ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐԸ ԵՒ ՄԱՐԴՈՒՆ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ
Աստուած ունի արարչութեան ընդհանուր ծրագիր մը՝ որուն շնորհիւ կ՚իրականանայ Իր արարչագործութեան նպատակը։ Ծրագիր մը, ընդհանրապէս կ՚իրագործուի իր սահմաններուն մէջ, այսինքն ծրագրի մը գործադրութեան մէջ կարելի չ՚ըլլար ազատօրէն գործել եւ պէտք է շարժիլ ծրագրին սահմաններուն մէջ՝ նախատեսուած պայմաններու համաձայն։
Աստուծային այս ծրագրին գործադրութեան ընթացքին բանականութիւնը դեր չի խաղար ընդհանրապէս, զոր օրինակ, ամբողջ բնութիւնը կը համակերպի այդ ծրագրին եւ ըստ այնմ կը բարեփոխուի եւ իր ընթացքը կ՚որոշուի ծրագրին պայմաններուն համաձայն։ Այս կէտին որեւէ հարց գոյութիւն չունի։
Բայց բնութեան մաս կը կազմէ նաեւ բանականութեամբ շարժող արարածն ալ՝ մարդը, որ օժտուած է ազատ կամքով եւ շարժելու ըստ իր բանականութեան, այսինքն՝ ազատութեան կարողութիւնով։
Ընդհանրապէս խորհող մարդիկ հարց կու տան, թէ ի՞նչպէս կարելի է համաձայնեցնել որոշ պայմաններու մէջ գործող ծրագրի մը գործադրութիւնը ազատ կամքի հետ։ Արդարեւ, որոշ եւ սահմանափակ դրութեան մը մէջ ազատութիւնը մեծ դեր մը չ՚ունենար, կը կարծուի։ Դժուար է «ծրագիր» գաղափարը հաշտեցնել «ազատութեան» գաղափարին հետ։ Եւ այս հարցը բաւական կը զբաղցնէ մտածող մարդոց միտքը։ Եւ իրապէս «ծրագիր» եւ «ազատ կամք»ը ներդաշնակել դժուար եւ նոյնիսկ անկարելի գործ մըն է ըստ էութեան։
Ուրեմն տեսնենք, թէ ի՛նչ է մարդուն ազատութիւնը նախ, եւ յետոյ աստուածային ստեղծագործութեան ընդհանուր ծրագիրը։
«Ազատութիւն»ը իր ընդհանուր գիծերով կարելի է սահմանել սապէս. ազատութիւնը իմացականութեան եւ կամքին մէջ արմատացած կարողութիւնն է գործելու կամ չգործելու, ընելու այս կամ այն, եւ կամ չընել, ինքնակամ վճռելու կատարելիք գործեր։ Այս իմաստով, ազատութիւնը կը հակասէ պայմանները յայտնի, նախատեսուած, նախագիծով մը գործելու տրամադրուած արարքներու իրագործման։ Արդարեւ, իր հոգիին զօրութեամբ եւ հոգեւոր կարողութիւններով ճոխացած իր իմացականութեան, իր բանականութեան ե՛ւ իր կամքին, մարդը օժտուած է ազատութեամբ՝ առանձնաշնորհեալ յատկանիշ աստուածային պատկերին։
Արդարեւ մարդը իր բացումով դէպի ճշմարտութիւնը եւ գեղեցկութիւնը, իր զգացումով բարոյական բարիին, իր ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՄԲ եւ իր խղճմտանքին ձայնով, անհունին եւ երջանկութեան իր տենչանքով, մարդը ինքզինք կը հարցաքննէ Աստուծոյ գոյութեան մասին։ Այս բոլորին ընդմէջէջ ան կը նշմարէ նշանները իր աննիւթական հոգիին։
Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ. «Հարցաքննէ՛ աշխարհի գեղեցկութիւնը, հարցաքննէ՛ ծովուն գեղեցկութիւնը, հարցաքննէ՛ օդին համասփռուող գեղեցկութիւնը, հարցաքննէ՛ երկինքի գեղեցկութիւնը. հարցաքննէ՛ այս բոլոր գոյակները։ Բոլորը կը պատասխանեն քեզի.- Տե՛ս մենք գեղեցիկ ենք։ Անոնց գեղեցկութիւնը դաւանութի՛ւն մըն է։ Փոփոխականութեան ենթակայ այս գեղեցկութիւնները ո՞վ ստեղծեց եթէ ոչ Գեղեցի՛կը՝ որ ենթակայ չէ փոփոխութեան»։
Սուրբ Օգոստինոսի այս խօսքերէն կը հակցուի, թէ մարդ իր «ազատութիւն»ը պէտք է գործածէ միշտ փնտռելու համար Ճշմարտութիւնը՝ որ է իր Արարիչը եւ Նախախնամը՝ Աստուա՛ծ։ Եւ ուրեմն, կամքի ազատութիւնն ալ եթէ ի նպաստ գործածուի գտնելու եւ ճանչնալու Աստուած, արգելք չէ՛ եւ չի հակասեր Անոր «ծրագրին» գործադրութեան, քանի որ նպատակի մէջ կը նոյնանան «ազատ կամք»ը եւ Աստուծոյ կամքը։ Այլապէս հարցը՝ ազատ կամքին սխա՛լ գործածութեան մէջ է, եթէ ազատ կամքը հակասէ Ազատ Ծրագրին գործադրութեան, այն ատեն է, որ անպատասխան կը մնայ կարգ մը հարցումներ. զոր օրինակ, «ճակատագիր» կոչուած համոզումը մարդոց, եւ այլն։
Ուստի աշխարհը եւ մարդը կը վկայեն, թէ իրենք իրենց մէջ ո՛չ իրենց սկիզբը եւ ո՛չ ալ իրենց վերջնական վախճանը ունին, այլ մա՛ս կը կազմեն Արարչին էութեան, որ անսկիզբ է եւ անվախճա՛ն։ Այսպէս, ահա՝ այս զանազան «ուղիներ»ով մարդը կարող է մօտենալ «իրականութեան ճանաչումի մը գոյութեան», որ առաջին պատճա՛ռն է եւ վերջնագոյն վախճանը ամէն բանի «եւ զոր ամէնքը կը կոչեն Աստուած», ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի։ Արդարեւ մարդուն կարողութիւնները զինք ատակ կը դարձնեն «անձնաւոր Աստուծոյ մը գոյութիւնը ճանչնալու»։ Եւ ասիկա մարդ կ՚ընէ իր ազատ կամքովը։ Աստուծոյ գոյութեան փաստերը՝ կրնան մարդը գէթ հաւատալու տրամադրել եւ օգնել որ տեսնէ, թէ հաւատքը չի հակադրուիր մարդկային բանականութեան՝ որմէ կը բխի «ազատ կա՛մք»ը։
Ուրեմն այս իրողութենէն կը հետեւի թէ՝ մարդուս «ազատ կամք»ը երբեք չի հակադրեր աստուածային արարչագործական ընդհանուր ծրագրին, քանի որ երկուքին ալ նպատակը նո՛յնն է՝ հասնիլ բացարձակ ճշմարտութեան, այսինքն ստեղծագործութեամբ հաստատուած ծրագրին վախճանին՝ իրագործմա՛ն։ Արդարեւ, «ազատ կամք»ը մարդ էակին առանձնաշնորհեալ կարողութիւն մըն է, որ իր հետ կը բերէ նաեւ պատասխանատուութեան պարտաւորութիւնը։ «Ազատութեան» բանական հետեւանքն է՝ պատասխանատուութիւնը՝ որ միայն բանաւոր էակ մը ըլլալուն՝ մա՛րդը ունի։ Պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը տըր-ւած է միայն մարդուն՝ որպէս հակակշիռ ազատութեան։ Ան պատասխանատու է իր ազատ կամքով գործած բոլոր արարքներուն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 13, 2019, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024