ԵԹԷ

«Եթէ թաղես կրքի րոպէն վաղանցուկ»։

Կասկածէ վեր է, որ ամէն մարդ իր կեանքին մէջ ունի կիրք մը՝ որ կը տարբերի իրարմէ: Յաճախ կիրք ըսելով մենք մարմնական ցանկութիւնը կը հասկնանք, սակայն կիրքը բառին ամբողջական իմաստով կը նշանակէ «զգացունք, հոգեկան ապրումներ» եւ չկայ մարդ մը, որ իր ներաշխարհէն ներս ապրումներ չունենայ:

Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի կաճառի կողմէ 1969 թուականին հրատարակուած «Ժամանակակից Հայոց Լեզուի բացատրական բառարան»ը կիրք բառը կը բացատրէ հետեւեալ տողերով.- «զգացմունքի յախուռն արտայայտութիւն, որ գիտակցութեամբ դժուար է ղեկավարել» (էջ 142):

Մարդկային կեանքի մէջ գործուած մեծագոյն սխալները պատճառն են կիրքին, որոնց դիմաց մարդ շատ անգամ կը դառնայ անզուսպ ու անսանձ, որովհետեւ մարդուն մէջ երեք տարբեր տարրեր են որ կը գործեն՝ յաճախ իրարու դէմ նոյնիսկ. սիրտ ու միտք, խիղճ ու հոգի, որոնք դժուար համերաշխութեան կու գան:

Բանաստեղծը կարեւոր կը նկատէ կիրքի թաղումը, որովհետեւ աշխարհի ամենէն հզօր մարդիկ նոյնիսկ իրենց կիրքերուն դիմաց եղած են անկարող եւ աշխարհի պատերազմներուն մեծամասնութիւնը անձնական շահերու կողքին յաճախ եղած են նաեւ ծնունդ կիրքի եւ կամ աւելի ճիշդ այդ կիրքին գոհացում չտալուն:

Վստահ եմ ընթերցողներէն իւրաքանչիւրը իր կեանքին մէջ նուազագոյնը ապրած են դժբախտութիւնը այդ կիրքին, որուն դիմաց դարձած են տկար ու անզօր, շատ անգամ սուղ գիներ վճարելով անոնց համար, սակայն պէտք է գիտնալ, որ կիրքը ինչքան սխալ, այնքան ալ մարդկային իրողութիւն մըն է, որովհետեւ մարդոց տկարութեան հիմնական մէկ մասը կը կազմէ:

Հայ Եկեղեցւոյ հայրապետներէն Գրիգոր Տաթեւացի «Գիրք հարցմանց Երիցս երանեալ Սրբոյն Հօրն մերոյ Գրիգորի Տաթեւացւոյն» աշխատութեան մէջ խօսելով կիրքի մասին՝ հետեւեալը կը գրէ.- «Ասեմք եթէ՝ կրկին են կիրք. Այսինքն կամաւոր եւ ակամայ»: Հայրապետին համաձայն, գոյութիւն ունին կամաւոր եւ ակամայ կիրքեր. յաճախ մենք կը փորձենք մեր կամաւոր կիրքերը ներկայացնել որպէս ակամայ, պատասխանատուութենէ խուսաբելու մարդկային տկար մտածումով, սակայն մէկը միւսէն վտանգաւոր երկու բաներ են, որոնց կարելի է յաղթահարել միայն մէկ բանով՝ կամքով, որովհետեւ քաջ է այն մարդը, որ կը գիտակցի, թէ իր կամքը աւելի զօրաւոր է քան իր կիրքերը, հակառակ պարագային դառնալով անոնց գերին կրնայ պարտուած դուրս գալ:

***

«Եթէ մարդիկ անզօր են քեզ առթել վիշտ»։

Մեր ընկերութեան մէջ կայ մարդկային տեսակ մը, որուն կարծես առաքելութիւն տրուած ըլլայ մարդոց վիշտ պատճառել. ցաւ ի սիրտ, այսօր կ՚ապրինք այնպիսի ընկերութեան մը մէջ, որ մեր հարազատին կամ բարեկամին անկումը ոչ թէ ցաւ, այլ տեղ մը ուրախութիւն ու բաւարարութիւն կը պատճառէ: Կամաց կամաց արձանագրուած յաջողութիւնները կը սկսին դիտուիլ նախանձով ու ատելութեամբ: Մեր շուրջ շատ կան այսօր այդպիսի մարդիկ, որոնք նոյնիսկ եթէ շահ մը չունենան, կ՚ուզեն ձեր ձախորդութիւնն ու անկումը:

Կեանքիս մէջ մինչեւ օրս կը յիշեմ մարդ մը, որուն պատճառով աւելի քան երկու տարի որոշեցի բան չգրել. տակաւին 13-14 տարեկան երբ կը փորձէի բաներ մը գրել, արդէն իսկ ինծի համար ատելի անձ մը՝ հիմա արդէն 67-68 տարեկան, կու գար եւ գրածներս կը կարդար նուաստացուցիչ ոճով մը ըսելով «դո՞ւն գրած ես այս մէկը...» եւ անտարբերութեամբ թուղթը կը ձգէր աշակերտական գրասեղանիս:

