ՔՈ ՇՈՒՇԱՆՆ ԻՆՉՈ՞Ւ ԹՈՂԵՍ

Հայկականութիւն ու ազգային արժէքներ հասկացողութիւնը իւրաքանչիւր անձի համար կրնայ ըլլալ տարբեր ու շատ անգամ նոյնիսկ հակասական եւ մեր պատմութեան ընթացքին բազմիցս տեսած ու լսած ենք գոյութիւն ունեցող այդ իրերամերժ համոզումները: Այս հակասութիւնները յատուկ չեն մեր օրերուն. գրեթէ ամէն ժամանակ ունեցած է իր տարակարծութիւնն ու տարաբնոյթ ըմբռնումները:

Անոնցմէ մին աւելի քան դար մը կը շարունակէ մնալ անուանակոչութեան հարցը. հարց՝ որ տասնամեակներ շարունակ կը շարունակէ յուզել հայ մտաւորականութիւնը: Շատեր կը հաւատան, թէ հայկականութեան եւ ազգային արժէքներու պահպանման մէջ մեծ դեր ունի նաեւ երեխան հայկական անունով մկրտելը, իսկ այս համոզումին հակառակ շատեր կը հաւատան, թէ անունը ազգային արժէքներու բարելաւման մէջ դրական ո՛չ մէկ դեր ունի, այլ լոկ անուանում մըն է տրուած մարդուն: Շատեր կը հաւատան, թէ անունը ո՛չ մէկ նշանակութիւն ունի, հիմնականը հոգին ու ազգային արժէքներու հանդէպ մարդուն ունեցած ըմբռնումն է, իսկ ուրիշներ դէմ էին այս կարծիքին:

Հին մամուլը ուսումնասիրելու ժամանակ նման հարցերու մասին քննադատութիւններ շատ կը գտնենք. օրինակի համար, մեր թուականէն 118 տարիներ առաջ՝ 1906 թուականին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ լոյս տեսնող «Հայրենիք» շաբաթաթերթը հարցումով մը կը դիմէր նոյն երկրին մէջ լոյս տեսնող «Կոչնակ» շաբաթաթերթին, հարց տալով, թէ ի՞նչ է այդ մամուլին կարծիքը. «Կոչնակ» կ՚ուզէ՞ որ հայերը իրենց զաւակներուն օտար անուններ տան:

Առաջին հերթին պէտք է նկատի ունենալ, որ նման հարցադրում մը կը կատարուէր ցեղասպանութենէն առաջ՝ 1906 թուականին եւ այդ թուականներէն արդէն իսկ արծարծուող նիւթ մըն էր ձուլումը, որովհետեւ հայերը օտար մշակոյթի ու բարքերու կողքին կը սկսէին ընդօրինակել նաեւ օտար ըմբռնումներն ու համոզումները՝ որոնք իրականութեան մէջ յարիր չէին հայկական արժէքներուն եւ ըմբռնումներուն:

