանդապահութեան պատճառով հեռացած է բեմէն. 1904 թուականին Յասմիկ յատուկ հրամանով առաջին անգամ ըլլալով Թիֆլիզի մէջ ստանձնած է «Քանդած օճախում» թատրերգութեան Քալիի դերը, որուն յաջորդած է «Պէպօ»ի Կեկելը, այսպիսով վերագտնելով իր նախկին դերասանական շնորհքն ու թատրոն բարձրանալու արտօնութիւնը: Յասմիկի հետ յատուկ ձեւով աշխատած է Գաբրիէլ Սունդուկեան:

Այսպիսով, Յասմիկ սիրուած ու ճանչցուած դերասանուհի ըլլալով, դերեր ստանձնած է ժամանակի յայտնի հայ դերասաններու հետ, որոնցմէ են Գէորգ Տէր-Դաւթեան, Վարդուհի, Սունդուկեան, Աբէլեան եւ բազմաթիւ ուրիշներ: Պատմութիւնը կը յիշէ, թէ Յասմիկ նիւթական ակնկալութիւն չէ ունեցած դերասանութենէն եւ այդ բոլորը կատարած է կամ շատ չնչին վարձատրութեամբ եւ կամ ամբողջութեամբ ձրի:

Յասմիկ 1920 թուականին յատուկ ներկայացումներ պատրաստած ու ներկայացուցած է Դիլիջանի եւ շրջակայ գիւղերուն մէջ, տեղի գիւղացի հողամշակներու եւ զօրամասերու համար: Խորհրդային Միութեան կարգերու հաստատումէն ետք Յասմիկ եղած է պետական թատրոնի հիմնադիրներէն մին:

Յասմիկ 1925 թուականներէն սկսեալ թատրերգութեան կողքին զբաղած է նաեւ ժապաւէններու նկարահանումով. եղած է հայկական առաջին ժապաւէններէն՝ «Նամուս»ի դերակատարներէն մին, ուր աւելիով փայլած է Յասմիկի շնորհքներն ու արուեստը: «Նամուս»ին յաջորդած են «Կիկոր»ը, «Երկու գիշեր»ը, «Չար ոգի»ն, «Լեռնային արշաւ»ը եւ ուրիշներ: 

1947 թուականին լոյս տեսած են Յասմիկի յուշերը՝ «Թատերական յուշեր» անուան տակ, ուր գրի առած է իր դերասանական կեանքն ու յուշերը:

Շնորհիւ իր վաստակին՝ Յասմիկ արժանացած է «Սոցիալիստական աշխատանքի հերոս» կոչումին:

Դերասանուհին մահացած է 23 օգոստոս 1947 թուականին,  Երեւանի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Մարտ 21, 2022