«ԱՐՈՒԵՍՏԸ ԿՐՕՆՔԻՆ ՄԷՋ»
Այսօր կը ներկայացնենք մեծ Արմաշական՝ Մեսրոպ Վարդապետի, 17 Յուլիս 1904 թուակիր շահեկան, մշտանորոգ քարոզ-յօդուածը։ Մեսրոպ Վարդապետ՝ ապա Մեսրոպ Ա. Մշեցի Նարոյեան Պատրիարք (1927-1944), կը շօշափէ, կ՚ուսումնասիրէ եւ հանգամանօրէն կը վերլուծէ արուեստի եւ կրօնքի փոխյարաբերութիւնները, իրարու նկատմամբ ազդեցութիւնները եւ կ՚եզրակացնէ, թէ կրօնական զգացումը երբեք այլամերժ չէ, այլ՝ կեանքի ուժերուն համերաշխ կերպով ներդաշնակման կարեւոր մէկ ազդա՛կը։
«ԱՐՈՒԵՍՏԸ ԿՐՕՆՔԻՆ ՄԷՋ»
«Գեղեցիկը, ճշմարիտը եւ բարին, իրենց առանձնական կալուածներուն մէջ կը համադրեն կեանքին բոլոր ոյժերն ու երեւոյթները։ Արուեստը իբրեւ ճշմարիտ փայլը եւ գեղեցիկին այլազան մարմնացումը՝ իր մէջ կը ցոլացնէ մարդկային հոգիին կրօնական եւ գիտական հոսանքները, որոնք ընդհանրապէս զուգահեռաբար կ՚ընթանան։ Արուեստագէտը՝ զգայնիկ բոյսը, վճիտ հայելին է, ուր իր մթնոլորտէն, իր շրջավայրէն բիւր ճառագայթներ կ՚իյնան, զորս հարիւրապատիկ ուժգնութեամբ կ՚անդրադարձնէ։
«Կրօնական զգացումը իբրեւ հոգիին մեծագոյն ոյժը միշտ արուեստ մը ծաղկցուցած է իր շուրջը։ Նկարչութեան, երաժշտութեան, քանդակագործութեան եւ ճարտարապետութեան բարձրագոյն արտայայտութիւնը հաւատքին փթթումն է։ Կրօնական բուռն տենչանք մը կամ գաղափար մը մարմնաւորելու ճիգեր են Պուտտայական -բագոտ-ները, Յունական մեհեանները. ձիւնափառ Պարթենոնը, որ կը պսակէ Ակրոպոլը, Բաալպէկի աւերակներուն վրայ բարձրացող հսկայ սիւները որ երբեմն լուսոյ աստուծոյն մեհեանը կը յօրինէին, քրիստոնէական մայր տաճարները (cathédrale), Բիւզանդական մայր եկեղեցիները (basilique)։ Նոյնքան բանաստեղծական վսեմ թռիչքներ ի յայտ կը բերեն Վետայի նուագները, հնդիկ դիւցազներգութիւնները, Բաբելոնի նուիրական քերթուածները, Որփէոսի առածները, ուր երգիչը ոգեւորուած է անհունին զգացումովը, զոր կը ներշնչեն իրեն մայրամուտ արեւին բոսոր շառայլները, ովկիանոսին լայնածաւալ շրջանակը, շարժուն օդը եւ երկնից լուսազարդ կապոյտը։
«Որոշ շրջանի մը արուեստը՝ իր ժամանակին տիրապետող գաղափարը, զգացումները, կամ մեծ կիրքերը կ՚արտայայտէ։ Եբրայական Սաղմոսները արուեստական գեղեցկութիւններով Աստուծոյ եւ Օրէնքին սէրը կ՚երգեն. յունական արուեստը՝ գեղեցկութիւն եւ ոյժ. Հռոմէականը՝ երջանկութիւն։
«Սակայն արուեստը որ իտէալին սպասարկուն է, հաւասարապէս օժտած չէ ամէն ժողովուրդ իր փափկաշնորհ օծութեամբը։ Սեմականներուն կը պակսէր արուեստական, գեղեցկագիտական թռիչքը։ Հրեաներուն մէջ՝ աստուածութիւնը պատկերով ներկայացնելու բաղձանքին դէմ սաստիկ պայքար մը կը մղուէր այլասէր քաղաքակրթութեան ներկայացուցիչ տարրին եւ մարգարէական դպրոցին միջեւ։ -Արծաթէ եւ ոսկեղէն պատկերներ պիտի չշինէք - կը պատուիրէր Եհովան. -Սեղան մը կանգնած ատենդ պէտք չէ որ կոփածոյ քարերով շինես զա՛յն. վասն զի ուր քու դուրդ կը դպչի, կը պղծուի այն -։