«Կոչնակ» շաբաթաթերթի խմբագիրն էր պատուելի Կարապետ Մանավեան. կարեւոր էր հասկնալ հոգեւոր եւ ազգային մշակի մը համոզումները հայ զաւակները օտար անուններով մկրտելու երեւոյթին մասին. շաբաթ, 2 յունիս 1906 թուականին լոյս տեսած «Կոչնակ» հանդէսի 339-րդ էջին մէջ պատուելին պատասխանելով այն հարցին, թէ «կ՚ուզէ՞ որ հայերը իրենց զաւակներուն օտար անուններ տան» կ՚ըսէ. «Հարցում մըն է որուն «այո»ով, կամ «ոչ»ով պատասխանել գրեթէ անկարելի է: Բաւական է որ ծնողքի մը զգացումները, հակազգային չըլլան: Ի՞նչ կայ անուան մը մէջ. անունը յարաբերութեան միջոց մըն է եւ Ամերիկայի մէջ եթէ ծնողներ կամ դեռատիներ անուններ կ՚ընտրեն, որ դիւրաւ կրնան փոխագրուիլ՝ պէտք չէ հակազգային զգացումի մը փաստը եւ ապացոյցը սեպուի»: Այս համոզումին որպէս պատճառ պատուելին առաջ կը բերէր այն փաստը, որ ամերիկացի ժողովուրդը ունի սովորութիւնը անունները կրճատելու եւ շատ դիւրին տարբերակներու ետեւէ երթալու եւ հետեւաբար, օրինակի համար, անիմաստ կը գտնէր Ամերիկայի մէջ հայ զաւակ մը Ղեւոնդ կոչելը, նկատի ունենալով որ օտարներու կողմէ այդ մէկը դժուարութեամբ պիտի հնչէ: Պատուելին կը շարունակէ իր համոզումը արտայայտել հետեւեալ տողերով. «Ինչո՞ւ ազգային դաւաճանութիւն սեպուի հօր մը համար, եթէ օրինակելի անձի մը անունը տուած է իր զաւակին եւ եթէ այդ անունը Լինքըն է փոխանակ Գէորգ կամ Սարգիս ըլլալու». պատուելի կը հաւատար, որ Սարգիսը Լինքըն կամ այլ անուն կոչելով Սարգիսը ո՛չ շուէտացի կ՚ըլլայ եւ ոչ ալ այլ երկրացի:

Բնականաբար պատուելիի այս համոզումն ու մօտեցումը հակառակ պիտի ըլլար թէ՛ իր ժամանակաշրջանին եւ թէ մեր օրերը ապրող շատ մը հայերու համար, որոնք անունին մէջ նոյնիսկ կը փորձեն գտնել ազգային արժէք ու հպարտութիւն, անուանակոչութիւնը նոյնիսկ վերածելով ազգային պարտաւորութեան մը: Մեր համոզումն է, որ անունը ազգութեան մը պատկանելիութեան մաս կը կազմէ։ Պատուելին եւ անոր նման շատեր կրնան անունը որպէս ազգային արժէք չգտնել, սակայն մենք կը հաւատանք, որ այդ անունները փաստաթուղթն են մեր ինքնութեան. այսօր գացէ՛ք Լիբանան, գացէ՛ք Սուրիա եւ հարցուցէք Սարգիսի մը մասին. իւրաքանչիւր օտար պիտի՛ գիտնայ, որ Սարգիսը հայ մըն է. պիտի գիտնայ, որ Յակոբը հայ մըն է՝ նոյնիսկ եթէ Սարգիս մը եւ կամ Յակոբ մը չի՛ ճանչնար: Անունները մեր պատկանելիութեան մաս կը կազմեն եւ իրենց մէջ ունին ամփոփուած պատմութիւն մը. օրինակի համար, ո՞վ Վարդան անունը տալու ժամանակ չի՛ յիշեր Վարդան Մամիկոնեանը։ Մեր օրերուն կը տեսնենք, թէ հայ ընտանիքներ իրենց զաւակները կը մկրտեն «Մոնթէ» անունով. այդ անունը տուող ո՞ր հայը չի յիշեր Մոնթէ Մելքոնեանը։ Նոր սերունդը հերոսներու անունով մկրտելը յիշեցում մըն է անոնց, որպէսզի հետեւորդները ըլլալ համանուն հերոսներուն:

Պատուելի Մանավեանի համոզումներով՝ հակառակելով օրուան «Հայրենիք» շաբաթաթերթը, իր շաբաթ, 14 յուլիս 1906 թուի հրատարակութեան երկրորդ էջին մէջ կը գրէ. «Յատուկ անունները հոգեբանական թանկագին ազդակ մը կը ներկայացնեն՝ գնահատելի թէ՛ մանկավարժական եւ թէ՛ ազգայնական տեսակէտներէ»։ «Հայրենիք» կը հաւատայ, որ այս մէկը պէտք չէ ընդունիլ որպէս «թթու ազգայնամոլութիւն»:

