ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԻՐԱՒԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆ

Ոչ միայն յատուկ ցեղի, ազգի, պետութեան, այլ ընդհանուր մարդկութեան աճումը, բարոյականութիւնը, մտաւոր զարգացումը, բարօրութիւնը, մէկ խօսքով՝ նոյնիսկ գոյութիւնը եւ յարատեւութիւնը, սերտ կապակցութիւն ունեցած է միշտ ընտանեկան կեանքի հետ՝ որուն գլխաւոր եւ էական շաղկապը եւ հիմը ամուսնութի՛ւնն է։ Միայն այն ժամանակ մարդս ստացաւ որոշ եւ բազմատեսակ բարոյական, քաղաքացիական եւ հասարակական իրաւունքներ եւ պարտականութիւններ, երբ գոյացաւ եւ հաստատուեցաւ ընտանիքը, ամուսնութեան կապով։

Արդարեւ, ամուսնութիւնը այնքան հին է, որքան հին է մարդկութեան սկիզբը, ուստի ամուսնութիւնը կը համարուի ամէն տեսակ իրաւունքներու եւ պարտաւորութիւններու սկըբնական աղբիւր. ան է միակ կորիզը՝ որմէ ծլեցան եւ աճեցան «ընտանիք»ը, ցեղը, ազգը, պետութիւնը, կրօնը, իրաւունքը, բայց անոնք չջնջեցին ամուսնութիւնը, այլ քաղեցին եւ կը շարունակեն քաղել նորանոր ուժեր։

Այս պատճառով ամենահին դարերէն սկսած՝ ամուսնութիւնը յայտնի է եւ յարգելի մարդկութեան կեանքի մէջ։ Եւ Ս. Գիրքը կ՚ուսուցանէ, թէ ինքն Արարիչը ստեղծելով առաջին մարդը՝ Ադամ եւ Եւա, հաստատեց առաջին ամուսնութիւնը. (ԾՆՆԴ. Բ 21-24)։

Իրաւաբաններ եւ աստուածաբաններէն շատեր կը հաստատեն ամուսնութիւնը չորս գլխաւոր իրաւաբանական հիմերու վրայ։

ա.- Աստուածային իրաւունք. Աստուած ինք հաստատեց ամուսնութիւնը դրախտի մէջ եւ ապա Յիսուս Քրիստոս զայն կարգեց իբրեւ եկեղեցւոյ սուրբ խորհուրդ. (ԾՆՆԴ. Ա 28, Բ 21-25), (ՄԱՏԹ. ԺԹ 3-9)։

բ.- Բնական իրաւունք. արական եւ իգական սեռի բնական փոխադարձ ձգտումը իրարու հանդէպ։

գ.- Մարդկային իրաւունք. իբրեւ այր-մարդու եւ կին-մարդու միջեւ երկուստեք համաձայնութեամբ քաղաքացիական դաշնակցութիւն կամ ընկերակցութիւն իր բոլոր իրաւաբանական յատկութիւններով։

դ.- Պետական իրաւունք. իբրեւ հաստատութիւն (ընտանիքը) իր բոլոր յարաբերութիւններով հասարակութեան եւ պետութեան հետ։

Այս պատճառով շատ հին ժամանակներէն ի վեր մարդիկ երկու գլխաւոր կողմ կ՚որոշէին ամուսնութեան մէջ՝ կրօնական եւ դաշնակցական։

Հայ Եկեղեցին, սահմանադրելով ամուսնութեան մասին զանազան ժամանակներու զանազան կանոններ, նոյնպէս աշխատած է օրինաւոր կարգել ամուսնութիւնը իր բոլոր հետեւանքներով։ Այս նպատակով ան որոշած է մի քանի պայմաններ, որոնք անհրաժեշտ հարկաւոր են ամուսնութեան օրինաւորութեան համար, երբ անոնք պահպանուած չեն ճշդութեամբ՝ բոլորը կամ մի քանին, մինչեւ իսկ մէկ պայմանը, երկու հետեւանք կը ստեղծեն. ամուսնութիւնը կ՚ըլլայ կամ «ապօրինի» եւ անվաւեր, որով եւ քակելի կամ լուծանելի, կա՛մ նոյնպէս ապօրինի եւ անվաւեր, բայց «ոչ լուծանելի»։

Այդ պայմանները կը կոչուին երբեմն եւ ամուսնական արգելքներ, որովհետեւ արգելք կը հանդիսանան ամուսնութեան օրինաւորութեան։ Ասոնք են՝ սեռ, ամուսնական չափահասութիւն, յօժարակամ հաճութիւն, միակնութիւն, ծնողներու համաձայնութիւն, չհասութիւն։

- Հետզհետէ հակիրճ տեղեկութիւններ պիտի տրուի այս մասին…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երեքշաբթի, Մայիս 21, 2024