«Սեմական եւ յունական գեղեցկագիտութեան հիմնագիծերը ներհակ են իրարու։ Ը. եւ Թ. դարերուն պատկերամարտութիւնը յոյժ նշանակալից է անով, որ սեմական ժուժկալ, պարզասէր ոգին կը պայքարի պատկերի յորդութեան դէմ եւ անիմաստ կը գտնէ զօրութիւն փնտռել անկենդան քարին կամ փայտին մէջ։
«Իսկ Յիսուսին դիրքը շատ որոշ է արուեստին հանդէպ. Նա անտարբեր է ամէն երկրաւոր գեղեցկագիտական արժէքի մասին։ Բայց դարձեալ քրիստոնէութիւնն է որ՝ բարձր արուեստով մը՝ իր տպաւորութիւնները, իր յափշտակութիւնները կ՚իրագործէ բոցաշոյլ կոթական (gothique flamboyant) ճարտարապետութեան մէջ, դէպի անհո՜ւն ձգտող այդ վսեմ սլացքը, որուն փափուկ բանաստեղծութիւնը կը յատկանշէ Միջին Դարը իր արտակարգ զգացումներովը, իր խռովայոյզ ներշնչումովը եւ իր մելամաղձիկ խորհրդապաշտութեամբը։ Եւ ասիկա իրաց բնական հետեւանքն էր։ Քրիստոնէութիւնը՝ իր քարոզութեան շրջանին մէջ՝ աննկար տախտակի մը (table rase) կամ անձեւ զանգուածի մը հանդէպ չպիտի գտնէր ինքզինք, որուն կարենար անմիջապէս իր դրոշմը տալ, այլ հասունութեան շքեղ պտուղներով ակաղձուն եւ միանգամայն անկումի ախտանիշներ իր վրայ ցուցնող բարձր քաղաքակրթութեան մը գետնին վրայ կ՚իյնար իր սերմերը։ Ուստի, եկեղեցին՝ արուեստէն՝ իբրեւ աշխարհականացման հզօր ազդակէ մը խորշելով հանդերձ, յետոյ պիտի որդեգրէր անոր բոլոր պերճութիւնները, եւ մահաշուք կրօնքը կեանքին շքեղութիւնը պիտի զգենուր։
«Բայց արուեստին մուտքը յոյժ յամրօրէն կատարուած է։ Դ. դարու եկեղեցին պարզ է եւ անարուե՛ստ. ո՛չ ապակեփեղկեր, ո՛չ որմնանկար կը գեղեցկազարդեն զայն. ո՛չ վեհաշուք արարողութիւններ, ո՛չ պերճ զգեստներ, ոչ երկնային երաժշտութեան մը ներդաշնակութիւնը, զի.- Մարդկային ձայնը միակ արժանաւոր տաւիղն է Աստուծոյ խօսքին -։ Բարեպաշտիկ զրոյցներու անուշ մթնոլորտ մը կը ծաւալի եւ տաճարին դրան վերեւ խաղաղութեան խոստում մը կը կարդաս.- Մուտք բարի. ելք լաւագոյն -։
«Կռապաշտութեան անհետացումով, հետզհետէ քանդակներ, զարդադրուագներ կը ծածկեն պատերը, անօթները եւ սպասները, ու գետնադամբաններու խորհրդապաշտութիւնը իրապաշտական ամենաշքեղ տիպարներու կը փոխուի։
«Խնդիր է թէ բոլոր գեղարուեստները հաւասարապէս նպաստաւո՞ր են կրօնական զգացման զարգացումին։ Նկարչութիւնը եւ քանդակագործութիւնը չե՞ն նիւթականացներ եւ բաժներ զայն բազմաթիւ առարկաներու մէջ, մինչդեռ ճարտարապետութիւնը, երաժշտութիւնը եւ բանաստեղծութիւնը իրենց համադրական նկարագիրովը կը նպաստեն հոգեկան պաշտումին։
