ԲԺԻՇԿՆԵՐ ԲՈՒԺԱՇԽԱՏՈՂՆԵՐ՝ ՃՇՄԱՐԻՏ ՀԵՐՈՍՆԵ՛Ր

«Մեծագոյն սէրը ա՛յն սէրն է, որով մարդ ինքզինք կը զոհէ իր բարեկամներուն համար» (ՅՈՎՀ. ԺԵ 13)։

Ամբողջ աշխարհի տարածքին տարածուած համավարակին պատճառով, մարդկութիւնը, ներկայիս նեղութեան, անձկութեան, մարմնական եւ հոգեկան անհանգստութեան օրեր կ՚ապրի դժբախտաբար։ Այս շրջանին, կարծես, հիւանդանոցներ, բուժարաններ մարդոց բնական բնակարաններուն են վերածուած։ Եւ այդ նեղ պայմաններուն մէջ, անձնանուէր՝ հիւանդներու համար ամէն զոհողութեան պատրաստ, անձնազոհ բժիշկներ, բուժաշխատողներ՝ հիւանդապահներ եւ հիւանդապահուհիներ կ՚աշխատին եւ իրենց կարողութենէն եւ կարելիութենէն աւելին կ՚ընեն բուժելու համար իրենց խնամքին յանձնուած եւ վստահուած վարակեալները։

Յաճախ կը լսենք եւ կը տեսնենք բոլոր բուժաշխատողներու այդ անձնանուիրութիւնը՝ որ կարելին կ՚ընեն բուժելու համար հիւանդները՝ շատ անգամ զոհելով իրենց առողջութիւնը եւ մինչեւ իսկ իրենց կեանքը… անոնք գերազանցած են իրենց «պաշտօնի գիտակցութիւն»ը, քանի որ իրենց պաշտօնէն աւելի՛ն կ՚ընեն. այլեւս ո՛չ թէ ի պաշտօնէ կը գործեն, կ՚աշխատին, այլ այնպէս՝ ի՛նչպէս կ՚ըսէ Յիսուս. «Մեծագոյն սէրը ա՛յն սէրն է, որով մարդ ինքզինք կը զոհէ իր բարեկամներուն համար»։

Անձնանուէր բժիշկներ եւ իրենց անմիջական օգնականները բուժաշխատողներ՝ անձնազոհ հիւանդապահ եւ հիւանդապահուհիներ պատասխանատուութեան կատարեալ գիտակցութեամբ կարծես կը հաւաստեն եւ կը հաստատեն այն խօսքը՝ թէ բժիշկը երկրի վրայ Աստուծոյ ձե՛ռքն է։ Եւ ասիկա կը հաստատուի մեզի փոխանցուած զանազան դէպքերով, իրադարձութիւններով։

Եւ այս իսկ պատճառով, բժիշկներ եւ իրենց անմիջական օգնական բուժաշխատողներ իրական հերոսներ են՝ նուիրուած իրենց հանրօգուտ եւ սրբազան ծառայութեան…։

Առակներու Գիրքին մէջ կը կարդանք. «Իմաստութիւնը կեանքով կը վարձատրէ իրեն ապաւինողները եւ ապահովութիւն կու տայ անոնց՝ որոնք իրեն կը կռթնին՝ որպէս Տիրոջ։ Իր իմաստութեամբ էր որ Աստուած երկրին հիմերը դրաւ, գիտութեամբ հաստատեց երկիրները։ Իր հանճարով է որ երկրի ընդերքներէն ջուրերը կը ժայթքեն եւ ամպերը անձրեւ կը թափեն…։ Ուստի մի՛ վախնար գալիք փորձանքներէն, ո՛չ ալ ամբարիշտներու յարձակումներէն, որովհետեւ ամէնուրեք Տէրը հետդ պիտի ըլլայ եւ պիտի պաշտպանէ քեզ որոգայթներէն» (ԱՌԱԿ. Գ 18-20, 25-26)։