Եթէ չըլլար մայրենի լեզուի ուսուցիչս՝ բանաստեղծ, մտաւորական ու գրողներու միութեան անդամ Սարգիս Կիրակոսեանը, հաւանաբար երբեք ալ չգրէի՝ նման «վիշտ» առթող մարդոց պատճառով:

Կեանքի մէջ նպատակ մը իրականացնելու եւ յաջողելու համար անհրաժեշտ է նման մարդիկ հեռու պահել մեր կեանքէն՝ նոյնիսկ եթէ շատ մօտիկ անձ մը ըլլայ ան մեզի համար, որովհետեւ ճշմարիտ բարեկամը ա՛յն է, որ առթուած վիշտերը կը հեռացնէ եւ ո՛չ թէ կու գայ անոնց վրայ նորերը բեռնելու:

Կեանքի մէջ բախտաւոր են անոնք, որոնք կ՚ապրին գոհացում տալու իրենց խիղճին, հոգիին, սիրտին ու միտքին, այլապէս ուրիշ կերպ կեանքը կը վերածուի քաոսի, որովհետեւ «բարիք» անուան տակ չարիք սերմանողները անպակաս կ՚ըլլան:

Այսօր բանաստեղծը եկաւ մեզի յիշեցնելու կեանքի մէջ կարենալ գերիշխել երկու կարեւոր բաներու. կիրք եւ մարդիկ, որոնք մեր ձախողութեանց հիմնական առանցքն ու պատճառներն են. մա՞րդը աւելի վտանգաւոր է, թէ ոչ կիրքը, չեմ գիտեր, սակայն բախտաւոր է ան՝ որ իր կամքի ուժով կրնայ կառավարել այդ երկուքը եւ առանց ազդուելու շարունակել իր կեանքը:

•շարունակելի - 7

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԱԲՐԱՀԱՄ ԱԼԻՔԵԱՆ
(1928-2013)

Մեր թուականէն 94 տարիներ առաջ՝ 21 մայիս 1928-ին Իսքենտերունի մէջ ծնած է բանաստեղծ, թարգմանիչ եւ Գրողներու միութեան անդամ Աբրահամ Ալիքեան:

Ալիքեան նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի Նուպարեան վարժարանէն ներս. 1939 թուականին ընտանիքի անդամներուն հետ միասին գաղթած է դէպի Լիբանան, ուր ուսումը շարունակած է տեղի Սահակեան վարժարանէն եւ ապա Նշան Փալանճեան ճեմարանէն ներս, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1946 թուականին:

Դպրոցական ուսումը աւարտելէ ետք նախնական շրջանին տեղափոխուած է Հայաստան, ապա Ռուսաստան, ուսումը շարունակելու Մաքսիմ Կորքիի անուան գրականութեան կաճառէն ներս, ուրկէ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք դարձած է ուսուցիչ նոյն կաճառին մէջ: Համալսարանական ուսումը աւարտելէ ետք որոշ ժամանակ Ալիքեան ապրած է Փարիզի մէջ, ապա դարձեալ վերադարձած է Լիբանան: Լիբանանի զանազան դպրոցներէ ներս ստանձնած է ուսուցչութեան պաշտօն. ուսուցչութեան պաշտօն ստանձնած է նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքէն ներս:

Ալիքեան հեղինակ է բանաստեղծութիւններու եւ զանազան յօդուածներու, որոնք լոյս տեսած են զանազան թերթերու եւ պարբերականներու մէջ: Անոր առաջին բանաստեղծութեան ժողովածուն՝ «Հորիզոն»ը առաջին անգամ հրատարակուած է 1947 թուականին, որուն յաջորդած են «Նախերգանք», «Կանաչ սոսափ», «Աչքեր», «Նժար», «Հանդիպակաց ափեր» եւ այլ աշխատութիւններ: Անոր գործերէն շատեր թարգմանուած է նաեւ ռուսերէն լեզուով:

Բանաստեղծութիւններու եւ յօդուածներու կողքին Ալիքեան կատարած է նաեւ թարգմանական աշխատանք. հայերէնի թարգմանած է ֆրանսացի գրող Անտրէ Ստիլի «Առաջին հարուածը» վէպը, Փոլ Էլուարի «Ազատութիւն»ը, Ռուբէն Մելիքի «Մարմին՝ ինձնով կենդանի» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն, ինչպէս նաեւ այլ գործեր:

Ալիքեան 1947 թուականին դարձած է Գրողներու միութեան անդամ:

Բանաստեղծը մահացած է 16 յունիս 2013 թուականին, Լիբանանի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շաբաթ, Մայիս 21, 2022