Բոլորս ալ կ՚ընդունինք, որ անունով մը կարելի չէ փոխել մարդու զգացումները, ըմբռնումներն ու ոգին, մանաւանդ որ լոյս աշխարհ եկող մանուկը ի՛նք չէ իր անուան պատասխանատուն՝ այլ ծնողքն է, որ զինք կը մկրտէ իրենց ուզած անունով. անունով մը կարելի չէ փոխել արիւն եւ ոսկոր:

Պահ մը ուսումնասիրենք մերօրեայ գաղութները. հայերէն լեզուին կը տիրապետեն ընդհանրապէս Սարգիսներն ու Յակոբները, մինչ այլոց սերունդները գրեթէ հեռու են ազգային արժէքներէ. վստահաբար ունինք նաեւ Սարգիսներ եւ Յակոբներ՝ որոնք հեռու ըլլան հայկական արժէքներէ, սակայն անոնց թիւը համեմատած միւսներուն՝ աւելի քիչ է. այսօր մեր պարագային անունը անձ մը «կանչել»ու ծառայելէ աւելի կը ծառայէ որպէս հայ ըլլալու գիտակցութիւնը պահելու միջոց՝ մանաւանդ օտար միջավայրի մէջ գտնուող մեր նոր սերունդին համար. Սարգիս անունը լսող ամերիկացին պիտի ուզէ գիտնալ, թէ ո՞ր ազգին կը պատկանի ան եւ երիտասարդ Սարգիսը առիթը պիտի ունենայ օտարութեան մէջ հաստատելու իր հայութիւնը:

Պէտք է ընդունիլ, որ մեր հայկական արժէքները մէկ օրուան մէջ չնահանջեցին. այդ փոփոխութիւնը եղաւ ժամանակի ընթացքին, սկսելով անունէն՝ հասնելով մինչեւ արիւնն ու համոզումները. «անունը փոխելը բան մը չի՛ փոխեր» ըսողները ժամանակի ընթացքին փոխեցին ամէն բան եւ հայկականը մոռնալով օտարինը ընդունեցին որպէս սեփականութիւն:

Մեր մեծագոյն բանաստեղծներէն Յովհաննէս Շիրազ ունի «Մարդկանց անունները» խորագրեալ բանաստեղծութիւն մը, որուն մէջ հետեւեալ լոյս միտքը կ՚արտայայտէ.

«Քանզի ամէն ազգի անուն
Իր տարազն է, իր իսկ լեզուն.
Ինչո՞ւ հագնիս ձեւն ամէնի,
Երբ քոնն ունես, ո՛վ քաղքենի։
Իր բուն գոյնից,
Իր անունից,
Իր մայր լեզուից ձեռք քաշողը՝
Վերջն էլ կըտայ իր մայր հողը։
Աշխարհը դաշտ, ազգերն իր մէջ,
Ծաղիկներ են պէս-պէս ու պերճ։
Ամէն ծաղիկ իր բոյրն ունի,
Իր գոյնն ունի,
Տարազն ունի իր հայրենի։
Դու քո Շուշանն ինչո՞ւ թողես՝
Օտար դաշտի լիլիան քաղես»:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ես հայ եմ. ճի՞շդ է զաւակիս ամերիկացիի անուն տալը:

Պատասխան. Զաւակին ամերիկացիի անուն տալը բացառապէս անձնական որոշում է: Տարբեր մշակութային ծագում ունեցող մարդիկ կ՚ընտրեն անուններ, նկատի ունենալով արտասանութեան դիւրութիւնը, գրաւչութիւնն ու անձնական նշանակութիւնը: Ամերիկացիի անուն տալը կրնայ օգնել ձեր զաւակներուն, բազմամշակոյթ միջավայրին մէջ աւելի սահուն կողմնորոշուելու: Սակայն պէտք է նկատի ունենալ նաեւ այն անունները, որոնք կ՚արտացոլացնեն ձեր հայկական ժառանգութիւնը, որովհետեւ անոնք կը կրեն ձեր ծագման հարուստ մշակութային ու պատմական նշանակութիւնը: Վերջապէս լաւագոյն անունը այն է, ինչ որ ճիշդ կը զգաք դուք եւ ձեր ընտանիքը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Մայիս 21, 2024