Ահաւասիկ, այս կէտին է որ կը հաստատ-ւի այն՝ թէ բժիշկը Աստուծոյ ձե՛ռքն է երկրի վրայ։ Ուստի պէտք է ապաւինիլ բժիշկին, վստահիլ բժիշկին որպէս «Աստուծոյ ձեռքը»։ Եւ ահաւասիկ, այսօր, բժիշկներ եւ բուժաշխատողներ կը ներկայացնեն «Աստուծոյ ձեռքը» եւ տքնաջան կը կատարեն իրեն պարտականութիւնը։

Եւ անշո՛ւշտ որ պիտի անցնին այս նեղ եւ անձուկ օրերը եւ պատմութիւնը անգամ մը եւս պիտի հաստատէ՝ թէ բժիշկները Աստուծոյ ձե՛ռքն են այս աշխարհի վրայ…։

Բժիշկներ եւ բուժաշխատողներ միշտ պիտի յիշուին որպէս իսկակա՛ն հերոսներ։

Արդարեւ մարդ, շատ անգամ որեւէ բանի արժէքը կը հասկնայ, կ՚անդրադառնայ անոր արժէքին, երբ կորսնցնէ զայն եւ կամ բացակայի իրմէ։ Առողջութիւնն ալ այդպէս է, երբ մարդ առողջ է, յաճախ չ՚անդրադառնար անոր գոյութեան, չի գնահատեր անոր արժէքը, բայց երբ որեւէ կերպով կամ պատճառով կորսնցնէ զայն՝ կը զոհէ ամէն ինչ՝ վերագտնելու համար զայն։ Բժիշկն ալ այդպէս է, երբ առողջ է մարդ, շատ կարեւոր չի թուիր ան, բայց երբ հիւանդանայ՝ անմիջապէս կը դիմէ բժիշկին՝ որպէս փրկող, ազատող անձ…։

Ուրեմն պէտք է զգոյշ ըլլալ, կարելին ընել չկորսնցնելու համար այն անգին արժէքը՝ առողջութիւնը։ Առողջութեան դիւրին եւ բնական կերպով կը տիրանայ մարդ, բայց երբ կորսնցնէ զայն, մեծ դժուարութիւններով կը վերագտնէ։

Բժիշկ եւ բուժաշխատողներուն ալ պէտք է միշտ սէր ունենալ, յարգել իրենց նուիրական պարտականութիւնը, եւ ասոր համար չսպասել որ հիւանդութիւնը խլէ մեզմէ մեր առողջութինը։

Մարդ, ընդհանրապէս բժիշկը կը փնտռէ երբ առողջութիւնը կորսնցնէ՝ հիւանդանայ, թէեւ շատ բնական է հիւանդին բժիշկին դիմելը, բայց շատ աւելի նպաստաւոր է դիմել բժիշկին՝ երբ առողջ է մարդ, որպէսզի պահպանէ եւ չկորսնցնէ իր առողջութիւնը։ Արդարեւ բժիշկը ո՛չ միայն դարմանող, այլ նաեւ կանխարգելողն է հիւանդութեան։ Բժիշկը մարդուս ամբողջ կեանքին գոյապահպանման եւ գոյատեւման անհրաժեշտ արժէ՛քն է։ Անոր պէտք է դիմել առողջ վիճակի մէջ, որպէսզի չկորսնցնենք զայն, միշտ առո՛ղջ մնանք։

Եւ անշուշտ պէտք չէ մոռնալ նաեւ բժիշկին անմիջական օգնականները՝ բուժաշխատողները՝ հիւանդապահ եւ հիւանդապահուհիները որոնք նո՛յնքան անձնազոհ կերպով կը նպաստեն հիւանդներու բուժման։

Այո՛, բժիշկները եւ բուժաշխատողները իրական հերոսներ են, երանի՜ թէ ասիկա հասկնայինք եւ այս իրականութեան անդրադառնայինք երբ տակաւին համավարակի նեղութիւններ եւ անձկութիւններ գոյութիւն չունէին, բայց անոնք միշտ «հերո՛ս» էին եւ պիտի մնան միշտ «հերո՛ս» մեր կեանքին մէջ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապրիլ 13, 2020, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 21, 2020