ԱՆՈՒՆՈՎ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐ
«Մի՛ վախնար, փոքրիկ հօտ, քանի որ Հայրը հաճեցաւ որ Արքայութիւնը ձեզի տայ» (ՂՈՒԿ. ԺԲ 32)։
Կարելի է ըսուի, թէ այսօր Եկեղեցին երբեք ենթակայ չէ նեղութիւններու, դժուարութիւններու եւ ազատ է ու խաղաղութիւն կը վայելէ։ Երեւութապէս այսպէս է, բայց եթէ խորապէս ուսումնասիրուի, պիտի տեսնուի, թէ «անունով քրիստոնեաներ»՝ որոնք կը կազմեն Եկեղեցին, այնքան համակերպած են աշխարհի, որ շատ քիչ հակառակութիւն ունի անոր հետ, եւ նոյնիսկ երբեք չունի՛։
Ուստի Յիսուս Քրիստոս կ՚ըսէ. «Եթէ աշխարհէ եղած ըլլայիք, աշխարհ իրենները կը սիրէր. բայց քանի որ աշխարհէ չէ՛ք, հապա ես ձեզի աշխարհէ ընտրեցի, անոր համար աշխարհը ձեզ կ՚ատէ» (ՅՈՎՀ. ԺԵ 19)։ Պահ մը խորհինք եւ որոշենք. «աշխարհ իրենները կը սիրէ… աշխարհ ձեզ կ՚ատէ»։ Ուրեմն ի՞նչ կը նշանակէ «խաղաղութիւն վայելել աշխարհէն» (Բ ՏԻՄ. Գ 12), երբ աշխարհ եւ Եկեղեցի կը հակասեն զիրար։ Եւ եթէ աշխարհի կարեւորութիւն ընծայուի, Եկեղեցին կրնա՞յ կատարել իր առաքելութիւնը անթերի կերպով եւ անոր անդամները կարելի կ՚ըլլա՞յ անուանել ու ճանչնալ իրաւ քրիստոնեաներ, ճշմարիտ հաւատացեալներ…։ Եւ կարծեմ, հոս կարեւորութիւն կը ստանայ՝ «գիտակից հաւատացեալ» եւ «անգիտակից հաւատացեալ» իրողութիւններու տարբերութիւնը։ Կամ ըսենք՝ կան «պատահական հաւատացեալ»ներ՝ որոնք պարզապէս անունով քրիստոնեաներ են՝ չեն անդրադարձած իրենց պատկանելիութեան հոգեւոր իմաստով։
Եւ «անունով քրիստոնեաներ», դժբախտաբար գիտակցաբար եւ լիուլի չեն կրնար վայելել իրենց «քրիստոնէութիւն»ը՝ քանի որ այդ միայն «պիտակ» մըն է իրենց վրայ, ա՛յդքան։ Անգիտակից հաւատացեալը միշտ դատապարտուած է՝ եթէ ո՛չ ֆիզիքապէս, բայց հոգեպէս «օտար» մնալ իրենց ինքնութեան։
Արդարեւ ի՜նչ կ՚արժէ ունենալ շա՜տ մեծ արժէք ներկայացնող իր մը, սեփականութիւնը ունենալ արժէքի մը, բայց չգիտակցիլ եւ չանդրադառնալ անոր իսկական արժէքին։ Ուստի որեւէ բան իր սեփականատէրին համար այնքան արժէք ունի, որքան որ գիտէ անոր իսկական արժէքը, եւ ըստ այնմ կ՚օգտագործէ ու կը վայելէ զայն։ Քրիստոնէական սկզբունքները նուազագոյն կերպով իսկ չգիտցող, գիտնալու եւ սորվելու անտարբեր «քրիստոնեայ» մը միայն կարելի է անուանել՝ «անունով քրիստոնեայ»՝ որ «օտար» է ինքն իրեն, անծանօթ՝ իր ինքնութեան եւ անտարբեր իր սեփական արժէքներուն…։
Եւ այս իսկ պատճառով է որ յաճախ կը կրկնենք, թէ պէտք է «գիտակից հաւատացեալ»ներ ըլլալ, փոխանակ մեքենաբար հաւատալու, առանց գիտնալու իմաստը իր հաւատացածին։ Արդարեւ աստուածպաշտութիւնը պէտք չէ՛ ըլլայ «ձեւապաշտութիւն» որպէս աւանդապաշտութիւն։ Քանի որ քրիստոնէութիւնը հրամայականոն դրու-թիւն մը չէ՛, այլ բանականութեամբ, գիտակցաբար ապրուած կեանք մը, կենցաղավարութիւն մը՝ որ երբեք մեքենաբար ընդունուող ու գործադրուող կարգ մը չէ։ Հաւատքը կը պահանջէ հասկնալ, իւրացնել, ապրելակերպ ընել հաւատալիքներու ամբողջութիւնը։