«Երաժշտութիւնը գերազանցապէս կրօնական արուեստ մըն է, որ կը սկսի հոն՝ ո՛ւր կ՚աւարտի խօսքը, որ կը դղրդէ մեր էութիւնը այն խորութեամբը, ուր ֆիզիքական եւ բարոյական կեանքը իրար կը խառնեն իրենց աղբիւրները, եւ ուսկից միասնաբար կը ցայտեն։
«Երաժշտութիւնը ամենահին ժողովուրդներու մէջ պատուոյ տեղ մը կը գրաւէր։ Եգիպտոս իր երգիչ քրմուհիներն ունէր. Աղեքսանդրիոյ մէջ մեծ դպրոց մը կար ուր կ՚ուսանէին երգիչներն ու երաժիշտները։ Երգը անբաժան եւ հրապուրիչ տարրն էր կռապաշտական եւ հրէական կրօնային արարողութիւններուն, դիցաբանական պաշտման, հասարակաց տօներուն, ընտանեկան կեանքի հանդիսաւոր պարագաներուն, թատրոններուն եւ -forum-ներուն։ Քրիստոնէութիւնն ալ տեղի տուաւ այդ համաշխարհիկ հոսանքին առջեւ, եւ իր բանաստեղծ պաշտօնեաները, - Եփրեմ, Ոսկեբերան՝ արեւելքի մէջ, Ամբրոսիոս, Օգոստինոս՝ արեւմուտքի մէջ, սկսան նուագներ յօրինել եւ մեղեդիներ պաշտաճեցնել քրիստոնէական վարդապետութեան։
«Արդեօք գեղեցիկ պաշտամունքը չի՛ հակասեր քրիստոնէութեան ոգիին եւ աշխարհահայեցողութեան, որ երբեմն կը շփոթուէր ճգնաւորական գրաւիչ յարացոյցին հետ։ Պատճա՞ռ է որ գեղարուեստները, որոնք հասարակաց վայրերու - թատրոն, զբօսավայր, սալօն - իրենց լիալիր պերճանքովը ի յայտ կու գան, նաեւ իրենց բովանդակ աշխարհիկ շքեղանքները ցուցադրեն սըր-բավայրերու մէջ։
«Անշուշտ անտեղի է այդ մասին՝ վըճ-ռական եւ անձկամիտ ըլլալ։ Արուեստը սկզբունքով իր գոյութեան իրաւունքը պիտի պահէ կրօնական իրերու մէջ։
«Մարդիկ ինչպէս իրենց էութենէն բղխող ամէն ազնուագոյն բանը՝ արուեստին ալ բարձրագոյն հրաշալիքներն ի սպաս կը դնեն Աստուծոյ փառքին։ Ու մէկը եթէ սրբութեան ծարաւով մը եկեղեցին կը մտնէ, ինքնամփոփ՝ իր հոգիին խորը աստուածային երանութեան մը քաղցրութիւնը զգալու տենչով, անոր համար ինքնին անկարեւոր հարց մըն է, թէ պէ՞տք է ծաղիկ կրել լամբակին կամ փեղոյրին (Ծանօթ, փեղոյր =գլխարկ) վրայ։ Կրօնական զգացումը այլամերժ չէ, նա կրնայ՝ զարգացած մարդուն մէջ՝ կեանքին ամբողջը կազմող ոյժերուն հետ համերաշխ ըլլալ եւ իր ազնուացնող յատկութիւնը պահել։
«Արմաշ ՄԵՍՐՈՊ ՎԱՐԴԱՊԵՏ»
Ուրեմն, ի՞նչ է ձեր կարծիքը, սիրելի՜ բարեկամ ընթերցողներ. պատմութեան ընթացքին արուեստական գլուխ գործոցներ ցոյց չե՞ն տար որ արուեստին սկզբնակէտը կրօնական զգացումն է։ Մանաւանդ երաժշտութիւն, նկարչութիւն եւ այլ արուեստներ չե՞ն ապացուցաներ այս տեսակէտը։ Անշո՛ւշտ պէ՛տք է ընդունիլ, որ «կրօնք» եւ «արուեստ» փոխադարձ ազդեցութիւն ունեցած են միշտ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս, 16, 2018, Իսթանպուլ