Պէտք է խոստովանիլ, թէ Աստուծոյ ի՞նչ օգուտ կրնան ունենալ «անունով քրիստոնեաներ»ը՝ աշխարհասէր, ձեւապաշտ ու անզգայ, նոյն ժամանակ՝ անգիտակից։ Մարդ իր նմանը սիրելու համար, նախ պէտք է ճանչնա՛յ զայն. առանց ճանչնալու, մարդ ինչպէ՞ս կրնայ սիրել, առանց ճանչնալու ինչպէ՞ս կրնայ հաւատալ, եւ վերջապէս առանց ծանօթանալու ինչպէ՞ս կրնայ վստահիլ։ Ուրեմն «ճանչնալ»ը, «ծանօթանալ»ը, «գիտնալ»ը անհրաժեշտ է սիրելու, հաւատալու եւ վստահելու համար…։ Փոխադարձաբար, Աստուած ալ կ՚ուզէ «զատուած, սուրբ ազգ, սեփական ժողովուրդ մը», որուն կը պատուիրէ. «Ելէ՛ք անոնց մէջէն ու զատուեցէք»։
Ուստի Մատթէոսի Աւետարանին ԺԳ գլխուն առակները՝ ուր «երկինքի թռչուններ»ը եւ «խմոր»ը կը ներկայացնեն՝ «Չարին որդիներ»ը, կամ «կեղծաւոր»ները՝ որոնք կը գտնուին Եկեղեցիին մէջ. նաեւ սուտ վարդապետութիւնները, որ Եկեղեցիէն ներս սպրդած են, եւ զայն մանաւանդ դարձուցած են միայն «ձեւական» եւ «անուանակա՛ն»։ Սակայն կա՛յ Եկեղեցին, այդ է՝ «Քրիստոսի Մարմին»ը (ԵՓԵՍ. Ա 22-23), մէ՛կ եւ անտեսանելի, եւ կազմուած՝ բոլոր ճշմարիտ եւ անկեղծ հաւատացեալներէ։ Եւ ահաւասիկ ա՛յս է «Եկեղեցին» եկեղեցիներու մէջ, «հաւատացեալ»ը հաւատացեալներու մէջ՝ յարդին մէջ ցորենը։
Այսպէս է, այսպէս կազմուած ու ձեւաւորուած Եկեղեցին։ Այսպէս եղած է անոր պատմութիւնը՝ մոլորեցուցիչներ, նոյնիսկ ծաղրողներ, հաւատացեալի կերպարանքով թերահաւատներ. (Ա ՏԻՄ. Դ 1-5), (Բ ՏԻՄ. Դ 1-5), (Բ ՊԵՏ. Գ 3)։ Եւ սակայն «Աստուծոյ զօրութիւնն է՝ բոլոր հաւատացեալներուն փրկութիւնը». (ՀՌՈՄ. Ա 10)։
Պօղոս Առաքեալ եփեսացիներուն գրած նամակին մէջ Եկեղեցին ներկայացուցած է իբր Քրիստոսի հարսը՝ մարդոց մէջ՝ զգացուած ամենասերտ, փափուկ, նուիրական յարաբերութեամբ։ Ուստի Աստուած կը պատրաստէ հարսնիքը եւ խնջոյքը. «Երանելի՜ են անոնք որ Գառնուկին Հարսանեաց ընթրիքին կանչուած են» (ՅԱՅՏ. ԺԹ 9)։ Եւ դարձեալ երանելի՜ են անոնք որ կը լսեն կէս գիշերուան ձայնը. «Ահա՛ Փեսան կու գայ, զԱնիկա դիմաւորելու ելէ՛ք» (ՄԱՏԹ. ԻԵ 6)։
Ուստի արթո՛ւն պէտք է մնալ, եւ չըլլայ որ Անիկա յանկարծ գայ, եւ քնացած գտնէ պահապանը։
Արդարեւ Սուրբ Գիրքը այնպիսի «շտեմարան» մըն է ճշմարտութեան եւ մխիթարութեան, որ յարատեւ ուսումնասիրութիւնը միշտ ա՛լ աւելի՜ առատ հոգեւոր կերակուր կու տայ ընթերցողին։ Բայց ընթերցումը պէտք է կատարուի կատարեալ հաւատով, նպատակայարմար եւ բոլորովին անկեղծութեամբ։
Ծերութեան մեծագոյն վարձատրութիւնն է հաղորդակցութիւնը Աստուծոյ հետ։ Եւ ո՜րքան իրաւացի է այն խօսքը՝ որ կ՚ըսէ. «Երիտասարդը կ՚երգէ եւ ծերը կ՚աղօթէ»։ Երանի՜ թէ երիտասարդ եւ ծեր, միասին երգէին ու միասին աղօթէին։ Մարդ պէտք չէ՛ սպասէ աղօթելու եւ ճշմարիտ հաւատացեալ ըլլալու համար ծերութեան շրջանին։ Աստուած՝ որ ճշմարտութի՛ւն է, երիտասարդին համար ալ գոյութիւն ունի, ծերին համար ալ։ Ճշմարտութիւնը անժամանա՛կ է. անցեալ, ներկայ եւ ապագայ չունի, ան մի՛շտ կայ՝ անայլայլելի եւ մշտնջենաւո՜ր։
Հաւատալը ժամանակ չունի՛…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 13, 2016, Իսթանպուլ